ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԽԱՉԻՆ ՆԱՅԵԼՈՎ…
Ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը կը վկայէ միա՛յն մէկու մը անձնուիրութեան՝ որ իր կեանքը զոհած է բոլոր մարդկութեան համար։ Արդարեւ, Յիսուս իր կեանքը զոհեց համայն մարդկութեան փրկութեանը համար, համայն մարդկային ցեղին համար՝ խաչին վրայ, որ ապա եղաւ մարդկութեան փառքը։
Անշուշտ, որ պատմութեան մէջ եղած են քաջեր, անձնուիրաբար զոհուողներ, հերոսներ, որոնց կը վկայէ պատմութիւնը եւ կը յիշէ զանոնք փառքով եւ հպարտութեան արդար զգացումներով։ Բայց անոնք, ընդհանրապէս զոհուած են մարդկութեան որոշ մէկ հատուածին համար, մասնաւոր հաւաքականութեան մը կամ որոշ անձի մը համար, զոր օրինակ՝ որոշ ազգի մը կամ ժողովուրդի մը համար, քաղաքի մը, հողամասի մը համար, որոշ գաղափարի մը համար, եւ ուրիշներ՝ բարեկամի մը համար, սիրելիի մը համար, եղած են անձեր՝ որոնք զոհուած են իրենց ընտանիքին համար։ Անշուշտ որ անոնք ալ հերոսներ, նուիրուածներ են եղած։ Բայց այս բոլորն ալ մասնակի արժէքներու համար զոհուած՝ զոհած են իրենց կեանքը։ Սակայն բոլոր մարդկութեան համար, անխտիր ամէն անհատի համար իր անձը տուած է միա՛յն Յիսուս։ Ուստի Յիսուսի խաչին պէ՛տք է նայիլ այն աչքով՝ թէ ան համայն մարդկութեան փրկութեան միջոցն է եւ անոր վրայ զոհուած Քրիստոս մարդկութեան փրկի՛չն է։ Արդարեւ խաչին տեսքը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի փրկագործ քաջութիւնը, քանի որ Ան գիտակցօրէն, յօժարակամ ընդունեց եւ ընտրեց խաչին մահը։ Իր անգերազանցելի, անբաղդատելի քաջութեամբ, Յիսուս, զԻնք սպասող սարսափելի տանջանքին դիմադրելով՝ կամովին զոհեց իր կեանքը։ Եւ մանաւանդ որ անմեղ էր Յիսուս, անիրաւ եւ անարդար դատապարտութեան ենթարկուեցաւ, ինչ որ զոհողութեան ուրիշ մէկ երեսը եղաւ, քանի որ պահանջքը իսկ չզգաց ինքնապաշտպանութեան։ Եւ անիրաւ ու անարդար վճիռ մը աւելի եւս կ՚աւելցնէ ենթակային ցաւն ու վիշտը՝ աւելցնելով սակայն նաեւ զոհողութեան արժէքը։
Եւ երբ Յիսուսի խաչին նայինք այս մտադրութեամբ, հոն կը տեսնենք Անոր քաջութեան մեծութիւնը։
Մանաւանդ երբ նկատի առնենք Յիսուսի մարդացեալ-մարմնացեալ, աստուածային բնութիւնը, աւելի՛ եւս իմաստալից կը դառնայ Անոր խաչը։
Արդարեւ, Յիսուս պէտք էր որ ցոյց տար, թէ Ի՛նք կարող էր կատարեալ-ամբողջական «մարդ» ըլլալով հանդերձ՝ Աստուծոյ պէս ապրիլ եւ վարուիլ։
Յիսուս ինք լոյս էր եւ խաւարը պիտի մերժէր լոյսը։ Յիսուս գիտէր, թէ այն բոլոր ճշմարտութիւնները որ խօսեցաւ, յայտնեց, պիտի չընդունէին մարդիկ։
Ճշմարտութեան առաքեալին, ճշմարտութիւնը յայտնողին վարձատրութիւնը խա՛չ է ընդհանրապէս։
Մարդիկ կը խուսափին ընդհանրապէս ճշմարտութենէն՝ լոյսէն եւ կը նախընտրեն մոլորութիւնը՝ խաւա՛րը։ Յիսուս ալ խաչուեցաւ, քանի որ ճշմարտութիւնը խօսեցաւ, ճշմարիտը յայտնեց, եւ մարդիկ սարսափեցան Ճշմարտութեան լոյսէն՝ Յիսուսէն։ Ան որ խաւարի մէջ կ՚ապրի, կը խուսափի եւ կը մերժէ լոյսը. Յիսուսէ ալ խուսափեցան նոյն պատճառով, քանի որ Ան լոյս էր եւ ճշմարտութի՛ւն։
Եւ եթէ Յիսուս չյօժարէր պարպուիլ իր աստուածութենէն, եւ խօսէր իբրեւ Աստուած, կարելի պիտի ըլլար անշուշտ ազատիլ խաչուելէ, որովհետեւ մա՛րդ չէր կրնար խաչել զԱստուած։ Սակայն այն ատեն պիտի ըսէին.- Դուն Աստուած ես եւ կրնաս խօսիլ ի՛նչ որ կ՚ուզես՝ առանց արգելքի եւ առանց որեւէ պատիժի, բայց մենք մարդ ենք, եւ երբ ճշմարտութիւնը խօսինք, ճշմարտութեան վկայենք՝ կը պատժուինք։ Յիսուսի պատասխանը պիտի ըլլար այս կերպով առարկողներուն.- Ես ալ ձեզի նման մարդ եմ եւ կը խօսիմ ճշմարտութիւնը՝ առանց վախնալու եւ ընկրկելու պատիժէն։ Ուստի, Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ ճշմարտութիւնը աւելի մեծ արժէք ունի քան կեանքն իսկ, եւ երբ այս երկուքին միջեւ ընտրութիւն մը անխուսափելի է, այդ ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ միշտ ի նպաստ ճշմարտութեա՛ն։ Արդարեւ, ճշմարիտ հերոսը, քաջը ա՛յն է, որ կը վարուի ըստ այս իրողութեան՝ կը նախընտրէ ճշմարտութիւնը, կը պաշտպանէ ճշմարտութիւնը ի գին իր կեանքին, եւ եթէ պէտք ըլլայ, կը զոհէ իր կեանքը՝ ճշմարտութիւնը պաշտպանելու եւ միշտ վե՛ր պահելու համար։
Յիսուս, ուղղակի իր կեանքին օրինակով կ՚ըսէ.
«Դո՛ւք մեռէք, բայց ճշմարտութիւնը երբեք մի՛ մեռցնէք»։
Եւ ահաւասիկ ա՛յս է սկզբունքը ամէն անոնց՝ որ գիտակցաբար, կամաւ կը զոհեն իրենց կեանքը՝ կը զոհուին ճշմարտութեան համար։
Յիսուս խաչուեցաւ, քանի որ Ան ճշմարտութեան առաքեալն էր՝ ճշմարտութեան վկայեց, ճշմարիտը խօսեցաւ եւ յայտնեց։ Ուստի ճշմարտութեան բիւրեղացած, մարմնացած վիճակն է՝ Արդարութի՛ւնը։ Եւ Յիսուս արդա՛ր էր՝ արդարութեան ձայնը եւ գործադրո՛ղը։ Եւ ամէն անոնք որ արդարութեան համար կը զոհուին, ամէն անոնք որ ճշմարտութեան քաջարի ախոյեան են, անոնց վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ խաչուիլ խաւարամիտ մարդոց կողմէ։ Յիսուս իր կեանքով, ահաւասիկ բացայայտեց ասիկա։
Խաչը, ահաւասիկ, ա՛յսպէս կ՚ըլլայ «շքանշան» մը ամէն հերոսի՝ որ խաչէն վախնալով չի՛ թողուր եւ չի՛ թաղեր ճշմարտութիւնը։
Մարդ ըլլալ եւ Աստուծոյ կողմէ կանգնի՛լ, մարդ ըլլալ եւ աստուածային կեանք ապրիլ, ահաւասիկ՝ արդար մարդու, հերոսութեան հարազատ էութիւնը։ Մարդոց խաչածները Աստուծոյ պատուական հաւատարիմ ընտրեալներն են։
Երկրի եւ երկինքի «անմահ»ները, իրական հերոսները ո՛չ թէ մահէն վախցողները եւ փախչողները, այլ՝ մահը դիմագրաւողները, անվախ ընդունողներն են, որոնք հաւատարիմ մնացած են եւ չեն հեռացած ճշմարտութեան լոյսէն։
Եւ երբ կը նայինք Յիսուսի խաչին, ահաւասիկ այս ճշմարտութիւնները կը տեսնենք, չէ՞ որ Յիսուս խաչուեցաւ նոյն ճշմարտութիւններուն վկայելու համար, անդրադարձնելու համար համայն մարդկութիւնը ճշմարտութեան լո՛յսին։
Ուստի խաչով Աստուած յայտնուեցաւ, փառաւորուեցաւ, ճշմարտութիւնը փայլեցաւ, արդարութիւնը վերակենդանացաւ, մարդս հերոսացաւ եւ անմահացա՛ւ։ Ուստի խաչին վրայ տեսնուեցաւ ճշմարտութեան, արդարութեան, լոյսին յաղթութիւնը։ Յիսուս Քրիստոսի Գողգոթայի բարձունքին վրայ կատարած մեծ զոհաբերութեան խորհուրդը հասկնալու համար պէտք է երկար երկար նայիլ խաչին, թափանցել անոր իմաստին, հասկնալ, անդրադառնալ անոր էութեան եւ իսկական իմաստին։ Խաչին առջեւ աղօթել կը նշանակէ՝ հասկնա՛լ զայն, թափանցե՛լ անոր իսկական իմաստին, եւ անդրադառնա՛լ ճշմարտութեան լոյսին։
Փորձե՜նք նայիլ խաչին՝ անգամ մըն ալ մեր հոգեւոր աչքերով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 8, 2017, Իսթանպուլ