ԼՔԵԱԼ ՏՈՒՆԵՐԸ
Հայաստանի փողոցներով անցած ժամանակ ուշադրութիւնս կը գրաւէ հսկայական կառոյցներ, որոնք աւելի քան մի քանի տասնամեակներ՝ գուցէ հասնելով մինչեւ Սովետական Միութիւն, կը շարունակեն մնալ անմարդաբնակ ու լքեալ վիճակի մէջ: Թէ՛ Հայաստանի մարզերը եւ թէ՛ Երեւանը լեցուն է նման լքեալ տարածքներով, որոնք ժողովուրդին համար բնակելի յարմարաւէտ վայրեր են:
Վերջին Արցախի պատերազմը բազմահազարներ անտունի կարգավիճակին մատնեց եւ հակառակ պատերազմէն աւելի քան երկու տարի անցնելուն, բազմաթիւ հայորդիներ կը շարունակեն տուն չունենալու դժուարութիւնը ապրիլ, որովհետեւ ինչպէս աշխարհի ամէն տեղ, Հայաստանի մէջ եւս տան վարձքերը աճ կ՚արձանագրէ՝ մարդոց աշխատավարձն ու պայմանները ձգելով նոյն համեստ վիճակին մէջ: Եւ ամէն անգամ որ կ՚անցնիմ նման հսկայական լքեալ շէնքերու առջեւէն, միշտ նոյն մտածումը կ՚ունենամ.- ինչո՞ւ համար պետութիւններ նման լքեալ տարածքներ վերականգնելով ժողովուրդի գործածութեան համար չեն յանձներ:
Փաստօրէն ամէ՛ն պետութիւն ունի վերոյիշեալ խնդիրը, որովհետեւ բազմաթիւ լքեալ տարածքներ գոյութիւն ունին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ գրեթէ բոլոր երկիրներէ ներս: Այդ մէկը աւելի պարզելու համար ըսենք հետեւեալը.- ԱՄՆ-ի մէջ այսօր գոյութիւն ունի աւելի քան 600 հազար անտուն մարդ, մինչ ամբողջ ԱՄՆ-ի մէջ աւելի քան 3 միլիոն 400 հազար կառոյց կը մնայ անմարդաբնակ եւ կամ կիսաքանդ:
Մի քանի տարիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ եւս այս մէկը հարց էր. բազմաթիւ դպրոցներ, պետական կառոյցներ ու հաստատութիւններ իրենց դռները առյաւէտ փակելով մնացին այդպէս: Նոյն վիճակը կարծես կամաց-կամաց կ՚ունենայ լիբանանահայ գաղութը, որովհետեւ վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին Լիբանանի մէջ փակուեցաւ աւելի քան հինգ դպրոց եւ այդպէս փակ վիճակի մէջ կը շարունակեն մնալ մինչեւ այսօր. Լիբանանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող դպրոցը աւելի քան երկու տասնեամեակէ ի վեր կը շարունակէ մնալ փակ վիճակի մէջ:
Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ բազմաթիւ հայորդիներ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ, սակայն մեր ազգը եւս չմտածեց այդ դպրոցներն ու լքեալ տարածքները վերանորոգել եւ յանձնել հայ ընտանիքներու գործածութեան եւ բազմաթիւ տարածքներ անմարդաբնակ մնալով մեր հայորդիները տուն ու ապաստան գտնելու դժուարութիւնը ունեցան եւ շատ անգամ անոնց օգնութեան հասան արաբական օտար կազմակերպութիւններ:
Այս վիճակին մէջ մեծ դեր ունի նիւթական անապահովութիւնը, որովհետեւ բանուոր մը երբ տուն մը անգամ կը դժուարանայ առնելու, մեծահարուստներ տասնեակ տուներ կը գնեն եւ կը թողուն այդպէս: Այսօր Թուրքիոյ մէջ կառուցուող տուներուն մեծամասնութիւնը կը գնուի օտարներու կողմէ, որոնք կու գան պարզապէս գնելու՝ առանց երբեւէ անոր մէջ ապրելու միտք ունենալու:
Մի քանի տարիներ առաջ Հայաստանի լրատամիջոցները տարածեցին աւերակ տան մէջ բնակութիւն հաստատած ընտանիքի մը վիճակը, որ Երեւանի փողոցներէն մէկուն մէջ քանդուած տուն մը գտնելով բնակութիւն հաստատած էր այդտեղ: Լրատուական միջոցներէն մին այսպէս կը նկարագրէ այդ տունը.- «Դուրսէն կ՚երեւի կիսաքանդ առաստաղը, փլած պատերն ու աղբանոցի վերածուած նկուղը: Ջարդուած ապակիները լեցուած են նկուղին մէջ, իսկ տարածքը իսկական աղբանոց մըն է»: Ցաւ ի սիրտ, լրատուամիջոցը կը յիշէ նաեւ հետեւեալ դժբախտ իրողութիւնը. «Փաստացի այս վիճակին մէջ է Տէրեան փողոցի կիսաքանդ շէնքն ու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տունը։ Երկու կառոյցներն ալ կիսաքանդ են, լքուած ու վերածուած են աղբանոցի»:
Ահաւասիկ մեր ժողովուրդի իր հերոսներուն նկատմամբ ունեցած յարգանքը. մեզի առաջին անկախութիւնը շնորհած Արամ Մանուկեանի ապրած տունը այսօր վերածուած է աղբանոցի, իսկ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շենքը այսօր վերածուած է ճաշարանի:
Յոյսով ենք, որ գայ ժամանակ, երբ պետութիւններ՝ մանաւանդ մեր ղեկավարութիւնը գիտակցի, որ իշխանութեան գլուխը գտնուիլը շատ մը պատասխանատուութիւններ կ՚ենթադրէ, մանաւանդ արժէքներու պահպանում եւ քաղաքացիներու ապահովութիւն եւ այդ ապահովութիւնը արտաքին թշնամիէն աւելի ներքին ապահովութիւնն է՝ տուն ու տեղով, ապաստարանով երաշխաւորուած:
Յոյսով ենք տեսնել Հայաստան մը, ուր մարդիկ իրենց գրպանները մտածելու փոխարէն մտածեն քաղաքացիներուն եւ հայրենիքի բարօրութեան մասին:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -191-
Եկեղեցական բարեկամներէս մէկը չորս տարիներ առաջ որոշեց Հայաստանէն տուն գնել. սփիւռքահայ շինարարի մը վստահելով համաձայնեցաւ եւ տունին ամբողջ գումարը վճարեց՝ տարի մը ետք տունը ստանձնելու պայմանով:
Պարզուեցաւ, որ շինարարը մի քանի նախարարներու նիւթական պարգեւներ տալով պետական հարկային մուծումները չէր կատարած. ժամանակ մը ետք այդ բոլորը Երեւան գալով ձերբակալած էին զինք:
Ահաւասիկ չորրորդ տարին է, որ ո՛չ տուն կայ եւ ո՛չ ալ գումարը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024