ԽԱՉԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Տէ՛ր, ողորմեա՛ մեզ, զի ի Խաչ քո պարծելով պարծեցաք, եւ պահելով պահեսցէ զմեզ յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն. եւ լիցի պահապան ծառայիս Աստուծոյ. ամէն։ Չար իշխանքն հալածին, որք ընդ ծառայս քո մարտնչին. երեւելով նշան Խաչին, աներեւոյթ կործանեսցին»։

ԱՂՕԹՔ. - ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ

«Խաչվերաց»ը ամենէն հինն է խաչի տօներուն, եւ իր պատմական սկզբնաւորութիւնն ալ մինչեն քրիստոնէութեան սկիզբը կը բարձրանայ, որովհետեւ Խաչը վերացնելու եւ փառաւորելու առաջին գործողութիւնը կը վերագրուի Տեառնեղբայր Յակոբ առաքեալին, որ Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսն եղած է եւ որ Խաչը բարձրացնելով ի տես ժողովրդեան «Խաչի քո, Քրիստոս, երկրպագեմք» օրհնութիւնն ու աղօթքը ըսած է։ Դժուար է հաստատել, թէ Յակոբ Տեառնեղբայր բուն իսկ Քրիստոսի խաչը բարձրացուցած ըլլայ, ենթադրելով որ առաքեալք յաջող միջոցով մը կրցան Քրիստոսի խաչէն մաս մը ձեռք բերել, բայց անհաւանական չէ ըսել որ Յակոբ Տեառնեղբայր Քրիստոսի խաչի նմանութեամբ շինուած քառաթեւով մը այդ արարողութիւնը կատարած է։

Խաչին փառաւորութեան երկրորդ պարագայ մըն ալ խաչին գիւտն է, երբ Հեղինէ դշխոյ զայն գտնելէ ետքը մեծահանդէս փառաւորութեամբ զետեղեց Ս. Յարութեան տաճարին մէջ։

Խաչվերացի տօնին նախընթաց օրը նաւակատիքի յիշատակ կատարելը, եւ այդ յիշատակը Ս. Յարութեան տաճարին նաւակատիքի տարեդարձն ըլլալը, Խաչի գիւտն ու Խաչվերացը ներքին կերպով մը իրարու կը միացնեն։

Երրորդ պարագան ուր խաչը յատուկ փառաւորութիւն ստացաւ՝ Խաչի գերադարձն է։ Երուսաղէմ Պարսից կողմէն առնուեցաւ 610 թուականին, եւ ուրիշ բաներու հետ Խաչափայտն ալ տարուեցաւ իբր գերի կամ իբր աւար, բայց 627 թուականին Հերակլ կայսրը Պարսից յաղթելով՝ Խաչափայտն ալ դարձուց եւ 628 թուականին զայն փառաւոր հանդէսով Ս. Յարութեան տաճարին մէջ զետեղեց, եւ այս պարագայէն ետքը Յոյները սկսան Խաչի վերացման տօնը կատարել սեպտեմբեր 14-ին։

Մեր եկեղեցին, որ մեծ տօները կիրակիի կը փոխադրէ, Խաչվերացի տօնն ալ կը կատարէ սեպտեմբեր 14-էն ետք կամ յառաջ հանդիպող մերձաւորագոյն կիրակիին, որ է սեպտեմբեր 11-էն 17 օրերուն մէջ հանդիպող կիրակիին։ Այս տարի՝ սեպտեմբեր 13-ին։

Տօնական յիշատակը երեք եղելութիւններու հետ ալ կապ ունի, բայց գլխաւոր կը նկատուի Տեառնեղբայր Յակոբ առաքեալէն մնացած աւանդութիւնը։ (Թորգոմ Պատրիարք, «Սուրբ եւ Տօնք», Երուսաղէմ, 1939, եւ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Ծիսական Բառարան» Անթիլիաս, 1957)։

Խաչվերացի այս պատմական-աւանդական տեղեկութիւններուն առընթեր, Խաչը իր մէջ կը խտացնէ յաւիտենական կեանքի յոյսը եւ հաւատքը։ Ան Քրիստոսէ ետք եղաւ անմահութեան խորհրդանիշը։ Ուստի Խաչը կը ներշնչէ վստահութիւն, ապաւինութիւն, հաստատակամութիւն, համբերատարութիւն իր եզական զօրութեամբ։ Արդարեւ, Խաչն է որ մեզ դուրս կը բերէ մարմնաւոր թանձր մտածողութեան կապանքներէն եւ սահմանափակութիւններէն, եւ հոգեւոր կատարելութեան կը բարձրացնէ մեր միտքերը։

Աստուածային կամքը եւ անհո՜ւնօրէն իմաստուն տնօրինութիւնները աշխարհի յայտնեց Յիսուս Քրիստոս իր Խաչովը։ Արդարեւ, Խաչը Աստուծոյ իմաստութի՛ւնն է, որ մեզի արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն կը պարգեւէ։ Կեանքի ծառն է ան, որ անմահութիւն եւ յաւիտենական կեանք կը խոստանայ։

Սուրբ Խաչը եղաւ միակ պարծանքը, ըստ Առաքեալին, որ մենք կրեցինք։ Խաչին զօրութեամբ պաշտպանուեցաւ սուրբ հաւատքը եւ անոր գերազանց ուժով մերժուեցաւ վախը, խաչին զօրութեամբ յաղթուեցաւ մահուան, խաչին զօրութեամբ ձեռք բերուեցաւ յաւիտենական կեանքը։

Պատուական խաչը, եւ անոր վրայ հեղած Քրիստոսի արիւնը կը բարեխօսէ, կը պահէ եւ կը պահպանէ ամէն անոնք՝ որոնք կ՚ապաւինին իրեն, եւ ան ազատ եւ հեռո՛ւ կը պահէ ամէն փորձութիւններէ, նեղութիւններէ։ Եւ դարձեալ, Խաչն է որ օրհնութեամբ կը շնորհէ խաղաղութիւն, անդուլ անընդմէջ յառաջդիմութիւն եւ բարօրութիւն։ Ուստի, խաչազգեստ, պէտք է անդադար փառաւորենք, փառաբանենք Խաչը, որ իր զօրութեամբ միշտ կը կանգնեցնէ մեզ, երբ ընկճաց կը զգանք մենք զմեզ։ Եւ Խաչն է որ կը խաղաղացնէ մեր խռոված հոգիները, կը բարձրացնէ մեր ինկած տրամադրութիւնները եւ կ՚ազնուացնէ մեր մտածումները։ Ուստի, այն օրէն, երբ իրերու խորին տրամաբանութեամբ մը խաչին ալ ճակատագիրը փոխուեցաւ, եւ եղաւ մարդոց պարծանքներէն մէկը, անոնք տարբեր կարծիքներ, համոզման տարբեր կռուաններ եւ ընտրութեան զանազան եղանակներ ստեղծեցին իրենց պարծանքին համար։ Այսուհանդերձ, երբ այս զանազանութիւնները դասաւորենք, եւ անոնց բարոյական եւ հոգեբանական նմանութիւններուն վրայ հիմնուած՝ զանոնք ջոկենք, պիտի տեսնենք, որ մարդոց համար երկու տեսակ պարծանք միայն գոյութիւն ունին. ասոնցմէ մէկն է Պօղոս Առաքեալի «պարծանք»ը եւ միւսը՝ Աշխարհի «պարծանք»ը։

Այս կէտին, ահաւասիկ, Առաքեալը աշխարհի հանդէպ կը յայտարարէ, թէ իր միա՛կ ու միակ պարծանքն է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը։

Կարկամած եւ ապականուած սրտի մը հաւատքը որ կը խօսի Պօղոսով, մշակուած մտքի մը երկար տարիներու գիտական հետազօտութիւններու համոզումովը, եւ ձեռք բերած փորձառութեան արդիւնքովը եւ անոր ազդեցութեամբն է, որ կը խօսի եւ խաչին պարծանքը կը հռչակէ, հիմնուելով սա ըմբռնումին վրայ՝ թէ աշխարհ իրեն համար անով խաչուած է, եւ ինք անով խաչուած է աշխարհի համար։ Որովհետեւ Առաքեալը խաչին մէջ միայն կը տեսնէ Աստուծոյ վեհութիւնը իր մեծ վայելչութիւններով։

Խաչին պարծանքը իր մէջ գոյութիւն ունենալէ առաջ Պօղոս, Գամաղիէլի աշակերտ մը, գիտնական մըն էր նոյն ժամանակի համար, եւ նուազ պարծանք մը չէր այն ատեն՝ Գամաղիէլի մը աշակերտ ըլլալ։ Անիկա իր այդ հմտութեան շնորհիւ կը տարբերէր միւս առաքեալներէն, քանի որ երբ անոնք Գալիլիոյ ծովուն մրմունջները կը լսէին կամ իրենց ձկնորսի գիշերները լուսազարդող աստղերը կը դիտէին գեղջուկ անգիտակցութեամբ մը, Պօղոս՝ այդ ամէն լոյսերուն, այդ ամէն կոհակներուն եւ փրփուրներուն մէջ կը կարդար համակ սնդուսէ՝ մետաքսեայ նուրբ կերպասէ այն խորհուրդները, բոսորային այն բառերը, որոնք Գերագոյնին փառքը կը պատմէին իրեն։

Պօղոս Առաքեալ իր պարծանքովը հակոտնէութիւն մը կը կազմէ «աշխարհի մարդոց» եւ անոնք՝ «պարծանք»ին հանդէպ։

«Աշխարհի մարդիկ» անոնք են, որոնք աշխարհի համար կ՚ապրին լոկ, եւ անոր հաճոյքներուն, զեղխութիւններուն, անոր գինովութիւններուն, պատրանքներուն եւ յաջողութիւններուն մէջ կը փնտռեն իրենց «պարծանք»ը…։ Աշխարհի մարդոց համար կեանքը «պատահականութիւն» մըն է, եւ մահը՝ դիպուա՛ծ, եւ մարմինի վայելքը միայն եղած է իրենց գոյութեան նպատակը։

Մարդկային հոգին աստուածային խորհուրդներով, անտեսանելի հարստութիւններով, գեղեցկութիւններով, ուժերով լեցուն կղզեակ մըն է, մեր մարմինին ճախճախուտին մէջ։

Երեւոյթները շատ անգամ յաջողած են չարին գործածել տալ մեր հոգիին ամենէն բարի եւ ազնիւ զգացումները, եւ ասանկով՝ մեր թոյլ եւ մեղկ վարմունքը շատ անգամ պատճառ կ՚ըլլայ որ մեք խեղդուինք մեր մարմնի ճախճախուտին մէջ, եւ անոր մեզի ներշնչած բառերը, անոր մեզի ծծել տուած երջանկութիւնները, անոր մեզի ըմբոշխնել տուած հաճոյքները թոթովենք իբրեւ մեր «պարծանք»ը, առանց կարենալ մեր հոգին զգալու, առանց խաչին պարծանքը ընդգրկելու։ Մինչդեռ, պէտք է մենք գործածենք, մենք օգտագործենք աշխարհը մեր շնորհներուն եւ մեր տեւական յոյսերուն ուժով, պէտք է զայն խաչով եւ խաչին համար արդիւնաւորենք, եւ Աստուծոյ մեզի պարգեւած ձիրքերը եւ կարողութիւնները մեր տեւական պարծանքին եւ մեր կեանքին համար գործածենք, եւ ըսենք Պօղոս Առաքեալին հետ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ», (ԳԱՂ. Զ 14)։

Մեր խորհրդածութիւններու սկսանք աղօթքով, ուրեմն խաչին զօրութիւնը զգալու համար մեր հոգիին խորը, վերջացնենք աղօթքով մը։

Աղօթքը գտնուած է 1505 թուականին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանին ներքեւ։ Քահանայապետը զայն ղրկեր է Կարոլոս կայսեր։

ՊԱՂԱՏԻՄՔ ԱՌ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՆ

Աստուած Ամենակարող,
որ վասն իմոյ մեղացս
Մեռար ի վերայ խաչափայտին,
լե՛ր ընդ իս հանապազ
աղաչե՜մ զՔեզ։
+ Սուրբ Խաչ Յիսուսի Քրիստոսի ողորմեա՛ ինձ։
+ Սուրբ Խաչ Յիսուսի Քրիստոսի ողորմեա՛ ինձ։
+ Սուրբ Խաչ Յիսուսի Քրիստոսի ողորմեա՛ ինձ։
Հասո՛ զիս՝ զմեղաւորս ի ճանապարհն
փրկութեան։
Հասո՛ զիս՝ զմեղաւորս ի ճանապարհն
փրկութեան։
Հասո՛ զիս՝ զմեղաւորս ի ճանապարհն
փրկութեան։
Ազատեա՛ եւ զերծո՛ ի հոգեւոր
եւ ի մարմնաւոր վտանգից,
ո՜վ Խաչ Յիսուսի Նազովրեցւոյ,
զոր պաշտեմ յաւիտեան։
Ողորմեա՛ ինձ եւ հալածեա՛
յինէն զչար ոգի,
զի ի փախուստ լիցի յինէն
յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Արտասուալից աչօք
ի ծանր իջեալ
աղերսե՛մ։

Խաչվերացի տօնը առի՛թ մըն է անդրադառնալու, զգալու եւ տեսնելո՛ւ Խաչին զօրութիւնը. տեսնելու՝ թէ Խաչին զօրութիւնը ո՜րքան կ՚ազդէ մեր կեանքին, կը բարեփոխէ մեր կեանքը, նեղութիւններ կը փարատէ, հիւանդներ կը բժշկէ, չարը կը չքացնէ, վէրքեր, ցաւեր, վիշտեր կ՚ամոքէ։

Ուստի վեր հանենք մեր մտահոգութիւններու եւ մտատանջութիւններու կողմէ գերեվարուած խաչը եւ ճանչնանք անոր իսկակա՛ն զօրութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Թող Քրիստոսի փրկարար խաչը տէր եւ պահապան ըլլայ ամբո՜ղջ մարդկութեան վրայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 8, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2020