ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Յաճախ կը խօսինք հպարտութեան մասին։ Խօսելու կը պարտաւորուինք, քանի որ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին ամէն առիթով կը դիմաւորուինք հպա՜րտ մարդոց՝ որոնք հպարտութիւնը իրենց ապրելակերպ ընդունած են, առանց խորհելու, թէ հպարտութեամբ ո՜րքան վիրաւորանքներու պատճառ կը դառնան, սիրտեր կը կոտրեն, կը վշտացնեն եւ բարոյական կորուստներու առիթ կ՚ընծայեն։
Երբ «հպարտութեան» մասին կը խորհրդածենք եւ կ՚ուսումնասիրենք հպարտութիւնը՝ անոր պատճառը եւ ազդեցութիւնը մարդուս թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ, կ՚ուզենք ներկայացնել նաեւ Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի, հպարտութեան մասին կարծիքները մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
«Հպարտութիւնը մահացնող մեղքերու կարգին դասուած է», կ՚ըսէ Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահեր, եւ կը շարունակէ.
«Մարդկային կեանքի չարիքներէն մի՛ն է մեծամտութիւնը, լա՛ւ եւս, մեծագոյնը՝ արմատը չարիքին, որ կ՚աճի, կ՚արգասաւորի իր մահահոտ պտուղներով, երբ նա մուտ գտած, տեղաւորուած ու տարրացած է մարդուս նկարագրին մէջ։ Մարդկային որքա՜ն աղէտներ խնայուած պիտի ըլլային, եթէ կարելի ըլլար ջլատել անոր ուժը, կտրել անոր վիզը, նման թունաւոր օձի մը, ամէն անգամ, երբ կը ցցէ նա իր գլուխը, իր մաղձն ու ժահրը դուրս թափելու համար խոնարհ ու խաղաղ սրտերու անդաստանին մէջ։
«Ընկերային բարւոք փոխյարաբերութեան մը արգելիչ, քանդիչ նկարագի՛րն է հպարտութիւնը. սխա՜լ հասկցուած -Ե՛ս- մը։ Արդարեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, անհատակա՛ն թէ հասարակա՛կան, իւրաքանչիւրս կը հանդիպինք շաղակրատ անձերու, որոնք հաճոյք կը զգան իրենց -Ես-երուն գովքը հիւսելով, իրենց ըրածն ու չըրածը պանծացնելով։ Երբ իբրեւ աշխարհի մարդ, գովեստ մըն ալ դուն շռայլես, ստացած կ՚ըլլան անո՛նք իրենց վարձքը, աւե՛լի եւս կը փքանան։ Բայց երբ թոյլ չի՛ տար քու նկարագիրդ, ստացած դաստիարակութիւնդ՝ ստելու, կեղծելու, ա՛յն րոպէին արդէն թշնամի կ՚ըլլաս իրենց, որոնք.- որ ո՛չ ընդ իս է, հակա՛ռակ իմ է. աւետարանական խօսքը թիւր կը մեկնաբանեն։
«Չէ՞ք հանդիպած այնպիսիներու, որոնք ամէն խօսքի մէջ՝ խօսք մը, ամէն խորհուրդի մէջ՝ խորհուրդ մը ունենալ կը յաւակնին, հոգ չէ թէ համոզում, սկզբունք եւ տարրական հասկացողութիւն իսկ չունենան։
«Իրենց յայտնած գաղափարներուն հակա՛ռակը արտայայտել՝ կը փոքրացնէ իրենց սխալ ըմբռնած -Ես-ը. մինչդեռ հեզը, իմաստունը՝ պիտի ուզէր օգտուիլ ուրիշներու ալ գաղափարէն։
«Չէ՞ք դիտած այնպիսիներ, որոնք իրենց անձն իսկ՝ -թո՛ղ ընտանիքն ու զաւակները- կառավարելու կարողութենէն եւ շնորհէն զուրկ ըլլալով հանդերձ, կը մեծամտին զքե՛զ քաշել իրենց ետեւէն, զքե՛զ առաջնորդել։
«Դիտած չէ՞ք անմիտ հարուստներ, որոնց միակ ապաւէնը՝ իրարու վրայ դիզած ոսկիներն են, կը սոնքան կեանքի մէջ ու կը սպասեն որ բախտազուրկներ՝ խունկով եւ մոմով դիմաւորեն եւ ողջունեն զիրենք։ Անոնք բարձրագլուխ կը խօսին իրենց նմաններուն հետ, կարծես -փոքրիկ լեռներն ալ իրե՛նք ստեղծած ըլլային-, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական պատկերաւոր խօսք մը…։
«Ի՜նչ յոռի բան է անձնատուր ըլլալ մեծամտութեան կիրքին, որ կը գերէ, կը սպաննէ հոգւոյն ամենէ՛ն շնորհալի առաքինութիւնը խոնարհութիւնը՝ կը դատարկացնէ հոգին ու կ՚այրիացնէ զայն։ Չէ՞ որ -խոնարհ հոգին չ՚արհամարեր զԱստուած-՝ սրբութիւնը, ճշմարտութիւնը, խլէ՛ ու զա՛տէ հոգին՝ իր այդ զարդարանքէն ու բարձրացո՛ւր հո՛ն հպարտութեան ամբարտակը, առաջնորդած պիտի ըլլաս զայն անսուրբ, ո՛չ-ճշմարիտ եւ անարդար ուղղութեան։ Կա՛նգ առ այս երեք բառերուն վրայ, այո՛, հպարտը իր քայլերը կ՚առաջնորդէ անսուրբ տեղեր, կը բթացնէ իր միտքը, կը կուրցնէ իր դատողութիւնը, կը խաւարեցնէ իր հոգին, երբ անհրաժեշտութիւն մը զգայ գոհացում տալու իր -Ես-ին։
«Նա կը յանդգնի նոյնիսկ, ինքզինք նկատել սրբակրօն, ճշմարտասէր, արդարադատ, ու իր դիմացինը ընդհակառակն՝ երբ այդ կը պահանջէ իր ամբարտաւան շահը։
«Անսուրբ, կեղծ անարդար. բարոյական կեանքի այս երեք վատագոյն արատները կը զարհուրեցնեն մարդը, ինչպէս նա պիտի ահաբեկէր երեք գլխան վիշապէ մը։
«Իմաստուն անձը կը խորշի, մանաւանդ կը պժգայ սնապարծութենէ, օրինակ առնելով աշխարհի վրայ երեւցած Մեծ Իմաստունէն, որ կը յանձնարարէր իր երախտաւորեալներուն -մէկո՛ւ բան չըսել-ու սնապարծութեան դէմ, գերագոյն դասը կու տար…»։
«Ս. Գիրքէն Ցոլքեր ու Ցօղեր» գիրքէն առնուած այս տողերուն մէջ՝ հեղինակը իրապէ՛ս կը ցոլացնէ հպարտութեան քանդիչ ազդեցութիւնը մարդուս անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Ուստի հպարտութիւնը կատարեալ ինքնախաբէութի՛ւն է՝ ո՛չ հպարտին եւ ո՛չ անոր շուրջիններուն որեւէ օգուտ կ՚ապահովէ, այլ մանաւա՛նդ՝ վնաս։ Հպարտութիւնը ճշմարտութեան խափանումն է՝ ապարդիւն ջանք մը՝ տկարութիւնը եւ թերութիւնը իբր թէ ծածկելու, քօղարկելու։
Զօրաւոր նկարագրի տէր, ինքնավստահ՝ իր իսկ ուժերուն ապաւինող մարդը երբեք ինքզինք չի ծածկեր հպարտութեան կեղծ քօղին տակ, պահանջքը չի զգար, քանի որ զօրաւոր նկարագրի տէր մարդը գիտէ պարտութեան մատնել ամէն խաբէութիւն, ամէն կեղծիք, ամէն պատրանք։ Մարդ երբ ունի իր տկարութեան, թերութեան գիտակցութիւնը, ինչ որ բնական է մարդ էակին համար, այլապէս երբեք չի հպարտանար, հպարտանալու պահանջք չի զգար, այլ՝ կը ջանայ տկարութիւնը զօրացնել, թերութիւնը լրացնել եւ հետզհետէ կատարելագործուի՛լ։
Արդարեւ ազնիւ մարդը, առաքինի մարդը չի՛ հպարտանար, քանի որ ան արդէն հպարտ է իր նկարագրով՝ ազնուութեամբ եւ առաքինութեա՛մբ։
Պարտէզի մը մէջ մայրի մը կար, եւ կը պատմուի, թէ ամէն տարի ան աւելի եւս կը մեծնար՝ աւելի վեհ ու գեղեցիկ տեսք մը կը ստանար։ Անոր տերեւները վեր կ՚ելլէին զինք շրջապատող ծառերէն եւ շուք կը ստեղծէին անոնց վրայ։ Բայց որքան բարձրանար մայրին, այնքան կը զօրանար անոր գոռոզութիւնը։ Օր մը արհամարհանքով ըսաւ.
«Հեռացուցէք իմ աչքէս սա խեղճուկ ծառը»։
Եւ արմատախիլ կ՚ընեն խեղճուկ ծառը եւ կը հեռացնեն հպարտ մայրիին աչքէն։
Եւ մայրին կը շարունակէ արհամարհել եւ հեռացնել տալ բոլոր միւս ծառերը իր շուրջէն։
Եւ օր մը ուժեղ փոթորիկ մը կը սկսի։ Հպարտ մայրին կը դժուարանայ դիմադրելու փոթորիկին, եւ փոթորիկը՝ անարգել կերպով կը խոյանայ մայրիին վրայ, առանց որեւէ խոչընդոտի կը յարձակի անոր եւ անխնայ կը հալածէ զայն, քանի որ անոր շուրջը չէր մնացած որեւէ ուրիշ ծառ եւ մինակ մնացած էր ան, ի վերջոյ կը տապալի այն բարձր հպարտ մայրին՝ մինակ ու անապաւէն։
Ուստի ինչպէս ծառերը, նո՛յնպէս ալ մարդիկ պէտք ունին իրարու օգնութեան, ապաւինութեան թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ՛ փոթորիկներու ընթացքին։ Այս պատճառով պէտք չէ՛ արհամարհել, անտեսել ոեւէ մէկը՝ որ մեր շուրջը կը գտնուի եւ երբեք պէտք չէ՛ դասել ինքզինք աւելի բարձր, քանի որ ամէն մարդ ուրիշ մէկուն որեւէ կերպով եւ անպայմա՛ն օգնութեանը կը կարօտի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 9, 2017, Իսթանպուլ