ՀԻՒԱՆԴԻ ՀՈԳԵՎԻՃԱԿ - Ա. -
Թէեւ շատերու հաճելի պիտի չըլլայ, բայց այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներու ներկայացնել հիւանդի մը իրական կեանքէ առնուած ապրումները՝ քաղուած օտար մամուլէ մը։ Հիւանդի հոգեվիճակը կը տեսնենք այս գրութեան մէջ եւ թէ աղօթքի զօրութիւնը՝ որ կարելի է բժշկել ամէն հիւանդութիւն։
«Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ՚ըլլանք Անո՛վ, որ մեզ սիրեց». (ՀՌՈՎՄ. Ը 37)։
*
Բժիշկները ինծի ըսին, թէ քաղցկեղէ վարակուած եմ եւ պիտի մեռնիմ։ Լաւ կը յիշեմ բժիշկին արտասանած բառերը գործողութենէս ետք։ Հիւանդանոցի սենեակիս մէջ կայնած եւ ձեռքիս մէջ ունեցած բժշկական թուղթերս աչքէ անցընելով, ապա՝ լրջօրէն ուղղակի աչքերուս նայելով ըսաւ.- Պրն. Անտըրսըն, վագրը վանդակէն դուրս ելած է…
Քաղցկեղը որ առաջ սահմանափակուած էր թոքերուդ մէջ, հիմա անցած է աւշային դրութեանդ։ Հիւանդներուն 98 առ հարիւրը, որոնք քու վիճակէդ կ՚անցնին, չեն վերապրիր։
Միայն անոնք որոնք այսպիսի շանթահարիչ խօսքեր լսած են, կրնան ըմբռնել եւ կշռել այսպիսի արտայայտութիւններու ծանրութիւնը եւ թէ որքա՛ն կրնան քու աշխարհդ տակնուվրայ ընել։ Մինչ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ եւ կը տեսնեմ, թէ այդ խօսքերը ինչպէս իմ կեանքս յեղաշրջեցին ու ես այսօր ողջ եմ։
1984-ի դեկտեմբերի օր մըն էր, երբ բժիշկը ինծի միայն երեսուն օր տուաւ ապրելու…։
Որեւէ ճար չկար ինծի համար։ Ինծի եղած հրահանգը այս էր. տունս երթալ, գործերս եւ հաշիւներս կարգի դնել եւ ապա սպասել… մեռնելո՛ւ։
Զգացական լուրջ տագնապներէ անցայ, ինչպէս ոեւէ մէկը պիտի անցնէր։ Յանցանք, մերժում, բարկութիւն, ընդվզում - մեծաւ մասամբ ընդվզում։
Տուն գալէս օր մը վերջ, բազկաթոռիս վրայ նստած՝ որպէս թէ դրամատան հաշիւներս եւ կտակս աչքէ պիտի անցընէի, անկարելիութիւն եղաւ։ Նապակները եւ թուանշանները իրար անցած էին։ Աստուծոյ դէմ այնքան դառնացած էի, որ չէի կրնար ուղիղ տեսնել։ Ինչպէ՞ս թող կու տար, որ մեռնէի։ Երիտասարդ էի, երիտասարդ կին մը ունէի եւ երկու տարեկան աղջնակ մը։
Աստուա՛ծ իմ, վերցո՛ւր այս քաղցկեղը եւ բժշկէ զիս, եղաւ հրամայական ոճս։
Մինչ ճարահատ նստած էի, տեսայ պզտիկ Էրիքաս, որ գետինը նստած իր խաղալիքները հաւաքելով զբաղած էր։ Միայն զինք դիտելը անսահման ցաւ կը պատճառէր ինծի։ «Ո՜վ Աստուած» աղաղակեցի, «շատ պիտի սիրէի զինք, մինչ ան հասակ կ՚առնէր»։
Որպէս պատասխան արեւու շող մը նշմարեցի, որ կը ճառագայթէր ապակիէն ներս եւ Էրիքայիս շէկ գլուխը կը ցոլար։ Այդ վայրկեանին երեք բառեր լսելի եղան ինծի.- Այսօր սիրէ Էրիքան։ Այս բառերուն ուժգնութիւնը ցնցեց զիս։
Շատ զբաղ անձ մըն էի կարեւոր գործով մը (կը կառավարէի եկեղեցիի բարգաւաճման յանձնախումբը) եւ շատ լա՛ւ կը կատարէի զայն։ Կը հաւատայի, որ Աստուած մեզ այս աշխարհի վրայ դրած է, որպէսզի բան մը ի գործ դնենք Իրեն համար։ Այստեղէն կու գար ինքնարժեւորումս։ Եկեղեցիիս վերաբերեալ ժամերս եւ ընտանիքիս հետ ըլլալու պահերս դասաւորած էի, ինչպէս միւս բոլոր գործերս։
Ինչո՞ւ այդ երեք բառերը զիս ցնցած էին։
Մինչ այդ, ուրիշ գաղափար մըն ալ մտքիս մէջ փայլատակեց։ Բժիշկները կ՚ըսեն, թէ իմ վիճակս ունեցողներուն 98 առ հարիւրը կը մեռնին։ Հետեւաբար 2 առ հարիւրը կ՚ապրին։ Եթէ ես կարենայի գտնել այդ 2 առ հարիւր հաշուող վերապրողներէն մի քանին, որոնք «մեծամասնութեան» սահմաններէն դուրս ձգուած են, կրնայի անոնցմէ օգտուիլ, թէ ինչպէ՞ս յաջողած են եւ ապրելու գաղտնիքը գտած։
Յաջորդ առաւօտ գացի գրասենեակս, -Եկեղեցիի Առաջնորդներուն Հիմնարկը։ Պաշտօնակիցներս լրջութեամբ շուրջս հաւաքուեցան։
-Որեւէ բան մը կրնա՞նք ընել, հարց տուաւ գործակիցներէն մէկը։
-Այո՛, կրնաս, պատասխանեցի.- Չե՛մ յուսահատած, ես կը փնտռեմ անձեր, որոնք վերապրած են, մինչ անոնք մեռնելու էին։
-Ուրեմն շատ պիտի փափաքիս խօսակցիլ Մէյրի Տօրէմըսի հետ, ըսաւ գործակիցս՝ Մարճին։ - Ան սքանչելի բարելաւում արձանագրեց։
- Պիտի շարունակուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 11, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025