ՀԱՑԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԴԵՐԸ

«Հաց»ը իր ընդ­հա­նուր ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ այն՝ ի՛նչ որ անհ­րա­ժեշտ է մարդ­կա­յին մարմ­նա­ւոր-ֆի­զի­քա­կան կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար։

Այս ի­մաս­տով «հաց» ա­ռու­մը հա­մա­զօր եւ հա­մա­պա­տաս­խան է՝ կեան­քի եւ ը­սե­լու, թէ՝ ե­թէ հաց կայ, կա՛յ նաեւ կեանք եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ հոն ուր կեանք կայ, հոն ան­պայ­ման պա­հանջ­քը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ հա­ցին։ Եւ այս­պէս՝ «հաց» եւ «կեանք» որ­պէս ան­բա­ժան ար­ժէք­ներ «մարդ» էա­կին մարմ­նա­կան գո­յու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վեն եւ կը տե­ւա­կա­նաց­նեն։

Մարդ, «հա­ցի դրամ ճա­րե­լու հա­մար» կ՚աշ­խա­տի. այս կը նշա­նա­կէ՝ մարդ իր կեան­քը ա­պա­հո­վե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար կա­րե­լին կ՚ը­նէ, կ՚աշ­խա­տի։ Ար­դա­րեւ, «կեանք»ի հա­մար «հաց»ը անհ­րա­ժեշտ է։

«Հաց ու­տել» կը նշա­նա­կէ կեան­քը տե­ւա­կա­նաց­նել, զօ­րաց­նել, կեն­դա­նի պա­հել։ Ե­թէ հաց չկայ, կեանք ալ չկայ, կեանքն ալ կը կորսնց­նէ իր ի­մաս­տը եւ էու­թիւ­նը։ Եւ ու­րեմն, «կեանք» եւ «հաց» սեր­տօ­րէն եւ ան­բա­ժան կեր­պով կա­պուած են ի­րա­րու։ Եւ այս պատ­ճա­ռով՝ կեան­քի պայ­քա­րը հա­ցի կռի՛ւ մըն է մար­դուս հա­մար։

Երբ փոք­րիկ տղու մը հար­ցուի, թէ իր հայ­րը ի՞նչ գոր­ծով կը զբա­ղի կամ ամ­բողջ օ­րը ի՞նչ կ՚ը­նէ, ընդ­հան­րա­պէս կը պա­տաս­խա­նէ միա­մի­տօ­րէն՝ «հա­ցի դրամ կը շա­հի, հաց կը բա­րէ մե­զի»։ Տ­ղա­յա­կան ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ան­մե­ղու­թեամբ ճշմար­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է ա­սի­կա. հա­ցի հա­մար աշ­խա­տիլ, որ­պէս­զի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը կա­րե­նան ա­պա­հո­վել եւ շա­րու­նա­կել ի­րենց կեան­քը։ Եւ բո­լոր այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան հա­ցին անհ­րա­ժեշտ դե­րը կեան­քին հա­մար։ Ու­րեմն հա­ցը այն է՝ ի՛նչ որ պէտք է, անհ­րա­ժեշտ է կեան­քին հա­մար։

Բայց եւ ընդ­հան­րա­պէս «կեանք» ը­սե­լով, կը հասկ­ցուի երկ­րա­յին մարմ­նա­կան, տե­սա­նե­լի աշ­խար­հի վե­րա­բե­րեալ կեանք։ Ու­րիշ բա­ցատ­րու­թեամբ՝ մարդ­կա­յին մարմ­նի ամ­բողջ կեն­դա­նու­թիւ­նը, ողջ եւ ա­ռողջ ըլ­լա­լը։ Այս ի­մաս­տով, ե­թէ մար­մի­նը կեն­դա­նի է եւ ա­ռողջ, ա­պա ու­րեմն կեան­քը ա­պա­հո­վուած է։ Սա­կայն, ինչ­պէս ա­մէն ա­ռի­թով կը կրկնենք, մարդ միայն մար­մի­նէ չի բաղ­կա­նար, այլ՝ եւ նաեւ հո­գի է եւ միտք։ Մարդ կ՚ապ­րի, կեն­դան է երբ թէ՛ մար­մի­նը, թէ՛ հո­գին եւ թէ՛ միտ­քը ա­ռողջ է եւ կեն­դա­նի։ Տե­սէ՛ք, մա­հը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ մար­դուս ե­րեք գոր­ծու­նէու­թեան միան­գա­մայն եւ վերջ­նա­կան դա­դա­րու­մո­վը, այ­սինքն՝ շնչա­ռու­թեան, ա­րեան շրջա­նի եւ մտքի բո­լո­րո­վին ա­նաշ­խատ ըլ­լա­լո­վը։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ թո­քե­րուն, սրտին եւ ու­ղե­ղին միան­գա­մայն կորսնց­նե­լը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, աշ­խա­տան­քը։

Եւ այս գոր­ծու­նէու­թիւ­նը որ­քան բնա­խօ­սա­կան, բայց նաեւ հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են եւ այս ալ ցոյց կու տայ թէ՝ մարդ էա­կը միայն մարմ­նա­կան, բնա­խօ­սա­կան էակ մը չէ՛, ար­դէն երբ այդ­պէս ըլ­լար «մե­քե­նայ» մը կ՚ըլ­լար ա­նի­կա։ Բայց մարդ մե­քե­նայ չէ՛, եւ ո՛չ ոք կ՚ըն­դու­նի թէ «մե­քե­նայ» մըն է ինք, քա­նի որ ան մարդ է, անձ մըն է՝ ապ­րող, զգա­ցող եւ խոր­հող ան­հա՛տ մը։ Եւ մար­դը «անձ» ը­նողն ալ իր խոր­հե­լու եւ զգա­լու եւ ըստ այնմ շար­ժե­լու մաս­նա­յատ­կու­թիւնն է, զգա­լու եւ խոր­հե­լու եւ հա­կազ­դա­ցու­թիւն ցոյց տա­լու ձիր­քը կամ ըն­դու­նա­կու­թի՛ւ­նը։

Մար­դուս այս ըն­դո­ծին, բնա­կան յատ­կու­թիւ­նը կու գայ իր հո­գե­կան եւ մտա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած ըլ­լա­լու ա­ռա­ւե­լու­թե­նէն։ Ան­կեն­դան ի­րե­րը եւ մար­մին­նե­րը չու­նին այդ յատ­կու­թիւ­նը, ա­նոնք միայն «մար­մին» են, թէեւ ըստ տե­սա­կէ­տի մը, ա­նոնք ալ իւ­րա­յա­տուկ կեն­դա­նու­թիւն մը, չը­սե­լու հա­մար «հո­գի», բայց մղիչ զօ­րու­թիւն մը ու­նին, բայց ընդ­հան­րա­պէս «կեն­դա­նի» չեն հա­մա­րուիր, քա­նի որ հո­գիէ եւ միտ­քէ զուրկ են։

Ան­կեն­դան ի­րե­րը «հաց»ի պա­հանջ­քը չու­նին։

«Հաց»ի պա­հանջ­քը ու­նին միայն կեն­դա­նի էակ­նե­րը՝ ի­րենց ապ­րող, կեն­դա­նի մար­մի­նը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու, սնու­ցա­նե­լու, զօ­րաց­նե­լու հա­մար։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս կէ­տին, մարդ պա­հանջ­քը ու­նի նաեւ «բա­րո­յա­կան հա­ցի»՝ ինչ որ կը նշա­նա­կէ «հո­գե­ւոր հաց»ի՝ պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար իր հո­գին։ Այս կէ­տին մար­դը, բո­լո­րո­վին կը տար­բե­րի բո­լոր միւս կեն­դա­նի եւ ան­կեն­դան էակ­նե­րէն, ա­րա­րած­նե­րէն՝ ի­րե­րէն եւ ա­նա­սուն­նե­րէն։

Ի­րե­րը՝ ո­րոնք ո՛չ հո­գի եւ ոչ ալ միտք ու­նին, ան­շուշտ որ հա­ցի ալ պէտ­քը չու­նին։ Իսկ ա­նա­սուն­նե­րը, ան­բան կեն­դա­նի էակ­նե­րը թէեւ ի­րենց յա­տուկ «հո­գի» մը ու­նին, որ մարդ­կա­յին հո­գիին չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, բայց միտք չու­նին, բա­նա­կա­նու­թիւն չու­նին, խոր­հե­լու յատ­կու­թիւն չու­նի՛ն։

Ու­րեմն, թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ՛ բա­րո­յա­կան հա­ցին միայն մար­դը պէտ­քը ու­նի՝ ա­նոր հարկ է նաեւ ու­նե­նալ «հո­գե­ւոր հաց»ը։

«Հո­գե­ւոր հաց»ի, հո­գե­ւոր կեան­քի պահ­պան­ման եւ տե­ւա­կա­նաց­ման հա­մար պէտք ե­ղած «հաց»ի մա­սին, Յի­սուս կու տայ պա­տաս­խա­նը, երբ կ՚ը­սէ. «Ես եմ կեան­քի հա­ցը։ Ան որ ին­ծի կու գայ՝ բնաւ պի­տի չա­նօ­թե­նայ, եւ ան որ ին­ծի կը հա­ւա­տայ՝ եր­բեք պի­տի չծա­րաւ­նայ» (ՅՈՎՀ. Զ 35)։­

Այս կէ­տէն վերջ, միա­սին կար­դանք եւ խորհր­դա­ծենք Յով­սէփ Ա­ւագ Քա­հա­նայ Յա­կո­բեա­նի «Ճշմար­տա­խօս Քրիս­տո­նեան» գիր­քէն՝ «Ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան հա­մար նիւ­թա­կան հա­ցի չափ անհ­րա­ժեշտ է նաեւ հո­գե­ւոր հա­ցը» հա­տուա­ծը, ուր հե­ղի­նա­կը կը վեր­լու­ծէ «հո­գե­ւոր հաց»ը՝ Ա­ւե­տա­րա­նի լոյ­սին տակ։

«Ես եմ կե­նաց հա­ցը, ով որ ին­ծի կու գայ՝ բնաւ պի­տի չա­նօ­թե­նայ եւ ան որ ին­ծի կը հա­ւա­տայ՝ եր­բեք պի­տի չծա­րաւ­նայ» (ՅՈՎՀ. Զ 35)։

­Մարդ­կա­յին մտա­ծո­ղու­թիւ­նը յա­ճախ կը սահ­մա­նա­փա­կուի միա՛յն աշ­խար­հիկ բա­նե­րով։ Յով­հան Ոս­կե­բե­րան Հայ­րա­պետ կ՚ը­սէ. «Մար­դը կառ­կած է երկ­րա­յին կեան­քի նիւ­թե­րուն»։ Ուս­տի մարդ հա­կա­մէտ է ա­ւե­լի՛ նիւ­թա­կա­նին։

Բնա­կան է, որ ա­ռանց հա­ցի կա­րե­լի չէ ապ­րիլ։

Հա­ցի խնդի­րը ար­տաք­նա­պէս կա­րե­ւոր է, սա­կայն այն­տեղ՝ ուր չկայ կտոր մը հաց եւ աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռով մար­դիկ աղ­տոտ՝ խո­նաւ եւ մութ սե­նեակ­նու մէջ կ՚ապ­րին, անմ­տու­թիւն պի­տի ըլ­լար այն­տեղ բարձր քա­ղա­քակր­թու­թեան, ա­րուես­տի եւ գի­տու­թեան զար­գաց­ման մա­սին խօ­սիլ։ Այս մա­սին հե­տաքրք­րա­կան է Գա­րե­գին Կա­թո­ղի­կոս Յով­սէ­փեան­ցի (1867-1952) հե­տե­ւեալ խօս­քե­րը. «Օ­րի­նա­կի հա­մար հա­ւա­քե­ցէք մար­դիկ ցուրտ, օ­դէ զուրկ նկուղ­նե­րու մէջ եւ նուա­գե­ցէք Պեթ­հո­վէ­նի Ին­նե­րորդ սէն­ֆո­նին կամ ցոյց տուէք ա­նոնց դա­սա­կան հան­ճա­րեղ նկա­րիչ­նե­րու եւ բա­նաս­տեղծ­նե­րու մե­ծա­գոյն գոր­ծե­րը, գոհ պի­տի ըլ­լաք, ե­թէ ա­նոնք ձե­զի դուրս չնե­տեն այն­տե­ղէն։ Ե­թէ մէ­կը կտոր մը հաց չու­նի, ա­նօ­թի է, հո­գուստ չու­նի եւ կը մսի, այն­տեղ ինչ­պէ՞ս կրնաս բարձր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, քա­ղա­քակր­թու­թեան եւ հո­գե­ւոր կեան­քի մա­սին խօ­սիլ»։

­Սա­կայն ա­սի­կա մէկ ե­րեսն է, քա­նի որ պարզ է, որ մեր ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան հա­մար նիւ­թա­կան հա­ցի չափ անհ­րա­ժեշտ է նաեւ հո­գե­ւոր հա­ցը։

Յի­սուս կը յի­շեց­նէ մե­զի, որ պէտք չէ՛ աշ­խա­տինք միայն նիւ­թա­կան սնուն­դի հա­մար, այլ այն հո­գե­ւոր սնուն­դի, որ կը մնայ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի մէջ։

Յի­սուս սո­վո­րա­կան հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ մը, մար­գա­րէ մը կամ վար­դա­պետ մը չէր։ Ան «Երկ­նա­ւոր Հաց»ն էր՝ Բեթ­լե­հէ­մի մէջ ծնած։ Եւ ո՜ր­քան գե­ղեց­կօ­րէն ամ­փո­փած է Ընդ­հա­նուր Ե­կե­ղե­ցիի հայ­րե­րէն Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բե­րան այս ճշմար­տու­թիւ­նը դա­րե՜ր ա­ռաջ, սա խօս­քե­րով.

 «Տէր Աս­տուած մեր… Քու երկ­նա­ւոր Հա­ցը՝ մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սը ու­ղար­կե­ցիր իբ­րեւ Փրկիչ, Կեանք եւ Բա­րիք բե­րող ու­տե­լիք ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­մար՝ սրբե­լու եւ օրհ­նե­լու մեզ…» (Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց)։­

Եւ 20-րդ դա­րու մեր շնոր­հա­լի հայ­րա­պետ­նե­րէն Գա­րե­գին Յով­սէ­փեան­ցը հրա­շա­լի՜ կեր­պով կը բա­ցատ­րէ եւ կը բնու­թագ­րէ հա­ցի խնդի­րը, երբ կ՚ը­սէ.-

«Բայց ճշմա­րիտ է նաեւ, որ մարդ­կու­թեան եր­ջան­կու­թիւ­նը միայն հա­ցէն, հարս­տու­թե­նէն կա­խուած չէ՛։

«Քի՞չ են հա­րուստ ե՛ւ դժբախտ մար­դիկ։

«Կան եւ հարս­տու­թեան թշուառ զո­հեր…։

«Հա­ցի խնդի­րը սուրբ է ա­ղօթ­քի մաս կազ­մող մաք­րու­թեամբ, բայց ո՛չ ու­րիշ­նե­րու ա­րեան գնով։ Ի՛նչ որ կը կա­մե­նանք, որ մար­դիկ ձե­զի ը­նեն, ը­րէ՛ք եւ դուք ա­նոնց…։ Ապ­րէ՛, թող ու­րիշ­ներն ալ ապ­րին։ Չե՞ս ու­զեր որ ա­նօ­թի մնաս, դուն, կինդ, զա­ւակ­ներդ, մի՛ ստեղ­ծեր ու­րի­շի հա­մար այդ­պի­սի վի­ճակ։ Չե՞ս փա­փա­քիր աղ­տո­տու­թեան մէջ կոր­սուիլ աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռով, ցնցո­տի­նե­րով տես­նել կինդ, ե­րա­խա­ներդ, մի՛ աշ­խա­տիր այդ­պի­սի դրու­թիւն ստեղ­ծել ու­րիշ­նե­րու հա­մար։ Ո՜հ, ի՛նչ կո­րուս­տա­բեր կ՚ըլ­լայ եր­բեմն հաց ձեռք բե­րե­լու սխալ ճա­նա­պար­հը՝ հա­զա­րա­ւոր կեան­քե­րու կո­րուստ, նիւ­թա­կա­ն, մշա­կու­թա­յին, բարձր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ոչն­չա­ցում, ինչ­պէս հա­ցի ա­նու­նով կե­ղե­քում­ներն են եւ կամ պա­տե­րազմ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս…»։ (Գա­րե­գին Արք. Յով­սէ­փեանց, «Դէ­պի Լոյս եւ Կեանք», 1994)։

­Կեան­քի մէջ եր­կու տե­սակ ա­նօ­թու­թիւն կայ՝ ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­կան։

Նիւ­թա­կան ու­տե­լի­քը կը կշտաց­նէ մեր ֆի­զի­քա­կան ա­նօ­թու­թիւ­նը, բայց չի գո­հաց­ներ մեր հո­գե­կան ապ­րում­նե­րը։

Յոյն պատ­միչ­նե­րէն Պլի­նոս, շատ ճիշդ կեր­պով կը վեր­լու­ծէ մար­դոց այս հո­գե­վի­ճա­կը։ Ան կը վկա­յէ, թէ Հռո­մէա­կան կայս­րու­թիւ­նը, Ք. Յ. 60-ա­կան թուա­կան­նե­րուն կ՚ապ­րէր իր փա­ռա­ւո­րա­գոյն շրջա­նը։ Հռո­մէա­ցի­նե­րը, ծան­րա­ցած մարմ­նով, հեշ­տօ­րէն կը գո­հաց­նէին ի­րենց ֆի­զի­քա­կան կա­րիք­նե­րը, սա­կայն այդ ճո­խու­թեան եւ շռայ­լու­թեան մէջ կեան­քի հան­դէպ դժգո­հու­թիւ­նը ու­րուա­կա­նի մը պէս կը հե­տապն­դէր զի­րենք։ Եւ այդ ա­նոնց ու­նե­ցած հո­գե­կան պա­րա­պու­թիւնն էր, որ ա­նոնք ի զուր կը փոր­ձէին լեց­նել բո­լո­րո­վին աշ­խար­հիկ վա­յելք­նե­րով։

Ուս­տի երբ հա­յեացք մը նե­տել փոր­ձենք մեր ապ­րած ներ­կայ դա­րաշր­ջա­նի վրայ, պի­տի տես­նենք, որ դժբախ­տա­բար ա­մէ­նու­րեք կը գտնուի գրե­թէ նոյն հո­գե­վի­ճա­կը, շա­տե­րու մօտ կը նկա­տուի նոյն մտա­ծու­թիւ­նը եւ շա­տեր նոյն հո­գե­վի­ճա­կին մէջ՝ անն­պա­տակ հո­սանք­նե­րէ կը տա­րուին, ինչ­պէս որ էր՝ Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան ժա­մա­նակ ժո­ղո­վուր­դին ընդ­հա­նուր մտա­ծո­ղու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, այ­սօր, քսան­մէ­կե­րորդ դա­րը գե­րա­զան­ցած է բո­լոր նա­խորդ դա­րե­րու ճո­խու­թիւնն ու փար­թա­մու­թիւ­նը, ա­ռա­տու­թիւ­նը։ Մար­դիկ դրա­մով լե­ցու­ցած ի­րենց գրպան­նե­րը կը վա­զեն երկ­րա­յին վա­յելք­նե­րու եւ հա­ճոյք­նե­րու ե­տե­ւէն։

Ուս­տի, ա­նոնք դրա­մը կը հա­մա­րեն ի­րենց կեան­քի գլխա­ւոր նպա­տա­կը եւ դժբախ­տա­բար կը դառ­նան ի­րենց վաստ­կած նիւ­թի գե­րին։

Մեր Տէ­րը Վեր­ջին Ընթ­րի­քի ժա­մա­նակ հաս­տա­տեց Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան Խոր­հուր­դը, վեր­ցուց, օրհ­նեց, կտրեց եւ տուաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ը­սե­լով. «Այս է իմ մար­մի­նը, որ շա­տե­րու հա­մար տրուած է. այս ա­ռէ՛ք իմ յի­շա­տա­կի հա­մար. եւ բա­ժա­կով գի­նին ալ օրհ­նեց եւ ը­սաւ.- Այս բա­ժա­կը Նոր Ուխ­տի է իմ ա­րիւ­նով՝ ձե­զի հա­մար թա­փուած» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 19-20)։

«Չենք ապ­րիր ու­տե­լու հա­մար, այլ կ՚ու­տենք ապ­րե­լու հա­մար»։ Երբ Յի­սուս քա­ռա­սուն օ­րեր ա­նա­պա­տին մէջ ա­պաշ­խա­րու­թեամբ ան­ցուց եւ չկե­րաւ ու չխմեց, սա­տա­նան ու­զեց փոր­ձել զայն. «Ե­թէ Աս­տու­ծոյ Որ­դի ես, այդ քա­րին ը­սէ, որ հաց ըլ­լայ»։ Յի­սուս պա­տաս­խա­նեց. «Գրուած է՝ միայն հա­ցով չ՚ապ­րիր մարդ, այլ Աս­տու­ծոյ ա­մէն խօս­քով» (ՂՈՒԿ. Դ 3-4)։ Յի­սուս մեզ կը յոր­դո­րէ, որ լսենք Իր ձայ­նը. «Ջա­նա­ցէ՛ք ա­պա­հո­վե­լու այն կե­րա­կու­րը որ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի մէջ կը մնայ։ Այդ կե­րա­կու­րը Մար­դու Որ­դին պի­տի տայ ձե­զի» (ՅՈՎՀ. Զ 27)։­

Ե­կէք, լսենք մեր Տի­րոջ ձայ­նը եւ մօ­տե­նանք Իր Կեն­դա­նի Հա­ցին ու ճա­շա­կենք ան­կէ, որ­պէս­զի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք ու­նե­նանք։

Եւ այս խօս­քե­րով կը վեր­ջա­նայ հա­տուա­ծը։

Ու­րեմն լսենք եւ գոր­ծադ­րենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 8, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017