ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Բամ­բա­սան­քը ո­րե­ւէ կեր­պով ար­դա­րաց­նել կա­րե­լի չէ՛։ Բայց ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ խօ­սե­լիք նիւ­թի պա­կա­սի պատ­ճա­ռով է, որ մար­դիկ կը նա­խընտ­րեն բամ­բա­սել։ Հա­մո­զիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը չէ՛ ա­սի­կա։ Քա­նի որ «խօ­սե­լիք նիւ­թի պա­կաս»ին վե­րագ­րել «սխալ» մը՝ կը նշա­նա­կէ «սխա­լը ու­րիշ սխա­լով մը սրբագ­րել», ինչ որ ա­ւե­լի մեծ սխալ մը կը ստեղ­ծէ եւ սխա­լը կը բազ­մա­պատ­կէ։ «Խօ­սե­լիք նիւ­թի պա­կաս»ը ե­թէ կայ, այդ կը նշա­նա­կէ գի­տու­թեան պա­կաս, եւ ե­թէ գի­տու­թեան պա­կաս կայ, կայ ու­րեմն նաեւ գա­ղա­փա­րի պա­կաս։ Ու­րեմն կը տես­նուի, թէ բամ­բա­սան­քը, ըստ զայն ար­դա­րաց­նե­լու ջան­քին մէջ գտնուող­նե­րուն՝ սխալ­նե­րու շարք մըն է, հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցող։

Մէկ խօս­քով, բամ­բա­սան­քը լաւ բան մը չէ՛…։

Թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ Սուրբ Գիր­քը այս մա­սին, միա­սին ու­սում­նա­սի­րենք սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։

Բամ­բա­սան­քը չա­րու­թի՛ւն է կ՚ը­սէ Սաղ­մո­սեր­գուն, եւ ան կու գայ «չար սիրտ»էն. «Լե­զուդ չա­րու­թիւն­ներ կը հնա­րէ եւ սուր ա­ծե­լիի պէս նեն­գու­թիւն կը գոր­ծէ։ Չա­րու­թիւ­նը բա­րու­թե­նէն ա­ւե­լի կը սի­րես ու ստու­թիւ­նը՝ ար­դա­րու­թիւն խօ­սե­լէն ա­ւե­լի՛» (ՍԱՂՄ. ԾԲ 2), եւ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը կ՚ա­ւելց­նէ. «Բա­րի մար­դը իր սիր­տի բա­րի գան­ձէն բա­րիք կը բխեց­նէ, իսկ չար մար­դը՝ չա­րի՛ք, քա­նի բե­րա­նը սիր­տին մէջ ե­ղածն է, որ կը խօ­սի» (ՂՈՒԿ. Զ 45)։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ խօ­սե­լիք նիւ­թի պա­կա­սը չէ՛ բամ­բա­սան­քին պատ­ճա­ռը, այլ «չար սիրտ»ը, նեն­գա­միտ հո­գին։

Ա­ռա­կա­խօսն ալ կ՚ը­սէ, թէ Աս­տուած կը գար­շի բամ­բա­սան­քէն. «Տէ­րը վեց բա­նէ կը զզուի ու ա­նոր հո­գիին առ­ջեւ եօ­թը բան պիղծ են։ Ամ­բար­տա­ւան աչ­քեր, ստա­խօս լե­զու, ան­մեղ ա­րիւն թա­փող ձեռ­քեր, չար խոր­հուրդ հնա­րող սիրտ, չա­րու­թիւն ը­նե­լու հա­մար շուտ վազ­ող ոտ­քեր, ստու­թիւն խօ­սող ա­նի­րաւ վկայ ու եղ­բայր­նե­րու մէջ կռիւ­ներ ցա­նող մարդ» (Ա­ՌԱԿ. Զ 16-19)։

Զր­պար­տու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ծայ­րա­յե­ղու­թիւնն է բամ­բա­սան­քին, որ ի­րա­պէս ա­ւե­րիչ եւ կոր­ծա­նա­րար ազ­դե­ցու­թիւն մը կը գոր­ծէ ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին հա­մար, եւ ա­ւե­լի՛ն՝ ան­հա­տա­կան կեան­քի հա­մար ալ վնա­սա­րար մո­լու­թիւն մը կը հան­դի­սա­նայ։ Ուս­տի «մար­դոց համ­բա­ւին յար­գանք»ը դէ՛մ է ա­մէն կե­ցուած­քի ու խօս­քի՝ ո­րոնք կրնան ա­նոնց ա­նար­դար վնաս մը հասց­նել։

Ինք­զինք յան­ցա­ւոր դիր­քի կը մատ­նէ ա­նոր՝ իր յան­դուգն դա­տո­ղու­թեամբ, մեր­ձա­ւո­րին վրայ նոյ­նիսկ լռե­լեայն՝ բա­րո­յա­կան թե­րու­թիւն մը իբր ի­րա­կան կ՚ըն­դու­նի ա­ռանց բա­ւա­րար հիմ­նա­ւո­րու­մի, նաեւ չա­րա­խօ­սու­թեամբ, ա­ռանց ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն վա­ւե­րա­կան պատ­ճա­ռի, ու­րի­շին թե­րու­թիւն­նե­րը եւ յան­ցանք­նե­րը կը յայտ­նէ զա­նոնք ան­գի­տա­ցող ան­ձե­րու, եւ վեր­ջա­պէս՝ զրպար­տու­թեամբ, երբ ճշմար­տու­թեան հա­կա­ռակ խօս­քե­րով վնաս կը պատ­ճա­ռէ ու­րիշ­նե­րուն վար­կին ու ար­ժէ­քին, ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, եւ ա­ռիթ կու տայ թիւր, սխալ դա­տո­ղու­թիւն­նե­րու ա­նոնց մա­սին։

Ու­րեմն խու­սա­փե­լու հա­մար յան­դուգն դա­տո­ղու­թե­նէն, իւ­րա­քան­չիւր անձ զգոյշ ըլ­լա­լու է՝ որ­քան կա­րե­լի է նպաս­տա­ւոր ի­մաս­տով մեկ­նա­բա­նե­լու իր մեր­ձա­ւո­րին մտա­ծում­նե­րը, խօս­քե­րը եւ գոր­ծե­րը՝ ո­րոնք ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը կազ­մեն մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րին ու բնա­ւո­րու­թեան։ Չա­րա­խօ­սու­թիւն եւ բամ­բա­սանք կը կոր­ծա­նեն մեր­ձա­ւո­րի մը վարկն ու պա­տի­ւը…։

Բամ­բա­սան­քը բա­րո­յա­պէս ար­գի­լուա՛ծ ա­րարք­նե­րէն է։

Սուրբ Գիրքն ալ կը վկա­յէ. «Սուտ լուր մի՛ տա­նիր. ա­նօ­րէ­նին հետ ձեռքդ մի՛ միաց­ներ ա­նի­րաւ վկայ ըլ­լա­լով» (Ե­ԼԻՑ. ԻԳ 1)։ Իսկ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր իր Ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ի­րար մի՛ բամ­բա­սէք, եղ­բայր­ներ։ Ով որ իր եղ­բայ­րը կը բամ­բա­սէ կամ կը դա­տէ զայն Օ­րէն­քը բամ­բա­սած կ՚ըլ­լայ կամ Օ­րէն­քը դա­տած կ՚ըլ­լայ։ Դուն ո՞վ ես որ քու ըն­կերդ կը դա­տես» (ՅԱ­ԿՈ­ԲՈՍ, Դ 11-12)։ Ու­րեմն բամ­բա­սան­քը կը պա­րու­նա­կէ քսու­թիւն, ինչ­պէս կը վկա­յէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ իր նա­մակ­նե­րուն մէջ. «Այ­սինքն՝ լե­զուին ա­մէն տե­սակ ա­նի­րա­ւու­թեամբ, պոռն­կու­թեամբ, անզ­գա­մու­թեամբ, ա­գա­հու­թեամբ, չա­րու­թեամբ, եւ ըլ­լան նա­խան­ձոտ, սպա­նող, հա­կա­ռա­կա­սէր, նենգ, չա­րա­բա­րոյ, բամ­բա­սող, չա­րա­խօս…» (ՀՌՈՄ. Ա 29-30)։ Եւ դար­ձեալ. «Բայց կը վախ­նամ որ երբ գամ՝ ձեզ չգտնեմ այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ կ՚ու­զեմ, եւ դուք ալ զիս գտնէք այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս պի­տի չու­զէիք։ Այ­սինքն, կը վախ­նամ որ դար­ձեալ ձեր մէջ կռիւ, նա­խանձ, զայ­րոյթ, ի­րա­րու դէմ գրգռու­թիւն, չա­րա­խօ­սու­թիւն, բամ­բա­սանք, հպար­տու­թիւն, ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւն, եւ խռո­վու­թիւն ըլ­լայ» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 20)։ Գէշ ու վատ կար­ծիք­ներ կը յայտ­նուին բամ­բա­սող բե­րան­նե­րու մէջ։

«Այն­պի­սին հպար­տու­թեամբ կուր­ցած մըն է, որ ո՛­չինչ գի­տէ։ Խնդիր­ներ եւ վէ­ճեր ստեղ­ծե­լու հի­ւան­դու­թիւ­նը ու­նի, եւ ատ­կէ ծնունդ կ՚առ­նեն՝ նա­խան­ձը, հա­կա­ռա­կա­սի­րու­թիւ­նը, հայ­հո­յու­թիւ­նը, չար կաս­կած­նե­րը, եւ ան­վերջ բաղ­խում­նե­րը՝ միտ­քով ա­պա­կա­նած եւ ճշմար­տու­թե­նէն հե­ռա­ցած մար­դոց մի­ջեւ, ո­րոնք կը կար­ծեն թէ կրօն­քը շա­հի աղ­բիւր է։ Այդ­պի­սի­նե­րէն հե­ռո՛ւ կե­ցիր» (Ա ՏԻՄ. Զ 4-5)։ Ար­դեօք կա­րե­լի՞ է ը­սել, թէ բամ­բա­սան­քը հի­ւան­դու­թեան տե­սակ մը, կամ ախ­տա­ւոր մտքի ար­տա­յայ­տու­թիւնն է… լա՛ւ է մաս­նա­գէտ­նե­րու թո­ղուլ այս հար­ցը, եւ շա­րու­նա­կել կար­դալ, թէ՝ ի՛նչ կ՚ը­սէ Սուրբ Գիր­քը այս մասին…։

«Ի­մաս­տու­նին բեր­նին խօս­քե­րը շնոր­հա­լի են, բայց ան­մի­տին շրթունք­նե­րը զինք կը սպա­ռեն» (ԺՈ­ՂՈՎ. Ժ 12)։ Ա­ռա­քեալն ալ կը շա­րու­նա­կէ. «Միա­ժա­մա­նակ, ծու­լու­թեան վար­ժուե­լով՝ կը սկսին տու­նէ տուն շրջիլ, եւ ո՛չ միայն ծոյլ, այլ նաեւ բամ­բա­սող ու հե­տաքր­քիր կը դառ­նան, եւ ի­րենց գոր­ծը չե­ղած բա­նե­րու մա­սին կը խօ­սին» (Ա ՏԻՄ. Ե 13)։ Որ­քան կը յի­շենք, նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձած էինք «ի­րենց գոր­ծը չե­ղած բա­նե­րու մա­սին խօ­սող­ներ»ու, ո­րոնք վտանգ կը սպառ­նան եւ վնաս կը պատ­ճա­ռեն ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան։

«Թշնա­մի­ներս գէշ կը խօ­սին իմ վրա­յովս, ը­սե­լով.- Ե՞րբ պի­տի մեռ­նի ու ա­նու­նը կոր­սուի» (ՍԱՂՄ. ԽԱ 5) եւ դար­ձեալ. «Ին­ծի դէմ մէկ­տեղ կը փսփսան բո­լոր զիս ա­տող­նե­րը. իմ վրա­յովս չա­րու­թիւն կը խոր­հին» (ՍԱՂՄ. ԽԱ 7)։ «Ին­ծի հա­կա­ռակ կե­ցող­նե­րուն ու իմ ան­ձիս հա­մար չար խօ­սող­նե­րուն վարձ­քը այս թող ըլ­լայ Տէ­րոջ­մէն» (ՍԱՂՄ. ՃԹ 20)։ Կը հարց­նեմ իմ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ. ո­րե­ւէ տեղ, ո­րե­ւէ ա­տեն, ո­րե­ւէ կեր­պով տես­նուած է եր­բեք բամ­բա­սան­քին օ­գու­տը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ բամ­բա­սան­քը միշտ վնաս պատ­ճա­ռած է մարդ­կու­թեան, մա­նա­ւանդ ըն­կե­րա­յին եւ ըն­տա­նե­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ։

Ե­րե­մեայ մար­գա­րէու­թեան մէջ կը կար­դանք.

«Շա­տե­րէն պար­սա­ւանք լսե­ցի, ա­մէն կողմ վախ կայ, ա՛լ չեմ կրնար հանգս­տա­նալ։ Չա­րա­խօ­սե­ցէ՛ք ու բամ­բա­սե­ցէ՛ք, ը­սին, իմ բո­լոր բա­րե­կամ­ներս, ին­ծի յա­րող­նե­րը սխա­լիլս կը դի­տեէին՝ ը­սե­լով.- թե­րեւս ա­նի­կա խա­բուի ու ա­նոր յաղ­թենք եւ ան­կէ մեր վրէ­ժը լու­ծենք» (Ե­ՐԵՄ. Ի 10)։

Այ­սօր ալ չա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, բամ­բա­սան­քը կը շա­րու­նա­կէ ա­ւե­րել մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թիւ­նը դժբախ­տա­բար եւ չէ փո­խուած մարդ­կա­յին նկա­րա­գի­րը. մեծ հա­ճոյ­քով կը բամ­բա­սէ, կը չա­րա­խօ­սէ, թե­րեւս  առանց խորհելու անոնց գործած ընկերային ա­ւե­րին մա­սին, եւ թե­րեւս ալ գի­տակ­ցա­բար, ո՜վ գի­տէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 6, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015