ԽՈՐՀԵԼՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
«Ազատութիւնը գիրք է, որ անպայման լաւ նուէր մըն է անոնց համար, որոնք կը կարողանան կարդալ։ Միւսներուն համար անիկա շէնքին ներքին զարդարանքն է լաւատես հայեցողութեամբ մը, իսկ յոռետես հայեցողութեամբ՝ օճախը վառելու միջոց մը», կ՚ըսէ ժամանակակից փիլիսոփայ մը՝ Միխայիլ Խոդորկովսկ։
Արդարեւ, ընդհանրապէս «ազատութիւն»ը մարդ էակին ամենէն էական եւ բնական իրաւունքն է, քանի որ ան բանականութեան մէկ հետեւանքն է, եւ մարդ օժտուած է բանականութեան յատկութեամբ։ Եւ ան իր բանականութեան շնորհիւ կը վայելէ «ազատ կամք»ի առաւելութիւնները։ Ուստի երբ ազատութիւնը վերածուի անազատութեան, եւ մարդ շատ բան կը կորսնցնէ իր իրաւունքէն, եւ կը վիրաւորուի իր արժանապատուութիւնը, քանի որ ազատութիւնը մարդուն արժանապատուութի՛ւնն է, իր ինքնութիւնը, իր մարդկային նկարագի՛րը։
Ազատութիւնը կը յայտնուի զանազան վիճակներու մէջ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ապրելու ազատութիւնը, խօսելու ազատութիւնը, խղճի ազատութիւնը, խորհելու ազատութիւնը եւ ուրիշներ, որոնք մարդուն ընդհանուր դիմագիծը եւ նկարագիրը կը կազմեն։
Այս ազատութիւններու մէջ, ահաւասիկ, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ՝ խորհելու ազատութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է մարդուն բանական էակ մը ըլլալու յատկութեան։ Արդարեւ, մարդ ազա՛տ է խորհելու, քանի որ խորհելու, մտածելու, այսինքն բանականութեան կարողութեամբ օժտուած է։
Մարդ ի՛նքն է իր մտածումներով. «Cogito ergo sum», այսինքն «կը խորհիմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ», կ՚ըսէ René Descartes։ Եւ ուրեմն, խորհիլը «անձ» ըլլալու նախապայմա՛նն է։
Բայց ինչպէս եւ ընդհանրապէս ամէն ազատութիւն, խորհելու ազատութիւնն ալ, «ազատութի՛ւն» է, երբ գործածուի որոշ արժէքներու հաւատարմութեան մէջ։ Արդարեւ, ազատութիւնը ունի երկու «գործակից» արժէքներ, կամ «լրացուցիչ»ներ՝ հանդուրժողութիւն եւ չափաւորութիւն։ Կատարեալ ազատութեան մը համար անհրաժեշտ են այս լրացուցիչները, որոնցմէ մին՝ հանդուրժողութիւնը դիմացիններու նկատմամբ եւ չափաւորութիւնը՝ ազատութիւնը վայելողին ինքն իրեն հանդէպ։
Զոր օրինակ, ոմանք, առանց գրութեան մը պարունակութեան նայելու, գրողին անուն նայելով կ՚ըսեն, թէ անոր գրութիւնները չեմ կարդար, որովհետեւ անոր գրածներուն համամիտ չեմ։ Կրնայ ըլլալ, ասիկա հանդուրժողութեան հարց է, բայց հետաքրքրական կէտը այն է, որ որեւէ գրութիւն մը առանց կարդալու, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ անոր բովանդակութիւնը եւ այն կէտերը՝ որոնց ինք համամիտ չէ։ Կարծեմ, չըսելու համար տգիտութեան, բայց պարզամտութեան նշան մըն է ասիկա։ Նաեւ, հանդուրժողութեան պակաս մը, ի՛նչ որ մարդուս մտային մակարդակին ստուգանիշներէն մին է։ Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ անհանդուրժողութիւնը մտային հասունութեան պակասի արդիւնք է։ Կարելի է ըսել նաեւ, թէ անհանդուրժողութեան զգացումը, ծածուկ նախանձի մը արտայայտութի՛ւնն է։ Եւ նախանձը մարդուս վատագոյն եւ վնասակար զգացումներուն գլխաւո՛րն է…։
Ուրեմն, փոխադարձ հանդուրժողութիւնը ազատութեան անհրաժեշտ մէկ ազդակն է՝ զայն լաւագոյն կերպով վայելելու համար։
Հանդուրժողութիւնը եթէ արտաքին երեսն է, ազատութեան ներքին երեսն ալ՝ չափաւորութիւնն է։ Ուստի, ազատութիւնը, իրապէս «ազատութիւն» է երբ չափաւոր եւ որոշ սահմանի մը մէջ գործածուի, ինչ որ կը հետաքրքրէ նոյն ինքն ազատութիւնը վայելողը, այսինքն՝ ներքին երեսը։
Հանդուրժողութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ ինքնավստահութիւն։ Մարդ եթէ ինքնավստահ է իր համոզումներուն, իր հաւատալիքներուն եւ սկզբունքներուն նկատմամբ, «հանդուրժողութիւն» ցոյց կու տայ ամէն գաղափարի, ամէն մտածումի եւ խորհուրդի, ամէն խօսքի կամ գրութեան, քանի որ ինքնավստա՛հ է՝ գիտէ որ անոնց ազդեցութենէն չի տարուիր, չի տպաւորուիր կամ հրապուրուիր անոնց պարունակութենէն։ Ազատօրէն կը կարդայ, մտիկ կ՚ընէ, երբ պահանջքը զգայ կը հակազդէ, կը քննադատէ եւ փոխադարձ փաստարկումներով իր տեսակէտը կը պաշտպանէ, եւ թերեւս ինք՝ իր հաստատ համոզումով եւ ինքնավստահ կեցուածքով կը տպաւորէ իր հակառակորդները, տարբեր մտածում եւ գաղափար ունեցողները։ Ուստի գաղափարի փոխանակութեան մէջ փախուստը ամենավատ ընթացքն է, եւ տկարութեան, թերութեան նշա՛ն մը։
Զոր օրինակ, իր հաստատ համոզումներուն եւ զօրաւոր հաւատքին վստահող մէկը, եթէ մոլեռանդութեան ախտով չէ՛ վարակուած, ինչո՞ւ չունենայ անաստուած, անհաւատ կամ զԱստուած դրժող, բարոյական արժէքներու հանդէպ անտարբեր «ընկեր»ներ, քանի որ Յիսուս ալ միշտ այդպիսիներուն հետ կ՚ուտէր, եւ զԻնք քննադատողներուն կ՚ըսէր, թէ՝ առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները, ախտաւորները…։
Հաստատ հաւատք ունեցողներու անհաւատներէ բարեկամներ ունենալու բարիքը այն է, որ թերեւս կրնայ կերպով մը, առիթ մը ներկայանալ, եւ անհաւատներ դարձի գան։ Յիսուս Իր իսկ տիպարով, իր կեանքով ցոյց տուաւ, թէ պէտք չէ հեռու մնալ «հաւատքով տկար»ներէ…։
Եւ այս ուղղութեամբ, ինչո՞ւ խուսափի հաստատ հաւատքի տէր մէկը, Nietzsche մը, եւ կամ Bertrand Russel մը կարդալէ, որոնք ճանչցուած են մանաւանդ իրենց հակաքրիստոս տեսութիւններով եւ հակաքրիստոնէական գաղափարներով։
Ահաւասիկ, հո՛ս է հանդուրժողութեան կարեւորութիւնը՝ որ ծնունդ կ՚առնէ ինքնավստահութենէն։ Արդարեւ, մարդ եթէ համոզուած եւ ընդունած է ճշմարտութիւնը, այլեւս ինչո՞ւ խուսափի կարգ մը իրականութիւններ հարցաքննութեան եւ ուսումնասիրութեան ենթարկելէ, քանի որ գիտէ եւ վստահ է, որ ի վերջոյ պիտի յանգի նոյն եզրակացութեան՝ որ է «ճշմարտութի՛ւն»։
Արդարեւ, խորհելու ազատութիւնն ալ ունի չափաւորութեան պահանջքը ինքն իր մէջ, ինչ որ կ՚ենթադրէ բարոյականութեան, բանականութեան սահմաններուն հաւատարիմ ըլլալ, ուրիշ խօսքով ուրիշէ սպասուած հանդուրժողութիւնը ունենալ։
Եւ, հանդուրժողութիւնը արժէք կը ներկայացնէ, երբ անիկա փոխադարձ է, եւ ո՜րքան մեծ հաճոյք է հակադէմ համոզումներու փոխադարձ հանդուրժողութեամբ ներդաշնակուիլը տեսնել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 4, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024