ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ, ՍՈՆԱ ԽՏԸՇԵԱՆ-ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԴՍՏԵՐ՝ ՆԱՅԻՐԻ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն անշուշտ, թէ սա քանի՛երորդ անգամն է, որ այս կամ այն ձեւով կը ջանամ անդրադառնալ մեր սիրելի Ծառուկեանին: Թոյլ տուէք անգամի մը համար բացատրել պատճառը: Ինծի համար Ծառուկեան,- մէկ կողմ դնենք իր սիրուած ու փնտռշուած գրող ըլլալը,- ամէն բանէ առաջ մեծ մտածող է: Բացէ՛ք «Նայիրի»ի էջերը: Հոն է, որ պիտի հանդիպիք Ծառուկեան մտածողին: Մեր ազգային խնդիրներուն հանդէպ, որոնք բազմաթիւ եղած են եւ ե՛ն հիմա ալ, իր ցուցաբերած ողջամիտ կեցուածքը, զանոնք լուծելու նպատակով կատարած տրամաբանական առաջարկները, իսկ ամենակարեւորը՝ գործնապաշտ մօտեցումը եւ, մանաւանդ, մեր իրականութիւնը հիմնափոխելու թէկուզեւ շատ քիչ հաւանականութեան նկատմամբ աննկուն հաւատքը իրեն տուած են ուրիշներու վրայ ազդելու, զանոնք հմայելու եւ անոնց լաւ օրինակ հանդիսանալու յատկութիւնը:

Թէպէտեւ ան իր գրական գործերով չհասաւ այն գեղարուեստական մակարդակին, որուն, վստահ եմ, կարողութիւնը ունէր հասնելու («Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» վէպը՝ ապացոյց), եւ իր գրականութիւնը դարձաւ տեսակ մը հրապարակագրութիւն, սակայն կը հաւատամ, որ անոր հարուստ վաստակը արժանի է խոր ու համապարփակ վերլուծումի, ինչը կարծես դեռ ժամանակի կը կարօտի:

Այսօր բնականաբար պիտի չխօսիմ այս նիւթերուն մասին: Անոր փոխարէն պիտի պատմեմ պատմութիւն մը՝ քաջատեղեակ ըլլալով, որ ցարդ չէ պատմուած ան: Յօդուածը ինքնին խօսուն է, եւ, կը կարծեմ, կարիք չկայ իմ կողմէս որեւէ բացատրութեան:

Միասին կատարե՞նք ուղեւորութիւն մը Ծառուկեանի աշխարհին մէջ:

Ուրեմն գացի՜նք:

Անդրանիկ Ծառուկեանի անձնական կեանքը, ինչպէս կը վկայէ իր դուստրը՝ օրդ. Նայիրի Ծառուկեանը, եղած է բաւական «ճոխ»: Թէեւ իր ընտրեալներէն ոչ մէկը յայտնի է մեզի: Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, Ծառուկեան անոնցմէ ո՛չ մէկուն հետ իրական բան մը ապրած է (ենթադրաբար):

Մեզի ծանօթ է ընդամէնը անուն մը, որ եղած է ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս, քան իր եւ ուրիշ կիւրինցիի մը՝ բանաստեղծ Վահէ Վահեանի (1908-1996) երիտասարդական սէրը, եւ որուն համար այս երկու տաղանդաւոր գրողները իրարմէ խռոված են: Ան ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ վաղամեռիկ բանաստեղծ Մ. Զարիֆեանի քոյրը՝ Սիրան Սեզան (1903-1973), որ, ի դէպ, Վահեանէն՝ հինգ, իսկ Ծառուկեանէն ալ տասը տարի մեծ էր: Պարզ է, որ հետագային այս երբեմնի սիրահարները հաշտուած են իրարու հետ. ապացո՞յց,- լուսանկար մը, ուր քով-քովի նստած են՝ արդէն ո՛չ իբրեւ երիտասարդներ:

Պէտք է ըսել, որ Ծառուկեան եթէ ոչ դէմ, առնուազն հեռո՜ւ եղած է ամուսնանալու, տուն-տեղ ըլլալու եւ ընտանիք կազմելու գաղափարէն, անշուշտ նախքան բախտորոշ ու պատմական հանդիպումը այն կնոջ հետ, որ պիտի գար կոտրելու իր յամառութիւնը:

Ուրեմն 1951-ին էր, երբ Ծառուկեան, Հալէպէն փոխադրուած ըլլալով Լիբանան, կը նշանակուի Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէն. պաշտօն մը, որ պիտի վարէր լոկ երկու տարի՝ մինչեւ 1953:

Մինչ այդ պետական զանազան գործեր կային՝ կապուած «Նայիրի» թերթին՝ անոր պաշտօնական կարգավիճակ տալու ուղղութեամբ:

Այնպէս մը կը պատահի, որ Ծառուկեանի տնօրէնութեան շրջանին անոր ապագայ կողակիցը՝ Սոնա Խտըշեան, կը ներկայանայ դպրոց՝ ձրիաբար պաշտօնավարելու որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի: Ինչո՞ւ ձրիաբար,- որովհետեւ հայրը թունդ պահպանողական էր եւ դէմ էր, որ իր աղջիկը աշխատի ու դրամ վաստկի: Բայց տիկին Խտըշեան ձեւը կը գտնէ համոզելու՝ ըսելով, որ ինք պատրաստ է աշխատելու առանց դոյզն վարձատրութեան:

Այդ օրէն երկուքին միջեւ կը ստեղծուի ջերմ կապ մը, որուն արդիւնքը պիտի ըլլար ամուսնութիւնը: Անոնք կը բախտաւորուին աղջիկ զաւակով մը՝ Նայիրի, որուն ծննդեան հետ կապուած կայ շատ ծիծաղելի մանրավէպ մը: Իրողութիւնը այն է, որ տիկ. Խտըշեանի յղութեան շրջանին Վազգէն Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով Ծառուկեան կ՚այցելէ Հայաստան: Բոլորիս ծանօթ են, կը կարծեմ, վերջիններուս բարեկամական ջե՜րմ յարաբերութիւնները: Զրոյցի ատեն կաթողիկոսը հարց կու տայ Ծառուկեանին.

-Պարո՛ն Ծառուկեան, ամուսնացա՞ծ էք:

-Այո՛, վեհափառ տէր:

-Իսկ զաւակներ ունի՞ք:

-Հատ մը կայ մամուլի տակ,- յատուկ հիւմորով մը կը պատասխանէ Ծառուկեան:

Մէկ տարի ետք Ծառուկեան դարձեալ կ՚այցելէ հայրենիք: Ահաւասիկ վեհափառն է նորէն հարցնողը.

-Պարո՛ն Ծառուկեան, լոյս տեսա՞ւ:

-Այո՛, վեհափառ տէր, ընտիր թուղթ, մաքո՜ւր տպագրութիւն:

Անդիէն Երուանդ Հիւսիսեան, որ նոյնպէս կը մասնակցէր զրոյցին եւ լսողութեան խնդիր ունէր, չհասկնալով «տեղի ունեցողը»՝ յանկարծ կը դառնայ Ծառուկեանին ու կ՚ըսէ.

-Ծօ՛, դուն նոր գիրք տպեր ես եւ դեռ ինծի չե՞ս ղրկած:

Այդ «գիրքը», ուրեմն, Ծառուկեանի միակ դուստրն էր՝ Նայիրին:

Նոյնինքն իր աղջկան խոստովանութեամբ՝ այն Ծառուկեանը, որ ի սկզբանէ հեռու եղած է ամուսնանալու, տուն-տեղ ըլլալու եւ ընտանիք կազմելու գաղափարէն, դարձած է «աշխարհի կատարելագոյն հայրը»՝ իր միակ զաւկին տալով հեքիաթային մանկութիւն մը: Երբ ազգականներ ու հարազատներ, ի տես այս երեւոյթին, Ծառուկեանին ըսէին, թէ «կը չափազանցես», ան այսպէս կը պատասխանէր անոնց. «Ես մանկութիւն չունեցող մարդ եմ, կ՚ուզեմ, որ իմ զաւակս կատարելագոյն մանկութիւնը ունենայ»:

Վերադառնալով Ծառուկեանի եւ անոր կնոջ՝ Սոնա Խտըշեանի յարաբերութեանց՝ օրդ. Նայիրին կը նշէ, թէ ինչքա՛ն սիրով ու համերաշխ եղած են անոնք, մանաւանդ որքա՛ն նման իրարու՝ իրենց աշխարհընկալումով, մտածողութեամբ ու նախասիրութիւններով: Ի բնէ իրարու համար ծնած ըլլային անոնք կարծէք: Ի միջի այլոց, չմոռնամ նշելու, որ տիկին Սոնան նոյնպէս կը գրէր, առաւելաբար պատմուածքներ: Իր բազմաթիւ ստորագրութեանց կարելի է հանդիպիլ «Նայիրի»ի էջերուն մէջ: Ան երկու գիրք ալ հրատարակած է. մէկը կը կոչուի «Լիբանան. դրախտ կորուսեալ» (2004), իսկ միւսը՝ «Հայրս եւ... մենք» (2009):

***

Մէկ բանի համար կը ցաւիմ:

Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այսչափ սիրուած, կարդացուած, սերունդներ ներշնչած գրողին դուստրը, որուն ծանօթանալու բարեբախտութիւնը ունեցայ անցեալ տարեվերջին, վերջ ի վերջոյ լքուի, դառնայ անտէր-անտիրական, շրջապատուի արաբներով (բնական երեւոյթ է, այնպէս չէ՞)՝ դառնութեամբ լեցուելով հայութեան հանդէպ:

«Հօրս փառքի օրերուն ամէն մարդ մեր շուրջն էր, սակայն անոր մահէն ետք բոլորն ալ անհետացան»,- կ՚ըսէ օրդ. Նայիրին: Որքան գիտեմ, այսպէս եղած է աշխարհի կարգը ի վաղուց անտի: Եւ ահա նոյնութեամբ կը գործէ ան հիմա ալ: Ոչինչ փոխուած է:

Ցաւ ի սիրտ, 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով օրդ. Նայիրիին հօրենական տունը ամբողջութեամբ քարուքանդ եղաւ: Եւ մինչեւ այսօր ալ գրեթէ անբնակելի վիճակի մէջ է:

Ամբողջ այս մէկ տարուան ընթացքին լիբանանահայ համայնքէն ոչ ոք, ուղղակի ոչ ոք հետաքրքրուեցաւ անով: Զարմանալի է: Բայց, ըստ երեւոյթին, պէտք չէ զարմանամ ա՛լ: Ոչ ոք ելաւ անոր որպիսութիւնը հարցնելու: Նոյնիսկ մէկ հոգի չըսաւ. «Մեր համայնքէն հայուհի մը կայ, որ մեր պէտքը ունի: Հասնինք իրեն»:

Պահ մը մոռնանք, թէ ինք որո՛ւ աղջիկն է: Վերջապէս հայ մըն է եւ մեր անմիջական օգնութեան կարիքը ունի:

Բայց ասկէ աւելի պիտի չերկարեմ, որովհետեւ իմաստ չունի:

Միայն հետեւեալը պիտի ըսեմ. սիրելի օրդ. Նայիրին մտադիր է գիրք մը գրել հօրը մասին: Այնտեղ պիտի պատմէ իր անմոռանալի յուշերը, ինչպէս նաեւ հաճելի դրուագներ Ծառուկեանի կեանքէն: Սա անպատճառ երեւոյթ մը պիտի ըլլայ մեր իրականութեան մէջ, վասնզի, ինչպէս գիտէք, երբ աղջիկն է հօրը մասին գրողը, անկախ անոր գրածին որակէն ու արժէքէն՝ յատուկ տեղ կը գրաւէ այդ գործը՝ տուեալ հեղինակին կեանքն ու վաստակը ուսումնասիրողներու սեղանին վրայ: Յիշենք Նուարդ Թումանեանի «Յուշեր եւ զրոյցներ» գիրքը, որ ինքնին բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ եւ մեծապէս նպաստած է Յովհաննէս Թումանեան մարդու, գրողի ու հասարակական գործիչի յաւելեալ ճանաչումին: Իսկ թէ օրդ. Նայիրիին գիրքը ե՛րբ լոյս աշխարհ կու գայ, սպասենք ու տեսնենք:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021