ՀԱՆԴԱ՜ՐՏ… ՀԱՆԳԻ՛ՍՏ…

Երբ սէր կայ, ապա ինչո՞ւ ատելութիւն, երբ հաշտութիւն կայ, ապա ինչո՞ւ խռովութիւն, եւ երբ կայ խաղաղութիւն, ապա ինչո՞ւ քէն, ոխ եւ գժտութիւն…

Սիրելի՜ներ, դիտեցէք ձեր շուրջը՝ ամէնուրեք ամէն մարդ «խնդիր» ունի իր նմանին հետ, անհատապէս կամ հաւաքական դժգոհութիւն, գանգատ, տրտունջ՝ որը սկսեալ ընտանիքներու անդամներէ, հետզհետէ կը տարածուի ամբողջ ընկերութեան մէջ, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ եկեղեցական շրջանակներու տարածքին։ Տարիներու բարեկամութիւններ, անիմաստ եւ աննպատակ գժտութիւններու կը զոհուին, մինչեւ իսկ թշնամութեան կը վերածուին։ Սիրոյ պատուիրաններ կ՚անտեսուին, ատելութեան տիրապետութիւնը կը քաջալերեն։

Բայց ինչո՞ւ։

Եւ շատ դժուար է այս «ինչո՞ւ»ին պատասխանել։ Ամէն ոք պատճառ մը ունի անշուշտ առերեւոյթ։ Սակայն, արդեօք կ՚արժեն այդ բոլոր պատճառաբանութիւնները այս ընդհանուր անհատական եւ հաւաքական անհանգստութեան։

Այս միջավայրին մէջ մոռցուած է ներողամտութիւնը, հանդուրժողութիւնը եւ մանաւանդ սէ՛րը։

Մարդկային, մանաւանդ ընկերային կեանքին մէջ խաղաղութիւնը, իրերհասկցողութիւնը կարեւոր եւ անհրաժեշտ արժէքներ են, բայց եւ ընդհանրապէս անտեսուած եւ մոռցուած…

Ի՞նչ կ՚ուզեն մարդիկ. աւելի լա՞ւը։ Բայց ո՛րն է «աւելի լաւ»ը. չեն գիտեր։ Եւ չեն ընդունիր որ իրենց համար «աւելի լաւ»ը կրնայ իսկական «աւելի լաւ»ը չըլլալ։ Եւ ասիկա կարելի է իրերհասկցողութեամբ եւ երկխօսութեամբ ճշդել։

Բոլոր այս խորհրդածութիւնները կը յանգին մէկ կէտի վրայ. ճշմարտութեա՛ն վրայ, բայց երանի՜ անոնց որ կրնան հասնիլ ճշմարտութեան…

Մեր այս մտահոգութիւնները իրաւացի են, քանի որ աշխարհի ընդհանուր վիճակը ակնյայտ է, նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ դժբախտաբա՛ր…

Ուրեմն տեսէ՛ք ինչ կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներու գրած իր նամակին մէջ.

«Ամէն դառնութիւն, բարկութիւն եւ սրտմտութիւն եւ աղաղակ եւ հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։ Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի». (ԵՓԵՍ. Դ 31-32)։

Կռիւով, վէճով, սաստկութեամբ եւ բռնութեամբ հարցեր լուծել կարելի չէ՛. Յիսուսի օրինակով՝ քաղցրութեամբ, մեղմութեամբ, հեզութեամբ, երկխօսութեամբ ե՛ւ հմտութեամբ հարցերը լուծել եւ այդ ճամբով ճշմարտութեան հասնիլ, մանաւանդ հոգեւորականի գործելակերպը ըլլալու է, որ քրիստոնեային ալ ա՛յդ վայել է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024