ԳՈՐԾ ԵՒ Ո՛Չ ԽՕՍՔ

«Res. no verba». գործ եւ ո՛չ խօսք։ Կան մարդիկ, որոնք շատ կը խօսին, բայց ոչինչ կ՚ըսեն, կան ալ մարդիկ՝ որոնք կը խօսին, բայց ոչինչ կ՚ընեն։ Արդարեւ, խօսքը ինքնին արժէք մը չ՚ունենար եթէ գործի չվերածուի, եւ կամ ինչ օգուտ կ՚ունենայ այն խօսքը՝ որուն մէջ մարդ կը խեղդուի եւ ոչ մէկ բան կը հասկնայ կամ կը սորվի։

Ուրեմն, հարցը երկար կամ կարճ, աղուոր կամ գէշ խօսիլը չէ, այլ՝ օգտակար եւ շինիչ խօսիլն է։ Ոմանք կը խօսին, պարզապէս ապացուցանելու համար, թէ «շատ բան գիտեն», ոմանք ալ կը խօսին, պարզապէս «խօսած ըլլալու համար». ի՞նչ կ՚ըսեն, ինչո՞ւ կը խօսին յայտնի չ՚ըլլար։ Եւ ամէն խօսք պէտք է գործով, կենդանի տիպարով վաւերացուի։ Զոր օրինակ, դասատուն կ՚ըսէ աշակերտին.- Աշխատէ՛, կարդա՛… բայց ինք ծոյլ կը գտնուի, կարդալէ չ՚ախորժիր…։ Ուրիշ օրինակ մը. որքա՞ն վստահելի կ՚ըլլայ մարդու մը յանձնարարութիւնը երբ կը պատուիրէ չծխել, բայց խօսած ատեն մատներուն մէջ ծխելու պատրաստ գլանիկ մը ունի… ո՜վ կը հաւատայ անոր…։ Ուստի մարդ երբ կը խօսի, պէտք է նախ ի՛նք հաւատայ իր խօսածին եւ իր օրինակով ցոյց տայ անոր ստուգութիւնը։

Երբեմն ալ կան մարդիկ, որոնք չեն խօսիր, բայց լռութիւնն ալ իր կարգին «խօսել»ու կերպ մըն է, եւ լռելով ալ մարդ կրնայ շատ բան ըսել քան երկար երկար խօսող մը…։

Փորձառութիւնը այն ցոյց կու տայ, թէ մարդ երկու պարագայի կը դժուարանայ խօսիլ սկսելու. նախ՝ երբ մարդ ըսելիք ոչինչ ունի չի կրնար խօսիլ, շատ ալ բնական է ասիկա՝ «ջրամբար»ը պարապ է, ո՞ւրկէ, ինչպէ՞ս ջուր տայ։ Յետոյ, մարդ խօսքի սկսելու մէջ պահ մը կը դժուարանայ, երբ ըսելիք շա՜տ բան ունի, կը խորհի թէ ո՛ր մէկէն սկսի։ Բայց ուշադրութեամբ պէտք է ունկնդրել անոնք՝ որոնք ըսելիք շատ բան ունին, բաւ է որ ձանձրացուցիչ չըլլան իրենց խօսքերը։ Արդարեւ, «քիչ»ը միշտ աւելի հրապուրիչ կ՚ըլլայ եւ ախորժելի, քանի որ մարդուս հետաքրքրութիւնը աւելի կը շարժէ քան «առատ»ը, այսինքն՝ շա՛տը։

Ոսկին աւելի թանկագին է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ քիչ կը գտնուի քան ուրիշ մետաղներ։ Յայտնի են առածները. «Եթէ խօսքը արծաթ է, լռութիւնն ալ՝ ոսկի՛», «Լուռ կեցիր որ քեզ իմաստուն կարծեն», եւ նման առածներ միշտ կը գովաբանեն «սակաւախօսութիւն»ը եւ աւելի իմաստուն կը նկատեն սակաւախօս մարդիկը։

Արդարեւ, տեղին եւ ժամանակին խօսիլն ալ արուեստ մըն է, եւ թէ նուրբ արուեստ մը։

Երբ հարցը խօսքի մասին է, ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ անդրադարձած էինք, խօսքի ատեն գաղափար յայտնել, եւ կամ որեւէ նիւթի մը մասնագէտը երբ կը խօսի՝ միջամտել, քննադատել կամ գովաբանել։ Ուրեմն հարցումը սա է.- առանց գոնէ նախնական տեղեկութիւն մը ունենալու, կարելի՞ է նիւթի մը մասին անձնական գաղափար յայտնել։ Անշուշտ խօսքը բարձր աստիճանի գիտութիւն ունենալու մասին չէ՛. բայց գոնէ մակերեսային գիտութիւն մը պէտք չէ՞ գաղափար մը յղանալու եւ յղացումը արտայայտելու համար։

Կան մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին հազիւ մէկ կամ երկու անգամ եկեղեցի յաճախած են, եւ ան ալ պարտադրաբար, եւ կ՚ելլեն կը քննադատեն Եկեղեցին, հոգեւորականը եւ աւելին՝ կը փորձեն կառավարել Եկեղեցին, հրահանգներ տալ հոգեւորականներուն։ Խօսք, դուն ո՛րչափ զօրաւոր ես որ մեզ ուրկէ՜ ո՛ւր բերիր…

Մենք դառնանք մեր բուն նիւթին. խօսքին արժէքին։

Խօսքը, արդարեւ, պէտք է ըլլայ բնական եւ դիւրահասկնալի։ Որքան որ կարելի է պահել խօսակցութեան նիւթին յարմար բառերը։ Խօսքը վստահելի եւ հաւատալի կ՚ըլլայ, երբ ան կը պատշաճի իրականութիւններուն հետ։ Սուտը, խեղաթիւրուած ճշմարտութիւնները խօսիլ երբեք վստահութիւն չեն ներշնչեր եւ հեռո՛ւ են հաւատալի ըլլալէ. այդպիսի խօսք մը պոռոտախօսութենէ մը աւելին չ՚արժեր։ Անուանի հեղինակ մը՝ Րիչըրտ Հէրիս, թերավարժ երիտասարդ փաստաբաններուն կու տայ կարգ մը առողջ խորհուրդներ. «Կամաց, վստահ եւ հակիրճ, լաւ նշանաբան մըն է։ Երկար ներածում մը տաղտկալի եւ աւելորդ է, եւ կրկնութեան տեղի կու տայ։ Ուրիշ ոչ մէկ տեղ այնքան կարեւոր են համառօտութիւն, նիւթին արագ մօտեցում, ուղղակի՛ մեթոտով խօսիլ, եւ նպատակակէտի պարզութիւն, որքան ատենաբանութեան յառաջաբանին մէջ…»։

Մարդ մը՝ որ տան մը սենեակները գիտէ, հաւանաբար անծանօթ չէ նաեւ տան մուտքի դրան։ Ուրեմն, իբրեւ կանոն, խօսքի մը սկիզբը եթէ չի թելադրեր ինքզինք ամբողջ խօսակցութեան մը, հաւանաբար կարելի է խորհիլ, թէ անոր պէտք չկայ։ Աւելի պատեհ է ուղղակի՛ նիւթին վրայ սկսիլ խօսիլ։ Օրէնք մը չկայ որ ամէն խօսակցութիւն «ներմուտք» մը՝ ներածութիւն մը ունենայ, ինչպէս օրէնք մը չկայ պարտադրելու որ ամէն գիրք նախաբան մը ունենայ։ Արդարեւ խօսքի յանկարծակի, մէկէն սկսիլ հմայք մը կը ստեղծէ ունկնդրողին վրայ եւ խորապէս կը տպաւորէ զայն։

Խօսակցութեան ատեն ունկնդրողն ալ մասնակից ընել կերպով մը, խօսքին շահեկանութիւնը կ՚աւելցնէ։

Եւ դարձեալ կրկնենք, խօսողը իր խօսքին նախ ի՛նք պէտք է հաւատայ, ապա թէ ոչ, խօսքը անհաւատալի կ՚ըլլայ եւ արդէն կը կորսնցնէ իր հմայքը եւ շահեկանութիւնը։ Մարդ խօսելու է այն՝ որ ի պահանջել հարկին պատրաստ ըլլայ գործադրել խօսքը։ Ուստի հաւատալի է այն խօսքը, որ գործադրելի է եւ կը պատշաճի իրականութեան։ Խօսողը պէտք է «բարի օրինակ», «կենդանի օրինակ» հանդիսանայ իր խօսածներուն. ուղիղ լեզուով մը որ չի կրնար դատապարտուիլ։

Եւ վերջապէս, «խօսելու» համար պէտք է շարունակ կարդալ, շրջահայեաց ըլլալ, քանի որ «խօսք»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յորդած գիտութիւն եւ միտք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 3 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022