ՓԱԿՈՒՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Գ.- Պէտք է բոլոր կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն համար յստակ ըլլայ, որ որեւէ դպրոց պէտք է վեր մնայ կուսակցական ու ներքին ամէն տեսակի կռիւներէ ու բախումներէ. բոլորս ալ ընդունինք, թէ լաւապէս գիտենք, որ մեր կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն մէջ մի՛շտ գոյութիւն ունի անլուծելի ներքին կռիւ մը, որ առաւելաբար աթոռի կռիւ է եւ այդ կռիւը ամէն տեղ նոյն ազդեցութիւնը կ՚ունենայ։ Այսօր Ա. Խումբը իր ձեռքը կը բռնէ կուսակցութեան իշխանութիւնը. այս պարագային անոնց կատարած ամէն գործ, արարք ու առած ամէն որոշում ոչ-յարիր կը դիտուի Բ. խումբին կողմէ՝ դրական ինչիպիսի ազդեցութիւն ալ ունենայ: Բ. Խումբը ամէն ջան ի գործ կը դնէ քննադատելու Ա. Խումբին որոշումները, վարկաբեկելու նոյնիսկ եթէ սխալներուն կողքին կան նաեւ ճիշդերը. նման հարցերու թիրախ կը դառնայ նաեւ դպրոցը եւ տեղի-անտեղի կ՚երնթարկուի հալածանքի: Նոյնը կը պատահի երբ Բ. Խումբը ստանձնէ իշխանութիւնը. այս պարագային Ա. խումբը կը լրացնէ այդ պակասը: Պէտք է համոզուինք, որ դպրոց ու կուսակցութիւն ինչքան ալ փոխկապակցուած ըլլան, տարբեր մակարդակներու եւ առաքելութեան վրայ կը գտնուին։ Դաշնակցական եւ կամ Հնչակեան վարժարանին մէջ գտնուող մանուկ-պատանիները դաշնակցական կամ հնչակեան ըլլալու փոխարէն առաջին հերթին պէտք է որպէս հայ մեծնան. դպորցը պէտք է անոնց մէջ կուսակցական ըմբռնումներէ աւելի հայութիւն սերմանէ, որովհետեւ անոնց կատարեալ հայ ըլլալը կուսակցական ըլլալէն շատ աւելին պիտի արժէ։ Այսօրուան հայ պատանին ապագայի հայ ընտանիքին հիմքը պիտի դառնայ. այսօր հայերէն խօսող երիտասարդը իր ապագայ զաւակին եւս հայերէն լեզուն պիտի սորվեցնէ: Հետեւաբար դպրոցները ինչքան ալ կուսակցութիւններու իշխանութեան տակ գտնուին, նոյնիսկ կազմակերպութիւններու հսկողութեան տակ եղող վարժարանները պէտք է հեռու պահել ներքին անտեղի կռիւներէն:

Դ.- Դպրոցի մը ապագան ապահովելու համար պէտք է հեռու մնալ անձնական շահերէն. պէտք չէ՛ տնօրէնի եւ կամ ուսուցիչի պաշտօնի հրաւիրել անձեր, որոնք այս կամ այն բարեկամին ճամբով կը յաջողին պաշտօններ ստանձնել։ Դպրոցի մը ապագան ապահովելու լաւագոյն ձեւը ճի՛շդ անձը ճիշդ տեղը դնելն է: Օրինակի համար՝ այսօր կը տեսնենք, թէ այս կուսակցութիւնը կ՚ուզէ որպէս տնօրէն նշանակել իր կուսակցական ընկերներէն մէկը. նոյն կուսակցութեան հետեւիլը տնօրէն դառնալու չափանիշ չի կրնար ըլլալ։ Տնօրէնն ու ուսուցիչը գոյնով կարելի չէ չափել: Այսօր եթէ Սարգիսը լաւ հայերէն լեզուի մշակ մըն է, սակայն դպրոցի վարչութեան հետեւած կուսակցութեան անդամ չէ, այդ չի նշանակեր լաւ ուսուցիչ մը չէ եւ կը հաւատանք, որ լաւագոյն ուսուցիչը այն է, որ գոյնի մը չի հետեւիր: Որովհետեւ ուսուցիչին առաքելութիւնը աշակերտը դաստիարակել է եւ ոչ թէ կուսակցական դարձնել: Մեր դպրոցները ապագայ կուսակցականներ պէտք չէ պատրաստեն, այլ պէտք է ապագայ հայ ընտանիքին առողջ հայ անհատները դաստիարակեն, որովհետեւ միայն դաստիարակութեամբ կարելի է շարունակել ազգին գոյութիւնը: Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ լաւ ուսուցիչի չափանիշ մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ ուսուցիչն ու տնօրէնը կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան գլուխը գտնուողին բարեկամը եւ կամ ազգականն է: Անձնական շահերու սիրոյն կարելի չէ վտանգել դպրոցի ապագան:

Ե.- Այսօր կը տեսնենք, թէ կազմակերպութիւններ ու կուսակցութիւններ իրենց դպրոցները պահելու համար որոշ դժգոհութիւններ կը բարձրացնեն, նիւթական դժուարութիւններու մասին կը խօսին, սակայն, անտեղի միջոցառումի մը համար մեծ գումարներ կը ծախսեն: Օրինակ առնենք վերջին տասնեամեակին բացուած հայկական թանգարանները. մենք ալ կը հաւատանք, որ թանգարանները կարեւոր արժէք կը ներկայացնեն, սակայն, եթէ դպրոցը նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր, ինչո՞ւ համար գումար յատկացնել թանգարանի համար։ Հաւատացէք, որ թանգարանը ապագայ սերունդ չի կրնար պատրաստել, սակայն դպրոցը կրնայ։ Դպորցի մը համար կատարուած ներդրումը շատ աւելի դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ քան այլ ներդրումներ: Այսօր կը տեսնենք, թէ կը կառուցուին նոր ակումբներ, նոր շէնքներ ու հաստատութիւններ ծնունդ կ՚առնեն, անդին դպրոցը կը մնայ թշուառ վիճակի մէջ: Եթէ խօսինք նիւթականի մասին, ապա այլ ցաւալի երեւոյթ մըն են մեր մեծահարուստները։ Նախապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ խօսած էինք այն մասին, թէ ինչպէս որոշ հայեր մեծամեծ նուիրատուութիւններ կը կատարեն օտար հաստատութիւններու՝ մանաւանդ երբ այդ օտար հաստատութիւնները նիւթապէս ոչ մէկ օգտնութեան կարիք ունին. լաւապէս գիտենք, որ Յորդանանի միակ հայկական դպրոցը փակուեցաւ որոշ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով. ալ ի՞նչ իմաստ ունի այլ ծրագիրներու համար ծախսել մեծամեծ գումարներ, եթէ որոշ նուիրատուութեամբ մը կարելի չեղաւ պահել հայ դպրոցը:

Այս բոլորը անցեալին պատկանող հարցեր չեն. այս բոլորը կը կատարուին այսօր եւ պէտք է լաւապէս գիտակցիլ, որ այս ընթացքը առողջ ապագայ մը չի խոստանար մեր հայ ժողովուրդին համար։ Անցեալին իրարու ետեւէ կը բացուէին նոր դպրոցներ, սակայն անցնող տարիներուն նորակառոյց դպրոցի մը լուրը չկրցանք հաղորդել։ Նորերուն չբացուիլը սկսած էինք բնական տեսնել, սակայն վրայ հասաւ աւելին. հիները սկսան փակուիլ:

Այսօր կը գրենք այս յօդուածը, սակայն միւս կողմէ կը մտածենք, որ տասը տարի ետք արդէն իսկ մատի վրայ համրուողնե՞րն ալ պիտի փակուին։ Տասը տարի ետք պիտի ըլլա՞յ այս թերթը, պիտի ըլլա՞ն մեր դպրոցները… Ապագան աւելի քան երբեք անորոշ է:

•շար. 2 եւ վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ձուկը ինչպիսի՞ օգտակարութիւն ունի:

Պատասխան. Ձուկերը ունին բազմաթիւ օգուտներ. օրինակ՝ բարձրորակ սպիտակուց, օմեկա 3, ինչպէս նաեւ այլ կարեւոր ու հարուստ նիւթեր: Ձուկը օգտակար է սրտի առողջութեան համար. ձուկը կ՚օգնէ նուազեցնել բորբոքումները, կ՚իջեցնէ արեան ճնշումը: Ձուկները միսի հետ համեմատած աւելի նուազ ճարպ կը պարունակեն։ Հետեւաբար թէ՛ իր կենսանիւթերով եւ թէ նուազ ճարպով այլ սնունդներու հետ համեմատած ձուկը շատ աւելի օգտակար է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025