«ԱՄԵՐԻԳԱ»

Յետեղեռնի հայութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի. ոմանք անկախ հայրենիքի մէջ տիրող վիճակէն չուզեցին վերադառնալ եւ ամէն գնով փորձեցին կապուած մնալ օտար հողին։ Մանաւանդ շատեր՝ որոնք Ամերիկա մեկնեցան, ամէն ջանք ի գործ դրին նմանելու համար ամերիկացիին, որովհետեւ ինչպէս այսօր, նոյնպէս ալ անցեալին, «երանելի» ըլլալու պատիւը ունէր Ամերիկան: Սակայն կային ուրիշներ, որոնք օտար երկիրներ ապրելով հանդերձ՝ հոգեպէս ու մտապէս մնացին հայրենիքի մէջ։ Անոնցմէ շատեր հայրենադարձութեան օրերուն վերադարձան հայրենիք, սակայն շատեր մնացին՝ «ամերիկեան երազ» ըսուած առեղծուածը գտնելու համար:

Այդ «ամերիկեան երազ»ը հետապնդողներէն շատեր փորձեցին ամերիկեանն ու հայկականը միաձուլել։ Ինքնախաբէութեամբ փորձեցին օտարինով ապրիլ՝ միաժամանակ հայու ինքնութիւնը պահել ձեւացնելով: Այս բոլորին լոյսին տակ մեր թուականէն 108 տարի առաջ՝ 1916 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հոպոքըն քաղաքին մէջ կը հրատարակուէր «Ամերիգա» անունով թերթ մը, որուն խմբագիրները կը մեծարէին Ամերիկան՝ որպէս խոստացեալ երկիր մը։ Թերթի առաջին թիւի «Ողջոյն»ին մէջ արդէն իսկ կը մեծարեն Ամերիկան եւ կարծես շատ ալ ուրախ են, որ ճակատագիրը զիրենք հասցուցած է այդ երկիր՝ նոյնիսկ դժոխքը տեսնելու գնով: Սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Ամերիկան կը մեծարեն «հայրենիքին օգտակար դառնալ»ու նպատակով։ Ողջոյնի առաջին իսկ տողը բաւարար է փաստելու այս իրողութիւնը. «Ողջո՜յն ամերիկաբնակ հայոց, որոց մէջ Ամերիգան ապրիլ կը տենչայ, որոնց հետ աշխատակցիլ կը ցանկայ, եւ իրենց հետ համերաշխ գործակցութեամբ հանուր հայութեան եւ մայր հայրենիքի օգտակար ըլլալ կը նկրտի»։ Ամէն գործի մէջ պայման էր յիշել հայրենիքը, որովհետեւ ներքին ինքնասիրութիւն մը չէր ընդուներ այն դժբախտ իրողութիւնը, որ հայրենիքէ հեռու, ժամանակ մը ետք պիտի կորսուի ազգային զգացումները, պիտի նահանջէ լեզուն եւ գուցէ թերթի հրատարակութիւնը պարզապէս ապացոյցի պայքար մըն էր, որ Ամերիկայի մէջ ապրելով հանդերձ կարելի է մնալ հայ եւ սեփական շահերէն անդին աշխատիլ հայրենիքի համար:

Խմբագրութիւնը «Ողջո՜յն»ի վերջին մասերը Ամերիկայի համար ներբող մը կը կարդայ, սակայն այդ մէկը ընելէ առաջ՝ որպէս պաշտպանութիւն կը խօսի հայ մայրերու եւ անոնց հայ լեզուն տարածելու մէջ ունեցած անուրանալի նուիրումին մասին. «Ողջոյն հեռաւոր ու մօտաւոր հայ գեղեցիկ սեռին, որոնք ինքզինքնին հպարտ կը զգան աւելի իրենց յանձնուած «մայրենի լեզու, մայրենի բարբառ»ը յաւերժական պահելու նուիրական պաշտօնովը»։ Այս տողը պարզապէս պատասխան մըն էր բոլոր անոնց, որոնք կը բարձրաձայնէին, թէ օտարութեան մէջ լեզուն կրնայ կորսուիլ։ Շատեր կ՚ուզէին օտար հողերը որպէս ժամանակաւոր կայք համարել՝ դարձեալ հայրենիք վերադառնալու յոյսով, սակայն շատեր՝ ինչպէս օրինակ «Ամերիգա» թերթի խմբագրութիւնը, հայրենիքի սիրոյն կ՚ուզէին մնալ Ամերիկա:

«Փաստ»ելէ ետք, թէ օտարութեան մէջ հայրենիքի սիրոյն կարելի է հայ ապրիլ, խմբագրութիւնը կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ համար թերթին անունը դրին «Ամերիգա» եւ ո՛չ օրինակ «Հայրենիք», «Ազատութիւն» եւ այլ բառեր, որոնք հայուն համար մեծ արժէք կը ներկայացնեն: Խմբագրութիւնը հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Կը հաւատանք սոյն անունն ու խորհրդաբանական պատկերը իրենց ամենօրեայ երեւումովը հայ ժողովուրդին պիտի ներշնչեն ամէն բանէ առաջ Ամերիկայի գործակցական, շահակցական եւ բարեգործական պատրաստակամ ոգին, ամերիկացւոց նման ընկերակցութեամբ վիթխարի գործեր ընելու տենչանք. անոնց կրթական, գիտական եւ քաղաքակրթական յառաջդիմութիւնը ձեռք բերելու եռանդուն ըղձանք, անոնց պէս մեծաքանակ արտադրողներ լինելու եւ ընդարձակ վաճառականութիւնները հաստատելու յանդուգն ձեռնհասութիւն, Ամերիկայի նման ծաղկեալ, բարգաւաճ ու հանգստաւէտ հայկական հայրենիք մ՚ունենալու բուռն ցանկութիւն, եւ այդ բոլորը ձեռք բերելու ամերիկեան աննկուն ոգի, անվհատ կամք, պաղարիւն գործունէութիւն եւ յարատեւ աշխատութիւն, որոնցմով յաջողած, նշանաւոր եւ օրինակելի դարձած է Ամերիկան»:

Անհնար է նման ներբողի մը առջեւն ու ետեւը հայրենիքի մասին չխօսիլ։ Իրականութեան մէջ աւելիով հասկնալու համար վերոյիշեալ ներբողը պէտք է կարդալ նուազագոյնը երկու-երեք անգամ։ Արեւու պէս յստակ է, որ խմբագիրները անբացատրելի համակրանք ու սէր ունին Ամերիկայի հանդէպ եւ ինչքա՜ն պիտի ուզէին, որ մեր հայրենիքը եւս ըլլար Ամերիկա մը եւ կամ Ամերիկան՝ մեր հայրենիքը։ Անոնց մտայնութեան մէջ ամերիկացին աշխատասէր էր, քաղաքակիրթ էր, ունէր ուսման բարձր մակարդակ, վաճառականութեան մեծ հնարաւորութիւն, բարգաւաճ ու հանգստաւէտ էր. ամերիկացին ունէր աննկուն ոգի եւ այդ բոլորը կը պակսէր մեր հայրենիքին:

Այսօր, աւելի քան 108 տարի ետք ակամայ կը մտածենք, թէ այս խմբագիրներուն յաջորդող սերունդները ներկայիս ի՞նչ վիճակի մէջ են։ Անոնցմէ քանի՞ն հայկական անուն կը կրէ, անոնցմէ քանի՞ն հայերէն գիտէ խօսիլ։ Արդեօք աւելի քան դար մը աշխատելով կրցա՞ն այդ բոլորը ծառայեցնել ի սէր հայրենիքին՝ ինչպէս կը գրէին խմբագիրները։ Անոնց յաջորդող «գեղեցիկ սեռ»ի ներկայացուցիչները յաջողեցա՞ն մայր լեզուի «յաւերժական» պաշտպաններն ու ուսուցիչները դառնալ…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է ամենէն ուշ աճող ծառը:

Պատասխան. Ամենէն դանդաղ աճող ծառերէն մէկը սոճին է. սոճին մինչեւ հազարաւոր տարիներ կրնայ պահանջել։ Սոճին կը դիմանայ շրջակայ միջավայրի դաժան պայմաններուն, ցուրտին. կ՚աճի մինչեւ իսկ աղքատ հողի մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց դանդաղ աճին: Աշխարհի ամենէն հնագոյն սոճին կը կոչուի Մեթուսելա (Methuselah), որ մօտաւորապէս 4.850 տարեկան է. կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ լեռներուն վրայ: Իրենց դանդաղ աճիլը պատճառ կ՚ըլլայ, որ հազարաւոր տարիներ ապրին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024