ՆԱԽԱՆՁԻ ՎԱ՛Տ ԶԳԱՑՈՒՄԸ
Մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող վատ զգացում մըն է նախանձը։ Արդարեւ, ո՛չինչ այնքան կը պզտիկցնէ մեծերը, որքան ստորադասներու հանդէպ անոնց տուած նախանձի տգեղ ու վատ զգացումը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներուն փորձառութիւնը, գիտութիւնը, կարողութիւնը եւ յաջողութիւնը մանրադիտակով տեսնելու՝ ստորագնահատելու տկարութիւնը։
Եւ դարձեալ, ո՛չինչ այնքան կը մեծցնէ պզտիկները իրենց ցոյց տրուած անիրաւութեան մը հանդէպ՝ որքան իրենց ինքնամոռացութիւնը, եւ զիրենք անիրաւողներուն հանդէպ իրենց ազնուական չքմեղանքը եւ ներողամտութիւնը։ Ուստի վեհանձն հոգիներու գործ է ներել եւ անիրաւութիւնները հանդուրժողութեամբ եւ համբերատարութեամբ դիմաւորել։
Արդարեւ, իրերը եւ իրողութիւնները, կացութիւնները եւ երեւոյթները իրենց մակերեսէն աւելի խորքէն դիտելու եւ դատելու սովորութիւնը ունեցողներու համար, դէպքերը որքա՜ն կ՚այլափոխուին եւ նոյնիսկ ի՜նչ հակադրութիւններ կը պարզեն։ Եւ ի՜նչ լռութիւններ, անձայն կեցուածքներ կան, որ գոռ ու հրալեզու պերճախօսութիւններէն, ատենաբանութիւններէն եւ քարոզներէն շատ աւելի՛ թափանցող եւ տպաւորիչ են։ «Ինչ» ըսելէ աւելի՝ «ինչպէս» ըսե՛լն է կարեւորը, եւ ազդու կամ անազդեցիկ ըլլալը խօսքին։
Ընկերային, համայնքային եւ մինչեւ իսկ ընտանեկան կեանքի մէջ ի՜նչ բացակայութիւններ կան, որ բազմաթիւ շողշողուն ներկայութիւններէ շատ աւելի՛ աչքառու են եւ ազդեցի՛կ։
Արդարեւ, անհատը կ՚ապրի ծանօթներու եւ անծանօթներու շրջանակի մը մէջ՝ որ սովորաբար կը կոչուի «ընկերութիւն»։ Այս լայն շրջանակը կամ ընկերութիւնը մարդոց արարքներուն եւ ընթացքին պատշաճութիւնը կամ օրինաւորութիւնը հաստատող կամ ժխտող ըմբռնումներ, հասկացողութիւններ կամ համոզումներ ունի, որոնք «օրէնք» կոչել թերեւս զօրաւոր կերպով որակել պիտի ըլլար, աւելի լաւ է կոչել՝ «աւանդութի՛ւն» ուրեմն։ Այս հասկացողութիւնները կրնան ոմանց սխալ կամ անիրաւ թուիլ, բայց մարդ ուզէ կամ ո՛չ, նկատի կ՚առնէ զանոնք եւ ստիպուած կը պարտաւորուի կարեւորութիւն տալ ընդհանուրին՝ հանրութեան դիտողութիւններուն։ Այլապէս կարելի չ՚ըլլար ապրիլ եւ գործել այդ շրջանակին՝ ընկերութեան մէջ։ Այս կերպով, ընկերութիւնը «բարոյական ազդեցութիւն» մը կամ «ծանրութիւն» մը կը գործէ անհատին կեանքի ընթացքին եւ կամքին վրայ։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ անհատին «ազատութիւն»ը անսահման չէ, այլ հակակշռուած՝ հանրային ընդհանուր հակակշռութեան մը եզրով։
Շուրջիններուն, մանաւանդ մեծամասնութեան կարծիքներուն եւ գաղափարներուն երբեք կարեւորութիւն չտուող մարդը քիչ մը «տարօրինակ» եւ իր արարքը անբնական կը նկատուի. գէթ յաւակնոտ եւ կամ «արտակեդրոն մարդ» կը կոչուի, եւ իր վարմունքը եւ արարքները այդ ուղղութեամբ կը դատուին ընդհանրապէս։ Ուստի, մարդուս ապրելու եղանակներուն, կենցաղավարութեան, եւ անոնցմէ աւելի՛ կարեւոր եւ կենսական սկզբունքներու, հաւատալիքներու մասին ուրիշներուն, եւ մանաւա՛նդ զարգացած եւ հեղինակաւոր հմուտ անձերու գաղափարները նկատի կ՚առնուին քիչ ու շատ յայտնապէս կամ լռելեայն անոնց համեմատ ընթացք եւ ուղղութիւն կը տրուի կեանքին։
Այս կէտին պէտք է նկատի առնուի մանաւանդ փորձառութեան տէր անձեր, յատկապէ՛ս տարեցներ, քանի որ անոնց փորձառութիւնը աւելի է քան երիտասարդներուն ունեցած կեանքի փորձառութիւնը։
Այս իմաստով պէտք չէ՛ անտեսուին տարեցները, կարելի չափով օգտուելով անոնց կեանքի փորձառութիւններու արդիւնքէն։ Եւ ո՜րքան իմաստալից է այն խօսքը՝ թէ երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարենային…։ Եւ եթէ առիթ տրուի, տարեցներ ալ կարո՛ղ են շա՜տ բան կատարելու, օգտակար հանդիսանալու ընկերութեան՝ իրենց փորձառութեան չափով։ Կեանքը, այս խորհրդաւոր ընթացքը, նոյնիսկ կարծուի թէ ո՛չինչ կու տայ մարդուս, բայց կու տայ շատ կարեւոր եւ մեծ արժէք ներկայացնող բան մը՝ փորձառութի՛ւն. եւ եթէ փորձառութիւնը միանայ գիտութեան, գիտակցութեան եւ իմաստութեան հետ, անիկա իսկական արժէք մը կ՚ըլլայ կեանքին համար։ Փորձառութիւնը՝ գիւտերու եւ գիտութեան հետ ներդաշնակելով, մարդիկ շատ աւելի դիւրին կը հասնին իրենց վերջնական նպատակին՝ երջանկութեան, խաղաղ եւ սիրով լեցուն միջավայրի մը մէջ։
Քննադատուելու եւ դատապարտուելու երկիւղը կը զգուշացնէ մարդս իր կարգ մը կասկածելի բնոյթ ունեցող արարքներուն ընթացքին, քանի որ դիրք մը ունեցող, պատուախնդիր մարդը գայթակղութիւն պատճառելէ կը սոսկայ։ Եւ այսպէս, ահաւասիկ, ընդհանուրին համոզումները եւ կարծիքները մեծ մասանմ կ՚ազդեն ու կը կառավարեն մարդոց կարգ մը սովորութիւնները եւ արարքները։
Ընդհանուրին, հանրութեան մեծամասնութեան կողմէ աւանդաբար որդեգրուած եւ ընդունուած համոզումներ եւ գաղափարներ այսպէս ուղեցոյց կ՚ըլլան անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային սովորութիւններու եւ պարտականութիւններու գործածութեան։ Եւ շատ մարզերու մէջ զգալի կ՚ըլլան այս հանրային-աւանդական համոզումները, անհատը ինքզինք պարտաւոր կը զգայ անոնց հնազանդելու եւ ապրելու ըստ անոնց։
Ընկերութեան մէջ ամենէն արդիական գաղափարներ ունեցող անձն իսկ ստիպուա՛ծ է ընդունիլ, թէ մարդկային արարքներուն մէջ կը գտնուին լաւերն ու վատերը, բարիները եւ չարերը, ազնիւներն ու ստորինները. կը գտնուին զզուելի մոլութիւններ եւ զմայլելի՜ առաքինութիւններ, ազնուութիւններ։
Եւ դարձեալ, պէտք է ընդունիլ, թէ ամենէն անտարբեր եւ անզգայ մարդն իսկ իր սրտին խորութիւններուն մէջ կը գնահատէ լաւը, բարին, ազնիւը եւ առաքինին, եւ կը դատապարտէ գողութիւնը, անիրաւութիւնը, վատութիւնը եւ չարութիւնը, եւ ստորնութիւնն ու անբարոյութիւնը, քանի որ մարդ բնութեամբ բարի՛ է ստեղծուած եւ ամէն մէկուն մէջ կա՛յ բարիի արմատ մը, լոյսի նշոյլ մը, եւ կարեւորը՝ այդ արմատին հասնիլ եւ լոյսի նշոյլին անդրադառնա՛լն է։ Այս իմաստով «չար» մարդ չկա՛յ, այլ՝ «չարացած», այսինքն չարի վերածուած մարդ, ինչ որ կարելի է զայն փոխել դարձեալ իր բնականին, բարիին։
Բանաւոր եւ դատողութեան տէր ամէն ողջամիտ մարդ կրնայ որոշել օգտակարը եւ վնասակարը, բարին եւ չարը, ազնիւը եւ ստորինը, եւ այս դատողութեան մեծապէս կ՚օգնէ հանրային կարծիքը, մեծամասնութեան մանաւանդ որդեգրած համոզումները, հաւատալիքները եւ աւանդաբար փոխանցուած գաղափարները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 8, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/24/2024
- 12/24/2024