ԴՐԱՄԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԻՋՈ՛Ց
Մարդկային միտքը սովորաբար շատ հանդարտ եւ, հետեւաբար, շատ յատուկ հասկացողութեամբ մը կ՚անդրադառնայ աւելի հեռակայ քան թէ մօտը գտնուած իրի մը վրայ. աւելի անցեալ քան թէ ներկայապէս կատարուող դէպքերու վրայ։
Երբ քովդ՝ աչքիդ առջեւ կամ ձեռքիդ տակ ունիս սիրած մէկ առարկայ, չե՛ս խորհիր անոր վրայ, որովհետեւ կը ջանաս միայն վայելել զայն. իսկ տեսութեանդ առջեւէն անհետացած բան մը կամ գործ մը՝ իսկո՛յն իր վրայ կը հրաւիրէ մտածութիւնդ եւ կը մտահոգուիս՝ կը խորհիս եւ կը խորհրդածես անոր վրայ, զայն յառաջ բերող պատճառին կամ անկէ յառաջ գալիք հետեւանքին վրայ, եւ այն կերպով՝ իրօք աւելի՛ ճիշդ եւ աւելի՛ խոր կ՚ըլլայ անոր մասին քու կազմած ծանօթութիւնդ։
Ասիկա այնքան բնական բան մըն է միտքին համար, որքան սովորական է բոլորիս համար այն իրողութիւնը՝ որով կարծես թէ ինքնաբերաբար կը գոցենք մեր աչքերը, երբ կ՚ուզենք մեզի արդէն ծանօթ բանի մը վրայ մտածել ուշադրութեամբ։
Խորհիլ տալու ճիշդ ա՛յս եղանակն է, զոր կը հրաւիրէ նաեւ Եկեղեցին՝ մէկ կողմէ արգելելով հաճոյքին վայելումը ապաշխարութեան օրերուն մանաւանդ, միւս կողմէ պարտաւորելով զմեզ՝ որ մեր խորհրդածութեան առարկայ ընենք զայն. քննե՛նք եւ ճանչնանք անոր լաւ կամ յոռի ազդեցութիւնները մեր կեանքին՝ մեր քրիստոնեայ կեանքին վրայ, մէկ կողմէ չներելով որ հաւատացեալներ՝ այդպիսի օրերուն մանաւանդ, ջանան շահու գործառնութիւններով եւ դրամի հետապնդութեամբ անցընեն իրենց ժամերը, եւ միւս կողմէ մեզի իբրեւ հոգեւոր ընթերցումի նիւթ ներկայացնելով՝ Աւետարանի ա՛յն յայտնի հատուածը. (ՂՈՒԿ. ԺԶ 9), թէ՝ «Եւ ես կ՚ըսեմ ձեզի՝ անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէ՛ք…»։
Թողո՛ւնք առակին մանրամասնութիւնները, դասը՝ որ կը պարունակուի անոր մէջ, ընդհանուր իմաստը կամ ոգին, այն եղանակն է՝ որով անտեսը կը վերաբերուի «դրամ»ին, զայն կը գործածէ իբրեւ «ուժ» մը, որ զինք վեր կը հանէ չարութեան պատրաստած խորխորատէն. կը գործածէ զայն իբրեւ միջո՛ց եւ ո՛չ երբեք իբրեւ նպատակ, եւ կը գործածէ զայն իմաստութեամբ եւ բարութեա՛մբ։
Արդարեւ, որեւէ իր, նաեւ դրամը, որպէս անկենդան նիւթ, ո՛չ չար է եւ ոչ ալ բարի։ Զայն գործածողին նպատակն է եւ գործադրութիւնը, որ զայն չար կամ բարի կ՚որակէ։
Արդարեւ, հիանալի՜ է այդ դէմքը՝ որու վրայ գեղեցիկ արտափայլում մը կը ներկայացնէ «միտքի մարդ»ը, «սիրտի մարդ»ը, եւ «գործի մարդ»ը, ուր կեանքը եւ կրօնքը եւ հաշիւը ձեռք կու տան իրարու, եւ որ մարդկութեան յաւիտենապէս կը քարոզէ բարոյականի եւ տնտեսագիտութեան մէջ հաւասարապէս ճշդուած սա սկզբունքը, թէ՝ «Դրամը չարի՛ք մըն է, երբ նպատակ է, բայց կրնայ ըլլալ բարի՛ք մը, երբ գործածուի իբր միջոց՝ բարի նպատակի մը համար»։
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, աշխատինք դրամը բարի ուժ մը ընել մեր կեանքին մէջ։ Իմաստութեամբ եւ բարութեամբ գործածենք զայն։ Ո՜րքան իմաստուն է այս պատուէրը. «…անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէ՛ք», եւ դժուար չէ՛ հասկնալ՝ թէ ո՛րքան փրկարար պիտի ըլլար անոր ճշդիւ գործադրութիւնը մեր կեանքին համար։ Եւ որքա՛ն քիչ է սակայն եւ դժբախտաբար թիւը անոնց՝ որ կ՚ըմբռնեն զայն եւ կ՚ուզեն անոր համեմատ ձեւել եւ ընթացք տալ իրենց կեանքին։
Դրամը՝ բարի ուժ մըն է, երբ գործածուի զայն բարեգործութեան միջոց մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ