ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆԸ ԵՒ ԲՆԱԿԱՆԸ

Երբ գրիչը՝ ձեռքս կը պատրաստուէի գրել, յանկարծ, աչքիս առջեւ եկաւ գրասեղանիս վրայ գտնուող արուեստական ծաղիկներու փունջը։ Անիկա միշտ հոն էր, բայց այս անգամ աւելի եւս ուշադրութիւնս գրաւեց։ Ո՜վ գիտէ քանի տարիէ ի վեր ան հոն էր… խորհեցայ՝ եթէ այդ արուեստական ծաղիկները բնական ըլլային, շատոնց պիտի թառամէին եւ գրասեղանիս վրայ պիտի չըլլային, բայց այս արուեստական ծաղիկները տարիներէ ի վեր հոն էին եւ թէ ո՜վ գիտէ մեզմէ վերջ ալ կերպով մը պիտի շարունակէին իրենց գոյութիւնը։

Ի՞նչ էր գաղտնիքը։ Ի՞նչ էր պատճառը՝ որ բնականը երբ շրջան մը միայն կ՚ապրէր, եւ արուեստականը կը գոյատեւէր։

Արուեստի ի՛նչ գործեր, կամ շէնքեր, կառոյցքներ չէին կորսուեր, բայց արուեստագէտներ, շինողներ, կառուցանողներ «կը կորսուէին»։

Հնագէտներ պեղումներ կը կատարեն եւ շա՜տ հին ժամանակներէ մեր օրերուն հասած շէնքեր, քարեր քաղաքներ երեւան կը հանեն, եւ բոլորն ալ մարդու ձեռքէ ելած, մարդկային աշխատանքի անդիւնք։ Բայց այդ մարդոցմէ ոչ մէկը կը գտնեն՝ գործը կայ, գործողը՝ չկա՛յ, ճիշդ գրասեղանիս վրայի արուեստական ծաղկեփունջին նման՝ թերեւս այդ ծաղկեփունջը շինողը այլեւս գոյութիւն չունի, անիկա գրասեղանիս վրայ զետեղողն ալ չկայ, բայց մարդկային ձեռակերտ փունջը կա՛յ, առանց փոխուելու, առանց թառամելու կայ, եւ պիտի ըլլայ կերպով մը՝ եթէ դարձեալ մարդու ձեռքով չխորտակուի։

Արուեստական ծաղկեփունջը, իրապէ՛ս խորհուրդ մը, գաղտնիք մը ունի՝ մեզի անծանօթ, մեզի օտար եւ մեր բանականութեան սահմաններուն մէջ անիմանալի, անհասկնալի։ Եւ տակաւին, մարդու համար ի՜նչ թաքուն խորհուրդներ կան, որ մարդ գիտնալ կը կարծէ, եւ հարցեր՝ որ լուծուած կը կարծուի, բայց միշտ «հարց» կը մնան։

Երբ այս խորհրդածութիւններուն մէջ թաղուած՝ անորոշութեան հոսանքի մը մէջ կը տարուէի, պահ մը ինքզինքս «անհաւատ» մարդու մը տեղը դրի։ Եթէ «անհաւատ» մը, նոյնիսկ թերահաւատ մը ըլլայի, պիտի խորհէի՝ որ մարդուս շինածը մնայուն է, միշտ տոկուն եւ անփոփոխ կը գոյատեւէ, բայց Աստուծոյ ստեղծածը՝ բնականը կը փոխուի, չի գոյատեւեր եւ «մահ» ըսուած վախճանով մը ի վերջոյ «կը կորսուի»։ Ասիկա միայն մարդու համար չէ. բնական ամէն ինչ «վերջ» մը կ՚ունենայ… այո՛, այսպէս պիտի խորհէի, եթէ հաւատք չունենայի։

Բայց կը հաւատա՛մ, եւ թէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսին ըսածին պէս՝ հաւատալով կը գիտնամ, եւ գիտնալով կը հաւատամ, հաւատալով ճշմարտութիւնը կը ճանչնամ եւ ճշմարտութիւնը ճանչնալով կը հաւատա՛մ։

Ուրեմն, սիրելի՜ հաւատացեալ բարեկամներ, նախ՝ սա տեսայ. արուեստականը «հոգի» չունի, քանի որ հոգի չունի, ան կը պատկանի այս աշխարհին, եւ միշտ կը մնայ այս աշխարհի վրայ՝ աշխարհ կը գոյապահպանէ զայն, եւ որովհետեւ անկենդան է, կը գոյատեւէ։ Ան բոլորովին աշխարհին կը պատկանի եւ աշխարհը զայն կ՚իւրացնէ։

Բայց Աստուծոյ ստեղծածը՝ բնականը «հոգի» մը ունի, եւ քանի որ հոգի ունի, կենդանի է, կեանք մը կ՚ապրի, եւ ան այս աշխարհին չի պատկանիր, աշխարհի վրայ պարզապէս «հիւր» մըն է, անոր իսկական, բնական աշխարհը իր երկնային Հօր աշխարհն է, եւ այդ երկնային աշխարհին արժանանալու եւ զայն վայելելու համար անշուշտ որ ներկայ աշխարհին վրայ «վերջ» մը պէտք է ունենայ եւ այդ «վերջ»ին մենք կ՚ըսենք. «մա՛հ»։

Եւ մենք կը հաւատանք, գիտենք, որ ամէն վերջ նոր սկիզբ մըն է, եւ մահն ալ՝ երկրային ժամանակաւոր կեանքէն երկնային անժամանակ կեանքին կայանը՝ բնական եւ անհրաժեշտ մէկ հանգրուանը։

Երբեք չէի  խորհեր, որ գրասեղանիս վրայ գտնուող արուեստական-անկենդան ծաղկեփունջը զիս այսքան պիտի տպաւորէ եւ թէեւ ինք անկենդան, բայց յաւիտենական կենդանութեան ճամբան ցոյց պիտի տայ եւ հաւատք պիտի ներշնչէ…։ Ուստի, կեանքի դասեր միշտ կամ բնութեան մէջ եւ անմիջապէս մեր շուրջը՝ արուեստական երեւոյթներու մէջ։ Ուշադրութեամբ դիտենք, անպայմա՛ն պիտի հանդիպինք Ճշմարտութեան՝ Աստուծո՛յ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 11 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2023