ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ

Ամէն մարդ իր կեանքի ընթացքին ունեցած է երիտասարդութեան շրջան մը։ Ոմանք ներկայիս կ՚ապրին այդ երիտասարդութեան շրջանը եւ չեն խորհիր իսկ որ պիտի գայ օր մը՝ երբ իրենց երիտասարդութիւնը պիտի մնայ անցեալի մէջ եւ պիտի ըսեն. «Օր մը ես ալ երիտասարդ էի…»։

Տարեցներու համար երիտասարդութիւնը քաղցր յիշատակ մըն է միայն, իսկ երիտասարդներու համար ծերութիւնը՝ երբեք տեսնել չփափաքուած երազ մը՝ մղձաւա՛նջ մը։ Բայց կեանքի բնական եւ անայլայլելի օրէնքն է. ներկան երբեք նոյնը չի մնար, ներկան դատապարտուած է «անցեալ» ըլլալու, փոխուելու եւ փոխելու մարդը իր ամբողջ միջավայրը։

Կան մարդիկ որ միշտ «անցեալ»ի մէջ կ՚ապրին եւ անցեալը կը կարծեն, որ իրենց ապրած ներկայ կեանքն է։ Բայց ներկայիս անձը արդեօք անցեալի ա՞նձն է, ուրիշ խօսքով՝ մարդ իր ծերութեան շրջանին անցեալի երիտասարդ օրերուն նո՞յն անձն է։ Շա՜տ բան մնացած է այլեւս երիտասարդութեան շրջանին մէջ։ Մարդուս մկանները նո՞յն մկաններն են արդեօք, հապա մի՞տքը՝ գաղափարները, համոզումները, հեռանկարները, տեսանկիւնը կեանքի եւ աշխարհի նկատմամբ, կարելի՞ է որ մարդու մը համար նոյնը ըլլան երիտասարդութեան եւ ծերութեան շրջաններուն։ Թերեւս շատ հազուագիւտ պարագաներու մարդու մը համար չփոխուին համոզումներ, սկզբունքներ, հաւատալիքներ… Բայց կեանքը շա՜տ բան կը փոխէ, եւ թէ հիմնովին, էապէս կը փոխէ եւ երբ անոնք փոխուին, անշուշտ թէ մարդն ալ նոյն մարդը չի մնար՝ կը փոխուի։ Եւ երբեմն անունը իսկ կը փոխուի…։

Փոփոխութիւններ կան՝ որոնք անձին ընկերային եւ ընտանեկան դիրքը կը փոխեն. զոր օրինակ, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանին, անձը ընտանիքին զաւակն է, կրտսերն է, իսկ երբ հասուն տարիքի հասնի՝ ընտանիքին հայրը կամ մայրը կ՚ըլլայ, երէց անդամը։ Տարիներ երիտասարդը տարեց կ՚ընեն՝ որդին՝ հայր կամ մայր, դպրոցի աշակերտը՝ նոյն դպրոցի ուսուցիչ, նորավարժ աշկերտ՝ վարպե՛տ։

Այս իմաստով մարդս կը նմանի եղանակներու՝ աշխարհ նոյն աշխարհն է, բայց ունի տեւական փոխուող եղանակներ՝ գարուն, ամառ, աշուն եւ ձմեռ։ Եւ կարծես ամէն մէկ եղանակին, մարդ բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ կ՚ապրի։ Աշխարհ երեւոյթ եւ տարազ կը փոխէ՝ ամէն մէկ եղանակին տարբեր աշխարհ մը կ՚ըլլայ։ Եւ մարդն ալ այդպէս է, իր կեանքի ընթացքին իրերայաջորդ տարիներու մէջ կարծես տարբեր անձ մը կ՚ըլլայ…։

Ամէն բանէ աւելի մարմնական եւ մտային ուժը կը փոխուի, բայց կը փոխուի նաեւ հոգեւոր կեանքը, հոգեկան նախընտրութիւնները տարբեր ընթացք մը կը ստանան տարիներու հոլովոյթին մէջ։ Եւ երբ մէկը մարմնապէս, մտապէս եւ մանաւանդ հոգեպէս փոխուի, անձնաւորութիւնն ալ փոխուած չ՚ըլլա՞ր, քանի որ մարդ՝ որպէս անձ, մարմինէ, միտքէ եւ հոգիէ բաղկացած «ամբողջ» մըն է։ Ամբողջի մը տարրերը երբ փոխուին՝ ամբողջն ալ չի՞ փոխուիր…։

Տարեց մը երբ իր շուրջը դիտէ, կը տեսնէ երիտասարդներ՝ որոնք իրենց առջեւ ունին երկա՜ր ճամբայ մը՝ որ ինք արդէն կտրած է։ Եւ տարեցին կտրած այդ երկա՜ր ճամբան՝ «փորձառութեան, հասունութեան ճամբայ»ն է։ Եւ տարեցը կ՚ուզէ այդ փորձառութեան իրեն տուած իմաստութենէն, գիտութենէն բաներ մը տալ երիտասարդներուն. բայց, աւա՜ղ, քիչեր կ՚ընդառաջեն իր այդ փափաքին։ Եւ տարեցը կը խորհի. արդեօք ինք ալ իր երիտասարդութեան շրջանին, տարեցներու այդ փափաքը մերժողներէ՞ն եղած էր։ Եւ եթէ պատմութիւնը կրկնութիւն մըն է, հաւանաբար ինք ալ նոյնը ըրած պէտք էր ըլլար։ Եթէ չէ եղած, երանի՜ իրեն ուրեմն։ Կեանքը աւելի գեղեցիկ, աւելի տանելի, աւելի հրապուրիչ կ՚ըլլայ երբ իմաստութեամբ ապրուի. «Ո՛րդեակ, իմաստութենէն մի՛ բաժնուիր բնաւ. Խրատներուս եւ խորհուրդներուս հետեւէ, որպէսզի կեանք ունենաս, շնորհքներով զարդարուիս, մարմինդ առողջ մնայ եւ ոսկորներդ հանգստանան։ Որպէսզի խաղաղ ըլլայ քու կեանքդ եւ ապահով ընթանաս, առանց երբեք գայթելու, ցերեկը անվախ նստիս եւ գիշերը քաղցր նինջով քնանաս», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. Գ 21-24)։

Արդարեւ, խրատ լսել օգտակա՛ր է ամէն մարդու համար, քանի որ ամէն մարդու համար խրատ մը տուող կայ եւ ամէն մարդ կրնայ խրատ լսել ամէն մարդէ՝ որ փորձառու է եւ իմաստուն։ «Գիտութիւն սիրողը իր սխալները կ՚ընդունի. յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։

Ներկայ ժամանակներու համավարակի պարտադրած պայմանները նկատի չառնուին եթէ, այսօր, եկեղեցիներ ընդհանրապէս կը լեցուին մասամբ տարեցներու կողմէ։ Եկեղեցիներու մէջ այսօր երիտասարդները կը պակսին, երիտասարդներ կը փնտռուին. հոն կան տարեցներ, որոնք կեանքի հնոցէն անցած, խոհեմ, հեռատես եւ իմաստուն են ընդհանրապէս։

Բայց պատմութիւնը կը վկայէ, որ հոգեւոր կեանքի անդրադարձումը կը հանդիպի աւելի յառաջացած տարիքներու։ Զոր օրինակ, Պօղոս Առաքեալ իր ամենէն կարեւոր աստուածաբանական նամակները իր ծերութեան օրերուն գրեց եւ կամ գրել տուաւ։ Իսկ Յովհաննէս Առաքեալ Յայտնութեան Գիրքը գրեց իր ծերութեան օրերուն։ Եւ կարելի է տակաւին բազմաթիւ օրինակներ տալ այս մասին…։

Բայց պէտք է ունենալ հոգեւոր կեանք նաեւ երիտասարդութեան շրջանին։ Պէտք է մտածել երկինքի մասին եւ հաւատալ այն բոլոր խոստումներու մասին, որոնք Աստուած տուած է համայն մարդկութեան։ Աստուած Հա՛յր է՝ Արարիչ եւ Նախախնամ, բայց Աստուած միայն տարեցներուն Աստուածը չէ՛, առանց խտրութեան բոլոր մարդկութեան Արարիչը եւ Նախախնամն է։ Եւ Աստուծոյ Տունը, Եկեղեցի՛ն, միայն տարեցներու տունը չէ, երիտասարդներ ալ բաժին ունին այդ միութեան մէջ։

Արդարեւ, եկեղեցին միայն պահանջք մը զգացուած ատեն յիշուելիք կամ երթալիք տեղ մը չէ, կեանքի ամէն պահուն, ամէն պայմանի տակ, առանց խտրութեան բոլորին շնորհք տալու պատրաստ Աստուծոյ տո՛ւնն է ան։

Այսօր, ահաւասիկ, այս գիտակցութեամբ պէտք է շարժին երիտասարդներ՝ որոնց համար ա՜յնքան կարեւոր է ֆիզիքական եւ մտային կեանքը, աշխարհը, բայց կայ նաեւ «հոգեւո՛ր կեանք» մը, հոգեւոր աշխարհ մը՝ որ անբաժան է մարմնական եւ մտաւոր աշխարհէն։ Եւ պէտք է գիտցուի, որ «կատարեալ մարդ» այն մարդն է, որ «մարմին-միտք-հոգի միութիւն»ը կը պահպանէ եւ համարժէք կը նկատէ անոնք «մա՛րդ» էակին երջանկութեանը համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 10, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020