ՍԱՐՍԱՓԵԼԻՆ՝ ՄՏԱՅԻՆ ՍՏՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ստրուկ: Գերի: Հպատակ: Ծառայ: Այս բառերուն իմաստը բառարաններուս մէջ, երկար-բարակ փնտռեցի, եւ բոլոր բացատրութիւններուն ու հոմանիշներուն մէջէն, հետեւեալը ընտրեցի.-  «Ստրուկ = ուրիշին մասնաւոր սեփականութիւնը հանդիսացող մարդ»:

Կարծեմ ինքնին արդէն բաւական իմաստալից, բովանդակալից, պարզ ու հասկանալի ալ է: Իսկ եթէ ասոր վրայ աւելցնենք՝ «մտայինը», այն ժամանակ կ՚ունենանք բռնակալի կամ դասակարգի մը բառերուն, դիրքին, աթոռին եւ փողին ենթակայ դարձող կամ մնացող կամ եղող՝ միտք: Հլու հնազանդ մարդ: Մէկ խօսքով՝ անխելք էակ: Մարդ, որ կամովին եւ ակամայ ուրիշին «ծախուած» է, ոչ միայն ֆիզիքապէս այլ՝ նոյնիսկ ի վիճակի չէ «բան» մը մտածելու, արտայայտելու կամ խորհելու, որովհետեւ գերենթակայ է նոյն այդ ուրիշի քմահաճոյքին եւ հրահանգներուն: Սեփական մտածողութենէ զուրկ: Տեսակ մը «խոտի» նման անողնաշար մարդ:

Ահա այս օրերուն, նման մտածումներ, զիս տարբեր ուղիներ սկսած էին առաջնորդել: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Մի հարցնէ՛ք:

Բայց անկեղծօրէն ըսեմ, որ յաճախ երկար լռութեամբ խօսած եմ այս մասին: Պատճառը շատ պարզ է.- որովհետեւ այն ինչ որ պատահեցաւ մեր ազգի «գլխուն», իսկապէս հայու մեր կեանքը շատ տխուր պատկերներով ուրուագծեց: Դարձանք սգաւոր: Չկրցանք տեսնել իրականութիւնը եւ անկէ դասեր վերցնել: Մենք զմեզ խաբեցինք: Ներքին եւ արտաքին հոսանքներու մէջ սկսանք լողալ եւ մեր այս անօրինակ վիճակով սկսանք ապրիլ: Տխուր դէպքերը, դէմքերն ու իրենց արտայայտած խօսքերը, իրենց ցաւալի հետքերը ձգած են մեր մտքերուն վրայ եւ հոգիներուն մէջ: Ու այս մեր անմխիթար կացութիւնը ինքնաբերաբար մեզ բոլորով, դէպի յուսահատութիւն առաջնորդեց: Ընդունինք կամ ոչ:  Ահա իրականութիւնը:

Ու նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ ազգովին զոհ ենք աննպաստ պայմաններու..., բայց...:

Արդ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ աշխարհի փոքր կամ տկար երկիրներ, պետութիւններ, իրենց ժողովուրդի զաւակներու տրամաբանութեան եւ կամքի պակասէն, եւ մանաւանդ միտքի ողբալի խեղճութենէն մեկնած, ժամանակի ընթացքին կը դառնան ստրուկը մեծ ու հզօր պետութիւններուն: Պարզապէս, փողի եւ թիւի վերածուած անհատ կ՚ապրին: Ճնշուած կը շնչեն: Միշտ գլխիկոր եւ ստրուկ կ՚ապրին: Ահա բարոյական ահաւոր տագնապը: Որովհետեւ իրենց մօտ տրամաբանող միտքը բացակայ է: Իրենց բոլոր զգացումները ծախած են ուրիշին: Կաշկանդուած են: Իրենք, այլեւս այն չեն, ինչ որ երազած էին եւ կամ կ՚ուզեն ըլլալ կամ դառնալ: Կորսնցուցած են իրենց ներկայի բարելաւման ազդակները եւ ապագան կերտելու հեռանկարը: Իրենց խորհրդաւոր յատկանիշներէն մերկացած են: Դարձած են մտքով եւ հոգիով աղքատներ: Կարճատես են: Ջնջած են կեանքի գեղեցիկ եւ ապագատեսիլ գաղափարախօսութիւնը, որ հոգեկան հեղեղ կը պատճառէր: Իրենց միտքն ու զգացումները կամայ թէ ակամայ արդէն ծախած են ուրիշին: Ամէն տեսակի մտածումներէն մերկ են իրենց միտքերը: Զուրկ են մտածելու կարողութիւններէն: Մէկ խօսքով՝ մտաբոպիկ: Պետական եւ ազգային սկզբունքները ոտնակոխ եղած են: Իտէալը ուրացած եւ անբարոյական ցնցոտիներ հագած են: Անվայել եւ աժան: Նիւթին եւ կամ փողին ծառայելու համար, կորսնցուցած են իրենց մտքի ու բազուկի ուժը եւ դարձած են խղճալի: Խեղճ եւ նոյնքան ալ որբ: Բարեկամ չունին: Դարձած են ասոր-անոր խաղալիքը: Մնացած են մինակ եւ անտէր եւ յատկապէս բոլորին բերնին ծամոն եւ մանաւանդ՝ ուրիշներու ոտքերուն տակ եւ կոխան: Անոնց քմահաճ շարժումներուն եւ հաշիւներուն ենթակայ: Հլու-հնազանդ՝ գերի:

Նման ժողովուրդներ կ՚ապրին անստոյգ ներկայով: Անգիտակ, կը շարունակեն ապրիլ եւ ղեկավարուիլ հինցած դէմքերով: Պատմութենէն բան չեն սորված, որովհետեւ մեծ «բան» մը փլած է իրենց հոգիներուն մէջ: Հաւատքի բացակայութիւնը զգալի է: Չեն զգար: Իրենց կեանքը օրին կորսնցուցած էր իր շրջագիծը: Տեսանելի նպատակ չկայ: Չունին: Միայն փողը: Որովհետեւ զոհ դարձած են աժան գաղափարախօսութեան: Կորսնցուցած են ազատ մտածողութիւնն ու անոր հետ՝ իրենց ինքնութիւնը ու այս ձեւով դարձած՝ մտովի ստրուկ: Ուրիշներու աչքերն ու սիրտերը փոխ առած են: Նոյնիսկ իրենց սեփական սիրտէն եւ խիղճէն  հրաժարած են: Միշտ պարապի մէջ ման կու գան, ու երբեք չեն անդրադառնար իրենց այս տխուր իրականութեան եւ օր մըն ալ կրնան «փոշիանալ»: Իրենց մօտ բացակայ է վերադարձի բերող յուշը: Նոր, ազատ եւ անկախ մտածելու ու ապրելու կերպարի ընկալման բանալին չկայ: Բացակայ է: Մէկ խօսքով իրենց միտքերը բանտարկուած են փառասիրութեան եւ ոսկիին միջեւ: Սուտն ու զրպարտութիւնը խեղդած են զիրենք: Անոր համար այս ժողովուրդը մնացած է անբառ եւ անխօս: Ստրուկի հոգեբանութիւնը թմրեցուցած եւ բթամիտ դարձուցած է իրենց ամբողջ ուղեղը: Նոյնիսկ՝ սմքեցուցած եւ իրենց կեանքի համադրումը քաոսի մը վերածած:

Արդ՝ նման պարագաներուն, աղուոր անկեղծութեամբ մը ըսեմ.-

-Պէտք է վերաշինել «տունը», «կառոյցը», երկիրը:

Սակայն ինչպէ՞ս: Այս բոլորին համար կենսական են թեւաւորել գաղափարները, մարդոց մօտ արթնցնել արժանապատուութեան ոգին, հեռու ատելութիւններէ եւ կոյր վրէժխնդրութիւններէ:

Թէեւ հեռու եմ քաղաքական վերլուծումներ կատարելէ, հոգեբանական եւ հոգեբուժական մատնանշումներ ընելէ, բայց եւ այնպէս իմ կարգիս, ես ալ լուծում մը կը փնտռեմ: Ու այդ լուծումը երկինքէն չէ որ պիտի գայ եւ ո՛չ ալ փողոցէն, այլ մարդոց նոր մտածելակերպէն: Այլ խօսքով, այս պարագային, մտածողութեան դրական եւ լուրջ պահանջք է պէտք: Մտքի եւ հոգիի վերանորոգման անհրաժեշտութիւն:

Ու յանկարծ միտքս կ՚երթայ մեզի, հայրենակիցներուս, երկրիս, ապրած գաղութիս, հայրենիքիս եւ շատ-շատերուն նման, իմ սիրտս ալ կ՚ողբայ եւ միտքս ալ կ՚ընկճուի: Ուստի կուրծքիս վրայ մեծ մաղթանք մը, յոյս մը, եւ լուռ աղօթք մը սեղմած, կ՚ուզեմ ամբողջացնել գրութիւնս, հաւատալով, որ իբրեւ հայեր, մենք հեռու մնանք նման անբաղձալի նկարագրի կէտերէն, յատկապէս ստրուկի եւ մանաւանդ՝ մտայինին հոգեբանութենէն, որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ մեր գաղափարի բանալին՝ մեր միաբան ըլլալն է: Որովհետեւ, իբրեւ ներկայ դարու հայեր, պատմութիւն կերտած եւ անկէ հին եւ նոր դասեր քաղած ազգ, ու մանաւանդ չափահաս եւ դարաւոր պատմութիւն կերտած ժողովուրդ՝ մեր միտքերն ու հոգիները նորոգուելով, պէտք է փորձենք միասնաբար վերաշինել մեր կեանքն ու մեր հայրենի տունը: Վերջապէս, չափահասը կամ խելահասը այն մարդն է, որ խօսելու գոհունակութենէն առաջ, կանուխէն անոր «արդիւնք»ին իրազեկ եղած է արդէն։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Չորեքշաբթի, Մայիս 12, 2021