ՍՈՒԳԻ ՕՐՈՎ ՊԼՕԹ ՄԸ ԽԱՂԱ՞ՆՔ

Հիմա արդէն լրջօրէն սկսած եմ խորհիլ տեսնելու ու դիտելու զանազանութեան մասին, որոնք երեւութապէս նո՛յն աչքով կը կատարուին, սակայն ուղեղին մէջ երկու տարբեր ընթացք կը ստանան: Շատ անգամ մարդ արարածը կը փորձէ այս երկու ճշմարտութիւնները շաղախել՝ տեսնելու համար դիտել փորձելով, սակայն շատ անգամ կը կատարուի անսպասելին. պարզապէս կը տեսնես:

Դիտելու եւ տեսնելու հիմնական տարբերութիւնը կը կայանայ կամենալու եւ չկամենալու հակոտնեայ գաղափարին մէջ, որովհետեւ մենք կրնանք անձնական կամքով բան մը դիտել, իսկ անդին առանց կամենալու այլ բան մը տեսնել:

Վերոյիշեալ տարբերութեանց լոյսին տակ կը մտածեմ. քննադատութեան մը ատաղձը մենք կը դիտե՞նք՝ թէ կը տեսնենք: Յստակ պատասխան մը չունիմ, սակայն այս անգամ որոշապէս տեսայ:

Երկու շաբաթ առաջ՝ 27 սեպտեմբերին, երբ բոլոր լրատուական միջոցները, ընկերային ցանցերն ու բովանդակ հայութիւնը Արցախի 44 օրուայ պատերազմի առաջին տարելիցը կը յիշատակէր, ցամաքամասերէն մէկուն մէջ յայտնի հայկական կազմակերպութիւն մը համազգային գո՛րծ մը կը կատարէր. պլօթի՛ մրցաշարք:

Եւ առանց օրուան խորհուրդը հասկցած ըլլալու հպարտութեամբ ու խնդութեամբ կու գար յայտնելու, որ «երկու տարուայ դադարէ ետք ակումբէս ներս տեղի ունեցաւ պլօթի մրցաշարք»: Այդ աւետիսի հաղորդագրութեան տակ ընկերային ցանցերու մէջ այլ հայորդիներ պիտի տեղացնէին իրենց «սրտիկ»ներն ու գնահատական մեկնաբանութիւնները: Պիտի տեսնէի՜ր նկարները. նման ձեռնարկով թշնամին ջախջախած ըլլալու յաւակնութեամբ մի քանի տասնեակ մտաւորականի մօրուք երկարած հայ երիտասարդներ ու միջահասակներ գիրքի ու գրիչի, եւ կամ գուցէ զէնքի փոխարէն խաղաթուղթերը բռնած հայանպաստ գործ մը ընել կը փորձէին:

Ու հիմա աչքերս արիւնող այս չնաշխարհիկ յայտարարութեան դիմաց իրարանցումի մէջ եմ. ցաւիլ նահատակներու տարելիցը յարգած չըլլալնո՞ւն, թէ ո՛չ ցաւիլ մեր կազմակերպութիւններուն պարզած կացութեան: Ո՞ր մէկը աւելի կը գերիշխէ՞ր:

Նստած կ՚երեւակայեմ... եթէ ողջ ըլլային հայրենասիրական նկատառումներով, ազգութիւնը թշնամիէն պաշտպանելու տրամադրութեամբ ու ազգապահպանման սրբազան առաքելութեան համար հաստատուած այդ կազմակերպութիւններուն ու կուսակցութեանց հիմնադիր տիտանները, արդեօք Քրիստոսի օրինակով մտնելով ներս պիտի չշրջէի՞ն անոնց անարգ այդ ձեռնարկը, ըսելո՛վ «մեր տունը խաղատա՛ն վերածած էք, կորսուեցէ՛ք»:

Հայութեան դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ կամաց կամաց հայ աշակերտը կը հեռանայ հայ դպրոցէն, հայ երիտասարդը կը սկսի ձուլուիլ օտարազգիներու մէջ, երբ արտագաղթի ախտէն կը հայաթափուի Հայրենիքը,  երբ մեր հայու դիմագիծը աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ զգալիօրէն կը նահանջէ, երբ Հայրենիքը կամաց կամաց կը սկսի փոքրանալ իր սահմաններու ամբողջութենէն, երբ սրբազան արժէքներու գիտակցութիւնը կը նօսրանայ, ի՞նչ տրամաբանութեամբ պլօթ խաղալ՝ միեւնոյն ատեն հպարտութեամբ հաղորդագրութիւն փոխանցել:

Պլօթի այդ մրցաշարքը կոտտացող վէրքին վրայ աղ սեղմելէ տարբեր ի՞նչ բանի կրնայ նմանիլ. անտարբերութիւն մը նկարագրող աւելի բացորոշ երեւոյթ մը կրնա՞ր տեղի ունենալ:

Այսօր երբ ձեզմէ մէկուն հայրը, մայրը, զաւակը եւ կամ քոյրն ու եղբայրը մահամերձ վիճակի մէջ ըլլայ, խրախճանք ու կերուխում կը կազմակերպէ՞, թէ ոչ իր կարելին ի գործ կը դնէ հեռու վանելու հոգեվարքի ժամը: Ո՞վ է այն մարդը, որ իր հարազատին կեանքի փրկութեան համար չվազէ դռնէ դուռ, բժիշկէ բժիշկ՝ հաւանական բուժում մը, դարմանում մը ապահովելու առաջադրութեամբ:

Լեզուով ի՜նչ դիւրին է ամէն բան... ինչքա՜ն դիւրին եղած է մեզի համար ըսել Հայրենիք՝ առանց հօրը մահուան համար մտահոգ եւ մտատանջ ըլլալու: Ինչքա՜ն դիւրին է մեզի համար հայերէնը կոչել մայր լեզու՝ առանց մօր մահուան պատճառ եղող հիւանդութիւնները բուժել փորձելու:

Այսօր պլօթի սեղաններու ետին նստած երբ կը փորձենք ժամանակը մեռցնել, թշնամին բարոյապէս եւ շօշափելի գետնի վրայ մեր ազգութիւնը կը մեռցնէ՝ փոխան ժամանակի: Հաւատացէ՛ք. հայ երիտասարդին մէկ բառ սորվեցնելը աւելի՛ արդիւնաբեր է, քան կազմակերպուած միլիոնաւոր պլօթի մրցաշարքեր:

Անցեալին իր պատմութեան էջերուն մէջ ոսկի տառերով յաղթանակներ կերտած, ֆիտայական խումբերու առաջնորդ հանդիսացող կազմակերպութիւններ, այսօր չես գիտեր ի՜նչ երեսով... իրենց ատենագրութեանց մէջ պլօթի մրցաշարքը նկատի կ՚ունենան որպէս ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ...

Ապրին հայոց պլօթի ախոյանները:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏԻԱՆԱ ԱԲԳԱՐ
(1859-1937)

Մեր թուականէն 162 տարիներ առաջ՝ 12 հոկտեմբեր 1859-ին Հնդկաստանի մէջ ծնած է գրող, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Տիանա Աբգար (բուն անունով՝ Անահիտ Աղաբէկեան):

Տիանա Աբգար իր կրթութիւնը ստացած է Հնդկաստանի կանանց մենաստաններէն մէկուն մէջ, ուր սորված է անգլերէն եւ հնդկերէն լեզուները, իսկ տան մէջ, առաւելաբար մօրմէն՝ որ գրող եւ թարգմանիչ էր, սորված հայերէն լեզուն:

Տիանա Աբգար 30 տարեկանին՝ 1889-ին ամուսնացած է նորջուղայեցի Միքայէլ Աբգարի հետ ու բնակութիւն հաստատած Չինաստան եւ ապա Ճաբոն: Այնուհետեւ, Տիանա Աբգար բացայայտեց վէպեր գրելու տաղանդը եւ հրատարակած իր առաջին վէպը՝ «Սուսաննա»ն եւ ապա «Պատմութիւններ հայրենիքից» վէպը: Գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Հեռաւոր Արեւելք»ի, իսկ անգլերէն գրութիւնները՝ «The Japan Gazette»ի մէջ: Տիանա Աբգար հրատարակած է ութ անգլերէն լեզուով վէպեր, որոնցմէ են «Հայերու կոտորածի մասին իրաւունքներ», «Հայկական հարց», «Հայաստան, որուն դաւաճանեցին», «Խաղաղութիւնը Եւրոպայի մէջ» եւ այլն:

Ընթացքին Տիանա Աբգար գործի կ՚ընդունուի Ճաբոնի արտաքին գործոց նախարարութեան արձանագրութեան բաժնին մէջ եւ կարճ ժամանակուայ մէջ յայտնի կը դառնայ իր դիւանագիտական կարողութեան շնորհիւ: Առաւելաբար օգնած են անոր լեզուներու իմաստութիւնը. ան գիտէր պարսկերէն, անգլերէն, հնդկերէն, ճաբոներէն, չինարէն ու հայերէն: Անոր ջանքերուն շնորհիւ Ճաբոն դարձաւ առաջին երկիրներէն, որ պաշտօնապէս ընդունեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութիւնը: Շնորհիւ իր քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատութեան, 21 յուլիս 1920-ին Տիանա Աբգար նշանակուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ եւ գլխաւոր հիւպատոս Հեռաւոր Արեւելքի մէջ: Այսպիսով ան աշխարհի մէջ եղած է առաջին կինը, որ դիւանագիտական պաշտօն զբաղեցուցած է:

Տիանա Աբգար մահացած է 8 յուլիս 1937-ին Ճաբոնի մէջ:

Մեր թուականէն 13 տարիներ առաջ՝ 2008-ին Երեւանի մէջ ներկայացուցած է Մարիամ Օհանեանի «Կանայք եւ քաղաքականութիւն» ժապաւէնը, որուն մէջ կը ներկայացուի Տիանա Աբգարի կեանքը: Նոյն թուականին, Աբգարի ծննդեան 150-ամեակի առիթով Պոստոնի մէջ կազմակերպուած է գրական երեկոյ, որու ընթացքին ներկայացուցած է Տիանա Աբգարի «Հազար պատմութիւններ» ժողովածոն՝ անգլերէն լեզուով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2021