ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒ ԿԵԱՆՔԸ
Երբ կեա՛նքի մասին է խօսքը, ընդհանրապէս կը մտաբերենք սա ճշմարտութիւնը, թէ՝ կեանքը անվերջ պայքա՛ր մըն է։ Մարդ, շատ անգամ տարուած կեանքի զբաղումներէ, կարծես չի՛ հասկնար կամ հասկնալ չ՚ուզեր, թէ ի՛նչպէս կ՚անտեսուի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, հոգեկան պայքարներու մէջէն անցնելով՝ մահուան վտանգներու դիմագրաւելը, ծանր հոգերու եւ պատասխանատուութիւններու ներքեւ գիշեր եւ ցերեկ ոգորիլը, չարչարուիլը եւ մաքառիլը։
Կեանքը ապրիլ՝ կեանքի պայքարի մէջ ըլլալ կը նշանակէ՝ գերագոյն կռիւի մը մէջ՝ միշտ յաղթելու յոյսին եւ պարտուելու մտահոգութեանը միջեւ կը տարուբերուի ամէն վայրկեան։ Եւ կեանքը ամբողջ կ՚անցնի տեւական գոյապահպանման եւ գոյատեւման պայքարի մը մէջ։ Այդ պայքարն է, որ իմաստ մը կու տայ կեանքին՝ իր յոյսերով եւ իր վախերով՝ յաղթելու եւ յաղթուելու հաւանականութիւններ միշտ ի մտի ունենալով։
Այս պայքարը, արդարեւ, որոշումի եւ կամքի անխորտակելի «շէնք» մըն է՝ պատերը ամուր կերպով հիւսուած՝ որուն կը բախի մարդ թերեւս Աստուծոյ կամքին նոյնիսկ հակադրելով։ Եւ այս պայքարին մէջ կը գտնուին երբեմն մարդիկ, որոնց ամբողջ կեանքը ձախողանք մը եղած ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողու. մինչդեռ ան ամէն բանէ վեր նկատած իր արժէքներուն, եւ հաւատալիքներուն, սկզբունքներուն յաղթանակին յոյսովը եւ իրաւունքովը լեցուած՝ նուիրուած մը կրնայ ըլլալ։ Իր կեանքը սկզբունքներու, հաւատալիքներու եւ բարձր նկատած արժէքներու համար նուիրել՝ առաքինութեան եւ ազուութեան, վեհանձնութեան ստուգանի՛շն է։ Բայց, դժ-բախտաբար, ընդհանուր հանրային կարծիքը երբեմն կը դատապարտէ ազնուութիւնը, վեհանձնութիւնը եւ առաքինութիւնը, կ՚արձակէ իր վճիռը. «Պարտուեցա՛ւ… դասալիք եղաւ… մեռա՛ւ»։
Մինչդեռ, աշխատանքով, յոգնութեամբ, պայքարով լեցուն օրեր, կարողութիւններու, փորձառութիւններու եւ տարողութիւններու շնորհիւ բարձրացումներ կը ստանան։ Սակայն կը մոռցուին, կ՚անտեսուին մատուցուած բոլոր ծառայութիւնները, նուիրուած ոգիով աշխատանքը՝ անգոյ կը նկատուին քաջագործութիւններ, յաղթանակներ, որոնք նախապէս վստահութիւն են ներշնչած… բայց կը մոռցուի՜ն բոլորը։
Այո՛, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կեանքը կռիւ մը, պայքա՛ր մըն է ո՛չ միայն չարին եւ բարիին միջեւ, այլ մանաւանդ բարոյական արժէքներու տրուած կարեւորութեան տեսակէտէն, կեանքը տեւական պայքար մըն է նաեւ՝ երախտագիտութեան եւ ապերախտութեան զգացումներու միջեւ։
Արդարեւ, բարոյական մարդուն կեանքի պայքարին՝ կռիւին մէջ «յաղթութիւն» եւ «պարտութիւն» յաճախ սովորականէն տարբեր իմաստ ունին։ Եւ շատ անգամ, կարելի չ՚ըլլար զանազանել «յաղթութիւն»ը եւ «պարտութիւն»ը, քանի որ կա՛ն երբեմն յաղթութիւններ՝ որոնք պարտութիւն են, եւ փոխադարձաբար՝ կան պարտութիւններ, որոնք իրապէս յաղթութիւններ են։ Եւ երբեմն կարելի չ՚ըլլար, թէ ո՛ւր կը սկսի յաղթութիւնը եւ ո՛ւր կը վերջանայ, եւ նո՛յնպէս՝ պարտութիւնը, թէ մինչեւ երբ կարելի է պարտութիւն անուանել վիճակ մը՝ որ հետզհետէ կը վերածուի կատարեալ յաղթութեա՛ն։
Յաղթանակը, յաղթականին համբաւին, փառքին եւ ստացուածքին յաւելումը չի՛ նշանակեր շատ անգամ, եւ պարտութիւնը, ամօթի, կորուստի, նուաստացման եւ մինչեւ իսկ մահուան հոմանիշ չէ՛ միշտ։
Աշխարհի վրայ շատ անձեր կը գտնուին՝ որոնք «թագ» չունին իրենց գլխուն վրայ, եւ իրենց ձեռքը իշխանութեան «մական» չկայ։ Մեծափարթամ ապարանքներու մէջ չեն բնակիր, իրենց կեանքը ճոխութեան եւ պերճանքի մէջ չի սահիր, ոչ ալ որեւէ բարձր աստիճան ունին, եւ իրենց անունները տիտղոսներով չեն վերջաւորուիր, բարձր դիրքերու վրայ չեն գտնուիր, այլ՝ համեստ, խոնարհ, աննշան են եւ անծանօթ, նոյնիսկ թերեւս աղքա՛տ։ Այսու հանդերձ, ասոնք շատ անգամ իրենց պատկանած ընկերութեան, իրենց համայնքին եւ բարեկամներուն կամ ընկեր-արարածներուն համար պայքարող հերոսներ են՝ որոնք յօժար են անօթի եւ ծարաւի մնալ եւ իրենց հացով եւ ջուրով ուրիշը կշտացնելու, եւ զրկուիլ՝ ուրիշին հանգիստը եւ կեանքի դիւրատարութիւնը ապահովելու համար։
Այսպիսի վեհանձն մարդիկ մութին մէջ կամ վարագոյրին ետեւը կը մնան՝ ուրիշին պատիւը բարձրացնելու եւ կեանքը փրկելու, դիւրացնելու համար։
Համայն աշխարհ կրնայ զանոնք տարօրինակ եւ մինչեւ իսկ յիմար կոչել կամ հեգնական ոճով՝ «տեսլապաշտ»՝ «idéaliste», «երազատես» կամ «ճգնաւոր» անուանել։ Բայց ասոնք ալ իրակա՛ն հերոսներ են, աննկուն՝ իրենց բարձր սկզբունքներուն, հաւատալիքներուն եւ դաւանանքներուն մէջ, անդիմադրելի՝ նուիրական պարտականութիւններու հաւատարիմ մնալու իրենց կորովին, քաջութեան եւ սեփական ուժերուն մէջ, եւ անպարտելի՝ բարձր եւ ազնիւ գաղափարականներու համար իրենց մղած խաղաղ պայքարներուն մէջ։
Ահաւասիկ, այս տեսակ կեանք մը՝ որ ուրիշներու նուիրուած ծառայութեան հետեւանքով «անձնական մեծութիւն» մը կամ հարստութիւն մը չէ կրցեր կերտել, կրնա՛յ ձախողուածք մը, պարտութիւն մը համարուիլ։ Եւ այս կերպով աննշան եւ անծանօթ՝ մութի մէջ մնացողները կրնան «պարտուած»ներ սեպուիլ՝ փառքի եւ համբաւի երկրպագուներու կողմէ…։
Եւ սակայն «բարոյական մարդ»ու համար իրական մեծութիւնը ո՛չ փառքի, ո՛չ համբաւի եւ ո՛չ իսկ յաղթութիւններու, յաջողութիւններու մէջ է, այլ՝ մարդասիրութեան եւ ծառայասիրութեան մէջ, եւ մա՛րդ ըլլալու արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը վայելողներու վեհանձնութեան մէ՛ջ։ Ֆրանսացիներ կ՚ըսեն, թէ՝ սքեմը չէ՛ որ մարդուս արժէքը կ՚աւելցնէ, այլ՝ մա՛րդն է, որ սքեմին արժէք կու տայ։ Նոյնն է պարագան աթոռներու վրայ բազմելու պարագան՝ արժանաւո՛րն է, որ աթոռի մը արժէք կրնայ ընծայել։ Մարդ, երեւութապէս, կրնայ պարտուած կամ ձախողած երեւիլ, բայց պէտք է հասկնալ, թէ այդ ձախողանքը կամ պարտութիւնը իրապէս անյաջողութիւն է, թէ ոչ՝ յաղթանակ եւ յաջողութի՛ւն։ Ժամանակի մէջ է որ կարելի է նշմարել ճշմարիտը, ինչ որ հմտութիւն, հեռատեսութիւն եւ փորձառութիւն կը պահանջէ։
Կեանքի պայքարին մէջ, յաճախ, ձախողուածքներուն, անյաջողութիւններուն, պարտութիւններուն շնորհիւ է, որ աշխարհի բարւոքումը, վերականգնումը, վերաշինութիւնը եւ բարձրացումը կարելի է եղած ապահովել։ Ահաւասի՛կ, այդ պարտութեան միջոցով է, որ կը բացուին յաղթանակի ճամբաներ։ Եւ այդ «պարտութիւն» կամ «ձախողանք» նկատուածը ճշմարիտ յաղթանա՛կն է։
Խոնարհութեամբ, համեստութեամբ եւ համբերատարութեամբ կարելի է ճշմարիտ յաղթանակներ ձեռք բերել, որոնց համար պէտք է ըսուի.
«Որ պարտուեցաւ, այլ յաղթանակեց եւ անմահացա՜ւ…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 9, 2018, Իսթանպուլ