ԿԵԱՆՔԷՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ
Կեանքը՝ որ կ՚ապրի մարդ, անակնկալներով լեցուն ընթացք մըն է, եւ այս պատճառով, ան խորհուրդ մըն է՝ անծանօթ, անըմբռնելի՛։ Մարդ կ՚ապրի կեանք մը, բայց ո՞րքան կ՚անդրադառնայ, ո՞րքան կը խորանայ անոր իմաստին, ո՞րքան կը թափանցէ անոր այդ խորհուրդին։ Արդարեւ, կեանքը պատահաբար ապրիլ ուրիշ բան է, գիտակցաբար ապրիլ ուրի՛շ բան։ Եթէ ոչ կատարելապէս, բայց մասամբ կարելի է թափանցել անոր խորհուրդին եւ խորանալ անոր էութեան մէջ, եւ կարելի է պատասխան գտնել՝ «կեանքի պատճառ»ին, «կեանքի նպատակ»ին եւ մանաւանդ «կեանքի իմաստ»ին մասին։
Երկու սիրալիր բարեկամներ, ահաւասիկ, երբ կը հանդիպին իրարու եւ փոխադարձ կը վայելեն իրարու ներկայութիւնը, իրապէս արդիւնաբեր եւ օգտակար կ՚ըլլայ իրենց հանդիպումը, երբ կը խօսին կեանքի իմաստին մասին, թերեւս բոլորովին լուծել կարելի չ՚ըլլար, բայց գոնէ մասամբ լուծում եւ պատասխան գտնելու կեանքի կենսական եւ էական հարցերու շուրջ։
Կեանքը կը յուզուի ամէն ձեւի, ամէն պայմանի եւ ամէն երեւոյթի տակ։ Բայց ոմանք բոլորովին անհաղորդ կը մնան կեանքին՝ իր պատճառով, նպատակով եւ մանաւանդ իմաստով։ Ասիկա գիտակցութեան հարց մըն է՝ անտարբեր չգտնուելու եւ անդրադառնալու թէ՝ մարդ էակը կեանքին գլխաւոր դերակատա՛րն է։
Արդարեւ, երկու սրտակից բարեկամներ երբ կը հանդիպին իրարու, կը խորհրդակցին իրարու հետ այն մասին, թէ կեանքը ի՞նչ բաներ է տուած իրենց եւ ի՞նչ բաներ խլած եւ յափշտակած է իրենցմէ։ Ուստի այն երկու իմաստուն բարեկամները, իրենց կեանքի փորձառութեամբ գիտեն, թէ կեանքը ճարտար եւ ճարպիկ «առեւտրական» մըն է. մարդուն կու տայ շատ բան, բայց նաեւ անկէ կ՚առնէ իր տուածին փոխարէն շատ բան, եւ երբեմն իր տուածին անհամեմատօրէն շա՜տ աւելին։ Կեանքի կշիռը անարդա՛ր է, շատ անգամ տուածէն աւելին կը պահանջէ եւ կ՚առնէ։ Կեանքը իրապէ՛ս անհամեմատ կը շարժի, անարդար, ոմանց շատ կու տայ եւ քիչ կը պահանջէ, ոմանց քիչ կու տայ եւ շատ կը պահանջէ։
Եւ ահաւասիկ երկու սիրալիր բարեկամներ կը խօսակցէին այս նիւթերու շուրջ, փոխանակ անիմաստ ու աննպատակ դատարկաբանութեան՝ սնամէջ խօսակցութեան։ Եւ ո՜րքան իրաւացի է այն յայտնի առածը որ կ՚ըսէ. «Նմանը իր նմանը կը գտնէ»։ Այդ երկու բարեկամները՝ որ զիրար գտեր են, երբ ունին նմանութիւններ, նման զգացումներ, նման խորհրդածութիւններ, անշուշտ որ անոնց խօսակցութիւնն ալ պիտի ըլլայ նման նիւթերու եւ հարցերու շուրջ, հասարակաց կէտերու վրայ՝ առանց սնամէջ խօսքերու, առանց դատարկաբանութեան եւ պարապ խօսակցութիւններու…։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելի՜ բարեկամներ, հոն պիտի հանդիպիք խօսակցութիւններու՝ որոնք ո՛չ իմաստ ունին եւ ոչ ալ նպատակ, պարապ խօսակցութիւններ միայն՝ որոնց մէջ ո՛չ տեղեկութիւն մը կայ օգտակար, ո՛չ գաղափար մը, ո՛չ սկզբունք, որ ուղեցոյց ըլլայ խօսակիցներուն։ Եւ պարապ խօսքերը երբեմն վնասակար նոյնիսկ կրնան ըլլալ, վիրաւրել արժանապատուութիւններ, նսեմացնել իսկական արժանաւորութիւններ։ Զոր օրինակ, սա զզուելի, գարշելի եւ քստմնելի բամբասանքը՝ որ ի՜նչ անհատական եւ ընկերային քայքայումներու, ցաւերու, վիշտերու եւ վիրաւորանքներու պատճառ է դարձած։ Ընկերութիւններ, բարեկամութիւններ եւ մինչեւ իսկ ընտանիքներ կործանած է բամբասանքի վատ սովորութեան, աւելի շիտակ պիտի ըլլայ ըսել՝ ախտին, հիւանդութեան պատճառով։
Ամբողջ օր մը երբ բառ մը իսկ չեն արտասաներ երկու բարեկամներ, ահաւասիկ, անոնք ճշմարիտ բարեկամներ են թէ՛ իրարու հանդէպ եւ թէ՛ իրենց ամբողջ շրջանակին մէջ։
Յետոյ ուրիշ պարապ խօսակցութեան ախտաւոր վիճակ մը, բամբասանքին նմանը՝ զրպարտութի՛ւն։ Ան որ կը բամբասէ, բնականաբար կը զրպարտէ նաեւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբա՛ր։ Բայց ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլայ նպատակը կամ պատճառը, պարապ խօսակցութիւններ, սնամէջ, ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն ենթականերուն, այլ միա՛յն վնաս՝ առնուազն ժամանակի վատնում, որ ինքնին կարեւոր կորուստ մըն է մարդուս ժամանակաւոր կեանքին մէջ, քանի որ կարելի է աւելի բարեբեր եւ օգտակար արարքներու յատկացնել ժամանակը։
Եւ իմաստուն են այն բարեկամները՝ որոնք գիտեն ժամանակին արժէքը, չեն վատներ զայն անօգուտ զբաղումներով, հաւասարակշռուած եւ չափաւոր կը գործածեն ժամանակը եւ իրենց զբօսանքի պահերն իսկ կ՚օգտագործեն խորհելով, խորհրդածելով, օգտակար խօսակցութիւններով եւ արդիւնաբեր գործունէութեամբ։ Անոնք գիտեն, թէ վատնուած ամէն վայրկեան կեանքի ժամանակաշրջանէն գողութիւն մը ընել կը նշանակէ։ Դարձեալ անոնք գիտեն, որ դատարկաբանութիւնը ժամանակի վատնո՛ւմ է, եւ ո՛չ վնասակար, բայց անօգուտ, ապարդիւն, անպէտ արարք մըն է…։
Ուրեմն, երանի՜ այն երկու անկեղծ եւ իրա՛ւ բարեկամներուն՝ որ արժէքը կը գնահատեն ժամանակին, զուարճութեան, զբօսանքի, հաճոյքի ժամանակներուն ալ օգտակար գործեր կ՚ընեն՝ այն ատեն չեն հասկնար իսկ թէ ժամանակը ի՞նչպէս անցեր է, մէկ խօսքով կեանքը կը վայելեն ըստ պատշաճի, չափաւորութեամբ, օգտակարութեամբ եւ իրենց մարդկային սկզբնական կոչումին համեմատ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով անոր։
Մարդիկ կան, արդարեւ, որ բոլորովին անհաղորդ են կեանքի ամէն տեսակ երեւոյթներուն՝ անտարբեր կ՚ապրին։ Անշուշտ մարդուս կոչումը կը պահանջէ հաղորդութեան մէջ մտնել իր նմաններուն հետ, յարաբերութիւնը չխզել, բայց երբ այլեւս, հետզհետէ զզուելի ըլլալ կը սկսին այդ յարաբերութիւնները՝ սիրոյ տեղը կը գրաւէ ատելութիւնը, նենգամտութիւնը, մտերմութեան տեղը կը գրաւէ կեղծաւորութիւնը, անկեղծութիւնը անմտութիւն կը համարուի, բարեկամներ իրարու հետ կը վարուին միշտ յետին նպատակներով, ո՞վ է բարեկամը, ո՞վ է հակառակորդը, այլեւս անհասկնալի կը դառնայ, հի՜ն բարեկամ կարծուածները նոր ոխակալներ, թշնամիներ կը հանդիսանան, եւ մարդ կը յուսալքուի, կը նախընտրէ առանձնութիւնը՝ բաւարարուելով հազիւ մի քանի անկեղծ եւ հաւատարիմ, ճշմարի՛տ բարեկամներու մտերմութեամբը։ Եւ ի՜նչ մեծ հաճոյք է վայելել անկեղծ, ճշմարիտ, իրաւ բարեկամի մը բարեկամութիւնը՝ բաժնել անոր հետ ամբողջ օր մը, բաժնել անոր հետ յիշատակներ, գաղափարներ, խորհուրդներ եւ խօսք՝ ամէն մէկը իմաստալից եւ օգտակար, ամէն մէկը իմաստութեամբ լեցուն, կեանքին իմաստը սորվեցնող, առիթ տալով խորհելու, թէ՝ երանի՜ որ բարեկամ մը մնացեր է «բարեկամ կարծուած» դիմակաւոր նենգամիտներու մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 11, 2017, Իսթանպուլ