ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Բուն Բարեկենդան»ը՝ որ կը նախորդէ Մեծ պահքին, մարդուս դրախտային կեանքի, մարդկային անսահման երջանկութեան յիշատակն է՝ կարօտի արտայայտութիւնը այդ երանելի՜ շրջանին, որ դրախտի մէջ կը վայելէին Ադամ եւ Եւա՝ նախածնողները։

Ըստ ժողովրդական աւանդութեան՝ Բարեկենդանին թոնիրը՝ այն կաւէ վառարանը, ուր հաց կ՚եփուի, միշտ վառ եւ պատրաստ պէտք է ըլլար, եւ ընտանեկան սեղաններու վրայ պէտք է ամէն ինչ առատ եւ ճոխ ըլլար։ Արդարեւ, Բարեկենդանը ամենագեղեցիկ կերպով կը բացատրէ սա խօսքը. «Մէկ օր Բարեկենդան եւ տասը օր անօթի»։ Ուստի, Բարեկենդանը, ընկերական, ընտենական, կրօնական եւ բարոյական կեանքի հետ սերտ յարաբերութիւն ունի՝ որուն անմիջապէս կը յաջորդէ Մեծ պահքի օրերը։

Այս իմաստով «Բարեկենդան»ը՝ երջանկութեան, ուրախութեան, հոգեպէս եւ մտապէս հանգստաւէտ եւ խաղա՜ղ կեանքի մը կարօտի արտայայտութիւնը եւ պատկերացո՛ւմն է։

Բարեկենդանը՝ անդրադարձման առի՛թ մըն է երջանիկ կեանքի, որուն արդէն կոչ-ւած է մարդ։

Մեծ պահքի սեմին՝ Մեծ պահքի աւարտին, մարդուս բարոյական գոհացումը, հոգեկան յագեցումը պատկերացնող դրուագ մը, հատուած մը կամ պարբերութիւն մըն է Բարեկենդանը։ Այն՝ որ պիտի ապրուի Մեծ պահքի վերջաւորութեան։

Այս իմաստով, Բարեկենդանը «Նախագիտելիք» մըն է ապագայ երջանիկ եւ երանելի՜ օրերուն։

Բարեկենդանի յաջորդող Մեծ պահքը, կեանքի եւ ապրելակերպի սովորական պայմաններու փոփոխութեան, կրօնական, բարոյական շրջանն է. ուստի պէտք է ուշադրութիւն ընել, քանի որ անիկա անժխտելի կապ մը ունի ընկերական բարքերուն հետ։ Շրջան մը՝ ներհայեցողութեան, ինքնաճանաչմա՛ն։

Մեծ պահքը իր ծագումով «քառասուն օր» էր ճիշդ։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ երբեմն աւելի երկար է եղած Մեծ պահքը եւ այդ ժամանակի բարքերը «հանդուրժելի» են գտած ինքնամփոփման եւ զրկանքի այդ շրջանը։ Արդարեւ, երկաթը որքան աւելի ծեծուի ջուրով՝ աւելի տոկուն պողպատ կարելի է ձեռք ձգել։ Ուստի նեղութիւններ, զրկանքներ, դժուարութիւններ աւելի եւս կը զօրացնեն մարդուս նկարագիրը եւ կը կատարելագործեն զայն։ Եւ ուրեմն, կեանքի մէջ նեղութիւններն ալ ունին իրենց դրական հետեւանքները։

Մեծ պահքը, ըստ երեւոյթին զուտ կրօնական նշանակութիւն եւ նպատակ մը ունի, եւ ի՛նչ որ կրօնական է, ընդհանրապէս մեծ արժէք չի՛ ներկայացներ, կը կարծուի, եւ պիտի շարունակեն կարծել անոնք, որ կը յաւակնին «լուսամիտ», «ազատախոհ» եւ «յառաջադէմ» ըլլալ… եւ դարձեալ անոնք են, որ «աւելորդ» կը նկատեն ամէն ինչ, որ հոգեւոր կեանքի հետ առընչութիւն ունի…։

«Բարեկենդան»ի խորհուրդը, ուրեմն պէտք է փնտռել «Մեծ պահք»ի անհրաժեշտութեան մէջ։

Կը պատմուի, թէ մարդ մը եւ իր կինը տեւական կը կռուին եւ կը վիճաբանին, եւ մին միւսին, փոխադարձ նախատինքով կը մօտենայ եւ իրարու «յիմար» կ՚ըսեն, անհեթեթ խօսքերով զիրար կը վիրաւորեն։ Ամէն օր այսպէս կը վարուին իրարու եւ միշտ զիրար «յիմար» կ՚անուանեն։ Եւ երբ մէկը միւսին՝ միւսը իրեն «յիմար» կ՚ըսէ, Բարեկենդանը կը լսէ այդ բոլորը, եւ կը ծիծաղի։

Արդարեւ, Բարեկենդանի ուրախ, ոգեւորուած եւ կատակային բնոյթը լաւագոյն կերպով ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդանը» հէքեաթին մէջ։ Բայց պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ Բարեկենդանը միայն Թումանեանի հէքեաթը չէ՛։ Բարեկենդանը ամբողջ քրիստոնեայ ժողովուրդի դրախտային, երանելի՜ կեանքը պատկերացնող, նկարագրող հէքեա՛թն է։ Ուստի, Բարեկենդանը ո՛չ միայն առատ ուտելիքներու, խաղերու, զուարճանքներու եւ խանդավառութիւններու տօնակատարութիւնն է, այլեւ ազատութիւն կը տրուի մարդուն կիրքերուն, զանազան ցանկութիւններուն եւ անհատական ձգտումներուն, տենչանքներուն եւ դրսեւորումներուն։ Եւ այն ի՛նչ որ ծածկուած է ենթագիտակցութեան մէջ՝ արտայայտելու, կերպով մը մաղձը՝ դառնութիւնները պարպելու առի՛թն է Բարեկենդանը՝ որուն անմիջապէս պիտի յաջորդէ ապաշխարութեան շրջանը։

Եւ Բարեկենդանը այդ ուղղիչ «հէքեաթ»ն է, որու մէջ կ՚ապրի մարդը իր ամբողջ էութեամբ, եւ թէ կատարուած տօնակատարութիւններու եւ ապրուած ոգեւորութեան միջոցով, կը փորձեն այն բոլորը՝ վերապրելու համար հէքեաթի մէջ ներկայացուցուած կեանքը։

Դարձեալ, ըստ աւանդութեան, Բարեկենդանի այդ օրերուն եկեղեցական շրջանակներու մէջ իսկական եւ իր ամենալայն առումով «խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւն» կը տիրէր։ Բոլորը կ՚ըսէին, կ՚արտայայտէին այն՝ ի՛նչ որ կը մտածէին եւ ինչպէս որ կ՚ուզէին…։

Բայց հոս պէտք է անդրադառնալ այն իրողութեան, թէ՝ ո՛չ մէկ ազատութիւն անսահման է, եւ ուրեմն «չափաւորութեան» եւ «կշիռ»ի եզրը երբեք պէտք չէ անտեսել, քանի որ ազատութեան մը բնական եւ բանական սահմանն է՝ արժանապատուութիւնը, որ կ՚ենթադրէ ուրիշի մը իրաւունքը եւ ազատութիւնը։

«Բարեկենդան»ը կերպով մը խռովութիւնները վերջացնող, խռոված եւ վշտացածները հաշտութեան հրաւիրող եւ պարտադրող հանգամանք մը ունէր, եւ այդ շրջանին չափաւոր կատակը անպակաս էր։

Ցերեկը, մարդիկ կ՚ուտէին, կը խմէին տան մէջ, իսկ գիշերը կը սկսէր համընդհանուր զուարճանք։

Զուարճութենէն ետք, երբ տուն վերադառնային, տօնախմբութեան մասնակիցները, ամէն մէկը, հաւկիթ մը կ՚առնէին եւ հաւկիթով կը փակէին իրենց բերանը՝ որպէսզի Մեծ պահքէն յետոյ դարձեալ հաւկիթով բանան իրենց բերանը։

Բարեկենդանի տօնախմբութիւնը ունէր իր բնորոշ յատուկ բաղադրիչները՝ տոհմական ճաշկերոյթ, հանդիսութիւն, մրցում, մարզախաղ, թատերախաղ, մատանեխաղ եւ վէգախաղ, դիմակաւոր ցուցադրութիւն, եւ մանաւանդ վանականներու յատուկ՝ աբեղաթող։

Եւ ուրեմն. «Ելի՛ր, կե՛ր, քանի որ քու երթալու ճամբադ երկար է» (Գ ԹԱԳ. ԺԹ 7)։

Բարի ճանապարհ, բարի Մեծ պահք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 6, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018