ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԸ ԾԽԵՆ…

Այսօրուան յօդուածը կ՚ուզեմ սկսիլ արդէն իսկ կամաց կամաց Հայաստանի մէջ սովորական դարձած ոստիկանական հաղորդագրութեամբ մը.- «14 մարտ 2023-ին, ժամը 23.30-ին Երեւանի Նալպանտեան փողոցի վրայ թմրամիջոցներ ձեռք բերելու, պահելու եւ իրացնելու կասկածանքով Ոստիկանութեան Արաբակիրի բաժին տարուեցաւ Երեւան Քաղաքի 39 ամեայ բնակիչը»: Այլ հաղորդագրութիւն մը կ՚ըսէ, թէ ձերբակալած են երկու երիտասարդներ, որոնք Երեւանի տարբեր տարածքներու մէջ թմրամիջոցի ծրարներ կը տեղադրեն՝ ծախելու նպատակով:

Այս բոլորը արդէն իսկ կամաց կամաց Հայաստանի մէջ կը սկսի դառնալ սովորական եւ առօրեայ «բան» մը՝ պարզ ու հասարակ, որովհետեւ ամէ՛ն օր գրեթէ նման հաղորդագրութիւն մը կարելի է կարդալ: Պատճա՞ռ.- տարօրինակ ձեւով Հայաստանի մէջ թմրամիջոց գործածողներու աճը եւ այդ բոլորին դիմաց ղեկավարութեան անհոգութիւնը, որովհետեւ ձերբակալուածները հազարներէն մի քանին են պարզապէս. 2023 թուականի առաջին երեք ամսուան ընթացքին ոստիկանութիւնը արդէն իսկ արձանագրած էր 324 ձերբակալութիւն՝ առընչուած թմրամոլութեան եւ թմրամիջոցներուն:

Աւելին, կը սկսի սովորական դառնալ անչափահաս տղաք-աղջիկներու թմրամիջոց գործածութիւնը. իսկ շաբաթավերջերը երիտասարդական ակումբներ յաճախող ծանօթ մը կ՚ըսէր, թէ 14-15 տարեկան աղջիկներ ինչե՜ր կ՚ընեն, որպէսզի կարենան թմրամիջոց ձեռք բերել:

Տարօրինակ ձեւով, սակայն, թմրամոլութեան աճը Հայաստանի կողքին աճ արձանագրած է ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհին մէջ ու հակառակ բազմաթիւ յայտարարութիւններու, անոնց վնասելի ըլլալը փաստող տեսագրութիւններու երիտասարդներ հետաքրքրութենէ մղուած կ՚ուզեն փորձել եւ կը դառնան գերին:

Սակայն, ամէն բան մեր լուռ մնալով է որ կը սկսի. այսօր Հայաստանի փողոցներու անկիւնները կարելի է տեսնել 13-15 տարեկան պատանիներ՝ ծխախոտը ձեռքերնին ու այդ մէկը կը տեսնեն բազմաթի՜ւ անցորդներ: Անցորդներու անտարբերութիւնն ու լռութիւնը յաւելեալ ուժ մը կու տայ այդ ծխող պատանիներուն, որոնք այս ընթացքով վստահաբար պիտի դառնան ապագայի թմրամոլները: Այդ տարիքի պատանիները ծխելը «մեծնալ»ու հետ կը համեմատեն, որովհետեւ անոնց կարծիքով ծխող պատանին՝ ինքնավստահ եւ շրջանակի մէջ յարգանք վայելող անձեր կ՚ըլլան...: Պատանի մը չծխող այլ պատանիին կ՚ըսէ. «Դուն մի՛ ծխեր, տակաւին փոքր ես»:

Այստեղ լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունի թէ՛ ծնողներու եւ թէ՛ ուսուցիչներու կապակցութեամբ, որ պատանիներուն չեն կրնար բացատրել ու սորվեցնել, թէ ծխելով մարդ ո՛չ մեծ կը դառնայ, ոչ ալ չծխելով փոքր: Պէտք է անոնց մօտ ստեղծել մեծի եւ փոքրի հասկացողութիւնը: Ճի՛շդ է, որ պատանի աղջիկներ ծխող պատանիին տարբեր աչքով կը նային եւ նոյն այդ «մեծ»ի զգացումներով կը մօտենան, սակայն այդ տարիքէն իսկ պէտք է բացատրել տարբերութիւնը ներքինին եւ արտաքինին. պէտք է բացատրել, որ ո՛չ թէ ծխելով, այլ այս կամ այն բաները ընելով մարդ մեծ կը նկատուի:

Ներկայ պատանեկութիւնը տեսնելով կ՚ունենամ այն համոզումը, որ այս ոլորտը մի քանի տարիներ ետք աւելիով աճ պիտի արձանագրէ, որովհետեւ մեր «տակաւին փոքր են, բան մը չեն գիտեր» ըսած այդ պատանիները այսօր ամէ՛ն բան գիտեն՝ քիչ մըն ալ մեզմէ աւելի:

Վաճառողներուն համար պատանիները ամենէն լաւ յաճախորդներն են, պատրաստ կուրութեամբ մոլի դառնալու:

Ձերբակալուողները պարզապէս զոհեր են, որովհետեւ անոնք կը ձերբակալուին պարզապէս ժողովուրդին աչքին թմրամիջոցի դէմ պայքար մը ցոյց տալու համար. վստահ եմ, որ մերօրեայ ոստիկանները լաւապէս գիտեն, թէ ուրկէ՞ կու գայ այդ բոլորին աղբիւրը. լաւապէս գիտեն, թէ որո՞ւ պէտք է ձերբակալել եւ որու ոչ եւ ձերբակալուողները «խեղճ» ու «կրակ» մարդիկ են՝ որոնք կը փորձեն գումար աշխատիլ: Հսկայական շուկայ մըն է թմրամիջոցը՝ մեծամեծ գումարներու շրջանառութիւն ունեցող:

Հայաստանի մէջ այսօր հաստատուած են թմրամիջոցի, ինչպէս նաեւ ծխախոտի դէմ պայքարի հաստատութիւններ, որոնց կարելի է զանգել օրուան ցանկացած ժամին: Այս յօդուածին առիթով հեռախօսազրոյց ունեցայ այդ հաստատութիւններուն հետ եւ ցաւօք իրենց կողմէ եւս հաստատուեցաւ այն իրողութիւնը, որ շաբաթական դրութեամբ անչափահասներ կը դիմեն իրենց՝ թմրամիջոցէն եւ կամ ծխախոտէն ազատելու համար: Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ինքնասպանութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւն մը, որ ցաւ ի սիրտ, զանգեր կը ստանայ նաեւ պատանիներէն:

Պէտք է գիտակցիլ, որ դպրոցները այսօր թուաբանութիւն սորվեցնելէ, փիլիսոփայական այս կամ այն տեսութիւնը փոխանցելու կողքին պարտաւոր է իր հովանիին տակ գտնուող մանուկ-պատանիները կեանքի պատրաստել՝ թէ՛ սեռական կեանքի գիտութեամբ, թէ՛ թմրամիջոցներու ազդեցութեամբ:

Անոնց դէմ պայքարի գրասենեակներ հաստատելը բաւարար չէ՛. պէտք է անոնց խորքը մտնել, հասնիլ գիշերային ակումբներ, դպրոցներ եւ արեան գնով պայքարիլ անոնց դէմ, այլապէս մեր ապագան շատ աւելի յուզիչ պիտի ըլլայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -216-

Մօտաւորապէս տասը տարի առաջ Հայաստանէն ծանօթ մը ուզեց Լիբանան հաստատուիլ, եւ սկզբնական շրջանին խնդրեց, որ մեր մօտ բնակի՝ մինչեւ յարմար գործ մը եւ տուն մը գտնէ: Ծնողքս համաձայնեցաւ. բարի տղայ մըն էր, առտու դուրս կու գար տունէն եւ գիշեր միայն քնանալու համար կը վերադառնար:

Օր մըն ալ մեր տունը ոստիկաններ յայտնուեցան եւ հայրս ձերբակալելով տարին. ժամեր ետք գիտցանք, որ մեր տունը գիշերող երիտասարդը գումար աշխատելու համար յանձն առած էր թմրամիջոցներ փոխադրելու շահաբեր գործը, սակայն հետապնդուելէ ետք ձերբակալուած էր:

Բարեբախտաբար հայրս առանց խնդիրի կրցաւ իր անմեղ ըլլալը փաստել. երիտասարդ տղան խնդրեց, որ հայրս իրենց համար փաստաբան մը գտնէ. հայրս հրաժարեցաւ՝ կասկածեալի դիրքին մէջ չյայտնուելու համար: Ինչքան գիտենք հայ երիտասարդը մինչեւ օրս Լիբանանի բանտերէն մէկուն մէջ կը գտնուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023