ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ Է

Պարսկաստանը Հայաստանին կապող Նորտուզի սահմանն եմ: Սահման մը՝ որ քաղաքակրթութեան, ապրելաձեւի եւ կենցաղի երկու հսկայական լեռներու միջեւ անդունդի դեր կը կատարէ: 10-20 մեթր տարբերութիւն եւ չափազանց մեծ տարբերութիւն մը: 

Առանց խնդիրի կը հատեմ պարսկական սահմանը. յարգալիր վերաբերում՝ ոստիկաններու պատկանող վայել լրջութիւն մը թէ՛ քաղաքացիներուն եւ թէ՛ օտարերկրացիներուն հանդէպ: Մի քանի քայլ եւ արդէն իսկ հայրենիքի մէջ եմ: Գրականասէր անձ մը ինչքա՜ն հաճոյախօսութեամբ գուցէ վէպի մը մէջ նկարագրէր մայր հողին առթած հոգեկան յուզումներն ու ապրումները: Գուցէ Արշակ թագաւորի նման իր ոտքերուն տակ զգար հայրենի հողին տուած զօրութիւնը, սակայն երբեք ալ այդպէս չեղաւ:

Մի քանի հոգիով մօտեցանք երկու հայ ոստիկաններու. հերթի պատճառով պէտք էր սպասել: Մօտաւորապէս քսան վայրկեան սպասելէ ետք ոստիկաններէն մին հետեւեալ ոճով դիմեց մեր դէմ հերթ սպասող հայ քաղաքացիի մը.

- Հըլը արի՛ ստեղ:

Քաղաքացին հլու հնազանդ մօտեցաւ ոստիկանին. մանրազնին քաղաքացիին անձնագիրը ստուգելէ ետք առանց անոր նայելու շարունակեց.

- Հըլը էս ճէպիններդ հանի դի՛ր էստեղ:

Նոյն ընթացքին միւս ոստիկանը զբաղուած էր Հայաստան մուտք գործած պարսիկ քաղաքացիի ճամպրուկը դատարկելով: Անտրամաբանական խուզարկութիւն մը ո՛չ միայն այդ քաղաքացիին հանդէպ՝ այլ բոլորին:

Հերթը հասաւ ինծի. բարեբախտաբար ճամպրուկ չունէի, սակայն այդ մէկը բան չէր նշանակեր։ Նոյն անվայել ոճով ոստիկանը հրամայեց հանել բաճկոնս եւ դնել սեղանին վրայ՝ անկէ դուրս հանելով գրպաններուն մէջ բոլո՛ր գտնուածները:

Լռութեամբ ենթարկուեցայ: Ոստիկանը սկսաւ մարմնական խուզարկութիւն մը ընել գրեթէ ստուգելով բոլոր այն տեղերը՝ որ կարելի է: Ընթացքին հետս գտնուող ուղեւորներէն մին յայտնեց, թէ «ճամպրուկ չունինք», հետեւաբար խնդրեց քիչ մը աւելի արագ կատարել անցման գործողութիւնը։

- Ձեր վէշ չունենալը ո՛չ մի բան չի նշանակում...

Մարդ ինչքա՜ն պիտի ուզէր հայրենի հող մուտք գործելու զգացումները քիչ մը նման ըլլար Արշակ թագաւորինին... բայց դժբախտաբար:

***

Գրեթէ ամէն ազգ՝ մանաւանդ անոնք, որոնց պատմութիւնը մի՛շտ ալ լեցուն եղած է կռիւներով ու պատերազմներով, յատուկ սէր ու յարգանք կ՚ունենան եւ ունին իրենց ոստիկանութեանց եւ բանակին հանդէպ. շատ անգամ այդ յարգանքը աստուածացնելու չափ վառ վիճակ մը կրնայ ունենալ, որովհետեւ ունինք անոնց մատուցած ծառայութեան սրբազան գիտակցութիւնը, սակայն հակառակ այդ սրբազան յարգանքին, կայ ճշմարտութիւն մը. քաղաքացին աւելի բարձր է՝ քան ոստիկանը:

Միջին Արեւելքի մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է այն զգացումը, որ քաղաքացիները աւելի նուազ ու ձախ մակարդակի վրայ կը գտնուին՝ քան ոստիկանները, ինչ որ բռնատիրական երկիրներու յատուկ երեւոյթ կրնայ նկատուիլ: Պետական հաստատութիւններու, սահմագլուխներուն, ճանապարհի վրայ ծառայող ոստիկանները յաճախ կը մոռնան, որ իրենք կը սնանին ու կը գոյատեւեն քաղաքացիներու շնորհիւ եւ անոնց կատարած ոստիկանութեան երդման համաձայն երդուած են «անձնուիրաբար ծառայել»:

Աւելին, պէտք է գիտնալ, որ երկիրի մը վարչապետը, նախագահը կամ ղեկավարը աւելի բարձր չէ ժողովուրդէն, որովհետեւ ժողովուրդը ի՛նք կ՚ընտրէ իր ղեկավարը եւ տրամաբանութեան համաձայն պաշտօնի կոչողը չի՛ կրնար պաշտօնի կոչուողէն աւելի ցած ըլլալ: Մանաւանդ ժողովրդավարութեամբ ընտրող պետութիւն մը կոչուած է ո՛չ թէ տէրը՝ այլ ծառան դառնալու իր քաղաքացիներուն, որովհետեւ ղեկավարներն ու ոստիկանները յանձն կ՚առնեն կատարել:

Իրականութեան մէջ քաղաքացիներուն, ղեկավարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ ծառայի եւ կամ տէրի հոգեբանութիւնը ընդհանրապէս դատապարտելի է, որովհետեւ իւրաքանչիւր ղեկավար եւ ոստիկան տեղ մը ի՛նք եւս քաղաքացի է եւ հետեւաբար ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս է քան քաղաքացին:

Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ կամ Եւրոպայի մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս քաղաքացիներ կը վարկաբեկեն, կ՚անարգեն ոստիկանները, այն համոզումով որ անոնք ո՛չ թէ ծառայողներ այլ պաշտօնեաներ են՝ իրենց վճարած հարկերով ու տուրքերով սնուող:

Յաճախ սահմանագլուխին գտնուող ոստիկանները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ ո՛չ թէ քու սեփական Հայրենիքիդ, այլ իրենց հօր սեփական դաշտերուն վրայ ոտք կը դնես:

Մաղթեմ տեսնենք այն օրը, երբ քաղաքացին եւ ոստիկանը իրարու նկատմամբ ո՛չ թէ զիրար հակասող վախով եւ իշխանութեամբ, հրամայելու եւ ստրկանալու հոգեբանութեամբ, այլ փոխադարձ յարգանքով կատարեն իրենց ծառայութիւնը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -167-

Ղեկավարներու ինքնաշարժներուն շարասիւնը տեսնելով յաճախ հետեւեալ միտքը կ՚ունենամ. «Մարդ ղեկավար կ՚ընտէր, որպէսզի ղեկավարը իր ճամբան բանայ, սակայն վերջաւորութեան ի՛նք ղեկավարին ճամբան բանալով կը զբաղի»։ Նոյնն է վիճակը նաեւ հայրենիքի մէջ:

Մօտաւորապէս տարի մը առաջ խճողուած երթեւեկութեան ժամանակ տեսայ, թէ ինչպէս ոստիկանները իրենց ամբողջ ջանքը ի գործ կը դնեն ճամբան բանալու եւ ղեկավարին շուտով «տեղ հասցնել»ու համար: Ուզեցի չենթադրկուիլ ոստիկանութեան հրահանգներուն՝ այն մտածումով, որ այնպէս ինչպէս քաղաքացին, նոյնն ալ ղեկավարը պէտք է ապրի՝ որպէսզի զգայ այն բոլոր ապրումները, որոնք քաղաքացիներուն յատուկ են՝ այդպիսով աւելի առողջ որոշումներ կայացնելու ընդունակ ըլլալու ակնկալութեամբ: Չենթարկուեցայ եւ նոյն վայրկեանին ոստիկան մը ահաւոր ջղային դէմքով, գուցէ սպառնալիքով ձեռքով-ոտքով ճամբան բանալ հրամայեց... որ գուցէ նախարարը խճողումին մէջ չանհանգստանայ:

Պաշտօնի կը կոչես, որ ճամբադ բանայ, ամիս մը ետք դուն իր ճամբան բանալու կը սկսիս:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023