«ԳԵՂԵՑԻԿ ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՆ» - Ա -

Այսօր, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանէ (1908-1981) պատմուածք մը։ Ուիլիըմ Սարոյեան, թէեւ հայախօս, սակայն գրած է անգլերէն։ Այս պատմուածին մէջ, ան կը պատմէ Ամերիկա գաղթած հայերու կեանքէն հատուած մը։

ԳԵՂԵՑԻԿ ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՆ

Օր մը այն երանելի հին, զուարթ օրերէն, երբ ինը տարեկան էի եւ աշխարհը լեցուն էր բոլոր երեւակայելի հրաշալիքներով, առտուան ժամը չորսին զարմիկս Մուրատը, որ ինձմէ զատ բոլորին համար խենթ էր, մեր տունը եկաւ եւ պատուհանս զարնելով զիս արթնցուց.

-Արա՛մ։

Ընդոստ վեր ցատկեցի եւ դուրս նայեցայ։

Աչքերուս չէի հաւատար։ Դեռ առաւօտ չէր, բայց ամրան լուսաբացի լոյսը զիս համոզեց, թէ տեսածս երազ չէր։ Մուրատը սքանչելի ճերմակ ձիու մը վրայ նստած էր…

-Այո՛,- ըսաւ ան հայերէն,- տեսածդ ձի է։ Իրակա՛ն, ոչ երազ։ Եթէ կ՚ուզես հեծնել՝ շարժէ՛։

Մենք աղքատ էինք՝ ամբողջ տոհմով։ Գարաօղլանեան գերդաստանին բոլոր ճիւղերը անհեթեթ, ծիծաղելի աղքատութեան մէջ կ՚ապրէին։ Ամենէն կարեւորն ալ դեռ ա՛յն էր, որ հռչակ շահած էինք մեր պարկեշտութեամբ։ Մեր ազնուութիւնը ծանօթ էր՝ դարերէ ի վեր։ Պարկեշտ էինք ու հպարտ, կը հաւատայինք Ճշմարիտին, Իտէալին, եւ այլն։ Մեզմէ մէկը երբեք միտքէն չէր անցուցած աշխարհի մէջ անձ մը շահագործել, ալ ո՛ւր մնաց՝ գողութիւն ընել…

Հետեւաբար, թէեւ ես ձին կը տեսնէի, այնքա՜ն հրաշալի, բայց չէի կրնար հաւատալ, որ անիկա կրնար որեւէ կապ ունենալ զարմիկիս՝ Մուրատին հետ, կամ ինծի եւ կամ մեր ընտանիքի քուն թէ արթուն ոեւէ անդամին հետ։

Բայց քանի որ Մուրատը չէր կրնար ձին գնած ըլլալ, ուրեմն պէտք էր գողցած ըլլար զայն… Անկարելի՛ բան. Գարաօղլանեան ընտանիքի անդամներէն ոչ մէկը կրնար գող ըլլալ եւ գողութիւն ընել։

Նախ՝ զարմիկիս, յետոյ՝ ձիուն նայեցայ։ Երկուքին վրայ ալ կար նոյն անմեղ հանդարտութիւնը, զուարթութիւնը, որ թէ՛ կ՚ուրախացնէր, թէ կը սարսափեցնէր զիս։

-Մուրատ, ուրկէ՞ գողցար,- հարցուցի։

-Եթէ կ՚ուզես ձի հեծնել՝ դուրս նետուէ պատուհանէն։

Ուրեմն ճիշդ էր. ան գողցած էր ձին։ Կասկած չկար։ Բայց միւս կողմէ, հեծնելու համար ձի մը գողնալը նոյն բանը չէ, ինչ որ օրինակ՝ դրամ գողնալը։ Առաջինը կարելի չէ նոյնիսկ գողութիւն սեպել։ Եթէ մէկը ձիերը Մուրատին եւ ինծի չափ խենթի պէս սիրէր, եղածը գողութիւն պիտի չհամարէր։ Գողութիւն պիտի ըլլար՝ եթէ ձին ծախելու ելլէինք, բան մը որ, անշուշտ ես գիտէի, մենք երբեք պիտի չընէինք։

-Սպասէ՛ որ հագուիմ։

-Լա՛ւ, բայց աճապարէ։

Ես շտապով հագուստներս հագայ, պատուհանէն բակ նետուեցայ, ցատկեցի ձիուն վրայ ու զարմիկիս ետեւը տեղաւորուեցայ։

Այդ տարին, քաղաքին ծայրամասը՝ Ուոլնըթ փողոցին վրայ կը բնակէինք։ Մեր տան ետեւէն կը սկսէին արտեր, այգիներ, մրգաստաններ, ջրանցքներ եւ գիւղերը տանող ճամբաներ։

Հասանք Օլիվ փողոցը։ Օդը անուշ էր, շնչելը՝ հաճելի։ Ձին սկսաւ կամաց վազել։ Հրաշալի էր անոր վազքը զգալը։

Մուրատը, գերդաստանին խենթը, սկսաւ երգել, աւելի ճիշդ՝ գոռալ։ Ան այնպէս կ՚երգէր, ինչպէս եթէ մեր հին հայրենիքը մնացած ըլլայինք (արդէն որոշ դրացիներ մեզի համար կ՚ըսէին, թէ շան բան չէինք փոխած մեր ապրելակերպէն…)։

Ի վերջոյ Մուրատը ըսաւ.

-Վա՛ր իջիր ձիէն, կ՚ուզեմ առանձին քշել։

-Թոյլ պիտի տա՞ս, որ յետոյ ես ալ հեծնեմ։

-Ատիկա ձիէն կախում ունի։ Հիմա իջի՛ր։

-Ձին պիտի ձգէ՞ որ հեծնեմ…

-Ատ կը տեսնենք,- պատասխանեց,- ես՝ ձիերու հետ վարուելու իմ մասնաւոր ձեւս ունիմ։ Դուն … չեմ գիտեր։

-Ձիերու հետ վարուելու քու մասնաւոր ձեւդ ե՛ս ալ գիտեմ։

-Վայրկեան մը հաւատանք, որ ըսածդ ճիշդ է։ Հիմա վա՛ր իջիր։

-Լա՛ւ, բայց յետոյ պիտի ձգե՛ս՝ մինակ հեծնեմ։

Ես իջայ, Մուրատը կրունկներով ձին խթանեց եւ գոռաց.

-Վազէ՛, սուրա՛։

Ձին կանգնեցաւ իր ետեւի ոտքերուն վրայ, խրխնջաց եւ առաջ սուրաց ահաւոր թափով ու արագութեամբ։ Ես այդքան գեղեցիկ բան չէի տեսած կեանքիս մէջ։ Զարմիկս զայն քշեց չոր խոտով ծածկուած դաշտի մը մէջ՝ մինչեւ ոռոգումի առուն, ցատկեց վրայէն, եւ հինգ րոպէ ետք վերադարձաւ քրտնաթոր եւ շնչասպառ։

Արեւը ծագած եւ սկսած էր բարձրանալ։

-Հիմա կարգը իմս է,- ըսի։

Զարմիկս ձիէն վար իջաւ։ Ես նետուեցայ անոր կռնակը. պահ մը ամենէն ահաւոր սարսափը զգացի։

Ձին կը մերժէր տեղէն շարժիլ։

-Զա՛րկ կողերուն,- յիշեցուց Մուրատը,- ի՞նչ կը սպասես։ Պէտք է ձին ետ տանինք մարդ չարթնցած, որ մեզ չտեսնեն։

Ես խթանեցի։ Ձին կրկին բարձրացաւ ետեւի սրունքներուն վրայ, զիլ խրխինջ մը արձակեց, եւ սկսաւ սուրալ։ Ա՛լ չէի գիտեր՝ ի՛նչ պէտք է ընէի։

Փոխանակ դաշտին մէջէն դէպի առուն վազելու, ձին արշաւեց ճանապարհն ի վար, Տիգրան Հալէպեանի այգիին ուղղութեամբ, եւ սկսաւ որթատունկերուն վրայէն ցատկել։ Արդէն եօթը տունկերուն վրայէն անցած էր երբ ես վար ինկայ. ան շարունակեց վազքը…։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 9, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020