ՀԱՅՈՒՆ ԹՇՆԱՄԻՆ ՀԱՅՆ Է

Պատմութեան ընթացքին յաճախ թշնամի ըսելով հասկցած ենք թուրքը կամ ազերին, սակայն յետ այսու թշնամի ըսելով պիտի հասկնանք մենք մեզ, որովհետեւ թուրքը կամ ազերին չկրցաւ հայուն վնաս պատճառել այնքան՝ ինչքան մենք մեզ պատճառեցինք ու կը շարունակենք պատճառել:

Հասկնալով թէ առանց հասկնալու, հաւատքով թէ առանց, որպէս առաջին Քրիստոնեայ պետութիւն անգիր գիտենք, թէ «Ոեւէ թագաւորութիւն որ ինքն իր մէջ բաժան-բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի». ինչքան գիտեմ գիտցող եւ ընողը աւելի՛ ապուշ է՝ քան առանց գիտնալու ընողը. մենք գիտենք եւ կ՚ընենք:

Մեր թուականէն 141 տարիներ առաջ Ծերենց իր «Թէոդորոս Ռշտունի» աշխատութեան Զ. գլուխին մէջ հայոց անմիաբանութեան մասին ակնարկ մը կ՚ընէ, ըսելով «հին ժամանակներէ ի վեր սխալ կարծիք մը կը տիրէ, թէ հայք անմիաբան են, իբրեւ թէ անմիաբանութիւնը բնածին պակասութիւն մը լինէր հայուն քով». հայրենասիրութենէ մղուած հաւանաբար Ծերենց այդ մէկը «սխալ կարծիք» որպէս կ՚ուզէր տեսնել, սակայն «հին ժամանակներէն» արտայայտութիւնը կը փաստէ, որ հայ անցեալին ա՛յն էր՝ ինչ որ է այսօր... անմիաբան, պառակտուած ու գժտուած:

Յաճախ մեր մէջ միասնութեան ու միաբանելու մասին խօսելով կը կազմուի այն կարծիքը, որ բոլորս պէտք է ի մի համախմբուինք մէկ գաղափարի տակ. զանազան ու տարբեր կարծիքներ ունենալը, գաղափարներու այլազանութիւնը պիտանի ու հարկաւոր է. տարբեր գաղափարներու տէր ըլլալ չի նշանակեր անմիաբան ըլլալ, որովհետեւ կարծիքներու հակասութիւնն է, որ կը բիւրեղացնէ գաղափար մը, որով նշեալ գաղափարկը կը դառնայ կենսունակ ու անխորտակելի: Գաղափարներու տարբերութիւններէն ամբողջութեամբ տարբեր բան մըն է անմիաբանութիւնը, որ կը խեղդէ ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ գաղափարը:

Թերթերցէ՛ք մեր պատմութեան էջերը. լիիրաւ հաւաքածոյ մը անմիաբանութեան, որուն հետեւանքը նահանջ, պարտութիւն, անկում, փլուզում ու խորտակում. պատմիչներ նոյնիսկ մեր պարտութիւններն ու կորուստները կը վերագրեն անմիաբանութեան. անոնցմէ մէկն է 1680-1740 թուականներուն ապրած պատմագիր Աբրահամ Երեւանցին, որ իր «Պատմութիւն թագայորի Պարսից» աշխատութեան Ժ. գլխուն մէջ Ղուլի խանի յաղթանակներէն մէկուն մասին կը գրէ. «նոքա անմիաբան լեալ՝ ոչ եղեն միմեանց օգնականք: Եւ Ղուլի խանն ԷՌ [7. 000] զօրօք միայն զնոսա մի առ մի, սակաւ առ սակաւ կոտորեաց». Անմիաբանութիւնը պատճառ՝ կոտորուելու:

Տարիներ ետք այսօր կ՚ափսոսամ, որ Եղիշէ Չարենց իր կեանքը վտանգելով «Պատգամ» խորագրեալ բանաստեղծութեամբ գաղտնի ձեւով կու տար «ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» յորդորը։ Հաւաքական ու միասնական ըլլալը մեզի համար չէ ստեղծուած. մենք Բաբելոնի աշտարակաշինութեան շրջանէն հաւանաբար սկսած ենք իրար չհասկնալ եւ մինչեւ օրս այդ անհասկացողութեան մէջ կ՚ապրինք:

Պատկերացուցէք Խրիմեան Հայրիկ այս անմիաբանութենէն ինչքա՜ն սրտնեղած պիտի ըլլայ, որ պահքի մասին հարցում հարցնող խեղճերուն կը պատասխանէ. «ինչի միս որ ուզէք, կերէ՛ք.... բայց Աստուծոյ սիրոյն, միայն թէ իրարու միս մի ուտէք», սակայն անօգուտ. ամենէն համով միսը միմեանցը նկատելով հայը հայուն միսը կերաւ եւ ցայսօր կը շարունակէ ուտել:

Աշխարհի վրայ կուսակցութիւններ կը հիմնուին գաղափարի մը համար պայքարելու, սակայն մեր կուսակցութիւնները ո՛չ թէ գաղափարի համար, այլ իրար դէմ է որ կը պայքարին։ Պատմութիւնը լուռ վկան է այդ բոլորին. կար ժամանակ, որ Հնչկաեան հայն ու Դաշնակցական հայը աւելի՛ թշնամի էին՝ քան հայն ու թուրքը. Լիբանանի անցեալը վկայ. գիտէ՞ք ինչքան հայեր զոհ գացին հայրենակից հայու փամփուշտին. ձեռքի տակ եղած բոլոր կարելիութիւններով, թէ՛ մամուլով, թէ՛ դէմ առ դէմ, թէ՛ բռնութեամբ մեր կուսակցութիւնները հալածեցին զիրար, փոխանակ ազատ ու անկախ հայրենիքի մը տեսլականը հալածէին:

Եկեղեցիներ սէր միութիւն կը քարոզեն, սակայն պատգամը նոյնը չէ մեր եկեղեցւոյ (եկեղեցիներուն). Հնչակեան եւ Դաշնակցական կռիւներ հեռու չէր ու չէ պատմութիւնը մեր երկու կաթողիկոսութիւններուն, որ տարբեր տարբեր ձեւերով մինչեւ օրս կը շարունակեն իրար միս ուտել. Էջմիածնականը կ՚ատէ Անթիլիասականը, իսկ Անթիլիասականը փոխադարձաբար կ՚ատէ Էջմիածնականը: Նոյնիսկ հաւատքի մէջ ՄԵՆՔ մը չենք կրցած ըլլալ եւ «սիրեցէ՛ք զմիմեանս» ըսելով ատած են զիրար. Քրիստոս քարոզած է սիրել թշնամին... սակայն քանի որ չէր ըսած «սիրէ հայրենակիցդ» ատած ենք զիրար. Առաքեալը կ՚ըսէ. «Որ ասէ եթէ ՛ի լոյսն իցէ՝ եւ զեղբայր իւր ատիցէ, սո՛ւտ է՝ եւ ՛ի խաւարի՛ է տակաւին». այդ ստախօսը մե՛նք ենք, որ լոյսի մէջ ըլլալ կարծելով հանդերձ խաւարի մէջ կը խարխափենք։

Այն թափն ու կորովը որ զիրար հալածելու, վնասելու եւ ապականելու համար գործած ենք գործածէինք մեզ նեղող թշնամիներուն հանդէպ... հաւատացէ՛ք այսօր տարբեր կ՚ըլլար Հայաստանին եւ հայուն ճակատագիրը:

Այս բոլորով հանդերձ կան կէտեր, որոնց մէջ միակամ ենք. թող ուրիշ մը նուաստացնելու, բամբասելու կամ անարգելու խնդիր դրուի... հաւատացէ՛ք Երրորդութենէն աւելի հզօր միասնական անբաժանելի միաբանութիւն մը կը ստեղծուի...:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -16-

Քեռիիս զոքանչը հետաքրքրական կին մըն էր. մի՛շտ դժբախտի տպաւորութեամբ եւ այն համոզումով, որ «այսօր կայ... վաղը չկայ»: Երբ առաջին թոռնիկը ունեցաւ սկսաւ ըսել.

-Թոռնիկիս մկրտութիւնը տեսնեմ, թող Աստուած հոգիս առնէ...

Թոռնիկը մկրտեցին եւ սկսաւ մանկապարտէզ երթալ. յանկերգը փոխուեցաւ.

-Թոռնիկիս վկայական առնելը տեսնեմ, թող Աստուած հոգիս առնէ...

Վկայականն ալ առաւ. մինչ այդ մեծցաւ նաեւ իր աղջիկը.

-Աղջիկս պսակեմ... թող Աստուած հոգիս առնէ...

Աղջիկն ալ պսակեց. պէտք է նոր հանգրուան մը ճշդել.

-Թոռնիկիս համալսարան երթալը տեսնեմ... թող Աստուած հոգիս առնէ...

Արդէն իսկ 10 տարեկան թոռնիկը այս անվերջ ընթացքէն նեղացած ըսաւ.

-Մեծ մամա, վկայական առնելէս ետք ուրիշ բան մը պիտի գտնես... եթէ պիտի մեռնիս՝ մեռիր:

***

Կարծելովս 10 տարեկան էի. մեր դրացիին տունը գացի: Տարիքով մեծ մարդ ու կին էին. մարդը այդ օր անհանգիստ պառկած էր: Կինը խնդրեց, որ իրենց տունը մնամ, որպէսզի ինքը երթայ մեր տուն մօրս հետ սուրճ խմելու, իսկ եթէ ամուսինը բան մը ուզէ զինք տեղեակ պահեմ. դուռը կղպելով դուրս եկաւ:

Որոշ ժամանակ մինակ նստելէ ետք սկսայ տարօրինակ ձայներ լսել. ձայնը սենեակէն կու գար: Պահ մը կարծեցի մարդը արթնցաւ. ուզեցի սենեակ մտնել ստուգելու, սակայն պահ մը քարացայ. հիւանդ ամուսինը քունին մէջ «կենաց» կը խմէր. մինչեւ այդ օր լսած էի որ մարդիկ իրենց քունին մէջ կրնան խօսիլ, սակայն երբեք ականատես չէի եղած: Յստակ էր, որ մարդը իր երազին մէջ լա՜ւ քէֆի մէջ էր՝ թէեւ մարմնապէս հիւանդ:

Փորձեցի տունէն դուրս վազել, սակայն դուռը չբացուեցաւ. ես լալ սկսայ, մինչ մարդը կը շարունակէր կոնծել ու բարձրաձայն կենաց ըսել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022