«ՄԱԿ». ՄԱՄՈՆԱՅԱՊԱՇՏ ԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ -Ա

Թատրերգութիւնը, իր բոլոր ձեւերով, կը շարունակէ դրսեւորել արուեստի եւ մշակոյթի կարեւորութիւնը, սակայն ի տարբերութիւն միւս դարերուն, մենք ունինք բախտաւորութիւնը ականատես ըլլալու անոնցմէ մեծագոյններուն: Ունինք բարեբախտ առիթը ականատես ըլլալու թատրերգութեան մը՝ որ իր չափով եւ տարողութեամբ կը գերազանցէ միւս բոլոր ներկայացումները. ներկայացում՝ որ աւելի հանդիսատես ունի քան Շէյքսփիրի «Համլէթ»ը եւ կամ «Օթելլօ»ն. ներկայացում՝ որ սկիզբ առաւ 76 տարիներ առաջ եւ ցայսօր կը շարունակուի՝ առանց երբեք ընդմիջման դադար առնելու: Թատրերգութիւն, որուն հեղինակները 193 երկիրներու տարբեր ներկայացուցիչներ են:

Ներկայացման խորագի՞րը. «ՄԱԿ». ոմանց համար «Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւն», իսկ ինծի համար «Մամոնայապաշտ անկարներու կեդրոն»: Թատրերգութեան հիմնական արժէքը կը ներկայանայ դերասաններու կեղծելու եւ ձեւացնելու անմրցունակ տաղանդին մէջ. տեսակը՝ զաւեշտալի: Հայաստան եւս, 1992 թուականէն ի վեր, մաս կը կազմէ այդ զաւեշտալի ներկայացման:

Թատրերգութիւնը մէկն է, սակայն արարները զանազան. թուեմ անոնցմէ մի քանին.

Արար առաջին.- Միջազգային խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն:

Արար երկրորդ.- Մարդու եւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:

Արար երրորդ.- Պայքար աղքատութեան դէմ:

Արար Չորրորդ.- Վերացնել անգործութիւնը:

Արար Հինգերորդ.- Կանանց հանդէպ խտրականութիւն:

Արար վեցերորդ.- Մշակութային կոթողներու պահպանում:

Արարներու շարքը տակաւին կարելի է երկարել, սակայն մենք ուզեցինք զանոնք բաժնել հիմնական վեց արարներու, որոնց ներկայացումը իմ գրած եւ ձեր կարդացած պահուն արդէն իսկ կը շարունակուի:

ԱՐԱՐ ԱՌԱՋԻՆ.- ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Նախքան այս արարի մասին խօսիլը, կ՚ուզեմ յիշել ամերիկացի քաղաքական հրապարակագիր, հրապարակախօս եւ խաղաղութեան ջատագով Նորման Քուիզընի մէկ խօսքը. «Եթէ կ՚ուզէք ՄԱԿ-ը գոյատեւէ, անոր պաշտպաններն ու պատասխանատուները նախ իրենք պէտք է ենթարկուին. անոնք որոնք կը հաւատան անոր առաքելութեան՝ պէտք է պայքարին»: Հաւանօրէն հրապարակախօսը բարեկիրթ ձեւով կ՚ուզէր հասկցնել, որ խօսելու փոխարէն պէտք է գործել, գրելու փոխարէն՝ նուիրուիլ ու ծառայել:

Բանանք ու կարդանք ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան կապուած տեսլականն ու պարտաւորութիւնը. «ՄԱԿ խաղաղապահ ուժեր կը ղրկէ այն շրջաններ, ուր զինուած հակամարտութիւն սկսած է, որպէսզի համաձայնութեան գան եւ ռազմական գործողութիւնը դադրեցնեն: Կամաւոր ուժերը կը հաւաքուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներէն, որովհետեւ ՄԱԿ-ը իր սեփական զօրքը չունի»: Գաղափարականօրէն ինչքա՜ն ազդեցիկ, հեղինակաւոր ու տպաւորիչ որոշում, սակայն գործանականօրէն լոկ փուճ, պարապ ու անկենդան խօսքեր:

Մեր հակառակորդը՝ Ատրպէյճան ՄԱԿ-ի անդամ է 1992 թուականէն ի վեր, ինչպէս Հայաստանը, սակայն անցնող պատերազմին ու հակամարտութեան ՄԱԿ-ի խաղաղապահները տեսնողներ եղա՞ն: Պատերազմի դադարումէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք՝ 4 դեկտեմբեր 2020-ին ՄԱԿ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «ՄԱԿ-ը մարդասիրական աջակցութիւն կը խոստանայ, քանի դեռ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը բանակցութիւններ կը վարեն Լեռնային Ղարաբաղի տեւական խաղաղ կարգաւորման շուրջ»:

Բանակցութիւննե՞ր. Դերասաններուն ականջին չհասա՞ւ, կամ իրենց աչքերով չտեսա՞ն հազարաւոր երիտասարդներու զոհուիլը, եկեղեցիներու սրբապղծութիւնը, անմեղ քաղաքացիներու գնդակահարումը: Ո՞ւր էին մեծղի խոստումներու իրագործումը:

Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան օրական դրութեամբ այցելեցի ՄԱԿ-ի կենդրոնական կայքն ու համացանցի բոլոր էջերը. ո՛չ մէկ արձագանգ: «Խաղաղութեան» ու «անվտանգութեան» մունետիկները խուլ ու անտարբեր էին:

Տակաւին ամիսներ առաջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան գովքը հիւսողները, ճարտասան լեզուներ թափողները «տեղեակ չէին» անցուդարձէն: Ամիսներ առաջ սիրոյ ու համերաշխութեան դեսպանները, վստահաբար տաժանելի գործերու բեռին տակ կքած՝ ժամանակ չունէին տեսնելու՝ որպէսզի տէր ըլլան իրենց ուխտին ու խոստումներուն:

Դերասանական ի՜նչ մեծ ունակութիւն. ըսել՝ բայց չընել. գիտնալ՝ բայց չգիտնալ ձեւացնել, երեւութապէս ցաւիլ՝ սակայն ներքնապէս անտարբերութեամբ ողողուիլ, լսել՝ բայց խուլ ըլլալ ձեւացնել: Ու նման կազմակերպութեան մը առաջնորդը կը յայտարարէր ըսելով. «առանց վստահութեան չենք կրնար դժուարութիւնները դիմագրաւել»:

Վստահութի՜ւն... աշխարհի ամենէն անվստահելի բառը: Վստահեցէ՛ք: Անոնց խօսքերը նման են բարոյականութեան մասին խօսող պոռնիկներուն, եղբայրասիրութեան ու մարդասիրութեան մասին ճառող եղբայրասպաններու, Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբուն մասին քարոզող անաստուածներու: Անոնք նման են այն մեծահարուստներուն՝ որոնք աղքատասիրութիւն կը քարոզեն ի դիմաց մարդկանց՝ սակայն հաւանաբար իր ծանօթ բարեկամը աղքատութեան մէջ կը տառապի: Բայց ինչեւիցէ՛ վստահեցէք անոնց, որովհետեւ անոնք ուխտած են խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն հայթայթել:

Թող անհաւատներ Աստուծոյ պահպանութեան աւելի՛ հաւատան, քան անոնց անհիմն խօսքերուն...:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՇԱՀԱԶԻԶ
(1856-1951)

Մեր թուականէն 70 տարիներ առաջ՝ 12 օգոստոս 1951 թուականին Երեւանի մէջ մահացած է գրականագէտ, պատմաբան, ազգագրագէտ եւ մանկավարժ Երուանդ Շահազիզ:

Երուանդ Շահազիզ ծնած է 13 յունուար 1856 թուականին, Աշտարակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի գաւառական դպրոցին մէջ, ապա 1879 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը:

Շահազիզ վարած է ուսուցչութեան պաշտօն. 1882-1917 տարիներուն եղած է ուսուցիչ, տեսուչի օգնական, ապա տեսուչի պաշտօն ստանձնած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցին մէջ: 1918-1919 տարիներուն խմբագրած է «Հայ Համայնք» շաբաթաթերթը:

Երուանդ Շահազիզ 1922 թուականին եկած է Երեւան մասնակցելու Հայաստանի Կենդրոնական պատմամշակութային թանգարանի շինութեան եւ եղած՝ թանգարանի պատմագրական բաժնի վարիչ:

Հեղինակ է բազմաթիւ պատմագրական աշխատութիւններու: Ամենէն արժէքաւորներէն մէկն է «Միքայէլ Ղազարեան Նալպանտեանց» աշխատութիւնը, Նոր Նախիջեւանի հայկական գաղթավայրի պատմութիւնը, «Նոր-Նախիջեւանը եւ նոր-նախիջեւանցիք»ը եւ ուրիշներ: Բանասիրական ուսումնասիրութիւններ կատարած է Խաչատուր Աբովեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի եւ այլ մեծերու մասին:

Երուանդ Շահազիզ մինչեւ այսօր ունի անտիպ գործեր ու աշխատութիւններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 2021