«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ ՄԻԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱ՛»

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի», (ՂՈՒԿ. Ը 50)։

Յիսուսի բազմաթիւ հրաշք-բժշկութիւններէն մին է նաեւ ժողովրդապետ Յայրոսի աղջկան բժշկութիւնը։

Արդարեւ, ժողովրդապետի մը իր աղջկան բժշկութեանը համար դիմելը սովորական բան մը չէր, քանի որ ան ցոյց կու տար իրեն անկարողութիւնը, տկարութիւնը Յիսուսի նկատմամբ։ Բայց մարդ երբ նեղ եւ անել դրութեան մատնուի, կը դիմէ ամէն ճամբու, եթէ նոյն իսկ անիկա իր յարգն ու վարկը նուազեցնէ ժողովուրդին աչքին։ Արդարեւ, Յիսուսի հրաշքները եւ քարոզչական առաքելութիւնը պատճառ եղած էր որ Ան արգիլուի ժողովարան մտնելու, քանի որ ժողովարանի իշխանութիւնը վտանգի կը մատնէր իր գործունէութեամբ։ Հակառակ այս իրողութեան ժողովրդապետը զիջանեցաւ, եւ դիմեց Յիսուսի, քանի որ անոր աղջիկը հիւանդ էր եւ մահամե՛րձ։ Եւ այս, կը նշանակէ որ եթէ մարդ անել վիճակի մատնուի, ճարահատ ըլլայ, կրնայ իր արժէքներէն, մինչեւ իսկ արժանապատուութենէն զիջողութիւն ընել։

Արդարեւ, շատ աւելի մեծ արժէքներ առիթ կու տան աւելի նուազ արժէքները անտեսելու, զոհողութիւն ընելու եւ այդպէս պահպանելու բաղդատմամբ աւելի մեծ արժէքները։

Մարդկային բնաւորութեան բնական մէկ արտայայտութիւնն է ասիկա։

Քրիստոսի դիմեց ժողովրդապետը՝ Յայրոս այս հոգեվիճակին մէջ։ Արդարեւ, Քրիստոս բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր եւ ասիկա լսուած եւ տարածուած ժողովուրդին մէջ եւ նախ տպաւորուած էր Յայրոս եւ հիմա, ահաւասիկ, ժամանակը հասած էր հրաշք խնդրելու Անկէ, քանի որ ուրիշ որեւէ ճար չունէր ան։

Հրաշք խնդրել, մարդկային բնական մէկ ընթացքն է, քանի որ մարդ ի վերջոյ կ՚անդրադառնայ եւ կը հասկնայ, թէ ինք անզօր է եւ անկարող իր մատնուած վիճակէն ազատուելու, քանի որ ինքնաբաւ չէ, եւ պահանջքը ունի ամենակարող, ամենազօր, ամենաբաւական Էակին՝ Աստուծոյ, որ Նախախնամն է համայն մարդկութեան։ Ասիկա բնական է եւ հասկնալի, բայց Աստուծոյ դիմելու ժամանակը կարեւոր է։ Մարդ պէտք է ամէն ատեն յօժարակամ ըլլայ Աստուծոյ դիմելու, ուրիշ խօսքով՝ առանց ստիպման, հաւատով եւ վստահութեամբ դիմէ Աստուծոյ որ է Նախախնամ, ինչպէս՝ Արարիչ։ Մարդ ամէն ատեն տրամադիր ըլլալու է դիմելու Ամենակարողին եւ պէտք է անդրադառնայ իր անբաւարարութեան, խոնարհութիւն ցոյց տայ, քանի որ ունի թերութիւններ, տկարութիւններ եւ ուրեմն անկատար է եւ անկարող կեանքի բոլոր հարցերը լուծելու եւ կատարելագործելու։ Մարդ պէտք է համոզուի, թէ ինք «արարած» է եւ ունի Արարիչ մը, որ նաեւ Նախախնամ է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ ամէն պարագայի։ Եւ ասիկա հաւատքի եւ վստահութեան հարց մըն է։

Ուստի մարդ, մինչեւ որ իր թերութեան եւ տկարութեան չանդրադառնայ եւ չընդունի, ինքզինք ինքնաբաւ կը համարէ… բայց կը սխալի, քանի որ պիտի գայ պահ մը՝ որ պիտի անդրադառնայ իր անբաւարարութեան եւ ստիպուած պիտի դիմէ Անոր՝ որ Ամենակարող է եւ Կատարեա՛լ։

Բժշկութեան հարցին ալ պարագան նոյնն է, անշո՛ւշտ որ հիւանդութեան մը պարագային պէտք է դիմել բժիշկին, քանի որ բժիշկները՝ Աստուծոյ ձեռքն են երկրի վրայ եւ կերպով մը կը կատարեն Աստուծոյ կամքը։ Եւ սակայն իմաստուն եւ գիտակից բժիշկը կ՚ըսէ. «Բժիշկը մարդուս վէրքերը կը փաթթէ եւ սակայն Աստուա՛ծ է որ զայն կը բժշկէ»։ Արդարեւ, վիրահատ բժիշկը իր կարելին կ՚ընէ, բայց ի վերջոյ հիւանդը կը յանձնէ Աստուծոյ՝ որուն կամքին համաձայն հիւանդը կատարելապէս կը բժշկուի, իր առողջութիւնը կը վերագտնէ։

Այս իմաստով, մանկաբարձ-վիրահատ բժիշկ մը իրաւացի կերպով ըսած է թէ՝ ամէն անգամ որ մանուկ մը ծնի, այդ պահուն կը զգամ Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ որ հրաշք մըն է կատարած։ Եւ այս վկայութիւնն իսկ ցոյց կու տայ՝ թէ բժշկութեան հարցին մէջ վճռական եւ վերջնական արդիւնքը կը գոյանայ Աստուծոյ կամքով։ Չէ՞ որ բժիշկներն ալ երբ կ՚ընեն իրենց կարելին, ի վերջոյ կ՚ըսեն՝ թէ պէտք չէ դադրեցնել Աստուծոյ վրայով յոյսը։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւններ եւ ապրումներ կը վկայեն այս ճշմարտութեան։

Ուստի պէտք է ապրիլ՝ հաւատքով, պէտք է աղօթել՝ յոյսով եւ ծառայել՝ սիրո՛վ։

Այս կէտին ահաւասիկ, կու գանք ընդունիլ՝ թէ Քրիստոս բժիշկն է բժիշկներուն, որ կը կատարէ հրաշքներ Հօր Աստուծոյ կամքով։

Արդարեւ, ամէն օր, ամէն պահ, ո՛չ միայն բժշկութեան պարագաներուն, այլ ամէն մարզի մէջ մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ հրաշք, թերեւս շատ անգամ չենք անդրադառնար, զայն նկատելով կեանքի բնական երեւոյթ։ Եւ երբեմն ալ կը կարծենք, թէ այդ «հրաշք» փոփոխութիւնը կատարուած է մեր ուժերով, մեր զօրութեամբ եւ կը հպարտանանք… կարծելով թէ ինքնաբաւ ենք շատ մը հարցեր լուծելու մեր կեանքին մէջ։

Եւ կը սխալինք…։

Ոմանք ալ կը պարծենան իրենց «բախտ»ով, կարծելով թէ իրենք «բախտաւոր» են, որ փրկուած են անել կացութիւններէ, հիւանդութիւն կամ նեղութիւններէ…։ Անոնք ալ չափազանց կը սխալին, քանի որ կ՚անտեսեն Աստուծոյ կամքը, Աստուծոյ Նախախնամութիւնը եւ օգնութիւնը։

Իսկ անոնք որ կ՚ըսեն. «Փառք Աստուծոյ, հրա՜շք մը պատահեցաւ ինծի, փրկուեցայ նեղ եւ անել կացութենէ, բժշկուեցայ հիւանդութենէ՝ առողջութիւնս վերաստացայ։ Աստուծոյ կամքն է որ նպաստեց, Աստուծոյ կա՛մքն է որ կատարուեցաւ։ Փառք Աստուծոյ…», ահաւասիկ անոնք են ճշմարիտ հաւատացեալները, Աստուծոյ հաւատարիմ հաւատաւորները եւ Անոր վստահողները իբրեւ Արարիչ, իբրեւ Նախախնա՛մ։

Անշուշտ պէտք չէ՛ անտեսել բժիշկներու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին մէջ, քանի որ անոնք տարիներու տքնաջան՝ ծանր եւ դժուարին պատրաստութիւններով հասած են իրենց պատ-ւաբեր աստիճանին, որ նուիրական ծառայութեամբ կը նպաստեն մարդկութեան առողջութեան, երջանկութեա՛ն…։

Թող չբացակային բժիշկները մեր կեանքէն, քանի որ անոնք է որ երկրի վրայ կը կատարեն Աստուծոյ կա՛մքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 8, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018