ԱՌԷ՛Ք ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ ժողովուրդին համար գոյութիւն ունին բառեր, որոնք դարեր շարունակ մնացած են եւ կը շարունակեն մնալ անծանօթ. այդ բառերէն մէկն է ազատութիւնը, որուն բուն իմաստը երբեք ալ չե՛նք կրցած հասկնալ: Գրեթէ բոլո՛ր առիթներուն, հանդիսութիւններուն անպայմանօրէն ազատութեան կապուած խօսք մը, լոզունգ մը կը լսենք. ամէ՛ն մարդ իր ազատութեան սահմաններուն մասին կը խօսի, ազատութիւնը կը փառաբանուի, սակայն իսկութեան մէջ գուցէ այդ նոյն ազատութիւնն է, որ կորուստի կը տանի մեզ:

Այդ կորուստը պատճառ եղաւ, որ համոզուիմ, թէ արդի ընկերութեան մէջ ընդունուած կարգ մը երեւոյթներ պէտք է դարձեալ քննութեան ենթարկել, հասկնալու եւ արժեւորելու համար, թէ ա՞յս է ա՛յն ուզուածը, որուն համար դարեր շարունակ մարդկութիւնը պայքարեցաւ ու վերջապէս «յաջողեցաւ» ձեռք բերել:

Մեր թուականէն 65 տարիներ առաջ՝ կիրակի, 3 սեպտեմբեր 1955-ին Ուաշինկթընի մէջ կատարուած Ն. Փալանճեան ճեմարանի յոբելենական հանդիսութեան ժամանակ տիկին Վարդուհի Քալանթար կ՚արտասանէ սիրտի խօսք մը, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Կ՚ուզեմ խօսիլ ազատութեան մասին, որ մէկ է եւ անբաժանելի ամբողջ մարդկութեան համար: Կ՚ուզեմ շեշտել մասնաւորապէս, թէ ազատութիւնը հայ ժողովուրդի նկարագրին ամենէն հին եւ հիմնական գիծն է...»: Մարդիկ որքա՜ն ալ կարեւորեն այդ ազատութիւնը այսօր ես պիտի ժխտեմ այդ մէկը, որովհետեւ այդ ազատութիւնը արդէն իսկ կամաց կամաց դէպի անդունդ կ՚առաջնորդէ մեր ազգը:

Այդ կորուսիչ ազատութիւններէն հիմնականը խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւնն է, որուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 42-րդ յօդուածի առաջին կէտը կ՚ըսէ. «Իւրաքանչիւր մարդ իր կարծիքը ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքը ունի»:

Եթէ անցեալին ջանք կը թափէին, որպէսզի իրաւունք տրուէր մարդուն որպէսզի ազատ արտայայտուի, այսօր ջանք կը թափուի, որպէսզի լռեցնեն ու խեղդեն այդ ազատութիւնը, որովհետեւ մարդը (ինչպէ՛ս միշտ) չկրցաւ իր հաւասարակշռութիւնը պահել խօսելուն եւ լռելուն միջեւ: Ընդհանրապէս չխօսող մարդուն տրուեցաւ անսահմանափակ խօսելու իրաւունքը եւ այդ «խօսքի ազատութիւն» կոչեցեալ լոզունգին ետեւ պահուըտելով բանուորը դարձաւ քաղաքագէտ, մսավաճառը՝ բժիշկ, անգրագէտը՝ հրապարակախօս... ամէ՛ն մարդ ամէ՛ն ինչ դարձաւ, որովհետեւ ունի խօսքի ազատութիւնը:

Այսօր մեր կեանքին մէջ բազմաթիւ են այնպիսիներ, որոնք կ՚արտայայտուին եւ կը խօսին այնպիսի՛ նիւթերու մասին, որուն մասին չնչին գաղափար մը նոյնիսկ չունին. կը յայտնեն այնպիսի՜ արտառոց գաղափարներ, որոնց մասին կը ստիպուիս ու կը պարտաւորուիս լուռ մնալ... որովհետեւ ունի «Խօսքի ազատութի՜ւն»ը:

Մեր ընկերութեան մէջ այսօր, խօսքի ազատութեան պատճառով դերերու փոփոխութիւն կը կատարուի. իմաստուններն ու գիտունները կամաց կամաց կը սկսին լռել, իրենց բաժինը տալով տգէտներուն, որոնք ազատութեան իրաւունքին ապաւինելով իրենց անգիտութիւնը կը ցուցադրեն:

Մեր ժողովուրդը սխալ հասկցած է այս մէկը եւս. խօսքի ազատութեան գաղափարին պատճառով այսօր իրար չե՛նք կրնար մտիկ ընել ու հաղորդակցիլ, որովհետեւ բոլորս ալ համոզուած ենք, թէ ունինք ազատութիւնը չհամոզուելու, նոյնիսկ ունինք ազատութիւնը չլսելու դիմացինը: Մեր ընկերային կեանքին մէջ այսօր ճիշդ կամ սխալ չկայ. կայ միայն իրաւունք եւ ազատութիւն. բոլորը այդ ազատութիւնը որպէս վահան բռնած կը վազեն:

Դարեր շարունակ խօսքի ազատութիւն մուրացող մեր ազգը այսօր խօսքի բռնութիւն կ՚աղերսէ, այն յոյսով որ երբ «ազատ»ները լռեն իմաստուններն ու կարողները դարձեալ պիտի շարունակեն խօսիլ:

Իջէ՛ք հրապարակ. մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն հարց տուէք եւ տեսէ՛ք. բոլորն ալ կրնան կատարել վարչապետի պաշտօնը, բոլորն ալ կրնան նախագահներ դառնալ. բոլորն ալ կրթութեան նախարարներ կրնան ըլլալ. նոյնիսկ առողջապահութեան նախարար կրնան դառնալ. այդ բոլորին մասին իմացութիւն ունենալը ի՜նչ օգուտ. հիմնականը ազատութիւնն է, որ ամէն բան արտայայտուելու եւ ամէ՛ն բան ընելու իրաւունքը կու տայ մարդուն:

Այդ կործանիչ ազատութեան պատճառով կարելի է ամիսը մէկ նոր կուսակցութեան մը ստեղծումը տեսնել (ազատ են վերջապէս). կրնանք ամէն շաբաթ նոր աղանդ ու հաւատալիք մը տեսնել (անոնք ալ ազատ են վստահաբար) ու այսպէս ազատութեան շունչին տակ կ՚ընենք այն, ինչ որ կ՚ուզենք. այդ բոլորը ընելու մէջ ալ ազա՞տ չենք միթէ:

Այդ ազատութիւնը պատճառ դարձաւ, որ մեր ազգին մէջ նօսրանայ մտաւորականութիւնը, որովհետեւ այդ «բարիք»ին շնորհիւ բոլորը կրցան նաեւ մտաւորական դառնալ:

Պէտք է դաստիարակել ու կրթել ժողովուրդը, թէ խօսքի ազատութիւն չի նշանակեր ըսել այն բոլորը, որ «ճիշդ» կը կարծուին մեր կողմէ. խօսքի ազատութիւնը պարզապէս առիթ կու տայ արտայայտելու եւ անոր դիմաց համապատասխան վերլուծումները ստանալու:

Նոյնինքն խօսքի այդ ազատութիւնն է, որ մեր մամուլին եւ գրականութեան մէջէն վերացուց քննադատութեան սեռը, որովհետեւ քննադատութիւնները կորսնցուցին իրենց առաջուան արժէքը եւ դարձան ձաբռտուք:

Վա՜յ այն մարդուն, որ իր միտքի պայծառութիւնը կը փորձէ պաշտպանել խօսքի ազատութեան վահանով. գիտցէ՛ք, որ այդ միջոցին դիմողները կը գիտակցին իրենց «պակասին» ու հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը այդ ազատութեան մէջ կը գտնեն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՈՒ
(1909-1982)

Մեր թուականէն 40 տարիներ առաջ՝ 12 փետրուար 1982-ին, Փարիզի մէջ մահացած է ֆրանսահայ թատերագիր եւ թարգմանիչ Գաբրիէլ Արու (բուն անունով Գաբրիէլ Արուտչեան, Ֆրանսայի մէջ ծանօթ որպէս Gabriel Arout):

Գաբրիէլ Արու ծնած է 28 յունուար 1909 թուականին, Նոր Նախիջեւանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ռուսական վարժարանէն ներս. 1919 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Երեւան, ուրկէ անցած եւ վերջնականապէս հաստատուած են Փարիզ, ուր Գաբրիէլ ստացած է իր համալսարանական բարձրագոյն ուսումը, աշակերտելով Սորպոնի համալսարանի բանասիրական կաճառին: Աշակերտութեան տարիներէն Գաբրիէլ Արու յատուկ սէր ունեցած է գրականութեան եւ թատրոնի նկատմամբ: Գաբրիէլ Արու իր առաջին թատերական գործը՝ «Օրպեսոս կամ հրաշք սարսափը» գրած է 1935 թուականին. անոր երկրորդ ստեղծագործութիւնը եղած է «Փոլին կամ ծովային փրփուրը» աշխատութիւնը՝ գրուած 1948 թուականին, որուն յաջորդած են այլ ստեղծագործութիւններ: Անոր թատրերգութիւնները այնքան սիրուած են, որ աւելի քան չորս տարի ներկայացուած են ֆրանսական զանազան բեմերէ:

Ստեղծագործելու կողքին Գաբրիէլ Արու յայտնի գրողներու վէպերէն շատեր վերածած է թատրերգութեան. ինչպէս՝ Տոստոեւսկիի «Ոճիր եւ պատիժ» աշխատութիւնը, որ բազմիցս ներկայացուած է Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ: Թատրերգութեան կողքին Գաբրիէլ գրած է նաեւ ժապաւէնի համար նախատեսուած խաղեր, որոնցմէ են «Շանտիկորի անծանօթը», «Մահը պարտէզին մէջ», «Գեղատեսիլ պատմութիւն» եւ այլ ժապաւէններ:

Շնորհիւ իր վաստակին եւ ստեղծագործութեան՝ Գաբրիէլ Արու  1978 թուականին արժանացած է Ֆրանսայի Գրողներու եւ թատերագիրներու մրցանակին, 1981-ին Ֆրանսայի Թատերական ակադեմիայի մրցանակին. 1942 թուականին իր «Օրպեսոս կամ հրաշք սարսափը» թատրերգութեան համար արժանացած է առաջնութեան մրցանակի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 12, 2022