ՄԱՅՐԸ՝ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Մայրը՝ ընտանիքին մէջ տարրական դեր մը ունի, ինչ որ անվիճելի է։ Մայրը որպէս «կին-մարդ» ընտանիքը կազմող տարր մը, անդամ մըն է, իսկ որպէս «մայր» պատասխանատու՝ ընտանիքին թէ՛ ներկայէն, թէ՛ ապագայէն, քանի որ ընտանիքը տեւականացնող անդամները՝ զաւակները ա՛ն է որ կը պատրաստէ, հոգեպէս կը կազմաւորէ, մանաւանդ անոնց մտաւոր եւ մարմնաւոր զարգացման մէջ կարեւոր դեր մը կը կատարէ։ Այս իմաստով մայրը, ընտանիքին՝ այս սրբազան ու նուիրական միութեան թէ՛ հիմն է՝ թէ՛ սիւնը, մէկ խօսքով՝ ամէն ինչը։
Ընտանիքի կազմութեան, կազմաւորման, գոյապահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ մօր մը ունեցած դերը անվիճելի է։
Բայց «մայր»ը ունի նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն ընկերութեան եւ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ։ Այս իմաստով, մայրը միայն իր ընտանիքին հանդէպ պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւն չունի, այլ՝ ամբողջ ընկերութեան ներկայէն եւ ապագայէն պատասխանատու է, քանի որ իր հասցուցած զաւակներն են որ պիտի կազմեն ապագայ ընկերութիւնը՝ իր տարբեր երեսակներով։
Ի՞նչ կու տայ մայր մը ընկերութեան։
Մայր մը, ընկերութեան ապագան կը կազմէ, կը կազմաւորէ եւ կը ձեւաւորէ։
Անշուշտ, մօր մը առաջնակարգ պարտականութիւնը՝ մանուկին խնամքը եւ հոգածութիւնն է։ Այս մասին չկա՛յ որեւէ կասկած կամ տարակոյս։ Մօր մը «գործ»ը, այս իմաստով գլխաւորաբար եւ էականապէս իր զաւկին հետ է, քանի որ ան «մա՛յր» է։
Եւ եթէ ընտանիքը կազմող «կին-մարդ»ը «մա՛յր» է, ապա ուրեմն ուրիշ ամէն տնական գործ եւ յարաբերութիւն երկրորդական են, քանի որ ան այլեւս նախ «մա՛յր» եւ յետոյ ընտանիքի անդամ՝ «կին-մարդ»ն է։
Մանուկը խնամել՝ սնուցանել, կրթել, կեանքի պատրաստել եւ ընկերութեան օգտակար անդամ մը հասցնել, ահաւասի՛կ, այս է մօր մը կոչումը։ Եւ այս կոչումը կը պահանջէ նուիրում, զոհողութիւն եւ բծախնդիր պարտաճանաչութիւն։ Եւ դարձեալ, այս բնատուր պարտականութիւնը այնպիսի պարտ կը դնէ մօր վրայ՝ որուն չի հաւասարիր որեւէ ծառայութիւն։ Եւ այս կոչումը, սրբազան կոչում մըն է՝ որուն ո՛չ մէկ դիրք, ո՛չ մէկ աստիճան, ո՛չ մէկ պաշտօն կարելի է համեմատել։ Այս իսկ պատճառով է որ «մայր»ը կոչուած է «ստեղծագործ էակ»։
Բայց այս «ստեղծագործ էակ» կոչումը՝ ո՛չ թէ միայն զաւակ ծնանելուն համար է, հապա՝ մանուկին մէջէն «մարդ»ը՝ բարի, շնորհալի, օգտակար, ազնուական մարդը դուրս բերելուն, մարդկութեան նուիրելուն համար է։ Ուրիշ խօսքով՝ մայրը «մայր» չի կոչուիր պարզապէս իր մարմնական-ֆիզիքական ծննդաբերումին համար, այլ՝ բարոյական-հոգեկան-մտաւոր մարդ մը՝ մարդկութեան օգտակար, ծառայող անդամ մը բերելուն համար։ Եւ «մայր» կոչումը իր ամբողջական իմաստին կը հասնի երբ մայրը ունենայ իր մայրական գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։
Իրաւամբ, մօր կոչումը ամենէն բարձր կոչումը նկատուած է՝ մարդկային բոլոր կոչումներուն հետ բաղդատմամբ։ Եւ որպէսզի մայրը կարող ըլլայ իր այս սրբազան ու նուիրական պարտականութիւնը ըստ արժանւոյն կատարելու, պէտք է որ նա՛խ ինքզինք ճանչնայ, եւ յետոյ աշխատի ճանչնալ մանուկը։
Այս իմաստով, մայրը, նախ եւ առաջ ճանչնայ իր իսկ մարմինը։ Մէկու մը իր «մարմինը ճանչնալ»ը՝ ինքզինք ճանչնալու նախաքայլն է։
Արդարեւ «ժառանգականութեան օրէնք» մը կայ, որ ցոյց կու տայ, թէ մանուկը մօրմէն կ՚առնէ իր ֆիզիքական կազմը, իր մկանները, ոսկորները, ջիղերը, արիւնը։ Հետեւաբար առաջին բանը որ մայրը կու տայ մանուկին՝ իր մարմինէն է։ Եթէ մօր մարմինը տկարակազմ է, ջիղերը թոյլ, արիւնը անմաքուր, ոսկորները անուժ, բնականաբար զաւկին պիտի փոխանցէ իր տկարութիւնները։ Մօր կենսական ուժերը պէտք է բեղուն ըլլան, որպէսզի կաթին մէջէն տայ իր զաւկին մարմինին առոյգ եւ կորովի կեանք։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ ամուսնութենէ առաջ մայրանալու «ասպարէզ» մտնող օրիորդներ ճանչնան իրենք զիրենք՝ թէ՛ տեսանելի, թէ՛ անտեսանելի՝ ներքին գործարաններուն վիճակը։
Այս կերպով, եթէ մարմնական-ֆիզիքական որեւէ ժառանգական կամ ստացական տկարութիւն, թերութիւն կամ խանգարում մը գտնուի մայրութեան պատրաստուող «կին-մարդ»ուն վրայ, պէտք է ըստ այն վարուի, եւ որոշում մը տայ։
Ուստի ո՛չ միայն իր ընտանիքին, այլ ընկերութեան ապագան պէտք է նկատի առնուի, ամբողջ մարդկութեան ապագան՝ որմէ պատասխանատու է ամէն անհատ, որ տարրն է ներկայ սերունդին։
Ասիկա հասարակաց գիտակցութեան, ընկերային պատասխանատուութեան հարց մը պէտք է նկատուի եւ անոր համեմատ շարժուի։
Սխալ որոշում մը տուող ապագայ մայրը կը մեղանչէ նախ իր մանուկին, յետոյ ամբողջ ընկերութեան եւ նոյնիսկ մարդկութեան դէմ։
Եւ պատմութիւնը կը վկայէ թէ ո՜րքաններ եղած են, որոնք իրենց ֆիզիքական-մարմնական տկարութիւնները, թերութիւնները ստացած են իրենց ծնողքէն՝ ժառանգականօրէն, եւ մինչեւ իրենց կեանքին վերջը թշուառ ապրած։
Ուրեմն, այս տեսակէտէ պատասխանատո՛ւ ենք ծնողներ՝ մայրեր իրենց մանուկներուն մարմնական տկարութիւններէն, թերութիւններէն, եթէ առանց կատարելապէս դարմանուելու մայրութեան կը պատրաս-տըւին իրենց ամուսնական կեանքին մէջ։
Յետոյ, մայրը կու տայ մանուկին իր միտքէն՝ մտային կարողութիւն, մտային հակումներ։ Անշուշտ, մայրը խորհուրդ եւ գիտութիւն չի կրնար փոխանցել մանուկին, բայց կրնայ տալ անոր զարգացած մտքի մը խորհողութեան կարողութիւնը։ Իրաւ է, թէ երբեմն ամենէն քիչ զարգացած մայրերու զաւակները հանճարեղ եղած են, սակայն այդ պատճառ չէ որ նկատի չառնուի «ժառանգականութեան օրէնք»ը մանուկին իմացական կեանքին մէջ ալ։
Հետեւաբար մայրը պէտք է ըլլայ խորհիլ գիտցող, հմտութիւն ունեցող եւ մասամբ զարգացած մտքի տէր, որպէսզի փոխանցէ իր զաւկին մտաւոր ճգտումներ, եւ դիւրացնէ անոր իմացական կեանքը։
Վերջապէս կ՚արժէ այս նիւթը դիտել եւ վիճիլ նաեւ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան տեսանկիւնէն եւ ըստ այնմ որոշել, թէ կարելի՞ է սահման դնել մայրական սրբազան կոչումին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 3, 2016, Իսթանպուլ