ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Գիտէք, թէ ըսուեր է հիներուն.- Մի՛ սպաններ։ Որովհետեւ ո՛վ որ սպաննէ՛ դատաստանի պիտի ենթարկուի։ Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի, ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօրը, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի» (ՄԱՏԹ. Ե 21-22)։ Աստուածաշունչը Աբէլին իր եղբօր Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ (ԾՆՆԴ. Դ 8-12) մարդկային պատմութեան սկիզբներէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ գոյութիւնը բարկութեան եւ ընչաքաղցութեան, հետեւանք սկզբնական մեղքին։ Մարդը թշնամի՛ է դարձած իր նմանին։ Մարդս մարդուն գայլը՝ չար մա՛րդն է դարձած, ինչպէս ըսած է Plautus եւ աւելի վերջ գործածուած է Hobbes-ի կողմէ. «Homo homini lupus est»։ Ուստի «գայլ» բառը (loup-lupus) խորհրդանիշն է «չար մարդ»ուն։ Աստուած կը մատնանշէ այս եղբայրասպանութեան նենգաւոր բնոյթը.- Ի՞նչ ըրիր։ Եղբօրդ արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ինծի։ Հիմա ուրեմն անիծեա՛լ ըլլաս երկրի վրայ, որ բացաւ իր բերանը քու եղբօրդ քու ձեռքով թափուած արիւնը ընդունելու համար։ (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։ Արդարեւ, Աստուծոյ եւ մարդուն ուխտը հիմնուած է «մարդկային կեանքին աստուածային պարգեւ»ին յիշեցումներով եւ մարդուն սպաննիչ բռնութեամբ։ «Ես ձեզմէ իւրաքանչիւրին արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. մարդու արիւն թափողին արիւնն ալ մարդու ձեռքով պիտի թափուի։ Որովհետեւ մարդը ստեղծուեցաւ ըստ Աստուծոյ պատկերին» (ԾՆՆԴ. Թ 5-6)։ Ուրեմն «կեանք»ը պարգեւ մըն է անգին, որ պէտք է պահպանել ի գին ամէն բանի։

Մարդկային կեանքը նուիրական է. որովհետեւ իր ծագումէն իսկ ան կը կրէ Աստուծոյ արարչագործ դրոշմը եւ իր միա՛կ վախճանին՝ Արարչին հետ յատուկ առընչութեան մէջ կը մնայ ցմիշտ։ Անոր կեանքին տէրը միա՛յն Աստուած է, սկիզբէն մինչեւ անոր վախճանը, աւա՛նդ մը. ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ պարագային կրնայ ինքզինք վերագրել մարդկային անմեղ էակ մը ուղղակի՛օրէն կործանելու իրաւունքը։ (La Peine de mort, de Voltaire à Badinter, Sandrine Costa, Etonnants Classiques, GF Flammariou, Paris, 2001)։

Մարդ, քանի որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ դարձեալ, քանի որ կեանքը պարգեւ մը կամ «աւա՛նդ» մըն է, ապա ուրեմն անոր վերջ տալ, նոյնիսկ վնաս հասցնել ներհա՛կ է անոր բնոյթին։

Ուստի «կամաւոր սպանութիւն»ը անմեղի մը, արդարի մը՝ ծանրօրէն հակառա՛կ է արարածին արժանապատուութեան, ոսկեղէն կանոնին եւ Արարչին սրբութեան։

Ուստի Հին կտակարանը «արիւն»ը միշտ նկատած է իբրեւ «սրբազան նշանը կեանքին»։ Անհրաժեշտութիւնը այս ուսուցումին բոլոր ժամանակներու համար կը զօրէ։

Երբ մարդ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ պատկերին, եւ կեանքը «աւանդ» մըն է, ապա ուրեմն մարդ ինքն իր կեանքին իսկ չի կրնար վերջ տալ եւ չի կրնար որեւէ կերպով վնաս հասցնել, վիրաւորել։

Հարցը ուրեմն կու գայ անձնասպանութեան։

Ամէն մարդ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատո՛ւ է իր կեանքին։ Որովհետեւ Ան տուած է իրեն։ Ան կը մնայ կեանքին գերակայ Տէրը։ Մենք պարտաւո՛ր ենք զայն երախտագիտութեամբ ընդունիլ եւ պահպանել՝ Աստուծոյ պատիւին եւ մեր հոգիներուն բնական կերպով փրկութեանը համար։ Մենք տնտեսներն ենք եւ ո՛չ թէ տէրերը կեանքին, զոր Աստուած վստահած է մեզի։

Մենք չենք կրնար տնօրինել կեանքը։

Անձնասպանութիւնը բոլորովին կը հակասէ մարդկային էակին բնական հակումին՝ պահպանելու եւ յաւերժացնելու իր կեանքը։ Ան ծանրօրէն հակառա՛կ է իր անձին արդար սիրոյն։ Ան կը վիրաւորէ նաեւ մերձաւորին սէրը, որովհետեւ անարդարօրէն կը փշրէ, կը խորտակէ համընկերութեան կապերը ընտանեկան, ազգային եւ մարդկային ընկերութիւններուն հետ, որոնց հանդէպ մենք պարտական կը մնանք։ Անձնասպանութիւնը ներհա՛կ է կենդանի Աստուծոյ սիրոյն։

Եթէ ան գործուած է մանաւանդ երիտասարդներուն իբր օրինակ տալու նպատակով, անձնասպանութիւնը նաեւ գայթակղութեան մը ծանր հանգամանքը կը ստանայ։ Անձնասպանութեան կամովին գործակցութիւնը դէ՛մ է բարոյական օրէնքին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ազնիւ զգացումին եւ ընդհանրապէս սիրո՛յ։

Հոգեխօսական ծանր վրդովումները, անձկութիւնը կամ փորձանքի, տառապանքի կամ ֆիզիքական տանջանքի ծանր վախը կրնան նուազեցնել անձնասպանին պատասխանատուութիւնը։

Պէտք չէ յուսահատիլ յաւիտենական փրկութեան մասին այն անձերուն, որոնք անձնասպան եղած են։ Աստուած կարո՛ղ է ուղիներով, զորս միա՛յն Ինք կը ճանչնայ եւ կը գործադրէ, հայթայթել անոնց առիթը փրկարար զղջումի մը։

 Եկեղեցին կ՚աղօթէ այն անձերուն համար, որոնք իրենց կեանքին դէմ մահափորձ ըրած են։

Ուստի կեանքը եւ առողջութիւնը ֆիզիքական թանկագին բարիքներ-արժէքներ են՝ մեզի յանձնուած Աստուծմէ. ուստի մենք պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունինք անոնց խնամք տածելու բանաւոր չափերով, նկատի ունենալով նաեւ ուրիշին կարիքները եւ «հասարակաց բարիք»ը։

Անձնասպանութիւնը ծանրօրէն հակառա՛կ է արդարութեան, յոյսին եւ սիրո՛յն։

Ուստի, յիշեցնելով «Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրը, մեր Տէրը կը խնդրէ սրտի-ներքին խաղաղութիւնը եւ կը դատապարտէ մահագործ ամէն արարք, ինչպէս բարկութեան, ատելութեան եւ կիրքերու գերութեան անբարոյականութիւնը։

Անձնասպանութիւնը անհաւատարմութիւն է մարդկային ընդհանուր կոչումին՝ յաւիտենականութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 27, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019