ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Սա անուրանալի, անժխտելի իրականութիւն մըն է, թէ՝ ուսումը, մարդուս անհրաժեշտ եւ կարեւորագոյն պահանջներէն մէկն է։ Ուսումով է, որ մարդուս միտքը կը զարգանայ եւ ուսումով մարդուս հոգին կ՚ազնուանայ։ Արդարեւ, մարդ ուսումով գիտութիւն կը ստանայ։ Իսկ գիտութիւնը ինքնին զօրութի՛ւն է. կարողութիւն եւ հեղինակութիւն եւ միանգամայն ազատութի՛ւն։

Գիտութիւնը ո՛ւժ է եւ զօրութիւն, քանի որ գիտութեան շնորհիւ է, որ մարդ կը ճանչնայ իր ապրած աշխարհը, կը ծանօթանայ իր միջավայրին եւ մա՛նաւանդ կը ճանչնայ ինքզինք, դէմ յանդիման կու գայ իր «ԵՍ»ին հետ՝ իր ներքին թշնամիին հետ։ Եւ մարդուն ամենամեծ հոգեւոր պայքարը իր «ԵՍ»ին հետ ունեցած արդար պայքարն է, եւ եթէ այդ պայքարին մէջ յաղթական գայ՝ շատ դիւրին է հաստատել խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը արտաքին «թշնամի»ներու հետ։ Եւ ահաւասիկ հո՛ս է կարեւորութիւնը ուսումին։

Ինչպէս մարդկային ամէն արարքի, ուսումին ալ նպատակն է՝ յաջողութի՛ւն։ Բայց ի՞նչ է այդ «յաջողութիւն» ըսուածը։

Մարդ կը ձգտի մի՛շտ յաջողութեան։ Մարդոց ընդհանուր համոզումը այն է՝ որ յաջողութիւնը երբեմն հռչակաւոր ըլլալ, երբեմն հարուստ ըլլալ, երբեմն ալ բարձր դիրքերու տիրանալ է, եւ չափազանցելով՝ իշխել ուրիշներու վրայ։ Իսկ ուսման ընթացքին յաջողութիւնը առօրեայ ուրախութիւն մըն է՝ քննութեան մէջ բարձր նիշ առնել, քննութիւն մը անցնիլ, եւ ա՛յդ է յաջողութիւնը։ Եւ կարծեմ, երանի՜ սխալիմ, ընդհանուր կարծիքը այն է, որ ուսման նպատակը գիտութիւն ստանալէ աւելի՝ առօրեայ յաջողութիւններ, նիւթական եւ աշխարհային յաջողութիւններ են փոխանակ բարձր, վեհ գաղափարներ ստանալու։

Արդարեւ, ուսումը մա՛րդ կը կերտէ՝ խաւարը լոյսի կը վերածէ եւ ապագան կը պատրաստէ։ Եւ այս իսկ իմաստով, պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այնպիսի մարդ մը կերտել, որ «յաջող» ըլլայ «ուսեալ» մարդը։

Ասոր համար, նախ պէ՛տք է գիտնալ, որ ուսման նպատակը ըլլալու է «նկարագիր» կազմել տալ։ Ուստի, նկարագիրը կը կազմաւորուի նախ ընտանիքին մէջ եւ հետզհետէ կը զարգանայ ուսումով եւ կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ՝ կեանքի ընթացքին։

Մարդուս համար փոխանակ «վկայագիր»ի՝ նկարագի՛ր պէտք է։ Եւ նկարագիրը ա՛յն է, որ մարդ օգտակար կ՚ըլլայ իր նմաններուն, զոհողութեան բարձր զգացումով կը մօտենայ անոնց եւ ծառայութեան ոգին չի պակսիր իրմէ։ Մարդ, այնքան մա՛րդ ըլլալու կոչումին հաւատարիմ է, որքան ուրիշներուն ցաւին կը մասնակցի։

Իսկ ծառայութեան ոգին իր իսկական իմաստը կը ստանայ, երբ ծառայութիւնը մատուցուի անկեղծօրէն՝ առաքելութեան ոգիով՝ որպէս նուիրական գործ, առանց որեւէ ակնկալութեան, որպէս սպասաւորութիւն, օգտակար գործ մը կատարելու նպատակով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024