ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Ա -

«Եթէ ես հայ ըլլայի, իրաւամբ ես զիս հպարտ պիտի զգայի այսպիսի լեզու մը ունենալուս համար։ Հայե՛ր, դուք կրնաք պարծենալ ձեր լեզուով»։

 ՀԱՅՐ ԼՈՒԻ ՄԱՐԻԷՍ

Երբ կը խօսուի լեզուի մասին, ընդհանրապէս կը ծագին հարցեր, հարցումներ, որոնց գլխաւորներն են. «Լեզուն միջո՞ց մըն է թէ նպատա՛կ մը», եւ կամ «Մայրենի լեզու, ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ», եւ այս հարցումներու նման հարցեր կը յուզեն եւ կը զբաղեցնեն խորհող միտքեր։

Անշուշտ այս հարցումները ո՛րքան արժէք եւ կարեւորութիւն կը ստանան գործնականի մէջ, քանի որ շատեր կը խորհին՝ թէ լեզուն մարդոց հաղորդակութեան միջոցներէն մին է, թերեւս առաջնակարգը, եւ այդքան միայն։ Անոնց համար կարեւորը եւ նպատակը հաղորդակցութիւնն է՝ ինչ կերպով եւ ինչ ճամբով ըլլայ, եւ «լեզու»ն այդ կերպերէն եւ ճամբաներէն մին է, թերեւս ամենէն ապահո՛վը…։

Բայց «լեզու»ի հարցը այդքան պարզ չ՚ըլլար երբեմն. զոր օրինակ, Հայերէն լեզուի համար արդեօք միայն «միջոց» մը, միայն «առարկայ» մըն է, կարելի՞ է ըսել։ Անշուշտ այս հարցումը բոլոր լեզուներու համար արժէք կը ներկայացնէ, բայց սա պահուս քանի որ կը խորհրդածենք Հայ լեզուի մասին, ուրեմն, յատկապէս կ՚ուզենք հարցնել մենք մեզի՝ թէ հայերէնը հայ անհատի մը համար «միջո՞ց» մըն է, թէ՝ նպատա՛կ մը։

Հայ լեզուն օտար լեզուաբաններու գնահատանքը շահած լեզու մըն է, եւ բաւական վկայութիւններ կը գտնուին այս մասին. անուրանալի իրողութի՛ւն մըն է ասիկա։

Լեզուն, ընդհանրապէս, ինքնութեան ցուցանիշներէն մէկը եւ կարեւորագոյնը կը կազմէ. եթէ մէկը հայերէն լեզուով խօսի, առաջին ակնարկով եւ ինքնաբերաբար կը խորհինք եւ կ՚եզրակացնենք, թէ անիկա «հայ» մըն է։ Անշուշտ ամէն ատեն ճիշդ կրնայ չըլլալ այդ ենթադրութիւնը, քանի որ օտար մըն ալ կրնայ ըլլալ հայերէն խօսողը, բայց կարեւոր փաստարկութիւն մը, չափանիշ մըն է լեզուն՝ խօսողին ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին։ Եւ փոխադարձաբար կարելի չէ՛ մտածել եւ որոշել, թէ երբ ոեւէ մէկը հայերէն լեզուով չի խօսիր եւ կամ հայերէն լեզուով խօսակցութիւն մը չի հասնկար՝ հայ չէ։

Ահաւասիկ, հայ անհատի եւ հայ լեզուի նկատմամբ «լեզու»ն յատկապէս կարեւորութիւն կը ստանայ եւ հարցը անգամ մը եւս մեր առջեւ կու գայ. լեզուն «միջո՞ց» մըն է, թէ՝ նպատա՛կ մը։

Հայ լեզուի մասին երկրորդ հարց մը եւս ահաւասիկ. «մայրենի լեզու» ըմբռնումով ի՞նչ պէտք է հասկնանք։ «Մայրենի լեզու»ն, մօր խօսած եւ սորվեցուցած առաջին լեզո՞ւն է, թէ «գլխաւոր» եւ կամ «առաջնակարգ» եւ կամ «բուն», «հիմնական» իմաստներով պէտք է առնել։

Այստեղ հարցը եւ հարցումը սա է. հայ մայր մը, կրնայ ըլլալ որ հայերէն լեզուի ծանօթ չէ, անոր տղուն «մայրենի լեզու»ն ո՞ր մէկը պիտի ըլլայ. մօր խօսած որեւէ «օտար» լեզո՞ւն, թէ՝ մօր ինքնութեան լեզուն։ Այսինքն՝ հայերէն չխօսող հայ մօր մը զաւկին «մայրենի լեզուն» հայերէ՞նը պիտի ըլլայ, թէ ո՛չ։ Եթէ ընդունինք, թէ հայ մօր մը՝ որ հայերէն չի խօսիր, տղուն մայրենի լեզուն հայերէն է, այդ կը նշանակէ որ «մայրենի լեզու» ըմբռնումը կախում ունի ինքնութենէ եւ պատկանելիութենէ, եւ ուրեմն «մայրենի լեզու» ըսելով պէտք է հասկնանք, «բուն լեզու»ն, առաջնակարգ լեզուն, որ մօր «խօսած» լեզուէն կախում չունի։ Բայց սա յստակ է, որ եթէ մայրը «օտար» է, տղուն մայրենին ալ իր մօր «օտար» լեզուն կ՚ըլլայ։ Հապա եթէ «օտար» մայրը հայերէն սորված է եւ հայերէն կը խօսի՞. այդ ատեն ալ տղուն «մայրենի լեզուն» հայերէն պէտք չէ՞ ըլլայ։ Այս տեսութիւնն ալ կ՚ապացուցանէ, որ «մայրենի լեզու»ն մօր խօսած եւ տղուն սորվեցուցած լեզուն է եւ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հետ որեւէ կապ, որեւէ կապակցութիւն չունի։

Ուրեմն, կը տեսնուի որ ընդհանրապէս «լեզու»ի հարցը այդքան ալ պարզ չէ՛, եւ ոչ միայն տեսլականի մէջ, այլ գործնականի մէջ ալ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ։

Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ լեզուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար հայ լեզուն կարգ մը նրբերանգներ ունի՝ որոնց համաձայն կը կանոնաւորուի ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ «լեզուն» կարեւոր դեր կը խաղայ անհատներու հաւաքական կեանքին մէջ։ Ահաւասիկ, ճիշդ այդ կէտին՝ լեզուն միջոցէ աւելի «նպատակ»ի մը հանգամանքը կը ստանայ։

Խօսելով յատկապէս հայ լեզուի մասին, հայերէնը աշխարհի ամենահին լեզուներէն մէկն է։ Ան կազմուած է մեր թուականէն շուրջ 2500 տարի առաջ, դարերու ընթացքին՝ ան աւելի եւս մշակուած եւ կոկուած է եւ հասար է բարձր զարգացումի։

Հայերէնը՝ որպէս «մայրենի լեզու» գոյապահպանման, գոյատեւման եւ մանաւանդ հոգեկան կեանքի մղիչ ուժը եղած է։

Աւելի քան տասնվեց դար առաջ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց յօրինած է հայ գիրերը։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յօրինած գիրերուն՝ հայ տառերուն շնորհիւ ստեղծուեցան գիտական մեծարժէք գործեր, գեղարուեստական հոյակապ երկեր, ստեղծագործութիւններ՝ որոնք հայ հմուտ մեծատաղանդ գործիչները եւ հայ ժողովուրդը հռչակեցին բովանդակ աշխարհի վրայ։

Ընդհանրապէս, եւ հայ անհատներու համար «մայրենի լեզու»ն սիրել քիչ է. պէտք է ցոյց տալ գործնականապէս այդ սէրը՝ այդ ազնիւ զգացումը՝ պէտք է ջանալ ճանչնալ անոր ամբողջ հարստութիւնը, պէտք է կարենալ ճիշդ եւ գեղեցիկ խօսիլ եւ գրել։

Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է հայ լեզուի հիմնական նպատակը։ Ուստի միջոցը պէտք է լաւ եւ արդիւնաբեր ըլլայ՝ որպէսզի դիւրին ըլլայ մտադրուած նպատակին հասնիլ։

Հոս, բնականաբար կը ծագի հարց մը եւս, թէ «լեզու մը գիտնալ, լեզուն ճանչնալ» ի՞նչ կը նշանակէ։ Բառեր գիտնալ՝ «լեզուն գիտնալ» կը նշանակէ՞, եւ կամ լեզուին ձեւաբանութիւնը, շարահիւսութիւնը գիտնալ բաւարա՞ր է ըսելու՝ թէ այդ լեզուն ծանօթ է մեզի։

Լեզուի մը բոլոր բառերը գիտնալ՝ եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուար բան մըն է, իսկ լեզուի մը ձեւաբանութիւնը գիտնալ եւ սակայն բառամթերք չունենալ կարեւոր արգելք մըն է լեզուին տիրապետելու։ Արդարեւ, լեզուի մը մէջ աննշան կարծուած նրբերանգներ կարեւոր դեր ունին անոր ուղիղ գործածութեան մէջ…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 8, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020