ՍԻՐՏԸ ԼՈԿ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆ Է
Մարդկային կեանքը տատանում մըն է զգացումներու՝ ուրախութեան ու տխրութեան, յաղթանակի ու պարտութեան, յոյսի եւ հիասթափութեան միջեւ եւ այդ զգացումներու վրայ կը ձեւաւորուին մեր օրերը, մեր ընտրութիւններն ու կեանքի ուղին. իւրաքանչիւր զգացում մարդը կը տանի տարբեր ուղղութեամբ՝ նոյնիսկ շատ անգամ առանց մեր գիտակցութեան եւ կամքին: Մարդկային կեանք մը ամբողջ այդ զգացումները հաւասարակշռելու մէջ կ՚անցնի, որովհետեւ մարդ կ՚ուզէ յաղթել, սակայն միւս կողմէ պարտութեան վախը կը խեղդէ զինք, կ՚ուզէ յուսալ, սակայն յուսահատութեան ծանրութիւնը անտանելի կը թուի եւ այդ երկուութեան մէջ անդուլ պայքար մը կը վերածուի մարդկային կեանքի, փորձառութեան, յիշողութեան ու ապրումներու:
Այս տատանումը մարդկային կեանքին մէջ անհրաժեշտ է, որովհետեւ զինք միւս ստեղծագործութիւններէն զանազանողը բանականութեան կողքին մարդկային այդ զգացումներն են, որովհետեւ մարդ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ զգալ: Զգացումներու վերոյիշեալ տատանումներուն մէջ կը ձեւաւորուի մարդկային կեանքի պատմութիւնը՝ իր դրական ու ժխտական կողմերով: Սակայն մարդուն համար մի՛շտ ալ հարցական եղած է զգացումներու ինչութիւնը. եւս բաժի՞ն են մարդկային ճակատագիր ըսուածին։ Փորձենք վերլուծել: Զգացումներու հիմքն ու կեդրոնը կը կազմէ մարդկային ուղեղը, որ զգացումներու ճարտարապետը կը հանդիսանայ. ուղեղը ծնունդ կու տայ զգացումին ու հրապարակ կը հանէ զայն, սակայն, ուրիշներ կը հաւատան, որ զգացումներու մէջ ուղեղի կողքին եւ գուցէ շատ աւելի դեր ունի նաեւ մարդկային սիրտը։ Մենք կը հաւատանք, որ զգացումները փոխազդեցութիւն են սիրտին եւ ուղեղին միջեւ, սակայն, գիտութիւնը կու գայ փաստելու եւ հաստատելու, որ իրականութեան մէջ զգացումները, ինչպէս՝ յիշողութիւնը, կարօտը, ցաւն ու միւս երեւոյթները, մարդկային ուղեղի մէջ կը ձեւաւորուին. սիրտը պարզապէս խորհրդանշական ներկայութիւն մըն է այստեղ, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ կը սիրենք սիրտով. կարօտը անգամ կը նկատենք սիրտի ցաւ եւ հետեւաբար այն ինչ որ զգացումի հետ կապ ունի, սիրտով զգալ ու ապրիլ կը կարծենք: Սակայն, զգացումները եւս տեղ մը աղերս ունին սիրտին հետ. օրինակ՝ իւրաքանչիւր զգացում ու ապրում իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ սիրտի զարկերուն վրայ եւ այս մէկը արդիւնքն է ուղեղին եւ մարմնի այլ անդամներուն:
Իրականութեան մէջ սիրտը օրկան մըն է՝ ինչպէս մարդկային մարմնի մէջ տեղ գտնող միւս օրկանները. ո՛չ սէրը, ո՛չ ալ միւս ապրումները սիրտին մէջ տեղի կ՚ունենան։ Ուղեղն է, որ կը կարգաւորէ ամէն զգացում, յուզում ու մտածում. սէրը ծնունդ կ՚առնէ ուղեղին մէջ. կարօտի զգացումը, կապուածութիւնը մարդուն ուղեղին մէջ տեղի կ՚ունենան եւ ո՛չ սիրտին. սէրը ուղեղին մէջ ծնունդ առնելով որոշ ազդանշաններ կը ղրկէ մարմնին, մարդու սիրտը կը սկսի աւելի արագ բաբախել, կուրծքը կը սեղմուի եւ այս ապրումներն են, որ սէրը կը կապեն սիրտին հետ։ Այսօր սիրահար զոյգեր զիրար սիրտեր կը նուիրեն, պարզապէս այդ զգացումներուն արտայայտութիւնը եղող ապրումները արտայայտելու համար, սակայն, իրականութեան մէջ սէրը ուղեղին մէջ է: Մարդկային միտքը ունի զանազան մասեր եւ պաշտօններ, այդ իսկ պատճառով ուղեղը չէր կրնար սիրոյ խորհրդանիշ ըլլալ, սակայն սիրտը՝ որ մարդկային մարմնի կեդրոնը կը կազմէ, լաւագոյն խորհրդանիշն է սիրոյ աներեւոյթ զգացումը յայտնելու, լաւապէս գիտակցելով, որ մենք երեւոյթները կը տեսնենք եւ ո՛չ նոյնինքն ապրումը իր էութեան մէջ:
Այս իրողութիւնը ծնունդ կու տայ այլ հարցի մը. եթէ սէրը ծնունդն է ուղեղին, ապա ինչո՞ւ համար պայքարի մէջ են սիրտն ու ուղեղը. տրամաբանականօրէն պէտք չէ՞ պայքար մը ըլլայ սիրտին եւ ուղեղին միջեւ. պատասխանը պարզ է. սիրտի եւ ուղեղի պայքարը իրականութեան մէջ պայքարն է ցանկութեան եւ տրամաբանութեան, որոնց երկուքն ալ ուղեղին մէջ տեղի կ՚ունենան։ Մենք տրամաբանութիւնը կը կապենք ուղեղին, իսկ ցանկութիւնը՝ սիրտին եւ անոնց միջեւ լարուածութիւն մը կը տեսնենք. ուղեղը իր տրամաբանութեամբ կը քննէ իր իսկ ծնունդը եղող զգացումները եւ կը գնահատէ անոնց հետեւանքները։ Միւս կողմէ ծնունդ կ՚առնէ կիրքն ու ցանկութիւնը, որ ի հակառակ տրամաբանութեան, խոր վերլուծութիւն չի կատարեր. այդ ցանկութիւնն է, որ կ՚ուզէ, իսկ տրամաբանութիւնն է, որ որոշ սահմաններ կը գծէ. առաջինը կարճ հեռանկար մը կ՚ունենայ, իսկ երկրորդը՝ աւելի երկար:
Այս հաշուով կրնանք եզրակացնել, որ Աստուածային ստեղծագործութեան ամենէն անլուծելին եւ սքանչելին մարդկային ուղեղն է, որ մէկէ աւելի զգացումներ ու ապրումներ միաժամանակ կրնայ արտացոլացնել՝ ներքին վերլուծութեամբ յաճախ պայքարելով իր իսկ ծնունդ տուած զգացումներուն եւ ապրումներուն հետ։ Այսօր «սէր»ը, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր ապրումները կարելի է կեղծել, սակայն, երբեք չունենալ կատարեալ արտայայտութիւն, որովհետեւ այն ինչ որ մարդու ուղեղին մէջ է, իր էութիւնը կը կազմեն. հո՛ն միատեղ կ՚ապրին լաւն ու վատը, ուրախն ու տխուրը եւ ըստ ուժի եւ յաղթանակի, կ՚առաջնորդեն մարդկային կեանքը։ Երանելի՜ է ան, որ կրցած է վերջ տալ սիրտին եւ ուղեղին, ինչպէս նաեւ ուղեղին ու սիրտին մէջ տեղի ունեցած պայքարին, ինչ որ դիւրին ըլլալ կը թուի, սակայն դժուար ու կնճռոտ է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մենք ուրախութիւնը կը տեսնե՞նք, թէ երեւոյթն է, որ կը տեսնենք:
Պատասխան. Ծիծաղն ու խնդուքը յաճախ կը դիտուին որպէս երջանկութեան եւ ուրախութեան տեսանելի նշան, սակայն, իրականութեան մէջ անոնք արձագանգն են ուրախութեան պատճառած յուզական վիճակին: Ծիծաղը ուրախութիւնը չէ, այլ ուրախութեան ֆիզիքական դրսեւորումն է: Իրականութեան մէջ աւելի խոր ապրում մըն է երջանկութիւնը, որ միշտ կարելի չէ արտայայտել արտաքին ձեւերով: Մարդ կրնայ երջանկութիւն եւ գոհունակութիւն զգալ նաեւ առանց ծիծաղելու, որովհետեւ երջանկութիւնը արտաքինէ աւելի ներքին իրավիճակ մըն է: Ծիծաղը երջանկութեան եւ ուրախութեան արտայայտութեան ձեւ կրնայ ըլլալ, սակայն, երջանկութիւնը աւելի խոր ու հարուստ ապրում մըն է՝ քան ծիծաղիլը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025