ՀՈԳԵՒՈՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

«Խաղաղութեան պարգեւիչը՝ Աստուած ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն» (ՀՌՈՄ. ԺԵ 33)։

Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը կրկնուի, խաղաղութիւնը ո՛չ միայն չգոյութիւնը խռովութեան, կռիւին եւ պատերազմին, ո՛չ միայն ամէն տեսակի հակառակութեան, այլ՝ «կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ան «գործն է արդարութեան» (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ արդիւնքը՝ սիրո՛յ։

Արդարեւ, հոն, ուր սէր կայ, հո՛ն խաղաղութի՛ւն կը տիրէ։

Հասարակաց Բարիքը կ՚ընդգրկէ վերջապէս «խաղաղութիւն»ը, այսինքն՝ տեւողութիւնը եւ ապահովութիւնը «արդար կարգ»ի մը։ Ան կ՚ենթադրէ ուրեմն, որ «իշխանութիւն»ը պարկեշտ միջոցներով, օրինաւոր կերպով ապահովէ ընկերութեան եւ անոր իւրաքանչիւր անդամին՝ անհատին «անվտանգութիւն»ը։ Ան կը հիմնաւորէ եւ կը հաստատէ անհատական եւ հաւաքական օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը եւ ազատութիւնը։

Արդարեւ, ամէն առաքինութեան ակնաղբիւրը՝ սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ եւ կը բաշխէ ուրախութիւնը, ողորմածութիւնը եւ խաղաղութի՛ւնը։ Ան կը պահանջէ եւ կը պարտադրէ բարեգործութիւնը եւ եղբայրասիրութիւնը, խրատը, ան, որ բարեացակամ է, առիթ կու տայ փոխադարձութեան, միշտ կը մնայ անշահախնդիր եւ առատաձեռն։ Ան բարեկամութիւն է եւ հաղորդութի՛ւն։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Լրումը մեր բոլոր գործերուն, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն. անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք»։

Թէ ի՞նչ է «խաղաղութիւն»ը։

«Խաղաղութիւն»ը՝ տառացիօրէն հանդարտութիւն է. հանգիստ, անդորրութիւն, հաշտութիւն, եւ այս իմաստով՝ խռովութեան, կռիւներու, անհամաձայնութիւններու, հակառակութիւններու բացակայութի՛ւն։ Բայց նիւթապաշտ, եսասէր, շահախնդիր, նեղութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ իրականացնել խաղաղութիւնը ո՞րքան կարելի է. ահաւասիկ խնդրական է ասիկա եւ բուն հարցն ալ արդէն այս կէտին վրայ կը ծանրանայ եւ կը կեդրոնանայ։

Բարոյական կեանքի մէջ անհրաժեշտ է բայց խաղաղութիւնը։ Խաղաղ միջավայրի մէջ է, որ մարդ կրնայ երջանիկ ըլլալ՝ հասնիլ իր նպատակին, ապրիլ իր կոչումին համաձայն, վայելել կեանքի բոլոր բարիքները եւ հեռու մնալ ամէն չարիքէ, որոնք անպակաս են աշխարհի վրայ։

Արդարեւ, երբ մարդ միշտ կը փնտռէ խաղաղութիւնը, բայց կ՚ուզէ միշտ խաղաղութեան մէջ ապրիլ, բայց նաեւ ետ չի մնար խռովութիւններ, անհամաձայնութիւններ եւ կռիւներ ստեղծելէ. ահաւասիկ, մարդկային բնաւորութեան անհասկնալի, անբացատրելի հակասութիւններէն, տարօրինակ հոգեվիճակներէն մի՛ն։ Մարդ ի՛նչ կ՚ուզէ եւ ի՛նչ կ՚ընէ, մարդ անորոշութեան ծովին մէջ կը յանձնուի ալիքներուն եւ կամ ջուրերու յորձանքին, կը տատանի, անգիտակցաբար կը գործէ յաճախ՝ մոռնալով իր կեանքի բուն նպատակը, տարուելով ալիքներու կամ ջուրերու յորձանքին ահռելի եւ անդիմադրելի ազդեցութենէ։ Խաղաղութի՞ւն թէ կռիւ։ Կարծեմ մարդ էակին ամենամեծ հարցերէն մին է ասիկա, որուն ընտրութեան մէջ կը դժուարանայ ան, հակառակ, որ միշտ կ՚ուզէ ապրիլ խաղաղութեան մէջ՝ անվտանգ եւ ապահով…։

Եւ մարդ իրապէս «անծանօթ» մըն է ո՛չ միայն իր նմաններուն, այլ նոյնինքն ինքն իրեն։

Պարագան նոյնն է նաեւ սիրոյ եւ ատելութեան պարագային. երբ կայ քաղցր սէրը, հապա մարդ ինչո՞ւ յաճախ կ՚ընտրէ ատելութիւնը, որ վնասակար է թէ՛ իր մարմնին եւ հոգիին, եւ թէ իր մերձաւորներուն եւ իր շուրջիններուն։ Ատելութիւն եւ նախանձ ուտիճ մանր «ճճի»ներ են՝ որոնք կը փճացնեն մարդուն թէ՛ մարմինը եւ թէ հոգին։ Բայց մարդիկ, դժբախտաբար կը շարունակեն խռովութիւնը եւ կռիւը ընտրել, եւ սիրոյ տեղ ատելութեամբ վարուիլ, նախանձով լեցուիլ իրենց շուրջիններուն նկատմամբ։ Եւ «մարդ»ը հասկնալ երբեմն իրապէս անկարելի է այս պայմաններուն մէջ։

Երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), եւ Իր վերջին կտակով պատուէրներ կու տայ մարդոց, որպէսզի Իրմով «խաղաղութիւն» ունենան, այս պարագան է, որ կը մատնանշէ…։

Ուստի, մարդ երբ պիտի կռուի, պիտի պայքարի, ասիկա պէտք է ըլլայ «չար»ին դէմ, եւ ո՛չ թէ իր նմաններուն հետ։ Մարդ պէտք է ատէ միայն չարը, ատելութիւնը եւ մարդ եթէ պիտի մրցակցի, ասիկա ո՛չ թէ ուրիշներու հետ, այլ իր «Ես»ին հետ պէտք է ըլլայ։ Եւ մարդ եթէ պիտի նախանձի, ասիկա պէտք է ըլլայ խաղաղութեան մէջ սիրով լեցուն երջանիկ կեանքի մը համար։

«Ներքին խաղաղութիւն»ը՝ հոգեւոր խաղաղութիւնը անհրաժե՛շտ է ընկերային խաղաղութեան համար, քանի որ ընկերութեան մը մէջ, անհատներու ներքին խաղաղութիւնն է, որ կը ստեղծէ աշխարհի խաղաղութիւնը. եւ եթէ ընկերութեան մը մէջ անհատներէն մէկուն մէջ իսկ կը պակսի ներքին-հոգեւոր խաղաղութիւնը, ասիկա կ՚ազդէ ընդհանուրին խաղաղութեան վրայ եւ ամբողջ ընկերութիւնը կը կորսնցնէ իր ամբողջական խաղաղութիւնը։ Անհատին խաղաղութիւնը կախում ունի իր նմանին խաղաղութենէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020