ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

Երբ կը տօնենք որեւէ տօն, կ՚ուրախանանք, կը հրճուինք, քանի որ կ՚ապրինք. հապա մեր հանգուցեալ սիրելիները՞. եթէ ոչ մարմնապէս, բայց հոգեպէս կ՚ապրին անոնք ալ եւ ուրեմն պատշաճ չէ՞ որ անոնք ալ մասնակցին այդ տօնախմբութեան, անոնց հոգիներն ալ տօնի ուրախութեամբ հրճուին։ Ահաւասիկ, ճիշդ այդ պատճառով է որ ամէն մեծ տօնէ յետոյ մեր հանգուցեալ սիրելիները եւ մերձաւորներն ալ մասնակից ընելու համար տօնի ուրախութեան, յատկացուած է յատուկ օր մը՝ որ կը կոչուի «Յիշատակ մեռելոց»։ Եւ եթէ կը հաւատանք եւ կը հաւատա՛նք, որ անոնք կ՚ապրին, քանի որ հոգին անմահ է, շատ բնական է անոնք ալ մասնակից ընել տօնախմբութեան ուրախութիւններուն…։

Մարդ արարածը կը մեռնի, ասիկա բնական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ մարդուս հոգին տեւական ներփակուած չի կրնար մնալ մարմինին մէջ՝ նիւթը կարող չէ տեւապէս պարփակել հոգին իր մէջ։ Մարդուս մահը, արդարեւ, իր ծնունդին պէս, դէպք մըն է, կարեւոր երեւոյթ մը եւ այդ երկու դէպքերուն՝ ծնունդի եւ մահ-ւան միջոցին «կեանք» ըսել սովորութի՛ւն է եղած։ Երկրային կեանքը կը սկսի ծննդեան թուականով եւ կը վերջանայ մահուան թուականով։

Մարդիկ երբ կը մեռնին, անպայման զիրենք թաղող մը կ՚ունենան՝ մերձաւոր մը, բարեկամ մը եւ կամ ոեւէ մէկը՝ իրաւասու պաշտօնեայ մը…։

Մարդ բանաւոր էակ մըն է, ուստի իր մահուան գիտակից, թէեւ ծննդեանը անգիտակի՛ց։ Ինչպէս ըսինք, ամէն կենդանի էակ դատապարտուած է օր մը թողուլ իր մարմինը եւ մնալ միայն հոգի եւ մահուամբ անցնիլ անմահութեան։ Այս իմաստով, մահը անմահութեան դուռն է, բացուելով այդ խորհրդաւոր դուռը մարդուն առջեւ, ան կը մտնէ անմահութեան, երանութեան միջոցը։

Մարդ թէեւ ոչինչէն ստեղծուեցաւ, բայց անոր վախճանը երբեք ոչնչութիւն չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ հոգի մը՝ շունչ մը կը կրէ։ Մարմինը թէեւ իր ինքնութեան կը վերադառնայ մահուամբ, հողին կը միանայ բայց հոգին՝ շունչը կը թռչի դէպի երկինք՝ ուրկէ եկած է ան։

Մարդ գիտակից է իր մահուան, ըսինք, հապա անբան անասուն կենդանիները՞։ Անոնք ալ, թէեւ տարբեր բնոյթով, «կեանք» մը կ՚ապրին եւ այդ կեանքի ընթացքին անոնք ալ «հոգի» մը ունին, տարբեր ըմբռնումով, տարբեր բնոյթով։

Կ՚արժէ խորհիլ. անասուններ գիտակի՞ց են իրենց կեանքին, երբ անոնք կ՚ապրին՝ կը սնանին, կ՚աճին, կը բազմանան եւ այն ինչ որ մարդը կ՚ընէ գիտակցաբա՛ր։ Մի գուցէ անասունը բնազդային մեքենայ մըն է։ Երբ կ՚ապրի մահուան մղձաւանջը զինք կը հալածէ՞ արդեօք ինչպէս կը հալածէ մարդը՝ ասուն եւ բանաւոր արարածը։ Եւ այդպէս կը թուի, թէ անասունը միայն կ՚ապրի իր օրը առանց խորհելու, քանի որ ան չի կրնար խորհիլ, կը պակսի անոր բանականութիւնը եւ առանց խորհելու անցնող օրերը՝ անասունին կեանքն ալ սահման մը ունի եւ անշուշտ պիտի մեռնի։ Ան կ՚ապրի առանց գիտակցութեան թէ՛ կեանքի եւ թէ՛ մահուան։

Այս պարագային ո՞վ է երանելին. անբան անգիտակից անասուն կենդանի՞ն, թէ բանականութեան տէր, խորհող եւ խօսող, գիտակից մարդը։ Աւազանին մէջ ամբողջ օրը շրջող ձուկը կամ թեթեւօրէն ճիւղէ ճիւղ ցատկող, ճռուողելով օրը ապրող եւ օրուան տօթէն շուքի մը ապաստանը փնտռող ճնճղուկը աւելի երջանի՞կ է, թէ գիտակից բանաւոր եւ ասուն մարդը։

«Տգիտութիւնը երջանկութի՛ւն է», ըսուած է. պարզ տրամաբանութեամբ իրաւացի պէտք է նկատել այդ խօսքը։ Բայց մարդուն էութեան եւ արժանապատուութեան ո՞րքան կարելի է համեմատել այդ խօսքը, քանի որ սորվիլ, գիտնալ եւ գիտցածներովը երջանիկ ըլլալ՝ մարդուն նկարագիրն է։ Չգիտնալ մարդը անհանգիստ կ՚ընէ, մարդ պէտք է գիտնայ, քանի որ ան ինքզինք գերազանցելու, կատարեալ ըլլալու կոչուած է։

Երբ բոլոր արարածներ կ՚ապրին «կեանք» մը, եւ եթէ կեանք է ուրեմն, բոլոր արարածներու համար ալ նոյն շունչն է որ Աստուած փչեց ամբողջ ստեղծագործութեան, բոլոր արարածներու ռունգերուն մէջ։

Եւ «կեանք»ը ինքնին, ո՛ւր որ ալ երեւի, թէ խորհրդաւոր եւ թէ՛ խորհրդանշական է Աստուծոյ իսկ կեանքին եւ ներկայութեան։

Արդարեւ, մարդ ցաւ կը զգայ ամէն կորուստէ, քանի որ բան մը կը պակսի իրմէ, մերձաւոր մը, սիրելի մը եւ այս իմաստով ամէն կորուստ վշտալի է՝ համբերութիւն ունենալու է, որովհետեւ ան տոկալու ուժի կը կարօտի։

Այսպէս, ուրեմն, մենք երբ կը շարունակենք ապրիլ կեանքը այս աշխարհի վրայ, պէտք է գիտնանք որ մեր հանգուցեալ մերձաւորները եւ սիրելիներն ալ կը շարունակեն ապրիլ երկնքի Արքայութեան մէջ։

Մենք մեր հանգուցեալ սիրելիները եւ մերձաւորները «չենք յիշեր», քանի որ «յիշել» մոռնալ կ՚ենթադրէ. մոռցուածը կը յիշուի, ուրեմն մենք մեր հանգուցեալներուն հետ կը շարունակենք ապրիլ, թէեւ տարբեր միջոցներու, տարբեր միջավայրերու մէջ։

Արդարեւ երբ մենք կ՚ապրինք, պէտք չէ՛ խորհինք, թէ անոնք՝ հանգուցեալները զրկուած են կեանք մը ապրելէ, կեանք մը երանելի, կեանք մը յաւիտենական օրհնալից։

Մահը վճռակա՛ն է բոլոր ապրողներու համար, բայց մահը որ գիտակցաբար է, մահկանացու երկրային կեանքին վախճանը պիտի ըլլայ՝ սկիզբը անմահ յաւիտենական կեանքին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի եւ յիշատակը անոնց անթառամ մնայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 3, 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022