ԱՆԱՄՕԹԻՆ ԱՄՕԹԸ

Ամօ՜թ է...

Մարդկութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մեծագոյն ամօթը նոյնինքն ամօթն է, որ մարդուս ներքին աշխարհը կրծելով որոշ բարոյական «պատնէշ»ներ կը փորձէ ստեղծել մեր շուրջ: Զաւեշտալի ի՜նչ յերիւրանք է ամօթը այսօր, որ կը յաջողի թագաւորել մեր յոյզերուն, զանոնք իրենց ամենէն անարատ վիճակէն դուրս բերել թաղելով ամօթի քօղին տակ: Նայելով մերօրեայ ամօթին կը տեսնենք յեղաշրջումը բարոյականութեան ու անոր ըմբռնումին. այն ինչ որ անցեալին ամօթ էր, այսօր կը սկսի դառնալ սովորական, իսկ այն ինչ որ սովորական ու մարդկային էր՝ կը դառնայ ամօթ ու անպատուութիւն:

Գրեթէ ամէ՛ն օր կը տեսնենք, թէ ինչպէս մերօրեայ մարդը իր մերկութիւնը ամօթ նկատելու փոխարէն, ամօթ կը նկատէ ամենէն մարդկայինը՝ իր արցունքները. պատմութեան ո՞ր ժամանակաշրջանին մէջ երբեւէ ամօթ նկատուած էր մարդկային արցունքը՝ որ մարդկային հոգիին ու յոյզերուն ամենէն վճիտ ու ջինջ արտայայտութիւնն է. այսօր ամօթի բռնադատումով զուլալ արցունքները յեղաշրջուած ու վերածուած են կեղծ ժպիտներու եւ խնդութեան. Դանիէլ Վարուժան մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 1904 թուականին գրած իր պատասխան-նամակներէն մէկուն մէջ լալն ու արցունք թափելը մանուկի մը անմեղութեան համազօր կը գտնէր. ինչպէ՞ս եղաւ որ այդ անմեղութիւնը յեղաշրջուեցաւ ամօթի:

Մեր ընկերութեան մէջ այսօր հիմնական ամօթները ամօթ ըլլալէ դադրած են. այսօր ամօթ չէ՛ բամբասելը, այսօր ամօթ չէ՛ տեսնել հարազատի թշուառութիւնը եւ անտարբեր մնալը. ամօթ չէ՛ ծաղրելը, հայհոյելը, քծնիլն ու անպատուելը, սակայն ինչպէ՞ս չես գիտեր ամօթ է՛ կարօտնալը. ամօթ է հոգիի անկեղծ զգացումները բարձրաձայնելը եւ այդ անամօթ ամօ՛թն է որ մեզ կը տանջէ: Անցեալին բանաստեղծը իր սէրը կ՚երգէր. նոյնիսկ իր սէրը կու լար, որովհետեւ այդ բոլորը ունէր մաքրութիւն մը, սրբութիւն մը:

Մենք որպէս մարդկութիւն կորսնցուցած ենք ամօթի հասկացողութիւնը եւ զանոնք բարոյական արժէքներէ մերկացնելով ամօթի ծաղրի վերածած ենք մեր մարդկային անկեղծ զգացումները. այս ամօթի զաւեշտն է, որ սուտին տուաւ ազնուութիւն մը. այն ինչը որ անցեալին ամօթ էր, ո՛չ միայն այսօր ամօթ չէ՝ այլ շատ անգամ նոյնիսկ խրախուսելի է որոշ շրջանակներէ ներս: Մենք կը հաւատանք, որ իսկական մարդ ըլլալը խորապէս զգացումները հասկնալ ու ապրիլն է, սակայն ընկերութիւնը եկաւ այդ մարդկութիւնը խլելու մեզմէ, բոլորիս դէմքերուն վրայ ուրուագծելով կեղծ ուրախութիւն մը, որ ստեղծուած է ամօթին համար՝ առանց նկատի ունենալով որ այդ մէկը նոյնինքն ամօթն է: Այն ինչը որ այսօր ամօթ է, անցեալին մարդասիրութեան վկայութիւն էր։

Համաշխարհայնացման ծառայող եւ մարդը բարոյալքող բոլոր ազդակները այսօր կը փորձեն հիմնական ամօթները վերածել պարզ ու սովորական երեւոյթներու եւ բոլոր անոնք, որոնք մարդը բարոյական արժէք կը ներկայացնէ՝ դատապարտելով ամօթի շարքին դասելու. այսօր մարդկութեան համար աւելի հանդուրժելի է լսել բամբասանք՝ քան սիրոյ անկեղծ արտայայտութիւնը եղող սիրոյ խոստովանանք մը. աւելի հանդուրժելի է ականատես ըլլալ ուրիշի տանջանքներուն՝ քան անոնց վշտակից ու խօսակից դառնալ. պատճա՞ռ. որովհետեւ մարդը որդեգրեց ամենէն ամօթը՝ իր սեփական յարմարաւէտութիւնը աւելի առաջնահերթ սկսաւ նկատել՝ քան ուրիշինը:

Այս բոլորը մարդկութեան մէջէն վերացուց նաեւ «խիղճ» հասկացողութիւնը. խիղճին զոհ դառնալը քայքայեց մեր բարոյական կեանքը, մեզ առաջնորդեց անզգամութեան: Այս բոլորը մարդը հեռացուցին իր սեփական եսէն ու դիմագիծէն. այսօր ինչքա՜ն շատ են զգացումներու եւ ապրումներու յուղարկաւորութիւնները մեր մարդկային կեանքէն ներս՝ որ գրեթէ ամէն օր կ՚ապրինք մեր հոգիի մենութեան մէջ։ Անցեալին մարդու հոգին ջինջ էր ու պայծառ. իսկական էր անոնց սէրը, իսկական անոնց արցունքները, յոյզերը, ուրախութիւնները եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ. այսօր ամէ՛ն ինչին կեղծը ունինք. կեղծ ուրախներ... ամէ՜ն տեղ են. մէյ մէկ դժբախտներ են անոնք, որոնք մարդկային անամօթ ամօթի պատճառով ծաղրածուի մը պէս շրջելու դատապարտուած են: Ամօթի այս պարտութիւնը այսօր պատճառ կը դառնայ, որպէսզի մարդ չհաւատայ ո՛չ մէկ ուրախութեան եւ ոչ մէկ տխրութեան, որովհետեւ ամենէն խոր ու ծանր կարծուած տխրութիւնը անգամ մի քանի օրուան կեանք ունի այսօր. անվերջանալի թուացող սէրն անգամ շաբաթներու ցաւ մը ունի. ուրախութիւնները նոյնպէս ժամանակաւոր են ու կարճ: Մեծագոյն ամօթը պարզապէս այդ անամօթ ու անմեղ զգացումները սքօղելն է:

Պէտք է դուրս գալ ամօթի այս տառապանքէն. պէտք է համոզուիլ, որ զգացումներն են որ մարդը մարդ կը դարձնեն. արցունքը, կարօտը, ցաւը, վիշտը մարդկային են այնքան՝ ինչքան խնդուքն ու ուրախութիւնը. ինչքա՜ն անմեղ ու հարազատ զգացում մը կայ կարօտ բառին մէջ, որ բոլորս կ՚ապրինք՝ մեր հոգիին խորերը թաղել փորձելով:

Ամօթ այն ամօթին, որ արգելք կը հանդիսանայ մարդկային այդ ապրումներու ջարդին. ու այս բոլորէն ետք, դարձեալ զանոնք ամօթ կարծելով մեր կեանքը կը շարունակուի, լաւապէս գիտակցելով որ այդ ամօթը մեր հետ պիտի ապրի մինչեւ գերեզման:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար մարդ կարօտ կ՚ապրի:

Պատասխան. Կարօտը մարդկային զգացումներու արձագանգ է, որ արմատաւորուած է մեր ուրիշներու հետ ձեւաւորած խոր կապերուն ու յարաբերութիւններուն հետ: Կարօտը հիմնուած է սիրով եւ այդ սէրն է, որ կը ստեղծէ կարօտի զգացում: Մարդկային այդ կարօտը պայմանաւորուած է զգացումներու յարմարաւէտութեամբ, ինչ որ սիրելի մարդոց բացակայութիւնը կը դարձնէ զգալի մեր կեանքէն ներս: Մարդկային հոգին ու սիրտը հակում ունին սերտ յարաբերութիւններ փնտռելու եւ պահպանելու եւ հետեւաբար երբ մարդ առանձնութեան մէջ է, կ՚ապրի կարօտի զգացումը, որ յաճախ կը վերածուի նաեւ տխրութեան, որովհետեւ կարօտը անձի ներկայութեան կը ձգտի եւ այդ պակասը տխրութիւն կը պատճառէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024