ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Անհատական կեանքի համար, եւ նո՛յնպէս հաւաքական կեանքի համար կան սկզբունքներ, որոնք անհրաժեշտ են կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Այս սկզբունքներէն են «իրաւունք» եւ «արդարութիւն», որոնց վրայ կը հիմնուի ընկերութիւնը։ Արդարեւ, առանց իրաւունքի եւ առանց արդարութեան կարելի չէ խորհիլ առողջ ընկերութեան մը մասին։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ նաեւ թէ՝ իրաւունքի եւ արդարութեան գաղափարները ծնունդ կ՚առնեն նախ եւ առաջ ընկերութիւնը կազմող անհատներու մէջ։ Ուստի իրաւունք եւ արդարութիւն՝ պէ՛տք է իւրացնէ իւրաքանչիւր անհատ, որպէսզի այդ սկզբունքներով օժտուած ընկերութիւն մը գոյութիւն ունենայ։

Այն ընկերութեան մէջ՝ ուր անհատը չունի իրաւունքի եւ արդարութեան գաղափարը, այդ կը նշանակէ որ հոն իրաւունք եւ արդարութիւն օտար են եւ չեն գործադրը-ւիր։ Ուրեմն նախ անհատը իւրացնէ սկըզ-բունք մը՝ որպէսզի գործադրելի ըլլայ ան ընկերութեան մէջ։

Ասիկա բացայայտ է, քանի որ կեանքի փորձառութիւնը կը վկայէ այս իրողութեան։ Պատմութեան մէջ միշտ զօրաւոր եղած են այն ժողովուրդները՝ ուր իրաւունքի եւ արդարութեան սկզբունքները նախ անհատներու մէջ, յետոյ ընկերութեան մէջ հաստատուած եւ գործադրուած են։

Իրաւունքի եւ արդարութեան այս էական սկզբունքի հետ կայ նաեւ սկզբունք մը եւս՝ առանց որուն որեւէ ընկերութիւն չի կրնար գոյատեւել եւ յառաջդիմել։

Այս սկզբունքն է «զոհողութեան» գերադաս եւ նուիրական սկզբունքը։ Զոհողութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է սերտ կապեր հաստատելու անհատներու միջեւ, որ կը նշանակէ կազմել հաստատ եւ առողջ ընկերութիւն մը։ Եւ քանի որ մարդ իր արարչութենէն իսկ կոչուած է իրերօգնութեան, ապա ուրեմն զոհողութեան սկզբունքը էական եւ կենսական անհրաժեշտութիւն մը պէտք է նկատուի՝ հոն ուր մարդ կայ, եւ հետեւաբար հոն՝ ո՛ւր մարդկային հաւաքականութիւն մը կայ…։

Երեւութապէս «իրաւունք» եւ «զոհողութիւն» բոլորովին հակադիր գաղափարներ կ՚երեւին։ Որովհետեւ «իրաւունք»ի ըմբռնումը ընդհանրապէս անձնական շահ կ՚ենթադրէ, որմէ հրաժարիլ գրեթէ կարելի չէ։ Մարդ, բնականաբար կը պնդէ իր իրաւունքին վրայ, եւ չ՚ուզեր զոհողութիւն ընել, տեղի տալ իր իրաւունքին նկատմամբ։ Բնական երեւոյթ է ասիկա. մարդ կ՚ուզէ միշտ շահիլ, շահածը պահպանել եւ աւելի՛ն շահիլ։

Շահիլ, բայց ի՞նչ գնով։

Շահիլ, տիրանալ այնպիսի գնով մը՝ որ աւելի քան հաւասարակշռէ, ներդաշնակէ շահածը։ Ուրիշ խօսքով՝ չափ եւ կշիռ, սահման դնէ իր շահելու փափաքին։ Եւ իրական «շահ»ը՝ չափաւոր շահն է, որ կ՚ենթադրէ ընկերային արդարութիւն եւ որուն սահմանագիծն է՝ զոհողութի՛ւնը։ Ուրեմն, ահաւասիկ, այս կէտին է որ կը միանան երեք հիմնական սկզբունքներ՝ «իրաւունք», «արդարութիւն» եւ «զոհողութի՛ւն»։ Եւ ուրեմն, հոն ուր իրաւունք եւ զոհողութիւն չեն համակշռուիր, չեն ներդաշնակուիր, հոն կարելի չէ մտածել արդարութեան բարձր գաղափարին մասին։

Ուստի, ինչ որ իրաւունքը կը շահեցնէ՝ ամբողջ շահը չէ յաճախ, քանի որ ամէն շահու մէջ միշտ կա՛յ վնասի բաժին մը թէեւ աննշմարելի, անտեսանելի՛։ Մարդ թէեւ կ՚առնէ իր իրաւունքը՝ կը շահի, բայց անզգալաբար վրայ կու տայ։ Զոր օրինակ, մարդ կը շահի իր իրաւունքը, բայց կը զոհէ իր հանգստութիւնը, իր խաղաղութիւնը, թերեւս երջանկութիւնը, նախապէս շահածները, իր առողջութիւնը եւ մինչեւ իսկ իր կեանքը, երբեմն ալ պատիւը եւ ապագա՛ն։

Իրաւունքի եւ զոհողութեան միջեւ, հակառակ երեւոյթին, էականապէս սա՛ է տարբերութիւնը. իրաւունքը մտադրուած, հաշուած, հեռատեսուած շահը ձեռք կը ձգէ, իսկ «չհաշուած»ը՝ կը կորսնցնէ։ Իսկ զոհողութիւնը՝ վրայ կու տայ մինչեւ իսկ հաշուած, մտադրուած շահը եւ «չհաշուած»ը կը շահի։ Մարդ երբեմն արտաքնապէս կը շահի, բայց ներքնապէս կը կորսնցնէ, եւ երբեմն ալ կը կարծէ, թէ կորսնցուցած է եւ վնասուած, բայց իրականին կը շահի՛։ Զոհողութեան մէջ կորուստը՝ վնասը բացորոշ է եւ բացայա՛յտ, որովհետեւ մտադրուած, ակնկալուած՝ ցանկացուած եւ հետեւաբար հետապնդուած շահուն կորուստն է։

Այս իմաստով, իրաւունքի մը շահուն ետին պահուած կորուստը, կամ վնասը կըր-նայ չերեւիլ, բայց եթէ չերեւի նոյնիսկ, ատիկա ըսել չէ, թէ չկա՛յ։ Արեւն ալ երբեմն չ՚երեւիր ամպամած երկինքի վրայ, բայց ատիկա ըսել չէ որ արեւը գոյութիւն չունի, քանի որ արեւը միշտ կա՛յ եւ կը մնայ իր տեղը…։

Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է՝ թէ զոհողութեան սկզբունքը իրաւունքի սկզբունքէն աւելի խորը կը թափանցէ՝ աւելի՛ խորունկը կ՚իջնէ։

Թէ՛ մարդ իրաւունքի սկզբունքի՞ կա՛մ թէ զոհողութեան կողմը պիտի հակի եւ դիրք բռնէ, ատիկա կախում ունի անոր արժէքներու կշիռէն՝ իրաւունքի եւ զոհողութեան սկզբունքներու ըմբռնումէն եւ զանոնք հաւասարակշռելու եւ ներդաշնակելու մտային կարողութենէն։ Ուստի մարդ այնքան «արդար» է, որքան կրնայ հաւասարակշռել իրաւունքը եւ զոհողութիւնը։

Կայ մարդ որ ինչ որ պիտի շահի զոհողութեամբ աւելի արժէքաւոր կը սեպէ քան իրաւունքով շահելիքը, ուստի եթէ իրաւունք ալ ունի, կը հրաժարի իր իրաւունքին վրայ պնդելէն։ Կեանքի մէջ կան այնպիսի պարագաներ՝ ուր զոհողութիւնը աւելի՛ շահաբեր է, քան իրաւունքը, եւ եթէ ուշադրութիւն ընենք, պիտի տեսնենք, որ մեր բոլորին կեանքին մէջ պատահած են դէպքեր՝ ուր զոհողութեամբ շատ աւելի շահած ենք քան մեր իրաւունք կարծածը ձեռք ձգելով։ Ահաւասիկ ասիկա զոհողութեան շա՛հն է, կամ, ըսենք. «զոհողութեան յաղթանա՛կը»։ Իսկական յաղթանակ մը իր ամենալայն առումով։ Ուստի իրաւունքի վրայ պնդել, «կռիւ» հանել, վիրաւորել բարեկամներ, մերձաւորներ… կ՚արժէ՞ արդեօք։ Միասին խորհինք այս մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 7, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2019