ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ՍԻՒՆԵՐԸ

Ճիշդ է, որ անձի նկարագիրը եւ մտային կարողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի իր ապագային վրայ, սակայն անուրանալի է նաեւ կրթութեան դերը. կրթական ծրագիրի անկատարութիւնը երկար ժամանակ մեծ վէրք մը եղած է մեր ազգի համար, որովհետեւ դժուարութիւնը ունեցած ենք հասկնալու, որ կրթական ծրագիրը քարացած իրողութիւն մը չէ, այլ մի՛շտ ենթակայ է փոփոխութեանց ու կատարելագործումի:

Մարդը կատարեալ մարդ ընողը թէ՛ սեփական կարողութիւններն ու շնորհքներն են եւ թէ՛ կրթական ծրագիրի կատարելութիւնը. ամէն ժամանակաշրջան ունի իր պահանջները, որ տարբեր են իրարմէ: Աւելի քան դար մը առաջ իրենց զաւակները դպրոց ղրկող ծնողներու պահանջները հայոց պատմութիւն եւ կամ գիտութիւն գիտնալէ աւելի արհեստի ուսումն էր, որովհետեւ անոնք ունէին այն համոզումը, որ տղայ զաւակի մը համար այդ գիտութիւններէն աւելի կարեւոր է երկաթագործութիւնը, առեւտուրի գիտութիւնը, ինչ որ նիւթական կ՚ապահովէր քան հայոց պատմութեան ու գիտութեան գիտելիքները: Սակայն ժամանակի փոփոխութիւնը փոխեց նաեւ մարդոց համոզումները եւ անցեալէն այսօր սկսանք համոզուիլ, որ գիտութեան գիտելիքները եւ գուցէ տեղ մը հայոց պատմութիւնը կարեւոր է՝ ինչքան արհեստներու գիտութիւնը:

Ներկայիս նոյն դասարանին մէջ, նոյն կրթական ծրագիրով ուսում ստացած աշակերտներ կրնան տարբեր մակարդակներ ներկայացնել, ինչ որ կապ ունի աշակերտի ուշիմութենէն, գուցէ մասամբ աւելի խելացի ըլլալէն, ու նոյն բաները սորված աշակերտներ մին բարեգործ եւ միւսը ոճրագործ կրնայ դուրս գալ: Այս բոլորին մէջ կարեւոր դեր կրնայ ունենալ նաեւ ընտանեկան կրթութիւնը, սակայն մեր ուշադրութիւնը գրաւած է հետեւեալը.- եթէ ուսումնասիրենք անցեալի պատմութիւնը, պիտի նկատենք, թէ գոյութիւն ունեցած են որոշ հաստատութիւններ, որոնցմէ շրջանաւարտ եղող աշակերտներու մեծամասնութիւնը եղած են ազգօգուտ անձեր, ինչ որ վերոյիշեալ բոլորը մէկդի դնելով մեզի մտածել կու տայ, թէ կրթական ծրագիրը նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է, քան ընտանեկան դաստիարակութիւնն ու անձի նկարագիրն ու ուշիմութիւնը: Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ ինչու համար անցեալի գրողներուն, մտաւորականներուն, երաժիշտներուն, պատմագէտներուն ու ազգային գործիչներուն մեծամասնութիւնը եղած են Մխիթարեան վարժարանի ուսանողներ. եթէ մերօրեայ կեանքը քննենք, պիտի նկատենք, որ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը աւարտող աշակերտներուն մեծամասնութիւնը այսօր մեր ազգային կեանքին մէջ գոյութիւն են: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ աշակերտներու կարողութեան ու մակարդակներուն կողքին մեծ կարեւորութիւն ունի փոխանցուած կրթութիւնը:

Մխիթարեաններու եւ մելգոնեանցիներու աշակերտներն ալ եկած են տարբեր ընտանիքներէ, տարբեր ընտանեկան դաստիարակութենէ, սակայն զիրենք միացնողը եւ մէկ ճամբու մէջ դնողը կրթական ծրագիրն էր:

Սակայն կայ չորրորդը. Ընտանեկան դաստիարակութիւնը, սեփական շնորհքներն ու կարողութիւնը եւ կրթական ծրագիրը ունին իրենց կարեւոր դերը, սակայն կայ չորրորդ մը, որ ուսուցիչի անձն ու նկարագիրն է. աշակերտ մը կրնայ թուաբանութեան հանդէպ սէր մը ունենալ, սակայն ուսուցիչի մը պատճառով սկսի ատել այդ նիւթը. կրնայ պատահիլ նաեւ հակառակը: Թուաբանութիւնը ատող աշակերտ մը ուսուցիչի միջոցով կրնայ սկսիլ սիրել թուաբանութիւնը. հետեւաբար զաւակներու ապագայ կազմաւորումը նախնական կրթութեան, կրթական ծրագիրին ու իրենց ունեցած յատուկ շնորհքներուն կողքին, սերտ աղերս ունի նաեւ ուսուցիչներու հետ, որովհետեւ ամէն թուաբանութիւն գիտցող չի՛ նշանակեր, թէ լաւ թուաբանութեան կատարեալ ուսուցիչ մը կրնայ դառնալ:

Մենք կը կարծենք, թէ ուսուցիչ դառնալու համար լաւ գիտելիքն է հիմնականը, սակայն իսկական չափանիշը այդ չէ, որովհետեւ աւելի նուազ «մասնագէտ» ուսուցիչ մը կրնայ աւելի լաւ բացատրել դասը, որովհետեւ լաւ ուսուցիչ ըլլալը թուաբանագէտ ըլլալու հետ կապ չունի, այլ լաւ մանկավարժ ու աշակերտներու հոգեբանութենէն լաւ հասկնալու հետ կապ ունի:

Այդ մէկն է, որ տարբերութիւն կը դնէ դպրոցներու միջեւ. օրինակի համար, լիբանանահայ երկու վարժարաններ նոյն դասագիրքերը կը գործածեն, նոյն նիւթերը կը սորվին, սակայն մարդոց միտքին մէջ համոզում մը կը յառաջանայ, թէ առաջին դպրոցը աւելի լաւ է քան երկրորդը։ Դասագիրքերը նոյնն են, գրասեղանները նոյն են, սակայն ուսուցիչներն են տարբեր, ինչ որ որակ կու տան դպրոցի մը. պատահականութեան մը արդիւնք չէ, որ միջդպորցական մրցումներու ժամանակ առաջին դպրոցը աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՚արձանագրէ քան երկրորդը, որովհետեւ ուսուցիչի ազդեցութիւնը մեծ է դասարանին վրայ:

Այդ մէկը աւելիով փաստելու համար ըսեմ. Լիբանանի մէջ կը ճանչնամ մայրենի լեզուի ուսուցչուհի մը, որուն աշակերտները իրենց պատանի տարիքէն յատուկ սէր ունին գրականութեան, վէպերու եւ բանաստեղծութիւններու հանդէպ. անոր աշակերտներէն շատեր մինչեւ իսկ ասմունքի մրցումներու առաջնութեան տիրացած են. երբ ամբողջ դասարան մը հաճոյքով գիրք կը կարդայ, այդ մէկը պէտք է վերագրել ուսուցիչին, որ յաջողած է այդ սէրն ու կրակը բռնկեցնել անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ:

Այդ իսկ պատճառով պէտք է լաւապէս վերատեսութեան ենթարկենք մեր թէ՛ կրթական ծրագիրը եւ թէ՛ ուսուցիչներու վիճակը, որովհետեւ ամէն համալսարանական վկայական ստացող ուսուցիչ պէտք չէ դառնայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -240-

Որպէս մայրենի լեզուի ուսուցիչ ունեցած եմ հայ գրողներուն կեանքին լաւապէս տիրապետող, բանաստեղծ, գրող, գրողներու միութեան անդամ ու մի քանի հատորներու հեղինակ անձնաւորութիւն մը: Գիտելիքի կողմէ կատարելութիւն մը, սակայն դասաւանդութեան ու ուսուցչութեան կողմէ ձախող ու անկարող:

Մայրենի լեզուի գիտութեան մէջ իրեն պէս մարդիկ դժուար գտնուէին, սակայն իր այդ գիտելիքի բարձրութիւնը երաշխիք մը չէր իր լաւ ուսուցիչ ըլլալուն, այդ իսկ պատճառով մայրենի լեզուի դասապահերը մեզի համար դարձած էր խաղի ու ժամանցի պահեր: Գուցէ իրմէ նուազ գիտելիքներով անձ մը հասկնալով աշակերտներուն հոգեբանութիւնը շատ աւելի լաւ սորվեցնէր մեզի՝ քան ինք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023