ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ ԵՒ «ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ» ԲԱՌԸ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան իր «Խոհք Եւ Խօսք»ին մէջ կը ստուգաբանէ «բարեկարգութիւն» եւ «բարեփոխութիւն» բառերը եւ կը վերլուծէ անոնց իմաստը եւ նաեւ կը բաղդատէ այս երկու իրադարձութիւնները։ Ուստի կը ներկայացնենք «Խոհք Եւ Խօսք»ի ՀԵ գլուխէն շահեկան հատուածներ։ (Դամասկոս, 1918 փետրուար 28/13 մարտ Դշ.)։
«Նախեւառաջ պիտի դիտեմ թէ բարեկարգութիւն բառը, զոր գաղղիերէն Discipline բառին իբր համանշանակ գործածել սովոր ենք, երբեք կարգը այլայլել ու փոփոխել չի նշանակեր, եւ շատ տարբեր է Réforme բառէն, զոր յաճախ բարեփոխութիւն կը թարգմանենք։ Բարեկարգութեան բուն իմաստն է՝ եղած կարգ ու կանոնը ճշդութեամբ եւ լրութեամբ գործադրել ու պահել, զանցառութենէ զգուշանալ, զեղծումէ խորշիլ, հաւատարմութեամբ հետեւիլ։
«Ըստ այսմ անոնք որոնց բուն նպատակն է եկեղեցական կանոնները փոփոխուած, ծէսերը համառօտուած եւ պարտքերը թեթեւցած տեսնել։ Բարեկարգութիւն բառը սխալմամբ կը գործածեն, եթէ գիտակցաբար ներքին միտքերնին արտաքին վարագոյրով ծածկել չեն մտաբերեր։
«Երկրորդ դիտողութիւնս է, թէ օրէնսգիտական առողջ սկզբունքով, օրէնքներ եւ կանոններ կրկին ծագում կրնան ունենալ, մէկը վարէն վեր եւ միւսը վերէն վար յառաջելով։ Վարէն վեր է ծագումը՝ երբոր մարդուն միտքն ու կամքն է անոր ծնունդ եւ կեանք տուողը, միտքը օգտակարութիւնն ու յարմարութիւնը կը դատէ, եւ կամքն ալ իրականացումն ու գործադրութիւնը կը հարամայէ։ Այսպէս են ամէն մարդկային օրէնքներ եւ կանոններ, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց բնութիւնը, եւ ի՛նչ հեղինակութեամբ ալ կատարուի անոնց վճռուիլն ու հրամայուիլը։
«Իսկ վերէն վար է ծագումը՝ երբոր գերագոյն իշխանութիւն մը, հեղինակութիւն մը իւր բացարձակ հեղինակութեամբը եւ կատարեալ իրաւունքովը բան մը կ՚որոշէ, կը վճռէ եւ կը հրամայէ։ Այսպէս են ընդհանրապէս կրօնական օրէնքներն ու կանոնները, որոնք աստուածային գերագոյն իշխանութեամբ հաստատուած են, եւ մարդիկներուն հաղորդուած, որ գիտական բացատրութեամբ Յայտնութիւն կը կոչուի, եւ կը պարունակէ տեսական եւ գործնական մասեր, հաւատալիք ճշմարտութիւններ եւ կատարուելիք գործեր։
«Ընդհանուր սկզբունքով օրէնքի մը եւ հրամանի մը փոփոխութիւն միա՛յն օրէնքին տէրը կամ օրէնսդիրը կամ ծագում տուող իշխանութիւնը կրնայ տալ։ Եւ հետեւաբար մարդկային միտքն ու կամքը ձեռնհաս չէ՛ Աստուծոյ հաստատած ու յայտնած օրէնքը ու կանոնը փոփոխել, եւ որոնք որ բարեկարգութիւն ըսելով կը մտաբերեն կրօնական յայտնեալ օրէնքը փոփոխել, թեթեւցնել կամ դադրեցնել, առողջ սկզբունքի հակառա՛կ կը խօսին, եւ երբ կը կարծեն նպատակին դիմել՝ ո՛չ արդար եւ ո՛չ իրաւացի եւ ո՛չ իսկ մտաւորական սկզբունքներու համաձայն կը խօսին։
«Քրիստոնէական օրէնքներու եւ կանոններու գալով, ընդունուած է որ անոնց հեղինակը ինքն Քրիստո՛սն է, որ խորհուրդներն ու հրամանները առաքեալներուն հաղորդեց ու սորվեցուց, անոնք ալ աշխարհի հաղորդեցին ու սորվեցուցին եւ առաքելական Եկեղեցի կազմակերպեցին։ Իսկ առաքեալներու հետեւող հայրապետներ ու վարդապետներն ալ առաքեալներու անունով գործեցին եւ առաքեալներու հեղինակութեամբ զօրացան։ Մարդկային միտքն ու կամքը տեղի տուաւ աստուածային իշխանութեան, եւ քրիստոնէութեան վերաբերեալ ամէն խնդիրներ ո՛չ միտքի զօրութեամբ եւ ո՛չ կամքի հաճութեամբ եւ ո՛չ իսկ ժամանակի պահանջներու փաստով լուծուեցան, այլ դէպի ետեւ բարձրանալով՝ առաքեալներուն հաստատածն ու սորվեցուցածը փնտռուեցաւ, եւ առաքելական հեղինակութեամբ աւելի եւս զօրացաւ առաքելական Եկեղեցին։
«Անուրանալի է սակայն՝ որ եթէ մարդկային միտքն ու կամքը իշխանութիւն եւ հեղինակութիւն չունի կրօնական օրէնքներ եւ կանոններ փոփոխելու, շատ յարմարութիւն ունի անոնք աղաւաղելու եւ եղծանելու, եւ ա՛յս է իսկական պատճառը որ քրիստոնէութեան միակ բունը բազմաճիւղ ծառի նման բազմաթիւ ոստերու բաշխուած է, եւ բազմատեսակ եկեղեցիներ կը պարունակէ, որոնց իւրաքանչիւրին էութիւնը եւ ինքնութիւնն ալ իւր ուղղափառութիւնը, այսինքն ուղիղ առաքելութիւնը կը պնդէ, թէպէտեւ իրարու անհամաձայն ըլլալովնին, հարկաւ չեն կրնար ամէնքն ալ ուղիղ ուղղափառութեամբ ճոխանալ։
«Ուրեմն անհրաժե՛շտ է այժմեան քրիստոնէութենէ ետ ետ բարձրանալով՝ մինչեւ հնագոյն դարերը հասնիլ, եւ այն ալ ո՛չ թէ յանկարծական ոստումով մը հինը վերանորոգելու մարմաջով, որ տեւողականութեան եւ շարունակականութեան փաստը չունի իրեն կողմ, այլ սկիզբէն դէպի առաջ շարունակութեամբ որոնելով՝ թէ ո՛ւր կանգ առած է իւրաքանչիւրին վերջնական կազմակերպութիւնը։
«Ահաւասիկ, այդ տեսութեամբ միանգամ ընդ միշտ դուրս թողած կ՚ըլլանք նորաղանդական կամ բողոքական դրութիւնը, որ վեցտասաներորդ դարուն մէջ յանկարծական ոստումով մը առաջին դարուն վերադառնալ կարծեց, եւ առանց իրեն հիմ ունենալու աւանդական շարունակութիւնը եւ տակաւ կազմակերպութիւնը, իւր միտքին յղացմամբ եւ հաճոյքներու որոշմամբ ուզեց սկզբնական դարը կերպարանել եւ վերանորոգել, որով իսկապէս կրօնական եւ քրիստոնէական սկզբունքէն շեղեցաւ, եւ մարդկային միտքն ու կամքը իբր իրաւացի իշխանութիւն եւ բաւարար հեղինակութիւն ընդունուած եղաւ։
«Կը մնան ուրեմն մեր առջեւ հին եկեղեցիներ կոչուածները, լատինական եւ յունական եւ հայկական դրութիւնները, որոնք կրնան բաղդատութեան դրուիլ իրարու հետ։
«Արդ թէպէտեւ հետեւողներու թիւով անհաւասար են, ինչ որ պարզապէս քաղաքական անցքերու հետեւանքն է, սակայն Աւետարանի ալ վկայութեամբ հօտ փոքրիկը քաջալերուած է իբրեւ արքայութեան երկնից արժանացող եւ վայելող։ Լատինականը իւր կազմակերպութիւնը մինչեւ 1870 կը հասցնէ, Վատիկանեան Ժողովով հռչակուած Պապին անսխալականութեամբ, նախընթաց տարիներու մէջ ստացած քաղաքական ուղղութեամբը, եւ պետական ճոխութեամբ կատարած փոփոխութիւններովը՝ որոնք զինք կը հեռացնեն յայտնապէս զուտ քրիստոնէական եւ ստոյգ առաքելական դրութենէն։
«Յունական Եկեղեցին ալ իւր կազմակերպութիւնը կը հասցնէ մինչեւ 864, Փոտիոսի եւ Կերուլարիանի ժամանակ ստացած կերպաւորութեամբը, եւ բիւզանդական կամ կայսերական դրութեամբ ձեւակերպուած եկեղեցիովը, որ նոյնպէս շատ հեռու կը մնայ նախնական դարերէն, եւ ակնյայտնի կը ցուցընէ արտաքին ազդեցութեամբ աղաւաղուած ներքինը…»։
Օրմանեան Սրբազանէ կը սորվինք, թէ՝ «բարեկարգութիւն»ը եւ «բարեփոխութիւն»ը բոլորովին տարբեր բաներ են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3, 2016, Իսթանպուլ