ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

­«Բարկութիւն»ը, իր ամենալայն իմաստով, մարդուս հակազդեցութիւնն է անհաճոյ, անընդունելի եւ բարոյապէս վիրաւորիչ արարքի մը հանդէպ։ Անշուշտ, բարկութեան արտայայտութեան ձեւը կարեւոր է մանաւանդ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ։ Ուստի բարկութիւնը պէ՛տք է համեմատական ըլլայ՝ բարկութեան առիթ տուող արարքին հետ, համապատասխանէ անոր թողած ազդեցութեան։ Արդարեւ, բարկութիւնը բնական զգացում մըն է. որեւէ արարքի հակազդեցութիւն ցոյց տալ մարդկային է եւ որոշ սահմաններու մէջ հասկնալի, այսինքն բնական։

Արարքի մը հակազդեցութիւն չտուող անձը «անտարբեր» եւ կամ «անզգայ» մարդ է, ինչ որ անոր զգացական եւ բանական էակ մը ըլլալու հանգամանքին հակասութիւն մը կը ստեղծէ ասիկա։

Ուստի կարեւորը բարկութեան արտայայտութեան ձեւն է, եւ հարցը բարկանալու կամ չբարկանալու հարց չէ՛. այլ բարկութեան՝ իր պատճառին համապատասխան ըլլալու եւ չըլլալու հարց մըն է։

Բարկութիւնը զգացում մըն է՝ բնակա՛ն, բայց անոր արտայայտութիւնը պէտք է հակակշռուած ըլլայ մարդուս կամքին եւ բանականութեան հետ։ Ուստի, բարկութեան արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ ճի՛շդ անձի, յարմա՛ր ժամանակի, պատշա՛ճ չափով եւ համեմատութեամբ՝ այն ինչ որ կը համապատասխանէ բարկութեան նիւթին կամ պատճառին։ Չափազանցուած բարկութիւնը մարդս նեղ դրութեան կը մատնէ, ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Բարկութիւնը կու գայ՝ մարդուս աչքը կը կարմրի, բարկութիւնը կը մեղմանայ՝ մարդուս դէմքը կը կարմրի»։ Եւ այս կը նշանակէ՝ որ բարկութիւնը երբ չափազանցուած է մարդս ամօթապարտ վիճակի կը մատնէ։

Արդարեւ, «բարկութիւն»ը աստուածային է։

«Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են» (ՀՌՈՄ. Ա 18)։

Աստուած բարկացած է մարդոց ամէն մեղքին դէմ եւ ամէն մեղք պիտի պատժէ։ Ուստի Ան պիտի դատապարտէ «հեթանոս»ները, նախ՝ ամբարշտութեան համար, եւ երկրորդ՝ չար գործերուն համար։

Բայց «Աստուծոյ բարկութիւն»ը՝ ո՛չ թէ ոխակալութեամբ եւ չարասրտութեամբ, այլ աստուածային անհուն կարեկցութեամբ եւ գթութեամբ կ՚արտայայտուի։ Աստուած կը բարկանայ «արդար զայրոյթ»ով, քանի որ Ան ո՛չ ոխակալ է եւ ո՛չ ալ չարասիրտ, այլ մեղքերու դէմ սուրբ տհաճութիւն մը ունի, որ մաշող կրակի նման պիտի բորբոքի մեղաւորներուն դէմ, թէպէտ Աստուած ասոնց համար ունի նաեւ անհո՜ւն կարեկցութիւն եւ գթութիւն։

Աստուծոյ արդար բարկութիւնը կը յայտնուի անոր դատաստաններէն եւ անոր ձայնէն՝ որ մեղաւորներու խղճին կը խօսի։

Մարդիկ իրենց չար գործերով մերժա՛ծ կամ ապարդիւն ըրած են այն ազդեցութիւնը, որ Աստուծոյ գոյութիւնը, անոր ստորոգելիները եւ արդար պահանջումները ճանչնալէն կրնար յառաջ գալ։ «Մերժել» կամ «ետ բռնել» կը նշանակէ՝ այնպէս ընել որ ճշմարտութիւնը ազդեցութիւն չունենայ։ Անոնք յանցաւոր կը նկատուին, ո՛չ թէ տգէտ են ճշմարտութեան, այլ որովհետեւ կը պատերազմին այն ճշմարտութեան դէմ, զոր բուն իսկ իրենց բնութիւնը եւ Աստուծոյ արարածները կը յայտնեն անոնց։

Արիստոտէլ յոյն իմաստասէրը կ՚ըսէ. «Աստուած որ ամէն մահկանացու էակի անտեսանելի է՝ իր գործերո՛վը կը տեսնուի»։

Նաբոլէոն գիշեր մը իր անհաւատ պաշտօնեաներէն ոմանց խօսակցութիւնը մտիկ ընելէն ետք, ձեռքով աստղերը միայն ցուցնելով բարձրաձայն գոչեց. «Տեարք, ո՞վ ըրաւ բոլոր ասոնք»։

Արդարեւ, մարդուն գործերը անոր մտքին խորհուրդները կը ցուցնեն. այսպէս ալ տիեզերքի բոլոր բաները Արարչին խորհուրդները ցոյց կու տան։

Եւ այս արարչութիւնը ունի անշուշտ իր օրէնքները՝ որոնց օրէնսդիրն է նոյն ինքն Արարիչը։ Այդ օրէնքները պահպանելու համար պէտք է ընդհանուր կարգապահութեան տիեզերական կանոն մը. եւ անշուշտ «աստուածային արդար բարկութիւն»ը այստեղ կը յայտնուի՝ որպէս ուղեցոյց այդ կանոնին։ Բայց ինչպէս յիշուեցաւ, «աստուածային բարկութիւն»ը երբեք ոխակալութեան եւ չարասրտութեան հանգամանք չունի, քանի որ ան միայն հայրական ազդարարութիւն մըն է, թերեւս անդրադարձնելու համար ամէն անոնք, որոնք շեղած կամ մոլորած են ուղիղ ճամբէն եւ հակադրած բնութեան աստուածահաստատ օրէնքներուն։ Ուստի աստուածային բարկութիւնը երբեք կորուստի մատնելու, ոչնչացնելու նպատակ չունի, այլ՝ միայն կորուստը կանխելու եւ արգելք ըլլալու, գտնելու եւ շահելո՛ւ։

Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, մա՛րդն ալ պէտք է զգոյշ գտնուի բարկութեան պարագային, եւ բարկութիւնը ո՛չ թէ ոխակալութեան եւ պատիժի միջոց, այլեւ՝ սխալած մէկը, յանցաւոր մարդը անդրադարձնելու իր սխալին կամ յանցանքին, որպէսզի ան դարձեալ գտնէ ուղիղ ճամբան։ Ուրեմն բարկութիւնը պէտք է օգտագործել միշտ որպէս շինիչ, նորոգիչ միջոց եւ ո՛չ թէ պատժելու շարժառիթ։

Բարկութիւնը պէտք չէ՛ որ գերի առնէ մարդուս կամքը, բանականութիւնը, որպէսզի մարդ աւելի վերջ ամօթ չզգայ բարկութեան ազդեցութեամբ կատարած չարագործութիւներուն պատճառով։

Ըսուեցաւ որ բարկութիւնը բնական հակազդեցութիւն մըն է, եւ ուրեմն բարկութիւնը անբաժան է մարդկային կեանքէն, եւ մանաւանդ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ։ Եւ բարկութիւնը քանի որ բնական է, ուրեմն ունի իր օգուտը, բաւ է որ անիկա տեղին, չափաւոր եւ համապատասխան արտայայտուի։ Արդարեւ, բարկութիւնը զսպանա՛կ մըն է մարդուս կիրքերուն, եւ մասամբ հանդարտեցուցիչ, քանի որ ան կը կանխէ աւելի մեծ եւ վտանգաւոր պոռթկումները։

Հաւասարակշռուած եւ չափաւոր բարկութիւնը լուծում կը խոստանայ մարդոց միջեւ ծագած զանազան անհամաձայնութիւններու, խնդիրներու. ան առիթ կ՚ընծայէ որ մարդ անդրադառնայ եւ զգաստանայ իր յարաբերութիւններուն մէջ եւ այս կերպով մշակուին լաւ բարեկամութիւններ, հաստատուին երջանիկ եւ սիրալի՜ր ընկերութիւններ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 19, 2019 Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019