«ԳԵՂԵՑԻԿ ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՆ» - Բ -
Այսօր, դարձեալ, կը շարունակենք ներկայացնել Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքը։ Ուիլիըմ Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքէ մը։ Ան իր պատմուածքները գրած է անգլերէն լեզուով։ Ան արտադրած է բազմաթիւ գործեր՝ պատուաբեր տեղ մը գրաւելով ամերիկեան գրականութեան մէջ։ Իր գործերէն են. «Կեանքիդ ժամանակը», «Տղաք եւ աղջիկներ», «Մարդկային կատակերգութիւն», «Արամ կը կոչուիմ եմ» եւ ուրիշներ…։
ԳԵՂԵՑԻԿ ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՆ
Մուրատը հասաւ վազելով.
-Դուն հո՛գս չես,- գոռաց,- պէտք է ձի՛ն բռնենք։ Դուն ա՛յս կողմ գնա՛, ես՝ այն կողմ։ Եթէ գտնես՝ անո՛ւշ վարուէ հետը։ Ես ալ կը հասնիմ։
Ճամբան բռնեցի եւ քալեցի դէպի վար, մինչ Մուրատը անցաւ դաշտին մէջէն եւ ուղղուեցաւ դէպի առուն։
Կէս ժամ ետք՝ ձին գտած ու բերած էր։
-Լա՛ւ,- ըսաւ,- բայց հիմա ամէն մարդ արթնցած է արդէն։
-Ի՞նչ պիտի ընենք,- հարցուցի։
-Կա՛մ կը վերադարձնենք, կամ կը պահենք մինչեւ վաղը։
Մուրատը մտահոգուած չէր թուեր։ Հասկցայ, որ ձին պահելու կողմնակից էր, ո՛չ վերադարձնելու։
-Ո՞ւր պիտի պահենք։
-Մի՛ մտահոգուիր, ես տեղ մը գիտեմ։
Յանկարծ կասկած մը ունեցայ.
-Մուրա՛տ, որքա՞ն ատեն է գողցած ես…։
-Ո՞վ ըսաւ, որ գողցած եմ,- բարկացաւ ան։
-Երբէ՞ն ի վեր՝ առտուները ձի կը հեծնես։
-Այս առտուընէ…
-Ճի՞շդ կ՚ըսես։
-Անշո՛ւշտ ոչ. բայց եթէ բռնուինք՝ դուն պիտի ըսես այդպէս։ Չեմ ուզեր, որ երկուքս ալ ստախօս ըլլանք։ Այս առտու սկսանք ձի հեծնել՝ քու գիտցածդ այդքան է։
-Շատ լաւ, համաձայն եմ։
Հանդարտ եւ զգուշ՝ ձին քշեց լքուած այգիի մը գոմը, որ ատենին ագարակապան Ֆեթվաճեանի պարծանքը եղած էր։ Ներսը առւոյտ կար։ Զայն հոն ձգեցինք եւ քալեցինք տուն։
-Այնքան ալ դիւրին չէր ձին մէկ անգամէն մարզել եւ ընտելացնել,- պարծեցաւ ան,- սկիզբները խենթութիւններ կ՚ընէր, կատաղի էր. բայց ես ձիերուն հետ վարուելու իմ մասնաւոր ձեւս ունիմ։ Ձիերը իմ լեզուս լաւ կը հասկնան։
-Ի՞նչ լեզու է։
-Պարզ եւ ազնիւ լեզու մը։
-Կ՚ուզեմ սորվիլ այդ լեզուն. սորվեցո՛ւր…։
-Դուն դեռ մանուկ ես. երբ մեծնաս, տասներեք տարեկան ըլլաս, կը հասկնաս։
Տուն գացի եւ մեծ ախորժակով նախաճաշեցի։
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, Խոսրով մօրեղբայրս մեր տունը եկաւ սուրճ խմելու եւ ծխելու։ Հիւրասենեակի բազկաթոռներէն մէկուն մէջ բազմեցաւ, սուրճ խմեց, ծխեց ու վերյիշեց հայրենիքի հին կեանքը։
Քիչ ետք, ունեցանք ուրիշ այցելու մը, ագարակապան մը՝ Ճոն Պայրօ անունով։ Ան ասորի էր, եւ առանձնութենէ չխենթանալու համար հայերէն սորված էր։ Մայրս անոր ալ սուրճ ու սիկարէթ հրամցուց։
Մօրեղբօրս ու Պայրոյի զրոյցէն ես հասկցայ՝ զարմիկս ուրկէ՛ գողցած էր ճերմակ ձին…։
Ագարակապանը հեռանալուն պէս՝ ես Մուրատին տունը փութացի։ Դեղձիի մը տակ, ան զբաղած էր կարմրալանջի մը վիրաւոր թեւը դարմանելով, անոր հետ խօսելով միանգամայն։
-Ի՞նչ կայ,- հարցուց ինծի։
-Արագարակապան Պայրօն այսօր մեզի այցելեց։ Ամիսէ մը ի վեր իր ձին դո՛ւն առած ես։ Խոստացի՛ր ինծի, որ ձին պիտի չվերադարձնես՝ մինչեւ ես հեծնել սորվիմ։
-Դուն ձի հեծնել սորվելու համար տարիի մը պէտք ունիս։
-Ուրեմն ձին տարի մը պէտք է պահենք…
-Ի՞նչ,- գոռաց ան,- դուն կ՚ուզես, որ Գարաօղլանեան մը գողութի՞ւն ընէ։ Ձին իր տիրոջը պէտք է վերադարձուի։
-Ե՞րբ,- հարցուցի։
-Ամենէն ուշը՝ վեց ամիսէն։
Մուրատը կարմրալանջը օդը նետեց. անիկա ճիգ ըրաւ, երկու անգամ իյնալու պէս եղաւ, բայց ի վերջոյ կրցաւ թռչիլ բարձր եւ ուղիղ։
Երկու շաբաթ, ամէն առտու կանուխ, զարմիկս ու ես լքուած այգիի գոմէն ձին դուրս կը հանէինք։ Ամէն առտու, երբ հեծնելու կարգս կու գար, ան կը ցատկէր որթատունկներուն վրայէն եւ զիս վար նետելով կը հեռանար։
Ես ալ դեռ կը յուսայի, որ ժամանակի ընթացքին զարմիկիս պէս ձի հեծնել կը սորվիմ…
Սակայն առտու մը, լքուած այգիին ճամբուն վրայ, քիթ-քիթի եկանք Պայրոյի հետ, որ քաղաք կ՚երթար։ Հազիւ խուսափեցանք իրմէ։
Յաջորդ առաւօտ կանուխ, ձին տարինք Պայրոյի ագարակի այգին ու ձգեցինք գոմին մէջ։ Շուները հետեւեցան անշշուկ։
-Շունե՛րը,- փսփսացի,- չե՛ն հաջեր…
-Անոնք ուրիշի վրայ կը հաջեն. բայց ես իրենց հետ վարուելու ձեւը գիտեմ։
Զարմիկս գրկեց ձին, քիթը փակցուց անոր քիթին, ափովը քնքշօրէն շոյեց, ու հեռացանք։
Կէսօրէ ետք, Ճոն Պայրօն մեր տունը եկաւ եւ մօրս ցոյց տուաւ գողցուած ու վերադարձուած ձին, որ լծած էր իր սայլին։
-Չեմ գիտեր՝ ինչ մտածեմ, առաջուընէ աւելի զօրաւոր է, իսկ բնաւորութեամբ՝ աւելի հլու-հնազանդ։ Փա՜ռք Աստուծոյ։
***
Ահաւասիկ, Ուրիլիըմ Սարոյեանի հրաշագործ գրիչէն նմոյշ մը։ Սարոյեանի այս տողերը առիթ կ՚ընծայեն խորհրդածութիւններու մարդ էակին բնութեան մասին։ Նախ՝ աշխարհի վրայ կան տարբեր վայրեր, տարբեր միջավայրեր։ Մարդ երբ որեւէ տեղափոխութիւն կատարէ, շատ դժուար է համակերպութիւնը նոր վայրին։ Արդարեւ միջավայրեր կը փոխուին, բայց մարդ չի փոխուիր, կամ շատ դժուար կը փոխուի, քանի որ դժուար կը համակերպի «նոր»ին։ Մարդ այդ նոր միջավայրին մէջ ալ կը շարունակէ իր սովորութիւնները, վարժութիւնները, բարքերը ապրիլ եւ գոնէ երկար ժամանակ չի փոխեր իր ապրելակերպը։ Կարելի է ըսել՝ որ «նոր»ին կը փոխադրէ իր «հին» կեանքը, ապրելակերպը…։
Մարդ իր նոր միջավայրին մէջ դժուարութիւններ կ՚ունենայ մանաւանդ տեղւոյն բնիկ բնակիչներուն, տեղացիներուն հետ փոխյարաբերութիւններ մշակելու հարցով։ Եւ անշուշտ երբ մարդ չկարենայ մշակել առողջ յարաբերութիւններ, կեանքը աւելի եւս կը դժուարանայ, մինչեւ իսկ անտանելի՛ կը դառնայ։
Հոս, ահաւասիկ, այս կէտին, լեզուն շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ։ Նոր տեղ մը փոխադրուող մէկը երբ ծանօթ չէ տեղւոյն հասարակաց լեզուին, անոր գործը իրապէ՛ս շատ դժուար է։ Ուստի տեղւոյն հասարակաց լեզուին ծանօթ ըլլալ շատ կարեւոր է։
Եւ պատմուածքին մէջ ո՜րքան հետաքրքրական է սա տողերը. «Ճոն Պայրօ… Ան ասորի էր, եւ առանձնութենէ չխենթանալու համար հայերէն սորված էր»։
Ամերիկայի մէջ, ինքզինք առանձին չզգալու համար հայերէն սորվիլ…
Եւ ահաւասիկ ո՛ւր որ ալ ըլլայ մարդ, ի՛նչ վիճակի մէջ ալ ըլլայ, անպայմա՛ն կ՚ուզէ եւ պարտաւոր է հաղորդակցիլ իր շուրջիններուն հետ, եւ հաղորդակցութեան համար լեզո՛ւն կարեւոր, անհրաժեշտ եւ առաջնակարգ ազդա՛կ մըն է։ Նոյնիսկ ասորի մը՝ Ամերիկայի մէջ հայերէն սորվելու կը պարտադրէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 10, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024