ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԵՍՏ ԿԵԱՆՔԸ

«Երկիրը եւ ամէն անոր մէջինները Աստուծոյ կը պատկանին», կ՚ըսէ Մարգարէն։ Քահանայ մը՝ որ ունի միայն համեստ կեանք մը ապրելու միջոցները, կը վայելէ առանց նեղութեան եւ հոգերու, բնութեան բոլոր գործերը իրենց բոլոր շքեղութեամբ եւ քաղցրութեամբ եւ աւելի բարձր աստիճանով մը, քան ուղղակի այդ հոգերու տէրերը։

Աստուծոյ սքանչելի՜ ստեղծագործութիւնը ամէնուն ժառանգութիւնն է, եւ ոչ ոք այնքան ուժգնօրէն կը գնահատէ զայն, որքան անիկա՝ որ «գիտութեան պարգեւ»ով Աստուած կը տեսնէ ամէն բանի մէջ եւ Աստուծոյ մէջ ամէն բան։ Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ փառքը ամէն կողմ կը յայտնուի։ Ամէն բան իրենցմէ է։ Այս սքանչելի՜ խօսքը իր մէջ կը բովանդակէ ամբողջ աստուածային յայտնութիւնը եւ մարդկային վերածնունդը։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, քահանան իր կեանքը կը սկսի խորանին վրայ, որու խորհուրդները կը նշմարէ քօղի մը մէջէն անշուշտ, բայց հոն կը գտնուի աստուածային ներկայութեան մը ճառագայթումին մէջ եւ շրջապատուած երկնային արքունիքով։

Աչքը միշտ այս հաւատքի սքանչելի՜ խորհուրդներուն վրայ սեւեռած պահելու վարժութիւնը, իր մէջ երկրորդ բնութիւն մը կը ստեղծէ։ Անտեսանելի աշխարհը տեւաբար իր աչքին առջեւն է։ Անոր քաղցրութիւնը, գեղեցկութիւնը, բոյրը քահանան կը զգայ ներքին զգայութեամբ մը, զոր շնորհքը կազմած է իր մէջ։

Առաւօտեան պատարագէն խունկը եւ երեկոյեան օրհնութիւնը, զոր կը ստանայ իր աստուածային հիւրէն, երկրաւոր բոյր մը չէ, այլ կը բարձրանայ յաւիտենական բլուրներէ, երկնային խորաններէ։

Քահանայ մը՝ որուն սիրտը լեցուած է այս թշուառ աշխարհով, յաճախ պիտի ըլլայ առանց կորովի եւ ուրախութեան. մինչ քահանայ մը՝ որուն սիրտը լեցուն է յաւիտենական աշխարհով, միշտ լեցուած պիտի ըլլայ լո՛յսով, խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ։

«Տէրը խաղաղութիւն մը պիտի տայ քեզի որ ոչինչով պիտի խանգարուի եւ պիտի լեցնէ հոգիչ իր պայծառութեամբ…». Մարգարէին ձեռքով Աստուծոյ տուած խոստումը կ՚իրագործուի քահանային մէջ՝ նոյնիսկ այս աշխարհի միշտ խռովեալ փոթորիկին մէջ՝ արտաքնապէս թաղուած մշուշի մէջ։ Այս կերպով քահանային հոգին պիտի շողայ լոյսի աշխարհին ճաճանչով։

Ուստի, քահանան պիտի ըլլայ «ջրուած պարտէզի մը նման». պարտէզ մը՝ ուր ամէն ինչ կանոնաւոր, ամէն ինչ բարի, ամէն ինչ գեղեցիկ է, որ զարդարուած է ինքնին Աստուծմէ եւ ջրուած մշտաբուխ ակերէ. «Եւ դուն պիտի ըլլաս որպէս աղբիւր մը որ երբեք չի ցամքիր». (ԵՍ. ԾԸ 2)։ Եւ քահանան պիտի ստանայ միայն, կազդուրիչ ջուրերը որոնք կը ցայտին «կեանքի աղբիւր»էն, որ ինքնին Աստուա՛ծ է, այլ ինքն ալ պիտի ըլլայ «մշտացայտ աղբիւր» մը՝ որ պիտի չհոսի միայն իրեն համար, այլ պիտի տարածէ իր չորս բոլորը իր արգասաբեր հոսանքները՝ լոյսի, սիրոյ, արդարութեան, մխիթարութեան եւ փրկութեան հեղեղներ. որովհետեւ քահանայութեան խորհրդական շնորհքը եւ Սուրբ Հոգիին եօթ պարգեւները ամէնուրեք կ՚ընկերանան մեր բոլոր կարիքներուն, մեր բոլոր պայքարներուն մէջ որպէս. «հոսուն ջուրի աղբիւր՝ յաւիտենական կեանքի համար». (ՅՈՎՀ. Դ 14)։

Ասիկա պիտի բաւէ ամենաեռանդուն քահանան վարձատրելու՝ որ իր ամբողջ կեանքը մաշեցուցած է «ընտրեալ»ներու փրկութեան համար։

Քահանային վարձատրութիւնը կը գտնուի «երջանկութեան» մէջ։ Եւ այս երջանկութիւնը կ՚առթեն քահանային իր հօտը կազմող հաւատացեալ հոգիները։

Քահանային համար «սէր»ը կը կայանայ՝ իր հօտը յանուն Քրիստոսի «սիրել»ուն մէջ։ Քրիստոս մեռաւ մարդոց համար եւ յանուն հոգիներուն՝ որոնք կոչուած են ժառանգելու յաւիտենական կեանքը եւ անոնք իր հոգեւոր զաւակներն են Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Եւ այս «սէր»էն բխած փոխադարձ արարքներն են, քահանային կողմէ նուիրել հօտին իր աշխատանքը, ժամանակը, ուժերը, յաջողութիւնները, առողջութիւնը եւ եթէ հարկ ըլլայ մինչեւ իսկ իր կեա՛նքը։ Իսկ հօտին կողմէ ընել ի՛նչ որ կը թելադրէ «որդիական սէր»ը, նուիրումը եւ հնազանդութիւնը։

Երբ քահանան՝ հովիւը եւ հօտը միացած են այսպէս, այն ատեն կ՚իրականանան։ «Աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, քան երբ կը լսեմ, որ իմ որդիներս ճշմարտութեամբ կ՚ընթանան», Յովհաննէս Աւետարանիչի խօսքերը. (Յովհաննէս առաքեալ) (Գ ՅՈՎՀ. 4)։

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից յիշատակի տօնը եղբայրական սիրով կը շնորհաւորեմ բոլոր քահանայ եղբայրներուս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 10 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023