ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Ցաւալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդկային խիղճը պատմութեան մէջ աննախընթաց անկում մը, վատասերում մը կը կրէ աշխարհի գրեթէ ամէն երկիրներու մէջ՝ մանաւանդ վերջին շրջաններուն։ Շատեր կան որ «պատիւ»ը նիւթական արժէքի մը պէս կը նկատեն, ճիշդ ինչպէս դրամը, գործը, տունը, ստացուածքը նիւթական են։ Սակայն պէտք է գիտնալ, թէ պատիւը այդ նիւթական արժէքներուն կարգին պէտք չէ՛ համարել։

Կրնայ մէկը առնել ձեռքէդ դրամը, գործը, տունը եւ կամ որեւէ ստացուածք, որ քեզի կը պատկանի, բայց ո՛չ ոք կրնայ պատիւդ առնել։ Պատիւը սերտօրէն կապուած է անձին հետ՝ անբաժանելի կերպով։ Մարդ ի՛նքն է, որ կրնայ պատճառ ըլլալ իր պատիւը կորսնցնելու։ Եւ ի՞նչ է պատիւը, պարզապէս մեր անձնաւորութեան մէջ կը գտնուի եւ անբաժա՛ն է անձնաւորութենէն։ Ուստի ճշմարիտ պատիւը անձնաւորութի՛ւնն իսկ է եւ կախում ունի այն ստուգանիշներէն, որոնք մարդ ինքն իր անձին համար կ՚իւրացնէ, եւ որոնց համաձայն կը ջանայ ապրիլ եւ վարել կեանքը։

Արդարեւ հոն՝ ուր կը պակսի ուղղամտութիւնը, մեծ վտանգ կը սպառնայ «պատիւ»ին, եւ վնաս կը հասցնէ անձնաւորութեան։ Զոր օրինակ, երբ մէկը հրապարակային ժողովի մը մէջ կամ որեւէ ուրիշ առիթով կը խօսի նիւթի մը շուրջ, եթէ ուղղամիտ չէ, վստահութիւն չի ներշնչեր եւ ո՛չ ոք կրնայ վստահաբար ըսել, թէ ան կ՚արտայայտէ իր անկե՛ղծ գաղափարները կամ համոզումները, եւ ընդհակառակը, առհասարակ ժողովուրդին մէջ ընկալեալ կարծիքը եւ համոզումը այն է, թէ այդ կարգի հրապարակային արտայայտութիւններ ճշմարտութիւնները ծածկելու եւ ո՛չ թէ երեւան բերելու հանգամանքը ունին։ Ուստի, աւելորդ է պնդել, թէ ժողովուրդ մը իր բարոյական կեանքին գոյնը կամ ուղղութիւնը կը ստանայ մեծ մասամբ իր առաջնորդներէն։ Եւ այն առաջնորդները երբ նպատակի մը հասնելու համար չեն վարանիր դիմել զանազան միջոցներու եւ կը կեղծեն ժողովուրդին համակրանքը շահելու համար, անպատճառ կը պարտուին վերջ ի վերջոյ։ Ուստի նպատակը եւ միջոցները պէտք է համաձայն ըլլան, որպէսզի վստահութիւն ներշնչեն եւ համակրելի, ընդունելի ըլլան ժողովուրդէն։

Արդարեւ ուղղամտութենէ հեռանալ «խղճի անկում» մըն է, եւ անշուշտ այս ցաւալի անկումը ունի իր զանազան պատճառները, որոնք կատարած են իրենց դերը։ Զոր օրինակ, հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանողներ, ընտանիքներ, կրթական հաստատութիւններ ժողովուրդին խիղճը լուսաւորելու, զարգացնելու, զօրացնելու խիստ բարձր եւ կենսական առաքելութեան մէջ եւ կամ կոչումին նկատմամբ կրնան թերացած եւ ձախողած ըլլալ։ Արդ, եթէ պտուղը լաւ չէ, բոլոր յանցանքը պտուղին վերագրել սխալ է. այդ պտուղը հասցնող ծառն ալ ունի յանցանք կամ թերացում, որ պատճառ եղած է պտուղին «լաւ պտուղ» չըլլալուն. «Եթէ կ՚ուզէք լաւ պտուղ ունենալ՝ ծառը առողջ պահեցէք, իսկ եթէ ծառը լաւ չպահէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլլայ։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 33)։ Ուստի եթէ մէկը կը գանգատի ներկայ ուղղամտութեան պակասէն, պէտք է անոր պաճառը փնտռէ անցեալին մէջ՝ թերեւս ի՛ր քով։ Եւ դարձեալ երբ գանգատ կը յայտնուի կրօնական հաւատքին տկարացման շուրջ, պէտք է պատճառը փնտռել հաւատք մշակող պատասխանատուներու մօտ։ Ծնողներ երբ կը գանգատին իրենց զաւակներուն ընդհանուր ընթացքին մասին, պէտք է պատճառները փնտռեն նաեւ իրենց սխալ կամ թերի ընթացքին մէջ։ Ուղղամտութիւնն է որ մարդուս նկարագիրը ե՛ւ անձնաւորութիւնը դրական կերպով կը կազմաւորէ։ Ե՛ւ հաւատքն է որ անհատին խիղճը զգայուն կը պահէ եւ զայն կը փայլեցնէ եւ կը զօրացնէ։ Ուստի Եկեղեցին, կրօնքը եւ ընտանիքը երբ կենդանի, առողջ եւ հաւատարիմ են իրենց պաշտօնին եւ ունին պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը այդ մասին, այն ժամանակ հզօր առաջնորդներ կը հանդիսանան մարդկային խղճին համար։ Ուստի հանրային կեանքի մէջ մեծ նշանակութիւն ունի առաջնորդին կամ ղեկավարին անձնաւորութիւնը, ինչպէս ընտանիքի մէջ. պաշտօնի աթոռը շա՜տ բան կը պարտի պաշտօնակալի հմայքին. անոր կենցաղագիտութեան, օրինապահութեան, հեռատեսութեան, զարգացումին, վարքուբարքին եւ նկարագրին։ Քննական պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հանրօգուտ գիւտերու եւ ձեռնարկներու ետին՝ թաքուն կը մնան նաեւ համեստ դէմքեր ալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 30, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019