ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԿԸ ԹՇՆԱՄԱՆԱՆ

Չեմ կարծեր որ այսօր մեր մէջ գոյութիւն ունենայ մարդ մը, որ չճանչնայ երկու հարազատ եղբայրներ, որոնք նոյն արիւնը կրելով հանդերձ թշնամի են այսօր. այնպէս ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, մեր հայկական իրականութենէն ներս եւս մտահոգեցուցիչ երեւոյթ է հարազատ եղբայր-քոյրերու թշնամութիւնը, որուն վերջին տասնամեակին աւելի շեշտուած ձեւով կը հանդիպինք մեր ընկերային կեանքէն ներս:

Կասկածէ վեր է, որ եղբայրական նման թշնամութեան մէջ կարեւոր դեր ունի ծնողական դաստիարակութիւնը, որովհետեւ ծնողներու կողմէ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կատարուած ամէն բան իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ զաւակներու վրայ, որու ճամբով կը սորվին զիրար ներելու եւ կամ հակառակը՝ թշնամանալու ցաւալի երեւոյթը:

Եղբայրատեաց ըլլալը սակայն ունի իր պատճառներն ու ենթահողը, ինչ որ մարդս կ՚առաջնորդէ թշնամութեան:

Ա.- ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ.- Պէտք է ընդունիլ, որ ամէն մարդ կը ծնի տարբեր կարողութեամբ եւ տարբեր նկարագրով եւ հարազատ երկու եղբայրներ կրնան ունենալ ամբողջութեամբ զիրար հակասող կազմուածք ու բնաւորութիւն. այդ տարբերութիւնը բնականաբար զաւակներու մէջ զանազանութիւն դնելու կողքին մին աւելի «սիրելի կը դարձնէ». յաճախ ընտանիքներ կը ձախողին իրենց զգացումները իշխելու կարեւոր պարտաւորութեան մէջ եւ ակնյայտօրէն մէկուն հանդէպ աւելի սէր կը ցուցաբերեն քան միւսին: Զատորոշուելու եւ կամ «նուազ» սիրուելու հանգամանքը մարդոց մօտ ակամայ թշնամութեան զգացում մը կ՚արթնցնէ. օրինակը կրնանք վերցնել Կայէնի եւ Աբէլի դրուագէն. Աբէլ Կայէնի հանդէպ սխալ մը չգործեց, սակայն նկատի ունենալով որ Աստուած Աբէլին ընծան աւելի նախընտրեց, ինքնաբերաբար Կայէնի մօտ Աբէլի հանդէպ թշնամութիւն մը առաջ եկաւ:

Նոյնն է ընտանիքներուն մէջ. ծնողքին անհաշիւ մէկ արտայայտութիւնը կամ արարքը կրնայ նոյն թշնամութեան զգացումը առաջացնել երկու եղբայրներու միջեւ: Ցաւ ի սիրտ, մեր ընկերութեան մէջ ցայսօր գոյութիւն ունին ծնողներ, որոնք կը թերագնահատեն իրենց մէկ զաւակի ձեռքբերումները, մինչ կը բարձրացնեն միւսինը. «եղբայրէդ օրինակ առ», «եղբօրդ պէս եղիր», «նայէ եղբայրդ ի՜նչ լաւ...» արտայայտութիւնները ատելութեան դուռ կը բանան, որովհետեւ ծնողքը առանց նկատելու մրցակցութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ երկու եղբայրներու միջեւ: Յաճախ մենք կը կարծենք, որ մրցակցութիւնը դրական արդիւնք կրնայ ունենալ՝ լաւ գործերու մէջ զիրար գերազանցելու, սակայն ճշմարտութիւնը այդպէս չէ. մրցակցութեան մէջ անպայմանօրէն յաղթելու հոգեբանութիւնը կը գործէ՝ որ ինքնաբերաբար թշնամութեան ոգի կ՚առաջացնէ ո՛չ միայն եղբայրներու, նոյնիսկ աշակերտներու միջեւ:

Բ.- ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ.- Նախապէս ալ գրած ենք, որ նոյնիսկ եթէ ծնողներ դժուարանան ընդունիլ, ճշմարտութիւն է որ ամէն ծնող կ՚ունենայ «աւելի սիրելի» զաւակ մը, որուն հանդէպ շատ անգամ ակամայ յաւելեալ հոգածութիւն ի գործ կը դնէ քան միւսներուն: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ ընդհանրապէս այդ «առաւելութիւն»ը կ՚ունենայ անդրանիկ զաւակը, որ կը նկատուի տան առաջին լոյսը:

Հաւասարակշռութեան գիտակցութիւնը ունենալը ծնողներու համար անհրաժեշտութիւն է՝ մանաւանդ երբ ունին երկու եւ աւելի զաւակներ եւ հաւասարակշռութենէ շեղում մը թշնամութեան կ՚առաջնորդէ եղբայրները:

Այդ անհաւասարակշռութիւնը առաւելաբար երեւան կու գայ որպէս նիւթական խտրականութիւն. այսպէս.

ա.- Ծնողներ անհաւասար ժառանգութիւն կը բաժնեն իրենց զաւակներուն միջեւ. իրենց «սիրեցեալ» զաւակները ընդհանրապէս որպէս առաջնահերթութիւն կը դիտուի, ինչ որ Կայէնի եւ Աբէլի օրինակով թշնամութեան դուռ կը բանայ եղբայրներու միջեւ:

բ.- Տակաւին փոքր տարիքէն ծնողներ առանց զգալու կը կատարեն իրենց «սիրեցեալ» զաւակներուն փափաքները, մինչ կ՚անտեսեն միւսինը. օրինակի համար «ոչ սիրեցեալ» զաւակը կ՚ուզէ հագուստ մը եւ ծնողքը «հիմա ժամանակը չէ» կ՚ըսէ. հակառակ «ժամանակը չըլլալուն» յաջորդ օր միւս զաւակին համար հագուստ կը գնէ. ծնողներու հաւանաբար այս բոլորը պարզ թուի, սակայն մանուկի հոգեբանութեան մէջ անջնջելի հետք կրնայ ձգել, որովհետեւ անտեսուած ու չսիրուած ըլլալու հոգեբանութիւնը ինքնին թշնամութեան առիթ կը ստեղծէ. թշնամութիւն թէ՛ եղբօր եւ թէ՛ ընտանիքին հանդէպ:

Ընտանիքը ի՛նք է որ եղբայրներու միջեւ կրնայ ստեղծել անքակտելի սէր՝ խօսքերէն եւ խրատներէն աւելի իրենց ապրելակերպով եւ օրինակով. եթէ իրարու հետ թշնամացած եղբայրներ կը ճանչնաք, վստահ եղէք որ անոնց մայրը կամ հայրը նոյնպէս խնդիրներ ունեցած են իրենց եղբայրներուն հետ, որովհետեւ ծնողքի մը ապրելակերպը մեծապէս կ՚ազդէ մանուկին վրայ. եթէ մանուկը տեսնէ եւ լսէ, թէ իր հայրը իր հօրեղբօր մասին աներեւակայելի բաներ կ՚ըսէ ու այս մէկը դիտուի որպէս բնական ու պարզ, ինքնաբերաբար մանուկին մէջ եւս կը սերմանուի այդ բոլորը՝ այս անգամ իր հարազատ եղբօր հանդէպ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով կը հաւատանք, որ ամէ՛ն բանի սկզբնապատճառը ծնողքն է եւ հետեւաբար զաւակ մը ի՛նչ սխալ ալ գործէ պէտք է տեղ մը ծնողքը ուսումնասիրել եւ ըստ այնմ վճիռ կայացնել:

Սէր ու միութիւն կարելի է տեսնել միայն հո՛ն՝ ուր կայ հաւասարութիւն, կայ հանդուրժողականութիւն, կայ խոնարհութիւն եւ զիջում, այլապէս եղբայրը եղբօր մեծագոյն թշնամին կը դառնայ՝ այնպէս ինչպէս նախամարդը իր եղբօր սպանութեան պատճառ դարձաւ եւ որու հետեւանքով մահը մուտք գործեց աշխարհ:

Կը յորդորենք ծնողները նախապէս լաւապէս պատրաստուիլ եւ հակառակ պարագային ունենալ միա՛յն մէկ զաւակ, որովհետեւ աւելի նախընտրելի է մէկ զաւակ ունենալ ու լաւ մթնոլորտով մեծցնել՝ քան մի քանի զաւակ ունենալ եւ չկարենալ պահել հաւասարակշռութեան պարտաւորութիւնը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -42-

Հայաստանի մէջ կ՚ապրի արաբ ընտանիք մը. լեզուի դժուարութիւն ունենալնուն պատճառով յաճախ իրենց հետ շուկայ կ՚երթամ:

Այս արաբ ընտանիքը ունի երեք զաւակ. մեծը շա՜տ կը սիրեն՝ որովհետեւ տան անդրանիկ տղայ զաւակն է. փոքրն ալ շատ կը սիրեն՝ որովհետեւ տան միակ աղջիկ զաւակն է, սակայն միջնեկին հանդէպ մի՛շտ խտրականութիւն մը ունին:

Առիթով մը միջնեկ տղան մօրմէն խնդրեց, որ կօշիկ առնեն. մայրը բարկացաւ. «հիմա ժամանակը չէ՛, դրամ չունիմ», «ունեցածովդ բաւարարուէ» ըսաւ. այս բոլորին վրայէն մի քանի վայրկեան չէր անցած աղջկան ըսաւ. «եկուր այս խանութէն քեզի համար կօշիկ նայինք, աղուոր բաներ կան կարծես»:

Մինչեւ օրս այս ընտանիքը միջնեկ զաւակին համար նոր բան մը չի գներ։ Միջնեկը մեծ եղբօր հիները կը հագուի, որպէսզի մեծին նորերը առնեն:

Կրնա՞ք սպասել, որ տարիներ ետք երբ սկսին լաւապէս եղածին գիտակցիլ... թշնամի չդառնան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022