ՍԻՐՈՅ ԱՂԲԻՒՐԷՆ ԽՄԵԼ

Աստուած՝ մարդուս երկնաւոր Հայրը պատրա՛ստ է եւ կը սպասէ մարդոց վրայ թափելու Իր օրհնութիւններուն լիութիւնը։ Ուստի, մարդոց կը մնայ լիառատ խմել անսահման սիրոյ աղբիւրէն։

Երբ այս իմաստով մօտեցուի, ո՜րքան հրաշալի բան է աղօթելը եւ նո՛յնքան զարմանք պատճառող բան՝ թէ այնքան քիչ կ՚աղօթեն մարդիկ։

Աստուած միշտ պատրաստ է եւ յօժար՝ լսելու Իր զաւակներուն ամենէն տրուպին անկեղծ աղօթքը, այսուհանդերձ մարդիկ իրենց կարօտութիւնները, պահանջները Անոր տեղեկացնելու՝ գիտցնելու մասին ի՜նչ մեծ դժկամութիւն ցոյց կու տան։ Մինչդեռ եթէ գիտնան խնդրել, անպայմա՛ն պիտի ստանան։ Երկինքի հրեշտակները ի՞նչ կրնան խորհիլ արդեօք անկարող եւ խե՜ղճ մարդոց մասին՝ որոնք փորձութեան ենթակայ են, երբ Աստուծոյ անհուն, անսահման սիրոյ սիրտը կը մորմոքի անոնց եւ անոնց նմաններուն հանդէպ, պատրաստ՝ տալո՛ւ անոնց աւելին քան ի՛նչ որ իրենք կրնան խորհիլ կամ խնդրել, եւ դեռ ա՜յնքան քիչ կ՚աղօթեն անոնք, եւ ա՛յնքան քիչ հաւատք եւ հաւատարմութիւն ունին։ Հրեշտակները կը սիրեն խոնարհիլ Աստուծոյ առջեւ, կը սիրեն Անոր մօտը ըլլալ։ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը իրենց գերագոյն ուրախութիւնը կը նկատեն անոնք։ Եւ սակայն, այս աշխարհի որդիները, որոնք այնքան կը կարօտին այն օգնութեան, զոր Աստուած միայն կարող է տալ, կը թուին ինքնաբաւ ըլլալ՝ գոհ քալել՝ Իր Հոգիին լոյսէն, եւ հեռու՝ Իր աստուածային ներկայութենէն եւ նախախնամութենէն։

Չարին խաւարը կը պարուրէ զանոնք, որ աղօթքը զանց կ՚ընեն։ Սատանային՝ հոգիին թշնամիին փորձութիւնները մեղանչելու կ՚առաջնորդեն, մոլորութիւն կը թելադրեն զիրենք, եւ այս բոլորը՝ քանի որ չե՛ն գործածեր եւ չե՛ն գործադրեր այն տնօրինութիւնները եւ արտօնութիւնները, զորս Աստուած տուած է անոնց՝ աղօթքի աստուածային կարգադրութեամբ։ Աստուծոյ որդիները ինչո՞ւ դժկամութիւն ունենան աղօթելու՝ երբ աղօթքը, հաւատքին ձեռքին մէջ այն «բանալի»ն է, որ կը բանայ երկինքի գանձատունը՝ ուր ամփոփուած են Ամենակալին անսահմա՜ն բարիքները։

Առանց անդադրում աղօթքի եւ աչալուրջ հսկումի՝ վտանգի մէջ է մարդ, յարաճուն անհոգութեան եւ անդիմադրելի անտարբերութեան մէջ իյնալու եւ շիտակ ճամբէն խոտորելու՝ մոլորելո՛ւ։

Սատանան՝ մշտնջենաւոր հակառակորդը անդադար կը ջանայ շնորհներու աթոռին լուսաւոր ճամբան խափանել մարդոց առջեւ, որպէսզի կարող չըլլան անոնք՝ ջերմեռանդ աղօթքով եւ հաւատքով շնորհ եւ զօրութիւն ստանալ՝ իր փորձութիւններուն դիմադրելու համար։

Ի՜նչ ինչ պայմաններ կան՝ որոնցմով կարող է մարդ յուսալ, թէ Աստուած պիտի լսէ իր աղօթքները եւ պատասխանէ անոնց։ Աստուած անպայմա՛ն կը պատասխանէ, քանի որ Ան հաւատարիմ է իր Խօսքին՝ թէ մարդ եթէ ուզէ, պիտի տրուի անոր իր ուզածը։ Անշուշտ հոս պէտք է գիտնալ, թէ Աստուած բարի եւ օգտակար խնդրանքներուն կը պատասխանէ, ինչպէս ամէն ծնողք՝ իր զաւակներուն ամէն խնդրանքը չի կատարեր եւ անշուշտ կը զատէ օգտակարը վնասակարէն։ Եւ որքա՜ն բնական է ասիկա։

Ըսինք, թէ զանազան պայմաններ կան աղօթքի մը պատասխանը ստանալու համար։

Ահաւասի՛կ, այդ պայմաններէն առաջինն է՝ զգալ թէ Իր օգնութեան կարօտ է աղօթողը։

Արդարեւ, Անոր խոստումն է. «Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ։ Անջուր երկրի վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս». (ԵՍ. ԽԴ 3)։

Անոնք, որ անօթի եւ ծարաւ են արդարութեան, որոնք Աստուծոյ կը փափաքին, կարող են վստա՛հ ըլլալ թէ պիտի յագենան։

Բայց պէտք է որ սիրտը բաց ըլլայ Սուրբ Հոգիին ներգործութեանը եւ ազդեցութեանը, եթէ կ՚ուզէ Աստուծոյ օրհնութիւնը ընդունիլ։

Մարդուն մեծ կարօտութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է, եւ աւելի պերճախօսօրէն կը խօսի ի նպաստ իրեն։ Բայց նախ, պէտք է Տէրը փնտռել՝ որպէսզի այս բոլորը կատարէ եւ տա՛յ։ Ան կ՚ըսէ. «Խնդրեցէ՛ք, եւ պիտի տրուի ձեզի», եւ Ան միշտ հաւատարի՛մ է իր խօսքին եւ խոստումին։ Եւ դարձեալ. «Եթէ Աստուած իր Որդիին չխնայեց, այլ՝ մինչեւ իսկ զայն մահուան մատնեց մեզի համար, անոր հետ նաեւ ամէն բան պիտի շնորհէ՞ մեզի». (ՀՌՈՄ. Ը 32)։

Ուստի, «խնդրեցէ՛ք, եւ պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՏԹ. Է 7) խոստումը գործնականապէս իրականացուց Աստուած՝ իր Որդիին խաչելութեամբը։

Մարդ, եթէ իր սրտին մէջ պահէ անօրէնութիւնը, եթէ ծանօթ մեղքի մը յարի, Տէրը պիտի չլսէ զայն. բայց ապաշխարող եւ կոտրած հոգիին աղօթքը միշտ պիտի լսուի եւ ընդունուի։

Եւ երբ մարդուն բոլոր ծանօթ յանցանքները եւ մեղքերը ուղղուին, կարելի է հաւատալ որ Աստուած անոր աղերսներուն պիտի պատասխանէ։ Եւ ո՛չ թէ մարդուս անձնական արժանիքը, այլ Յիսուսի արժանաւորութիւնն է որ պիտի մաքրէ, պիտի սրբէ մարդը։ Այսուհանդերձ մարդն ալ պէտք է համաձայնի ընդունելութեան պայմաններուն՝ անկեղծ սիրտով։

Ազդու եւ ընդունելի աղօթքին ուրիշ մէկ տարրն ալ հաւա՛տքն է՝ հաստատ համոզումը եւ անվերապահ վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ։ Պօղոս Առաքեալ, Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Իսկ առանց հաւատքի անկարելի՛ է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։ Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ Ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք որ զԻնք կը փնտռեն», (ԵԲՐ. ԺԱ 6)։

Ուրեմն, աղօթքի լսելի եւ ընդունելի ըլլալու, եւ պատասխան ստանալու համար ան-հըրաժե՛շտ է հաւատքը։ Մեքենաբար, կուրօրէն արտասանուած աղօթքը՝ իր իսկական իմաստով, կարելի չէ՛ «աղօթք» համարել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2017