ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ մար­մի­նէ եւ հո­գիէ բաղ­կա­ցած ամ­բող­ջու­թիւն մը, էակ մըն է։ Մար­մի­նին ու հո­գիին մի­ջեւ կեն­սա­կան կապ մը կայ եւ ուս­տի ինչ տե­սակ թոյն կ՚ազ­դէ մար­մի­նին, եւ կ՚եղ­ծա­նէ, կ՚ա­պա­կա­նէ զայն, կ՚ազ­դէ նաեւ հո­գիին, ինչ­պէս ան­պայ­ման՝ մտքին, եւ կը տկա­րաց­նէ զա­նոնք, եւ կամ, բո­լո­րո­վին կը փճաց­նէ։ Ար­դա­րեւ կա՛ն ֆի­զի­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան թոյ­ներ։ Կան նաեւ թոյ­ներ՝ ո­րոնք մեր բնու­թեան մէջ կը ծնին ու կ՚ա­ճին եւ ի­րենց ա­ւե­րիչ դե­րը կը կա­տա­րեն։ Ինչ­պէս կը վկա­յէ Յի­սուս, միայն բեր­նէն մտա­ծը չէ՛ որ կը պղծէ, կը թու­նա­ւո­րէ, հա­պա՝ ի՛նչ որ բեր­նէն կ՚ել­լէ, այ­սինքն թէ՛ թոյ­նի աղ­բիւ­րը մար­դէն դուր­սը չէ ա­մէն ա­տեն, այլ յա­ճախ մար­դուն մէ՛ջն է։ 

Զոր օ­րի­նակ, ստա­խօս, չա­րա­խօս, բամ­բա­սող լե­զուն։ 

Լե­զուն սրտին ա­ւել­ցու­քը դուրս կու տայ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ ըն­տա­նի հին ա­ռա­ծը։ Ե­թէ մար­դուն սիր­տը՝ «թոյ­նի սրուակ» մը չըլ­լայ, լե­զուն ալ թոյ­նի մէջ չի թաթ­խուիր։ Ար­դա­րեւ հնդիկ­նե­րու ա­մե­նէն մա­հա­ցու զէնքն էր թու­նա­թա­թախ նե­տը։ Սա­կայն կրկնա­պէս մա­հա­ցո՛ւ է լե­զու մը՝ որ թաթ­խուած է ստու­թեան, կեղ­ծա­ւո­րու­թեան, ա­տե­լու­թեան եւ ան­ծէ­քի թոյ­նին մէջ։

«Նեն­գա­ւոր լե­զուով մարդ չա­րի­քի մէջ կ՚իյ­նայ», կ՚ը­սէ Ա­ռա­կաց Գիր­քը։ Ար­դա­րեւ նոյն Գիր­քը լե­ցուն է նման խօս­քե­րով, ո­րոնք թու­նա­լից լե­զուին դա­տա­պար­տիչ ո­րա­կում­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն։ «Տէ­րը կը զզուի ստա­խօս լե­զուէն… ստու­թիւն խօ­սող ա­նի­րաւ վկա­յէն, ու եղ­բայր­նե­րու մի­ջեւ կռիւ ցա­նող մար­դէն…»։­

Իսկ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ. «Բռնա­ւո­րին լե­զուն՝ չա­րու­թիւն­ներ կը հնա­րէ եւ սուր ա­ծե­լիի պէս նեն­գու­թիւն կը գոր­ծէ»։ Ի­մաս­տու­նը կը յայ­տա­րա­րէ, թէ մահն ու կեան­քը լե­զուին ձե՛ռքն են։ 

Ու­րեմն, ին­չո՞ւ հա­մար լե­զուն չի ծա­ռա­յեց­նենք կեան­քի ճո­խաց­ման, փո­խա­նակ չա­րի­քի, մեղ­քի, եւ մա­հուան գոր­ծիք ը­նե­լու։ Ին­չո՞ւ հա­մար ա­տենք զի­րեր, երբ կա՛յ սէ­րը, զի­րար սի­րե­լու ա­նո՜ւշ զգա­ցու­մը։ Ին­չո՞ւ հա­մար մենք ալ չի ձայ­նակ­ցինք Սաղ­մո­սեր­գուին, ը­սե­լով. «Իմ լե­զուս քու ար­դա­րու­թիւնդ պի­տի խօ­սի, եւ ա­մէն օր՝ քու գո­վու­թիւնդ պի­տի ար­տա­սա­նէ», եւ կամ «Իմ խօս­քերս քու խօս­քերդ պի­տի պատ­մեն»։ 

Ու­րեմն մեր բե­րա­նը ի­մաս­տու­թեամբ բա­նանք եւ մեր լե­զուին տի­րող օ­րէն­քը ը­նենք քաղց­րու­թի՛ւ­նը։ Չու­նե­նանք ա­տե­լու­թիւն ի­րա­րու նկատ­մամբ, այլ սի­րենք զի­րար…։

Մար­դուս սրտին նա­խանձն ալ ա՜յն­քան ա­հա­ւոր թոյն մըն է ո՛ր­քան ի­ժի մը ժա­նի­քին մէջ մթե­րուած թոյ­նը։ 

Ե­թէ «մե­ծու­թիւն», «հպար­տու­թիւն» կայ մեր մէջ, բնաւ պի­տի չզի­ջա­նինք, զի­ջո­ղու­թիւն պի­տի ը­նենք ու­րիշ­նե­րու ի նպաստ։ Սա­կայն իս­կա­կան մե­ծու­թիւ­նը, ի­րաւ վե­հանձ­նու­թիւ­նը եր­բեք չի նա­խան­ձիր ա­նոնց, ո­րոնք իր­մէ գե­րա­զանց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած են՝ իր­մէ ա­ւե­լի կը սի­րուին, ա­ւե­լի կը յար­գուին, ա­ւե­լի ըն­դու­նե­լու­թիւն կը գտնեն, ա­ւե­լի օգ­տա­կար եւ ար­դիւ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան մէջ են։ 

Իս­կա­կան «մեծ»ե­րը գի­տեն, որ ա­մէն մարդ կա­րո­ղու­թիւն մը ու­նի, իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ո­րոշ տա­րո­ղու­թեան մը տէր է եւ ա­մէն մէ­կը «ար­ժէք» մը կը ներ­կա­յաց­նէ, եւ մէ­կուն ար­ժէ­քը միւ­սը եր­բեք չի՛ նուաս­տաց­ներ…։

Նա­խան­ձը հո­գե­ւոր քաղց­կեղ մըն է՝ որ կը սպան­նէ նախ՝ նա­խան­ձո­ղը եւ ա­պա՝ նա­խան­ձի ա­ռար­կան։ 

Ա­ռա­կաց Գիր­քը կ՚ը­սէ՝ թէ նա­խան­ձը մար­դու ոս­կոր­նե­րուն փտու­թիւնն է։ Նա­խան­ձը, նաեւ, մար­դու մը ստո­րա­կա­յա­կան բար­դոյ­թին կամ ստո­րա­դա­սու­թեան են­թա­գի­տակ­ցու­թեան ա­մե­նէն բա­ցա­յայտ ա­պա­ցո՛յցն է։ 

Մէ­կը, որ զուրկ է ո­րե­ւէ ար­ժա­նի­քէ՝ կը նա­խան­ձի երբ ու­րի­շի մը մէջ ար­ժա­նիք տես­նէ։ 

Յա­կո­բոս ա­ռա­քեա­լի հա­մա­ձայն՝ շա­տե­րու մէջ «նա­խան­ձոտ հո­գի» մը կը բնա­կի։ Մար­դուն «ներ­քին թշնա­մի»ն իր լե­զուն ալ կը թշնա­մաց­նէ ու­րիշ­նե­րուն դէ՛մ։ 

Ար­դա­րեւ «Քրիս­տո­նեայ» ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ բնիկ ձգտում­ներն ու փոր­ձու­թիւն­նե­րը զսպել եւ անդ­րա­դառ­նալ ա­նոնց, գիտ­նալ սր­­բագ­րել զա­նոնք…։

Քրիս­տո­նեայ ըլ­լալ՝ կը նշա­նա­կէ Քրիս­տո­սը տի­պար ըն­դու­նիլ, օ­րի­նակ ու­նե­նալ բո­լոր խօս­քե­րուն, զգա­ցում­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն մէջ։ 

Ի­մաս­տու­թեան սկիզ­բը Տի­րոջ եր­կի՛ւղն է, ա­յո՛, բայց նաեւ՝ քրիս­տո­նեա­յին հա­մար Քրիս­տո­սի ան­կեղծ, իս­կա­կան սէ՛­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015