ՅՈՌԵՏԵՍ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐ

Նախապէս, օգտուելով հոգեբոյժ Տքթ. Պօղոս Քօլօլեանի «Յոռետեսութիւնը բժշկութեան առջեւ» յօդուածէն, խորհրդածութեան նիւթ ունեցած էինք յոռետեսութիւնը։ Որպէս նիւթին շարունակութիւնը, եւ դարձեալ օգտուելով վերոյիշեալ յօդուածէն, պիտի փորձենք ներկայացնել յոռետեսութեան գրականութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը պատմութեան ընթացքին։

Արդարեւ, պատմութեան մէջ, առաջին յոռետեսները եղած են բանաստեղծները՝ որոնք վայրկենական ազդեցութեան մը տակ ատած են կեանքը, լացած են ամէն բանի վրայ. բայց արցունքները՝ ցաւերէ ծնած չեն կրնար նկատուիլ յոռետես արտադրութիւններ։ Ուստի հարցը սա է. յոռետես բանաստեղծներ նկարագրով յոռետե՞ս ըլլալնուն համար բանաստեղծութիւներ արտադրած են, թէ բանաստեղծութեան ազդեցութեան տակ յոռետես են եղած։ Ուրիշ բացատրութեամբ յոռետեսութիւնը ընդոծի՞ն է, թէ ստացական։ Կամ ըսենք. յոռետեսութիւնը ժառանգակա՞ն է, թէ կեանքի պայմաններէն ազդուելով մարդ յոռետես կ՚ըլլայ եւ կեանքը կ՚ապրի խաւարի մէջ…։

Նախորդ խորհրդածութեան մէջ, այս մասին բաւական լուսաբանուած կը նկատենք այս հարցը եւ կ՚անցնինք գրականութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ յոռետեսութեան ազդեցութեան։

Հին բանաստեղծներու գործերուն մէջ կարելի է գտնել օրինակներ «տխուր բանաստեղծութեան», վայրկենական եւ ժամանակաւոր՝ անցողակի յոռետեսութեան։ Հեղիոդոսի, Հոմերոսի եւ ուրիշ շատերու գործերուն մէջ կան արցունքոտ դէմքեր, յոռետես տողեր, յուսահատելի երեսներ, բայց հիներուն ո՛չ յոռետեսութիւնը եւ ոչ ալ հոգեկան տխրութիւնը կրնային մտնել ամբոխին մէջ, որ ուրախութեան եւ հաճոյքներու մէջ կը գտնէր կեանքին պատճառը։

Գտնուած է փիլիսոփայ մը սակայն, Հեղեսիաս, որ ճշմարիտ «յոռետես» մըն է եղած, ինչպէս չէ երեւակայած արդի շրջաններու «յոռետեսութեան հայր»ը՝ Շոբէնհաուէր։ Հեղեսիաս ատած է կեանքը, ատած ամէն բան որ իր շուրջը կ՚ապրէր, եւ մահուան ծոցը փնտռած է սփոփանքը կեանքին, եւ «քաջութիւն»ը ունեցած է անձնասպան ըլլալու՝ ինքզինք օրերով անօթի ձգելով։ Այդ առաջին յոռետեսը եթէ մեր օրերուն ապրէր, հաւանաբար յիմարանոցի մը մէջ, ըսենք՝ հոգեբուժարանի մը մէջ պիտի խնամէին զինք, ինչպէս կը խնամեն բոլոր անձնասպան ըլլալու փափաք ունեցող եւ անձնասպանութեան փորձեր կատարող խեղճերը։

Արդարեւ անձնասպանութիւնը քաջութիւն համարել սխալ է, այլ՝ տկարութի՛ւն։ Կերպով մը կեանքի պայքարէն պարտուիլ, դասալիք ըլլալ…։

Հեղեսիասէ զատ կարելի չէ գտնել հին գրականութեան մէջ, փիլիսոփայական հին աշխատութիւններու խորը ուրիշ մը, որ ներկայանայ իբր «ճշմարիտ յոռետես»ի մը տիպարը։ Կարելի է հանդիպիլ բանաստեղծներու, որոնք լացած են միայն ատեն-ատեն, քանի որ բանաստեղծը որ զգացումներու եւ խոհերու մէջ միայն կը գտնէ գոյութեան նպատակը, եւ որուն էութիւնը զուտ մտաւորական է, չի հասկնար աշխարհի կեանքը, եւ չ՚ուզե՛ր համակերպիլ անոր. ամէն բան իր փափաքներուն, իղձերուն համեմատ կարգադրուած տեսնել կ՚ուզէ, եւ ամէն օր կ՚ունենայ յուսախաբութիւններ, յուսահատութեան վայրկեաններ։ Երիտասարդ բանաստեղծը որ չի գտներ ապրելու դիւրութիւններ, երբ կը տեսնէ թէ իր արտադրութիւնները, իր երկերը չեն գտներ իր փափաքած ընդունելութիւնը, կը տխրի, կ՚արտասուէ, եւ ողբերու անհատնում ձայներով կը թրթռացնէ իր քնարը։ Եւ սակայն «յոռետեսութիւն» չէ՛ ասիկա, այլ՝ վայրկենական տխուր բանաստեղծութիւն մը։

Աշխատողը կեանքին մէջ կը հանդիպի ամէն վայրկեան դժուարութիւններու, որոնց յաղթելու համար իր մէջը կը գտնէ պէտք եղած կորովը, եւ յուսահատութիւնը՝ վերջնական յուսահատութիւնը չի մտներ անոր հոգիին մէջ. կը տխրի խոչընդոտին դիմաց, բայց չի յուսահատիր, քանի որ կա՛մքը պիտի յաղթէ խոչընդոտին։

Բանաստեղծը՝ որ կեանքին ամենէն պզտիկ պարագաները կը սիրէ նկարագրել, կ՚արտադրէ տխրութեան եւ յոռետեսութեան նմոյշներ, որոնք սակայն չեն կրնար նկատուիլ ճշմարիտ յոռետես ուղեղի մը երկունքը։

«Համրէ՛ ուրախութեան վայրկեանները,

«Համրէ՛ առանց մտմտուքի օրերը,

«Ու ով որ ալ ըլլաս, գիտցի՛ր՝

«Աւելի աղէկը կայ,- չըլլա՛լը»։

Այսպէս կը գրէ Պայրըն։

«Ով Տէր, յաճախ զղջացի որ ծնած եմ», կ՚ըսէ Լամարդին, «յաճախ փափաքեցայ ոչնչութեան մէջ մխրճիլ, անցնիլ երթալ այսքան սուտերուն մէջէն, այսքան ցաւերու եւ կրկին կորուստներու ընդ մէջէն, անցնիլ երթալ դէպի մեծ կորուստը՝ զոր մա՛հ կ՚անուանեն»։

Բայց Լամարդին բոլոր բանաստեղծներուն պէս անձրեւի եւ փոթորիկի օրերէն յետոյ պայծառութեան եւ գերբնական հանդարտութեան ժամեր ալ ունի եւ կը հասկնայ թէ կեանքը նպատա՛կ մը ունի. «եթէ չէք սիրած, չէք հասկցած կեանքը»։ Ուրիշ տեղ մը, կատարելապէս համոզուած է թէ իր տխրութիւններուն պատճառը ո՛չ երկիրը եւ ոչ ալ տիեզերքն է, կը գրէ. «Կեանքը դրոշմած էր էութեանս վրայ երջանկութիւն, առոյգութիւն, առողջութիւն. ժամանակը, կրթութիւնը, սխալները, մարդիկ, ցաւերը քանդեցին այդ ամէնը. բայց միա՛յն զանոնք կը մեղադրեմ եւ գլխաւորաբար զիս»։

Բացատրութեան չեն կարօտիր այս տողերը։

Կարելի է շատ մը օրինակներ բերել, բանաստեղծութիւններ յիշել, ուր պիտի գտնուէին մահուան քաղցրութիւնը, ոչնչութեան անհո՜ւն անուշութիւնը անմահացնող եւ սարսռացնող տողեր։ Պիտի տեսնուէր թէ ամէն ժամանակի մարդիկ, Հոմերոսէն մինչեւ մեր օրերը, ունեցած են իրենց ողբերը, տխրութեան վայրկեանները, հոգիի եւ սրտի ցաւերը, թէ ամէն կլիմայի տակ մարդիկ «լացած են կեանքը»։

Բայց կը տեսնուին նաեւ այդ նուաղկոտ նուագներուն, քնարերգութիւններուն քով գոյութեան երջանկութիւնը երգող տաղեր եւ տողեր ալ կը գտնուին, սիրոյ կեանքը, եւ կեանքին սէրը փառաբանող ովսաննա՜ներ, զորս չեն կրցած ջրել տխուր վայրկեաններու արտայայտութիւնը հանդիսացող մէկ քանի ողբեր։

Բոլոր բանաստեղծները յոռետես չեն եղած։

Եւ հոս պէտք է դնել որոշ սահմաններ ճշմարիտ յոռետեսութեան՝ հիւանդութեան, եւ տխուր բանաստեղծութեան մէջ։ Մէկ գրիչով պէտք չէ մրոտուին բոլոր աւելի կամ պակաս տխուր գրողները։

Յոռետեսութեան եւ տխրութեան ներկայացուցիչներու մէջ զգացումի, գոյնի, արտայայտութեան զանազանութիւններ կը գտնուին, ուստի պէտք է գտնել այդ յատակագիծերը, նրբերանգները, եւ չշփոթուի յոռետեսութիւնը տխուր բանաստեղծութեան եւ մասնաւորաբար «հիւանդ գրականութեան» հետ։

Ըստ մասնագէտ հոգեբոյժներու, յոռետեսութիւնը ճշմարիտ «հիւանդութիւն» մըն է. յոռետեսը կեանքը բոլորովին աւելո՛րդ կը նկատէ եւ գոյութեան եւ չգոյութեան, անէութեան վրայ փիլիսոփայական վարդապետութիւններ կը կերտէ։

«Հիւանդ գրականութիւն»ը յոռետեսութեան քո՛յրն է, կը նկարագրէ «ալապուճուկ»ի՝ մտացածին, անգոյ, երեւակայական, կեղծ եւ շինծու հրէշային պատմութիւններ, ահերու, վախերու, մղձաւանջներու նկարագրութիւններ, մարդուս մարմինը փուշ-փուշ ընող առասպելներ՝ չափազանցուած շինծու հէքեաթներ, պատմուածքներ՝ ուր մարդուս ջղային դրութիւնը ամենէն մեծ եւ կարեւոր դերը կը խաղայ։

Ուստի, դարձեալ, մասնագէտներու համաձայն, առաջինին մէջ ուղե՛ղն է հիւանդը, իսկ երկրորդին մէջ՝ ջիղերը։

Առաջինին բանականութիւնը, տրամաբանութիւնը, դատողութիւնը հիւանդ է, երկրորդին՝ երեւակայութի՛ւնը։

Այս իմաստով, «տխուր գրականութիւն»ը զգացումներու արտայայտութեան չափազանցութի՛ւնն է՝ անհաւասարակշռութի՛ւնը. զգացումի չափազանց նրբութիւն, դիւրազգայնութիւն, դիւրազգացութիւն, որ եթէ չունի ճշմարիտ պատճառները՝ խորունկ սուգ մը, մերժուած սէր մը, եւ միա՛յն բնական հակումի մը արդիւնք է, կրնայ ըլլալ առաջին քայլը «հիւանդ գրականութեան» զոր իր կարգին՝ յոռետեսութեան կը մղէ։

Բայց դժուար է յոռետեսութիւնը, հիւանդութիւնը եւ տխրութիւնը որոշապէս զանազանել իրարմէ եւ դնել անոնց միջեւ որոշ սահման մը, քանի որ անոնք թէեւ տարբեր երեւոյթներ են, բայց նաեւ «ազգականութիւն» ունեցող իրականութիւններ են…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018