ՏԱՐԱԿՈՅՍ ԵՒ ՎԱՐԱՆՈՒՄ

Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, ստոյգ բան չկայ, քանի որ բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան բոլոր գաղտնիքներուն տիրանալ կարելի չէ սահմանափակ միտքերու համար։ Բնութեան գիտութիւնը անսահման է՝ լայնատարած հորիզոն մը՝ որուն ո՛չ միայն հասնիլ, այլ մօտենալ իսկ կարելի չէ։ Հորիզոն մըն է գիտութիւնը՝ որ մարդ որքան փորձէ մօտենալ, ան ա՛լ աւելի կը հեռանայ եւ կը մնայ միշտ «գաղտնի՛ք»։

Այս ուղղութեամբ, շատ բնական է մարդուս համար տարակուսիլ եւ վարանիլ։

Հաւատքի հարցին մէջ ալ, տարակոյսը եւ վարանումը, առաջին ակնարկով բնական է, եւ հետզհետէ կը փարատի, երբ հաւատքը վերածուի հաստատ համոզումի մը։ Ուստի հաւատքը, մարդուս մէջ կ՚աճի, կը զարգանայ, կը հաստատուի՝ մինչեւ որ փարատի ամէն տարակոյս եւ վարանում։ Արդարեւ, մարդիկ երբ նոր են հաւատքի կեանքի մէջ, կ՚ունենան տարակոյսի եւ վարանումի շրջան մը։ Եւ ուրեմն, հաւատքը վարժութիւն պահանջող, կրթութեան կարօտող զգացում մըն է։ Մարդ, որքան վարժութիւն ձեռք բերէ, կրթուի, եւ աճի հաւատքի կեանքի մէջ, այնքան կը հեռանայ տարակոյսներէ եւ վարանումներէ։

Մարդ հաւատքի մէջ հետզհետէ խորանալով՝ կը տեսնէ, թէ Աստուած երբեք չի՛ պահանջեր մարդոցմէ հաւատալ՝ առանց տալու բաւական ստոյգ ապացոյց՝ որպէսզի իբր հիմ ծառայէ անոնց հաւատքին։

Իր էութիւնը՝ գոյութիւնը, Իր նկարագիրը, Իր Խօսքին ճշմարտութիւնը, Իր ճշմարտախօսութիւնը, Իր վստահելիութիւնը՝ բոլորը հաստատուած են վկայութիւններով՝ որոնք կոչ կ՚ընեն մարդուն բանականութեան։

Պատմութիւնը լեցուն է այդ վկայութիւններով։ Զոր օրինակ, Պօղոս Առաքեալ եւ Ս. Օգոստինոս այս օրինակներէն միայն երկուքն են, թէ անհաւատ մը ի՛նչպէս հետըզ-հետէ կը վարժուի, կը կրթուի հաւատքի մէջ՝ կ՚աճի հաւատքը անոր մէջ եւ կը դառնայ «տիպար» եւ կատարեալ հաւատացեալի։

Ուստի, կարելի է վիճիլ այն հարցին շուրջ, թէ՝ հաւատքը ընդոծին, կամ բնազդային զգացում մըն է, թէ ստացական եւ հետզհետէ աճող, զարգացող զգացում մը։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ հաւատքը բնածին է, կա՛յ մարդուս մէջ եւ կը յայտնուի, բայց կան նաեւ մտածողներ, որոնք հաւատքի զգացումը կ՚ընդունին որպէս ստացական զգացում։

Անշուշտ մեր սահմանափակ կարելիութիւններով չենք կրնար ըսել, թէ ա՛յս կամ ա՛յն ճիշդ է, բայց պատմութեան ներկայացուցած վկայութիւնները ցոյց կու տան, թէ՝ բնածին կամ ստացական, հաւատքը հետըզ-հետէ աճող, հետզհետէ զարգացող եւ տակաւ հաստատուող զգացում մըն է, որ մարդուս թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին ընթացք եւ ուղղութիւն կու տայ, եւ մարդ ըստ այնմ կը շարժի, ըստ այնմ կ՚որոշէ իր ամբողջ ապրելակերպը։

Այո՛, Աստուած մարդ էակէն չի պահանջեր հաւատալ առանց բաւական ապացոյցի, այսուհանդերձ, Ան երբեք վերցուցած չէ տարակոյսի կարելիութիւնը մարդուս միտքէն։ Եւ ասիկա բնական է, քանի որ մարդ բանական, խորհող, որոշող եւ ըստ այնմ գործող եւ շարժող էակ մըն է, ինչ որ կը յայտնուի «ազատ կամք»ի վարդապետութեան մէջ։

Քանի որ մարդ միտքով օժտուած է՝ խորհելու, դատելու եւ որոշելու կարողութիւն ունի, ապա ուրեմն ասոր բնական հետեւանքն է՝ տարակոյսը, վարանումը։ Մարդ կը խորհի, կը դատէ եւ որոշում մը կու տայ, այդ որոշումը կրնայ ճիշդ եւ շիտակ ըլլալ, կրնայ նաեւ սխա՛լ ըլլալ։ Եւ քանի որ ուղիղ կամ սխալ, որոշում տալու կարողութիւնը ունի մարդ, ինչ որ «ազատ կամք» կ՚ենթադրէ, ապա ուրեմն դատողութիւնը ենթակայական է եւ պատասխանատո՛ւ է իր որոշումէն եւ գործադրութենէն ամէն «ազատ կամք»ի տէր անձ։

Թերեւս «հաստատ հաւատք»ի գաղափարին հետ չհամաձայնեցնեն ոմանք, բայց տարակուսիլը եւ վարանիլը իրաւո՛ւնք մըն է մարդուն, որ բնական հետեւանքն է իր բանականութեան եւ անոր արդիւնքին՝ «ազատ կամք»ին։

Հոս կարելի է խորհիլ, թէ «ազատ կամք»ի վարդապետութիւնը, արդեօք մարդս իր սխալներուն մէջ արդարացնելու միջո՞ց մըն է։

Բայց եթէ մարդ բանականութիւն եւ ազատ կամք ունի, ուրեմն կարողութիւն ունի իր սխալին անդրադառնալու, սխալը ընդունելու եւ սրբագրե՛լու զայն։ Ուրեմն, «ազատ կամք»ը միայն սխալ գործելու համար չէ՛, այլ նաեւ՝ սրբագրելու համար ալ գոր-ծըւած սխալը։

Մարդ կը շարժի ըստ իր բանականութեան։

Անշուշտ բանականութիւնը հակակշռող, անոր չափ ու սահման որոշող կանոններ եւ բնական օրէնքներ գոյութիւն ունին, բայց դարձեալ, անոնց համակերպիլ կամ ո՛չ մարդուս ազատ կամքէն կախում ունի՝ որուն անմիջապէս կը յաջորդէ պատասխանատուութիւնը, որով ազատ կամքով շարժող եւ գործող իւրաքանչիւր անձ կը պարտաւորուի հատուցանել իր սխալին ստեղծած վնասները՝ իր պատասխանատուութեան աստիճանին համեմատ։ Արդարեւ, ո՛չ մէկէ կարելի է պահանջել հատուցում մը՝ որ իր պատասխանատուութեան սահմաններէն դուրս կը գտնուի։

Ահաւասիկ, ա՛յս է իրաւունքի եւ պարտաւորութեան ներդաշնակութիւնը կամ համաձայնութիւնը մարդկային ամբողջ կեանքէն ներս։

Ուստի, հաւատքը պէ՛տք է հիմնուի ըս-տոյգ ապացոյցներու վրայ, եւ ո՛չ թէ՝ ցուցական եւ ձեւական բաներու։ Անոնք որ կ՚ուզեն տարակուսիլ, պատեհութիւնը պիտի ունենան տարակուսելու. մինչդեռ անոնք որ իրապէ՛ս կը ցանկան ճշմարտութիւնը գիտնալ, ճշմարտութեան հասնի՛լ, արդէն պիտի գտնեն բաւական ստուգութիւններ, որոնց վրայ կարենան հաստատել իրենց հաւատքը։

Սահմանափակ միտքերու համար անհը-նա՛ր է կատարելապէս ըմբռնել Անհունին նկարագիրը եւ կամ գործերը։ Ամենասուր մտքին, ամենէն գերազանց զարգացում ունեցող իմացականութեան, ամէն լրջախոհ իմաստասէրի յաւէ՜տ «խորհուրդ» պիտի մնայ այդ սուրբ եւ գերագոյն Էակը։ Արդարեւ Յոբ կ՚ըսէ.

«Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս գտնել։ Ամենակարողը կրնա՞ս կատարելապէս իմանալ։ Անիկա բա՛րձր է երկինքին պէս. ի՞նչ կրնաս ըսել, ի՞նչ կրնար ընել. դժոխքէն խորունկ է, ի՞նչ կրնաս գիտնալ», (ՅՈԲ. ԺԱ 7-8)։

Մարդ, երբ իրապէս եւ անկեղծօրէն հաւատալ ուզէ, բնութեան մէջ բաւական փաստեր եւ ապացոյցներ երբեք չե՛ն պակսիր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 27, 2017, Իսթանպուլ    

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018