ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

«Ո՜վ բոլոր ծարաւցածներ ջուրերուն եկէք». (ԵՍ. ԾԵ 1)։ Աստուածատուր օրհնութիւն մըն է ջուրը, մանաւանդ ծարաւցած մարդու մը համար։ Այն շրջանները ուր ակ կամ աղբիւր չկայ, մարդիկ հոր կը փորեն, ջուր ունենալու համար։ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ շատ անգամներ յիշուած է ջուրը՝ որպէս Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ շնորհը։ Ուստի կը յիշուին «աղբիւր»ներ եւ ջրհորներ։

Արդարեւ, ջուրը անհրաժեշտ եւ կենսական է մարդ արարածին, ինչպէս նաեւ բոլոր ապրողներու՝ կենդանական աշխարհին եւ բուսականութեան գոյատեւման համար։ Առանց ջուրի ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կրնայ ապրիլ եւ աճիլ։ Կեանքը ջուրով կը սկսի, եւ մէկ խօսքով՝ ջուրը կեա՛նք է։

Այս իմաստով, Յիսուս է կեանքի ջուրի աղբիւրը, որմէ ո՛վ որ խմէ յաւիտեան պիտի չծարաւի։ Եւ այս խօսքերը ըսաւ Յիսուս, սամարացի կնոջ մը՝ որ կէսօր ատեն ջուր քաշելու եկած էր հորէն։ Թէեւ Յիսուս շատ յոգնած եւ ծարաւի էր այդ օրը, բայց այս «վատահամբաւ» կինը տեսաւ, մոռցաւ Իր անձնական պէտքը եւ ուզեց անոր օգնել։ Ուստի, Ինք, հակառակ հանրային կարծիքին եւ հրէական օրէնքին, նախաքայլը առաւ, ջուր խնդրելով անկէ։

Սամարացի կինը զարմացաւ։ Ան զարմացաւ, թէ ինչպէ՛ս հրեայ մարդ մը կը համարձակէր ջուր ուզել իրմէ։ Սակայն Յիսուս այս արարքով անոր հետաքրքրութիւնը շարժեց, վստահութիւնը շահեցաւ եւ «Կենաց Ջուր» ունենալու փափաքը արթնցուց անոր մէջ։

Երբ կինը տատամսեցաւ, վարանեցաւ իրեն ջուր տալու, Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը, եւ թէ ո՛վ է ան որ քեզի կ՚ըսէ.- ինծի ջուր տուր խմելու, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ Ինք քեզի Կենդանի Ջուր պիտի տար». (ՅՈՎՀ. Դ 1-30)։

Սիրելի՜ բարեկամներ, ահաւասի՛կ հոս է «Կենդանի Ջուր» ունենալու խորհուրդը՝ գաղտնիքը։

Ուստի պէտք է նախ գիտակցինք Աստուծոյ շնորհքին, որ այս պարագային Սուրբ Հոգին է յաւիտենական խաղաղութեան եւ երջանկութեան ակը եւ աղբիւրը։ Եւ պէտք է ճանչնանք՝ անձնապէս ծանօթանանք եւ ընդունինք պարգեւատուն՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ ամենայն խոնարհութեամբ  Իրմէ խնդրենք «Կենդանի Ջուր»ը։ Սամարացի կինը զարմացած էր, թէ ինչպէ՞ս այս օտարականը խորունկ հորէն ջուր պիտի կարենայ քաշել առանց ջրհանի։ Սիրելիներ, սամարացի կինը վար՝ հորին խորունկութեան կը նայէր, բայց եթէ աչերը վե՛ր բարձրացնէր, պիտի տեսնէր «Կենդանի Ջուր»ի տուիչը։ Ճշմարտութիւնը վե՛րն է, վարը ոչինչ կարելի է գտնել, որովհետեւ վարը միշտ կը սխալեցնէ մեզ, կեանք ունենալու «Կենդանի Ջուր»էն օգտուելու համար պէտք է մի՛շտ վեր նայինք. հո՛ն է փրկութիւնը, հո՛ն է օրհնութիւնը։

Եւ մարդ արարածը հակամէտ է ջրհորէն ջուր քաշելու, որովհետեւ իրեն համար ջուրը վարն է՝ խորունկը։

Մարդ, սովորաբար, կը նախընտրէ գործով եւ աշխատանքով յագեցնել իր ծարաւը, անտեսելով այդ «Կենդանի Ջուր»ը՝ որ աղբիւրէն կը բխի եւ ձրի է, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք է, մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով». (ՀՌՈՄ. Զ 23)։ Մարդ երբ կը խմէ ջուրը, դարձեալ կը ծարաւնայ, բայց երբ խմէ այն «Կենդանի Ջուր»էն, երբեք չի ծարաւնար այլեւս։

Ահաւասիկ, այս մտադրութեամբ Յիսուս կը բացատրէ սամարացի կնոջ, թէ Ինք երկրային ջուրին չ՚ակնարկեր, այլ՝ երկնայինի՛ն։ Այն ջուրը որ կը խմենք կարճատեւ, ժամանակաւոր յագեցում կու տայ, ինչպէս աշխարհի հաճոյքները, վայելքները, որոնք խաբուսիկ են։ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ այս «հոգեկան ծարաւ»ը գլխաւորաբար յառաջ կու գայ աշխարհասիրութենէն. այդ պատճառով կը յորդորէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ո՛չ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է… մարմնի եւ աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքի ամբարտաւանութիւնը, որ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն» եւ որուն իշխանը սատանան է. (Ա ՅՈՎՀ. Բ 16)։

Մինչ Յիսուս կը խոստանայ. «Ով որ խմէ այն ջուրէն զոր ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի եւ ատիկա անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր պիտի ըլլայ, որ յաւիտենական կեանքի համար կը բխի». (ՅՈՎՀ. Դ 13-14)։

Արդարեւ, «ջուր»ը ուժ մըն է. հոգեւոր կեանքի մէջ ե՛ւ ֆիզիքական աշխարհի վրայ։ Ուժը՝ ո՛ւժ է, զոր նոյն աղբիւրը կը հայթայթէ ամէն տեղ եւ ամէն ատեն, բաղդատաբար՝ երբեմն տկար, բայց հոգեւոր կեանքի մէջ շատ զօրաւո՛ր։ Եւ այս առումով՝ մարդը եւ ջուրը գործակիցներ են, որպէսզի ուժի մթերք մը կարենան օգտագործել շինարար ե՛ւ բարերար նպատակի մը համար։

Այս պարագային՝ իր պարզութեան մէջ որքա՜ն գեղեցկութիւն եւ խելք կայ «ջրամբարձ անիւ»ի մը մէջ։ Կարծես անիմանալի խորհուրդ մը ունի իր պարզ երեւոյթին մէջ աղբիւրը եւ ջրամբարձ անիւը։

Բնութի՞ւնը պէտք է օրհնել, թէ մարդը, կամ թէ՝ բնութեան եւ մարդուն միակ Ստեղծիչը՝ որ երկուքը իրարու հետ հաշտեցուցեր, բարեկամացուցեր է՝ մէկտեղ Աստուծոյ ծրագիրներուն իրականացման ե՛ւ իրագործման ծառայելու երկրիս վրայ։ Ուստի ամբողջ տիեզերքը Աստուծոյ կը պատկանի, ուրեմն ե՛ւ երկիրը՝ եւ այն բոլոր ուժերը որոնք բնութեան ծոցին մէջ պահուած են։ «Երկինք եւ երկիր Աստուծոյ փառքը կը պատմեն». մարդո՞ւն է մնացեր այդ փառքը սեփականացնել եւ սոնքալ ամբարտաւանօրէն, իբր թէ ինք եղած է աստուած մը։ Մարդ այն ատեն կը ճանչնայ ինքզինք, երբ Աստուած կը ճանչնայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 16 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2023